ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Հոդվածներ

Նիքարակուա կ’ամբաստանէ Գերմանիան, եւ ուրիշ բաներ

09 Ապրիլ 2024

Միջազգային լուրերու տոպրակէն. Նիքարակուա Միջազգային Ատեանին ամբաստանագիր ներկայացուցած է Գերմանիոյ դէմ, զայն կը մեղադրէ պաղեստինցիները ցեղասպանութեան ենթարկող Իսրայէլին մեղսակից ըլլալու յանցանքով:

Եթէ հարցնէք նիքրակաուացիներուն թէ ինչպէ՞ս տեղի կ’ունենայ մեղսակցութիւնը, կը պատասխանեն. պաղեստինցիները ջարդելու համար գործածուած զէնքերուն աւելի քան 30 առ հարիւրը կը տրամադրուի Գերմանիայէն, 65 առ հարիւրը՝ Միացեալ Նահանգներէն, իսկ մնացեալ բաժինը՝ եւրոպական այլ երկիրներէ: Գերմանիա, որուն համար ցեղասպանութիւն եզրը – հոլոքոսթ տարբերակով – շատ զգայուն կէտ է, կ’աճապարէ մերժելու մեղադրանքը:

Նիքարակուա բազմափող հրացանով կրակած է ոճրագործին եւ մեղսակիցներուն վրայ: Եթէ մեղադրականը ուղղակի Գերմանիոյ ուղղուած է, նաեւ ինքնին հաստատումներ կ’ընէ, թէ Իսրայէլ ցեղասպանութիւն կ’ընէ (ի դէպ, սա ցեղասպանի յանցանքով առաջին մեղադրանքը չէ Իսրայէլի դէմ, Կազայի պատերազմին նորագոյն բռնկումէն ասդին, Հարաւային Ափրիկէ ուղղակի Իսրայէլը ամբաստանեց), եւ իր ոճիրներուն մէջ ունի մեղսակիցներ: Նիքարակուայի ամբաստանագիրը վար կ’առնէ նաեւ Ուշինկթընի եւ ուրիշներու դիմակները: Պարզ է, չէ՞. նախգահ Պայտըն եւ կարգ մը գործակիցներ մինչեւ իսկ սպառնալիք բուրող զգուշացման կոչեր կ’ուղղեն Նեթանիահուի, իսկ գործնապէս անոր կ’ըսեն՝ շարունակէ սպանդն ու քանդումը, մենք քաղաքականապէս կողքիդ ենք, պիտի շարունակենք առատ զէնք տրամադրել քեզի: Ականջ մի տար ո՛չ մեր, ո՛չ ալ այլոց քննադատութիւններուն: Մենք աշխարհը կը համոզենք, որ պաղեստինցիներուն ուտելիք կը հասցնենք, աշխարհը պէտք է աչք փակէ նա՛եւ այն ոճիրներուդ վրայ, որոնց զոհ գացին սննդանիիւթ հասցնող բարեսէրներ:

Մարդս իրաւունք ունի մտածելու. Նիքարակուան ո՜ւր, Կազան ո՛ւր: Երկուքն ալ մանր երկիրներ են, մէկը միւսէն մօտաւորապէս 12 հազար քիլոմեթր հեռու: Մէկը շեշտուած կերպով քրիստոնեայ, միւսը առաւելաբար իսլամական դիմագիծով ներկայացող (թէեւ պաղեստինցիները, իրե՛նք, նման խտրական մօտեցում չունին): Սակայն եկուր տես, որ կազացիներուն, այսինքն՝ պաղեստինցիներուն պաշտպանի դերը ստանցնողը… յուշակորոյս մը չէ: Նիքարակուացիք չեն մոռցած, որ պաղեստինցիները տասնամեակներ առաջ իրենց զօրակից եղած են, երբ սանտինականները Ուշինկթընի հովանաւորեալ՝ բռնատէր Սոմոզայի ու անոր գլխաւորած խունթային դէմ պայքար կը մղէին (այդ ի՜նչ հին պատմութիւն է, պիտի ըսէր ՔՊ-ական մը…)
***
Հայաշխարհի լուրերու «գանձարան»էն. հոս այլազանութիւն կայ.

