ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Հոդվածներ

«Հայկական Մարդուժի Պատրաստութեան Տարի»-ն Եւ Համազգայինը

08 Ապրիլ 2024

Հայ ազգին պարտադրուած մռայլ ու գորշ իրավիճակին ի տես` Հայաստանի, Արցախի թէ աշխարհացրիւ սփիւռքի մէջ, Արամ Ա. վեհափառ կաթողիկոսը 2022-ը, ապա 2023 տարիները հռչակեց «Սփիւռքի տարի»` Ա. եւ Բ. համապատասխան խորքով, որուն ամբողջական արտայայտութիւնը ցոլաց հռչակագիրին մէջ, եւ որուն յաջորդեցին գործնական աշխատանքներ:

Մեր այս գիրով պիտի չանդրադառնանք անշուշտ վերոյիշեալ գործնական աշխատանքներուն ու անոնցմէ ստացուած արդիւնքներուն…

Սակայն պիտի ձգտիմ անդրադառնալ 2024 տարին «Մարդուժի պատրաստութեան տարի», այլ խօսքով` «Հայկական մարդուժի պատրաստութեան տարի» հռչակումին, որ տրամաբանական շարունակութիւնն է «Սփիւռքի տարի»-ներուն, սակայն` Համազգային հայ կրթական եւ մշակութեան միութեան պրիսմակէն դիտուած:

Ուրեմն, սկսիմ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան մարդուժի պատրաստութեան 95-ամեայ երթէն:

«Համազգային»-ի մասին գրել` անշուշտ չի նշանակեր թերագնահատել կամ ստորագնահատել ու անտեսել բազմաթիւ կառոյցներու ի գործ դրած ճիգը, տարած ու տարուող աշխատանքը` մարդուժի պատրաստութեան սուրբ գործին ու առաքելութեան ճամբուն վրայ: 95-ամեայ Համազգայինն ալ նուիրեալ տիտան մըն է այդ յանձնառութեան:

Հայկական մարդուժի պատրաստութեան նպատակով 1928-ին հիմնուած Համազգայինին առաջին ոստումը, գործը եղած է նախ հիմնել այն հնոցը, դարբնոցը, որ կոչուեցաւ Հայ ճեմարան, ապա վերանուանուեցաւ Նշան Փալանճեան ճեմարան, ուրկէ անցնող տասնամեակներուն դուրս եկան հարիւրաւոր շրջանաւարտներ, որոնք լոյս սփռած են ոչ միայն լիբանանահայութեան կեանքին, այլ նաեւ սփիւռքի տարածքին, հայ հասարակութեան` որպէս իսկական հայեր, տաղանդաւոր ազգայիններ:

Զոքաք Էլ Պլաթ – Նշան Փալանճեանի շէնքը

Ն. Փալանճեան ճեմարանի հիմնադրութեան յաջորդող տարիներուն հիմնադրուեցաւ Համազգայինի տպարան-հրատարակչատունը, ապա նաեւ գրախանութը` Զոքաք Պլաթի իր տարածքին մէջ:

Ծաղկաձորի «Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան» ճեմարանի շէնքը

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին բերումով ու այլ իւրայատուկ պատճառներով Ն. Փալանճեան ճեմարանը «փոխարինուեցաւ», Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանով, որ ապա ունեցաւ իր կրկնօրինակը Մարսէյի մէջ` Համազգայինի ճեմարանը, որ այսօր կեանքի պահանջով ծաւալելու ու ուռճանալու ընթացքին մէջ է. ապա նաեւ ունեցաւ իր երրորդ նմանակը Աւստրալիոյ Սիտնիի մէջ` Արշակ եւ Սոֆի Գոլսթըն ճեմարանը:

Իր հիմնադրութեան թուականէն ոչ շատ ուշ, իր մշակութային գործունէութեան ճամբուն վրայ, Համազգայինը Լիբանանի մէջ ունեցաւ իր թատերախումբը` Համազգայինի հիմնադիրներէն Գասպար Իփէկեանի ղեկավարութեամբ ու բեմադրութեամբ եւ իր ականաւոր դերակատարներով (օրինակ` Զեփիւռ Շանթ…): Աւելի ուշ ունեցաւ իր երգչախումբը «Գուսան» անունով, որ շարունակութիւնը հանդիսացաւ Կոմիտաս վարդապետին ու Բարսեղ Կանաչեանի «Գուսան» երգչախումբին` անմար պահելու համար անոնց անուններն ու շարունակելու սկսուած գործը:

Թատերական թէ երաժշտական գործունէութեան ճամբուն վրայ անցնող տասնամեակներուն մեծ եղած է Համազգայինի կուտակած ժառանգը, որ հետզհետէ դուրս եկած է Լիբանանի նեղ սահմաններէն ու տարածուած` աշխարհացրիւ սփիւռքի չորս ծագերուն:

Ն. Փալանճեան ճեմարանի ուսանողութեանս տարիներուն (1970-1975) բարեբախտութիւնը ունեցած եմ ականատես վկան ըլլալու Համազգայինի Հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկի ծնունդին ու գործունէութեան նախաքայլերուն:

Հիմնադրութեան առաջին տարին` 1974-1975, հիմնարկին դասաւանդութիւնները տեղի կ՛ունենային Ճեմարանի թիւ 3 շէնքին 5-րդ յարկին` քիմիագիտութեան տարրալուծարանի դասարանին մէջ, այսինքն` մեր գիշերօթիկներուս ննջարաններուն վերեւի յարկը: Եւ մենք, շէնքի վերելակի դրան, թէ աստիճաններուն վրայ յաճախ կը հանդիպէինք Ա. կարգի անդրանիկ ուսանողներուն ու մանաւանդ դասախօսներուն. անոնցմէ կը յիշեմ` հիմնարկին տնօրէն Երուանդ Փամպուքեանը (անոր կը մաղթեմ քաջառողջ տարիներ), տոքթ. Բ. Փափազեանը, Զարեհ արք. Ազնաւորեանը, Շաւարշ Թորիկեանը, Հրաչ Տասնապետեանը, Գրիգոր Շահինեանը, Արփինէ Քիւրքճեանը եւ ուրիշներ…

Տողերս գրելու հանգրուանին յաջողեցայ տեղեկանալ, որ Համազգայինի օրուան Կեդրոնական վարչութիւնը հիմնարկը կազմակերպելու համար յառաջացուցած էր յատուկ յանձնախումբ մը, որուն մաս կազմած էին հետեւեալ անձնաւորութիւնները. Գարեգին եպս. Սարգիսեան, Վահէ Սէթեան, Հրաչ Տասնապետեան, Շաւարշ Թորիկեան, Վահէ Օշական եւ Երուանդ Փամպուքեան:

Հիմնարկը փոքր ընդմիջումներով գործած է մինչեւ 2005 թուական: Անկէ շրջանաւարտ եղած են 146 հոգի, որոնց մեծամասնութիւնը ցայսօր կը գործէ հայկական զանազան կառոյցներու մէջ` իբրեւ ուսուցիչ, խմբագիր, հրապարակախօս, բանասէր, գործիչ… եւ այլն, ի պատիւ Համազգայինին ու հայ ազգին: Կը գործեն այնպիսի կառոյցներու մէջ, որոնք ուղղակի թէ անուղղակի կերպով հայ մարդու պատրաստութեան հնոցներ են:

Հարկ է նշել, որ Համազգայինի Հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկը 1991-ին Երեւանի պետական համալսարանին հետ ստորագրուած համաձայնագիրով մը կը ստանայ անոր ԵՊՀ-ի հովանաւորութիւնը: Յիշենք, որ անոր 146 շրջանաւարտներէն 30-ը յաջողեցան երթալ Երեւան, ուր ԵՊՀ-ին մէջ շարունակեցին իրենց բարձրագոյն ուսումը` ստանալով համապատասխան վկայական:

Հիմնարկը յաջողեցաւ իրագործել դասագիրքերուն պատրաստութիւն, նաեւ հայերէնաւանդ ուսուցիչներու վերաորակաւորման դասընթացք (2004-2005):