– Ազրպէյճան քանի մը օրէ ի վեր կրկին յաճախակի դարձուցած է սահմանային գիւղերու վրայ յարձակումները: Թիրախները հիւսիսային, կեդրոնական եւ հարաւային գօտիներն են: Այս «փուլը» բացուեցաւ այն օրերուն, երբ վարչապետ կոչեցեալը Եւրոպայէն տնտեսական օժանդակութիւն կը մուրար (եւ մանրուքներ ստացաւ), իսկ եւրոպացի եւ ամերիկացի բանակցողները ոգի ի բռին կ’աշխատէին քարիւղատէր եւ խաւիարատէր Ալիեւը ողոքելու, թէ մտահոգուելու պէտք չունի: Անդին, Ազրպէյճանի յարատեւ ոճիրներն ու սպառազինութիւնը աչքաթող կը ձգուին արեւմուտքցիներուն կողմէ, որոնց դէտերը «սքանչելիօրէն» կը խաղան իրենց դեր՝ դէպքերու մասին արձանագրութիւն կը պահեն, որոնցմէ մինչեւ իսկ… մուկ մը չի ծնիր ի նպաստ Հայաստանի, կամ մեղադրանքի նշոյլ մը՝ Ազրպէյճանի հասցէին:

– Ո՞վ պիտի մեղադրէ Ազրպէյճանը: Տեսէ՛ք, թէ Հայաստանի իշխանականները ինչպէս կը դիտեն եղածները: Արարատ Միրզոյեան անգամ մը եւս կը հաստատէ, թէ դիկտորական մըն է… տգիտութեան մէջ, եւ թշնամիին ոճիրները անուղղակիօրէն արդարացնող մը: Մէկ կողմէ կը տեսնէ՛, որ ազերիները թշնամանք կը կիրարկեն, բայց յետոյ կը յայտարարէ, որ իրեն համար անհասկնալի է թէ ազերիները ինչո՞ւ նման քայլերու կը դիմեն «խաղաղապաշտ Հայաստան»ի դէմ (44-օրեայ պատերազմի նախօրեակէն ի վեր, եղածին մէջ չհասկնալիք ի՞նչ կայ): ՔՊ-ական խորհրդարանական մը՝ Անդրանիկ Քոչարեան կոչեցեալ, ուրիշ «գիւտեր»ով կը բացատրէ ազերիներուն թշնամական արարքները: Նախ պաշտօնական Պաքուին կ’ընծայէ ինքնարդարացումի ուղի մը, ըսելով, որ կրակոցները յայտնապէս տեղւոյն վրայ պատահած պաշը-պօզըքութիւն են, այսինքն՝ պետական քաղաքականութեան հետ կապ չունին, յետոյ կ’ըսէ մօտաւորապէս. «Ի՞նչ եղեր է որ… քանի մը ապակի փշրուեր է, կը նորոգենք, կը վերջանայ»: Սա շարունակութիւնն է այն «տրամաբանութեան», ըստ որուն՝ մենք պէտք չունինք անբնակ հողեր պաշտպանելու, կամ՝ եթէ ազերիները մեզմէ կարեւոր մայրուղի մը խլեն, ի՞նչ կ’ըլլայ որ, նոր ճամբայ մը կը բանանք, հոգ չէ թէ անիկա պիտի երկարէ մօտակայ գիւղերու միջեւ երթեւեկի ուղին (հիմա ո՞վ կը յիշէ Գորիս-Կապան մայր ճամփան փոխարինողին ստեղծած դժուարութիւնները): Ասոնց թելադրուած է կոյր խաղալ, եւ հանրութիւնն ալ կը հրաւիրեն կուրութեան, որպէսզի ամբողջ ազգը մոռնայ, թէ Արցախը ինչպէ՛ս նուէր տրուեցաւ Ազրպէյճանին, հիմա ինչպէ՛ս կը փորձեն «ապացուցել», որ Հայաստանէն ալ այս կամ այն պատառիկը (մի՛շտ Պաքուի անհատնում պահանջներու ցանկին վրայէն) երբեք Հայաստանի չեն պատկանած, Ալէն Սիմոնեան «հրաշալիք»ն ալ, Դիոգինէսի լապտերը ձեռքն առած՝ կը փնտռէ մէկը, որ ապացուցէ, թէ Ազրպէյճանի պահանջած գիւղերը Հայաստանի պատկանած են…: Այս բոլորին ի տես, զանգուած մը կը նախընտրէ կրաւորական մնալ, «ես քաղաքականութեամբ չեմ զբաղիր» պատճառաբանել եւ չընդառաջել ընդդիմադիրներուն եւ հայրենապաշտպաններուն «գայլը կու գայ» ահազանգերուն: «Ստախօս Միհրան»ին պատմութիւնը ծանօթ է, չէ՞: Կը պատմէ՝ թէ գալը օր մըն ալ իրա՛ւ եկաւ ու առանձին մնացած ստախօս տղան բզիկ-բզիկ ըրաւ: Մեր պարագային, գլխագիր ստախօս(ներ)ը յայտնապէս իր միսը զոհ պիտի չտայ գայլին, իսկ իրենց հո՞գն է հատեր, եթէ գայլը պիտի ուտէ հայութեան մէկ մասն ալ, կուլ տայ Հայաստանէն աւելի մեծ պատառիկներ, հայաթափէ Հայաստանն ալ՝ մաս առ մաս:

– Եւրոպական միութեան քարտուղարը՝ Մարիա Պէյչինովիչ Բուրիչ (այս ի՜նչ բուրումնալի անուն, չի նմանիր միւս դերակատար-բեմնադրիչներուն) Հայաստան եկած է, ստուգելու համար, որ Հայաստանի մէջ դատարանային մարզը, ժողովրդավարութիւնն ու մարդկային իրաւունքներու յարգումը ինչպիսի՜ ծաղկում կ’ապրին: Չէ՞ որ Պրիւքսէլի մէջ խոստացուած օժանդակութիւնները այդ խորագիրներուն տակ դրուեցան եւ պիտի հոսին… արեւմտասէրներու գրպաններուն մէջ: Եւրոպացի պաշտօնակատարին յանձնարարութիւն չէ տրուած ստուգելու, թէ ընդդիմադիրներն ու ամբողջ ժողովուրդը ինչպիսի՛ դժգոհութիւններ ունին այս իշխանութեան բռնատիրական, անարդար եւ կաշառակեր ընթացքներէն: Քանի մը օր առաջ, նախարար կոչեցեալ մը կը յոխորտար, որ Հայաստանի մէջ քաղաքական բանտարկեալներ չկան: Նոյնը կ’ըսէ նաեւ Պաքու, թէ՝ իր մօտ հայ քաղաքական բանտարկեալ չկայ, մինչդեռ միջազգային ընտանիքը կը կրկնէ ու կը կրկնէ, թէ Ալիեւ պատանդ կը պահէ Հայաստանէն եւ Արցախէն բազմատասնեակ հայորդիներ, պետական ու զինուորական անձնաւորութիւններ, մինչեւ իսկ համարձակող կայ, որ կ’ըսէ, թէ Արցախի հարցը չէ փակուած, դողի մատնելով ՔՊ-ականներու սիրտը: Երեւանի իշխանաւորները այս հարցին նկատմամբ ալ դարձած են Պապանձեալ Զաքարիային հաւատարիմ ժառանգորդները: Հապա ի՞նչ կ’ուզէք որ ընէին. Ազրպէյճանին նոր պատճա՞ռ տային, որ յարձակի Հայաստանի վրայ: Նոր սովորութիւնը այն է, որ ազերիներ կը յարձակին, կը կրակեն ու կը ռմբակոծեն առանց պատրուակ փնտռելու, իսկ Հայաստանի իշխանաւորները ոգի ի բռին կ’աշխատին, որ «խաղաղասէր Հայաստան»ը ամէն գետնի վրայ աւելի՛ տկարանայ, մնայ մինակ (եւ այս մինակութիւնը Վ. Թէքէեանի «Բարձարացում»ին մէջ նշուած մինակութիւնը չէ):

***
…Պաղեստինցիները հեռաւոր Նիքարակուայէն կամ ափրիկեան երկիրներէ զօրակիցներ կը գտնեն իրենց դէմ ոճիր գործողին ու մեղսակիցներուն դէմ (որովհետեւ օր մը զօրակցած են անոնց դատերուն), Երեւանի իշխանաւորները պատրաստ են կոտրելու օգնութիւն տրամադրելու պատրաստին ձեռքը, մոռացութեան գիրկը կը նետեն պատմութիւն, դատ եւ իրաւունք, պատրաստ են սահմանադրութիւնը կտրել-կարել Ալմա Աթայի հռչակագիրին «թաւիշ»ով:

Ս. Մահսէրէճեան

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Հանդիպում ԷՏԷՔ կուսակցութեան նորընտիր

ՀՅԴ Կիպրոսի Կոմիտէի պատուիրակութիւնը՝ բաղկացեալ Սիմոն Այնէճեանէն եւ Ռաֆֆի Մահտ

20 Նոյեմբեր 2026
Հարաւային Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախու

Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Նոյեմբեր 18-ին յարգանքի հանդիսութիւն

20 Նոյեմբեր 2026
Հայհոյանքը փաստի սով Է

Հայաստանի հանրապետութեան նոր Սահմանադրութեան ընդունման հարցը վերածուած է օրակա

20 Նոյեմբեր 2026
Ակնարկ. Առաջարկի Թաքուն Բաժինը Եւ Ժողո

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը թէ՛ Ազգային ժողովի եւ թէ՛ կառավարութեան նիս

20 Նոյեմբեր 2026
Նիւ Եորքի Հայութեան Միջամտութեամբ Վար

Նոյեմբեր 8ին, Մենհեթընի «Պոլինկ Կրին» զբօսայգիին մէջ՝ Ատրպէյճանի «Յաղթանակի օր

19 Նոյեմբեր 2026
Պրիւքսէլի երկար ու դժուարին ուղին

Եւրոմիութեան Հայաստանի անդամակցութիւնն ու մերձեցումը՝ նոյնիս՛կ ոլորապտոյտ եւ փ

19 Նոյեմբեր 2026
Դու պիտի գնաս, որ Հայաստանը մնա

ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչ, ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության պատգամավոր Իշխան

19 Նոյեմբեր 2026
Պիլալ Էրտողանի Լիբանան Այցելութեան Վեր

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի որդիին` Պի

18 Նոյեմբեր 2026
Բագրատունի Ընդունեց Երկխօսութեան Ազգայ

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի

18 Նոյեմբեր 2026
Հայաստանի թշնամիները երբեք գոհ չեն լին

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինյանը սխալմամբ կարծում է, թե Ադրբեջանին և Թուրքիային շարուն

17 Նոյեմբեր 2026
Երեք տարի անց արցախյան հակամարտություն

Հայ դատի կենտրոնական խորհուրդն այսօր հրապարակել է իր «UNRESOLVED: The Conflict

17 Նոյեմբեր 2026
Այսօրվա լսումները պետք է դառնան ոչ թե

ՀՅԴ Բյուրոյի անդամ, ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության պատգամավոր, ԱԺ Մարդու իրավունքն

16 Նոյեմբեր 2026
ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցությունը հրավիր

ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության նախաձեռնությամբ նոյեմբերի 16-ին կազմակերպվել էին

16 Նոյեմբեր 2026
Նիդերլանդների ՀՅԴ կառույցի հայտարարութ

2026 թվականի նոյեմբերի 5-ից 8-ը, Հայաստանի Հանրապետության իշխանությունը բռնազա

16 Նոյեմբեր 2026
Ակնարկ. Հայաստանը ՀԱՊԿ-ի խաչմերուկում

Մոսկւայում նոյեմբերի 11-ին կայացած Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակեր

16 Նոյեմբեր 2026
Հաստատվել է «Հրայր Մարուխյան» հիմնադրա

Առաջադիմական հետազոտությունների եվրոպական հիմնադրամի (Foundation for European

14 Նոյեմբեր 2026
Ցեղասպանութիւնը ուրացողները եւ չՍփիւռք

Շուշիի մէջ Ալիեւ-Էրտողան տանդեմը կը տօնէ Քառասունչորսօրեայ պատերազմի յաղթանակը

14 Նոյեմբեր 2026
Արեւմտեան Գանատայի Հայ Դատի յանձնախում

ՎԱՆԳՈՒՎԸՐ.- Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի Արեւմտեան շրջանի ներկայացուցիչներ Յ

13 Նոյեմբեր 2026
Խօսողին Լսող Է Պէտք

Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ ՀԱՊԿ-ի (Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակեր

13 Նոյեմբեր 2026
Ակնարկ. Իրանեան Ուղերձներ` Սպառնական-Գ

Իրանի հոգեւոր պետի խորհրդականին եւ փոխնախագահին` Հայաստանի ուղղութեամբ կատարած

13 Նոյեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company