Տեղին է նշել նաեւ, որ հիմնարկը այդ ժամանակահատուածին յաջողած էր Հայաստանէն հրաւիրել 12 դասախօսներ, որոնք իրենց ներդրումը ունեցան մարդուժի պատրաստութեան նուիրական գործին:

Կամքէ անկախ պատճառներով Հայագիտականի բարձրագոյն հիմնարկը դադրեցաւ գործելէ 2005 թուականին:

Համազգայինը այսօր թափով կը շարունակէ մարդակերտումի, մարդուժի պատրաստութեան իր գործընթացը:

Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան առընթեր, կը գործեն Պէյրութի, Երեւանի, Արցախի (այժմ վտարանդի ի Երեւան) եւ Գիւմրիի նորաբաց գրասենեակները, որոնց աշխատանքներէն են` գիտաժողովներու կազմակերպում, հրատարակչական գործեր եւ մշակութային բազմատեսակ աշխատանքներ: Կեդրոնական վարչութեան հովանիին տակ կը շարունակեն գործել հրատարակչատուն-տպարանը, գրատուն-գրատարածը եւ «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահը` տասնեակ տարիներէ ի վեր:

Կեդրոնական վարչութեան հովանիին տակ ամէն տարի Երեւանի մէջ տեղի կ՛ունենայ ուսանողական հաւաք-ֆորումը` իր դաստիարակչական, ճանաչողական եւ զարգացման ծրագիրներով:

Կեդրոնական վարչութեան հովանիին տակ կը գործեն մանկավարժներ, հայերէնագէտներ, ուսուցիչներ եւ գործիչներ պատրաստելու ծրագիրներ, 2012-էն ի վեր: Այս ծիրին մէջ արդէն վկայուած են 10 շրջանաւարտներ Երեւանի պետական համալսարանէն, եւ անոնք կը գործեն զանազան կառոյցներու մէջ` որպէս հայերէնագիտութեան մագիստրոսի ու վարչագիտութեան մասնագէտներ:

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան հովանիին տակ կը գործեն գեղարուեստի 7 դպրոցներ` մօտ 800 աշակերտներով: Ան ունի հինգ մասնագիտական մասնաճիւղեր` թատերական, երաժշտական, լեզուի, գրականութեան… եւ այլն: Ունի 3 երգչախումբեր` «Գուսան», «Այգ» եւ «Կարկաչ» մանկապատանեկան:

Յիշարժան է անոր «Քնար» պարախումբը, ինչպէս նաեւ` տասնամեակներէ ի վեր գործող «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը:

Անոր դպրոցներէն յիշենք` «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճը, «Գայեանէ» պարի եւ պալէի, «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի ու «Արեգ» թատերական դպրոցները:

Ինչ կը վերաբերի Սուրիոյ, հակառակ 12-ամեայ տագնապալի իրավիճակին ու շարունակուող տնտեսական պաշարումին, մանաւանդ աւերիչ երկրաշարժին, Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան հովանիին տակ կը գործեն չորս միաւորներ` «Բ. Կանաչեան»-ի անուան երաժշտանոցը, «Զուարթնոց» երգչախումբը, Հայագիտական հիմնարկի միաւորները:

Հայագիտական հիմնարկը հաստատուած է 1996-ին, իր դասաւանդութիւնները վերջին երկու տարիներուն կը կատարէ նաեւ առցանց դրութեամբ: Հիմնարկը հաստատող Շրջանային վարչութիւնը այն ատեն կազմուած էր հետեւեալներէն` Ասատուր Պօղոսեան, Կարպիս Դերձակեան, Զոհրապ Էլէյճեան, Րաֆֆի Հարպոյեան, Էմմա Ազարիկեան, Քնարիկ Գասպարեան եւ Մարի Մերթխանեան:

2004-ին հիմնարկը Երեւանի Խաչատուր Աբովեան մանկավարժական համալսարանին հետ կը ստորագրէ համագործակցութեան պայմանագիր մը, որով հիմնարկէն ելած շրջանաւարտները պիտի կարենային իրենց ուսումը այնտեղ շարունակելով` ստանալ համապատասխան վկայագիր:

Հայագիտական այս հիմնարկէն բազմաթիւ շրջանաւարտներ հայկական մարդուժի պատրաստութեան զանազան կառոյցներուն մէջ պատասխանատու դիրքեր կը վարեն Սուրիոյ մէջ թէ այլուր:

Սուրիոյ ծայրամասերուն գտնուող ենթաշրջանները (Քեսապ, Լաթաքիա, Դամասկոս եւ Գամիշլի) ունին մասնաճիւղեր, որոնք մերթ ընդ մերթ կ՛ունենան թատերական, երաժշտական թէ պարախմբային ելոյթներ:

Սուրիոյ շրջանը ունի նաեւ կերպարուեստի Արշիլ Կորքիի անուան դպրոցը:

Ամերիկայի մէջ կը գործեն երկու Շրջանային վարչութիւններ:

Արեւելեան շրջանին մէջ Շրջանային վարչութիւնը ունի 6 մասնաճիւղեր, որոնք ունին իրենց պարախումբերը: Այնտեղ Կեդրոնական վարչութեան նախաձեռնութեամբ կը գործէ «Փեթակ» արեւմտահայերէնի իմացութեան ամառնային ճամբարը` Շրջանային վարչութեան տնօրինութեամբ:

Արեւմտեան Շրջանային վարչութիւնը ունի ութ մասնագիտական մասնաճիւղեր:

Իսկ Քանատայի Շրջանային վարչութիւնը ունի «Լեւոն Շանթ»` հայերէնագիտական դասընթացքը ու հայերէն խօսակցական լեզուի առցանց շարադրական մրցոյթը:

Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ ամէն տարի Կեդրոնական վարչութիւնը կը կազմակերպէ «Արթ լինքս»-ի ծրագիրը, որ կը միտի հայ ուսանողները ներբերել հայ գրականութեան եւ մշակոյթի ոլորտներուն մէջ:

Արեւմտեան Եւրոպայի մէջ ամէն ամառ կը կազմակերպուի «Եութ լինքս»-ի ծրագիրը` «Արթ լինքս»-ին նման:

Վերը նշեցինք արդէն, որ Կեդրոնական վարչութիւնը 1994-էն ի վեր կը կազմակերպէ ուսանողական հաւաք-ֆորումը:

Անցնող քառամեակին օրուան Կեդրոնական վարչութիւնը յաջողեցաւ հայաշատ Մոսկուայի մէջ հաստատել Համազգայինի առանձնակի շրջանը, որուն հիմնական գործունէութիւնը այժմ կեդրոնացած է կրթական վեցամեայ ծրագիրի մը իրականացման վրայ, փոքր տարիքի երեխաներու համար:

Ընդգծելի իրողութիւն է, որ Արցախի հայաթափումէն ետք Համազգայինի Արցախի, Երեւանի եւ Գիւմրիի գրասենեակները կլանուած են տեղահանուած արցախցի մանուկներու կրթամշակութային նախաձեռնութիւններով, անոնց հոգեմտաւոր սնունդ ջամբելու, անոնց հոգեվիճակի բարելաւման ու ամրապնդման նպատակով, նաեւ անոնց մօտ միշտ վառ պահելու բնօրրանը` Արցախ վերադառնալու յոյսը, կամքն ու հաւատքը:

***

Համազգայինը հայկական մարդուժ պատրաստելու իր 95-ամեայ դժուարին ու տատասկոտ, սակայն ազգանուէր ու քաղցր

ճամբուն վրայ միշտ դէմ յանդիման գտնուած է բազմատեսակ դժուարութեանց, սակայն յաջողած է յաղթահարել զանոնք: Սակայն վերջին տասնամեակին իր մարտահրաւէրները, իր դիմաց բարձրացած արգելքները աւելի ցնցիչ բնոյթ ունեցան:

Թուենք անոնցմէ` Լիբանանի քաղաքատնտեսական եւ մանաւանդ դրամատնային իրավիճակները, որոնց իբրեւ հետեւանք` Համազգայինի տնտեսական միջոցները ամլացան: Պէյրութի նաւահանգիստի աղէտալի պայթումը հարկադրեց, որ համայն հայութեան տնտեսական միջոցները հասցէագրուին պէյրութաբնակ մեր քոյր-եղբայրներուն գոյատեւման կենսական աշխատանքներուն:

Նուազ պատուհասող չեղան Սուրիոյ բազմաբնոյթ (ռազմական-տնտեսական-քաղաքական…) տագնապները, մանաւանդ երբ Սուրիա եւ Լիբանան կքեցան տնտեսական պաշարում-պատերազմի մը լուծին տակ: Ասոր վրայ եկաւ գումարուիլ աղէտալի եւ կործանարար երկրաշարժի աւերածութիւնները դարմանելու նիւթական ուղղուածութիւնը, ինչ որ կրթամշակութային կեանքը մղեց դէպի լուսանցք:

Այս բոլորին վրայ բարդուեցաւ Արցախի կորուստն ու հայաթափումը, եւ գաղթական արցախահայութեան շտապ օգնելու հրամայականը անշուշտ առաջնահերթ ու անժամանցելի էր:

Մէկ խօսքով, վերոյիշեալ պատուհասները եկան որոշ չափով մը արգելակելու (բայց երբեք` կասեցնելու) Համազգայինի կարողականութիւնը, ինչ որ պատճառ դարձաւ կարգ մը ծրագիրներու յետաձգման:

Սակայն ընդգծելի իրողութիւն մըն է, որ Համազգայինը` ըլլալով հայութեան ազատ կամքի ու հուժկու կարողութեան կրթամշակութային երանգի արտայայտիչը, կանգ չի կրնար առնել իր սրբազան նպատակները իրագործելու ճամբուն վրայ, այնքան ատեն որ բազմաբիւր հայորդիներ կը հաւատան ու կը դաւանին` ու կը հաւատան Համազգայինի տասնաբանեանին, ու նպատակները, հայակերտումի հայկական մարդուժի պատրաստութեան անյետաձգելի անհրաժեշտութեան, անոր նուիրական նպատակներուն ու գործին, չեն զլանար ու չեն սակարկեր իրենց նիւթաբարոյական նեցուկն ու նպաստը տրամադրելու այդ առաքելութեան:

Այստեղ անհրաժեշտ կը նկատեմ նշել, որ վերի տողերուն մէջ արձանագրուածները հակիրճ, ոչ ամբողջական են ու սպառիչ ըլլալու յաւակնոտութիւնը չունին: Բնակավայրի տեղական պայմաններու պարտադրանքով պակասաւոր է անպայման ու հարիւր առ հարիւր տոկոսով չ՛արտացոլացներ Համազգայինի աշխարհացրիւ կառոյցին ամէն մանրամասնութիւն: Ուստի այդ բացթողումներուն համար ընթերցողներուն (մանաւանդ` համազգայնականներուն) ներողամտութիւնը հայցելով` կ՛ընդգծեմ, որ վիթխարի է Համազգայինի գործը հայկական մարդուժի պատրաստութեան մէջ:

Ու որպէս վերջաբան, ապագայատեսիլ հայեացքով`

– Օ՛ն, սլացիր երիվա՛ր,

Նպատակս տկարութիւն

չի ճանչնար:

ԿԱՐՕ Վ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Քեսապ
Մարտ 2024

«Ազդակ»

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
«Դրօշակ»ի Առաջնորդող. Հաղթել կամ պարտ

2026 թ. սեպտեմբերի 1-ին Բիշքեկում՝ Շանհայի համագործակցության կազմակերպության գ

02 Հոկտեմբեր 2026
ՀՅԴ երիտասարդների բողոքի ցույցը՝ ՀՀ Ա

Այսօր, հոկտեմբերի 2-ին, ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական և ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալյան» ուս

02 Հոկտեմբեր 2026
Տրոյական ձին Երեւանում

Սեպտեմբերի 27-ը պէտք է հայերին ասէր այն ամէնը, ինչ անհրաժեշտ է իմանալ 2020 թու

02 Հոկտեմբեր 2026
ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական և ՀՅԴ «Նիկ

Ադրբեջանցի զինծառայողն անարգել հատում է պետական սահմանը, հասնում Հայաստանի բնա

02 Հոկտեմբեր 2026
Աշխարհաքաղաքական նոր արկածախնդրnւթյnւն

Վերջին երկու ամսում (2026 օգոստոս, սեպտեմբեր) ՀՀ արտաքին պարտքը աճել է 1 միլիա

02 Հոկտեմբեր 2026
Լույս է տեսել ՀՅԴ պաշտոնաթերթ «Դրօշակ»

Սեպտեմբերյան հասարակաքաղաքական տրամադրությունները յուրովի ամփոփված են «Դրօշակ»

02 Հոկտեմբեր 2026
Եւրոխորհուրդի Հնչեցուցած Ահազանգը՝ Ձայ

Աստուածաշունչին մէջ նշուած «Ձայն բարբառոյ յանապատի» խօսոյթը ոչ մէկ բան կորսնցո

02 Հոկտեմբեր 2026
Եկեղեցական Շինծու Ճգնաժամը

Սեպտեմբերի վերջին շաբթուան հայաստանեան իրադարձութիւնները ճոխ են. Եւրոպական Խոր

02 Հոկտեմբեր 2026
Ադրբեջանցու հանձնումը Բաքվին պարզապես

Այսօրվա դեպքը ցույց է տալիս մեր սահմանների պաշտպանվածության՝ իրականում անպաշտպ

01 Հոկտեմբեր 2026
Ազգային ուժերի և կառույցների դեմ սկսվա

Սեպտեմբերի 30-ին 5-րդ ալիքի «Հարցազրույց հաղորդաշարի հյուրն էր ՀՅԴ Հայ Դատի Կե

01 Հոկտեմբեր 2026
Սփյուռքը չե՛ք լռեցնի

«Պրեսսինգ» հաղորդաշարի եթերում Սաթիկ Սեյրանյանի հյուրն Ամերիկայի Հայ դատի հանձ

30 Սեպտեմբեր 2026
Ավարտվեց Հայ դատի հանձնախմբերի հերթակա

ՀՅԴ Բյուրոյի հրավերով և Հայ դատի կենտրոնական խորհրդի կազմակերպմամբ՝ 2026թ․ սեպ

30 Սեպտեմբեր 2026
Երևանում անցկացվեց «Լազարյան ճեմարանը

Մոսկվայի Լազարյան ճեմարանի հսկայական պատմամշակութային ու գիտակրթական ժառանգութ

30 Սեպտեմբեր 2026
Արցախի Նուիրուած` «Արցախ Անաւարտ Պատեր

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան 95-ամեակին առիթով, չորեքշաբթի, 23 սեպտ

30 Սեպտեմբեր 2026
Փաշինյանը Նյու Յորք էր ժամանել ՄԱԿ-ում

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինյանը դարձել է այնքան վիճահարույց կերպար, որ նրա ելույթները

29 Սեպտեմբեր 2026
Երևանում տեղի է ունեցել Արցախի ԱԺ պատգ

Սեպտեմբերի 28-ին Երևանում՝ Արցախի Հանրապետության ներկայացուցչության շենքում, տ

29 Սեպտեմբեր 2026
«Հայաստան» խմբակցության ղեկավարն ու քա

ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության ղեկավար Աննա Գրիգորյանը և քարտուղար Արթուր Խաչատ

29 Սեպտեմբեր 2026
Միջլիբանանեան Համագումար` Հարաւի Զօրակ

Բագրատունի. «Քրիստոնեայ Ներկայութեան Պաշտպանութիւնը Զայն Իր Արաբական Ու Միջինա

29 Սեպտեմբեր 2026
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսն ընդունեց ՀՅԴ

Սեպտեմբերի 28-ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ծայրագույն Պատրիարք և Ամենայն Հայո

28 Սեպտեմբեր 2026
Օսմանեան Տիրապետութիւնը Վերակենդանացնե

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի

28 Սեպտեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company