ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Հոդվածներ

Ներքին ալեակներու եւ արտաքին արհաւիրքներու միջեւ

18 Ապրիլ 2024

«Գարուն էր: Չեկած ամառ՝
Փուլ եկաւ երկնակամար…»

Պ. ՍԵՒԱԿ

Հայաստանի ներքին բեմին վրայ, օր-աւուր տեղի կ’ունենան դէպքեր ու հրապարակումներ, մեծ մասամբ՝ իշխանաւորներուն կողմէ սարքովի վիճակներ, որոնք պատճառ կը դառնան ո՛չ միայն հանրութեան մէկ մասին գիտակցութեան աւելի՛ եւս բթացման (հանրութիւն ըսելով՝ ի մտի ունինք նաեւ սփիւռքեան ափեր), այլ նաեւ ուշադրութիւնները աւելի մեծ ու վտանգաւոր իրադարձութիւններէ շեղելու, ստուարացող սպառնալիքներուն դիմաց՝ «քիթէն անդին չտեսնելու»:

Ի՞նչ տեղի կ’ունենայ այսպէս կոչուած՝ «ներքին բեմին» վրայ: Թուենք մէկ քանի նորութիւններ, որոնք, յամենայնդէպս, չեն կրնար մոռացութեան տոպրակին մէջ նետել նախընթաց՝ վիթխարի կորուստներն ու վնասները (թէեւ հանրութեան մէկ մասը վարակուած է իշխանութեան ներարկած՝ յուշակորուսութեան ախտով):

• Վարչապետ կոչեցեալը, որ տակաւին «ազգընտիր» պիտակը ունի բթացեալ ուղեղներու համար, նորագոյն գիւտ մը ըրաւ եւ, փոքր(ացող) քարտէս մը ճօճելու իր հնարքին կողքին՝ հրապարակ նետեց անհեթեթ ցնդաբանութիւն եւս (մի՛ հարցնէք, թէ ցնդաբանութիւնը պէտք ունի՞ անհեթեթ որակումի): Սա արդարօրէն եւ հիմնաւորեալ կերպով փոթորիկ յառաջացուց մասնաւորաբար մամուլի եւ բանիմաց մտաւորականներու շրջանակներուն մէջ, որոնք նշեցին, թէ այս մարդուն անմտութիւններու եւ տգիտութեան «պաշարը» արդէն աւելի՛ բարձր գագաթներու հասած է, քան Հիմալայեանի Էվերէսթը (Արարատի մասին չխօսի՜ք):

• Յաջորդեց այլ «հնարք» մը. հրապարակ եկաւ Ցեղասպանութեան զոհերուն թիւը ճշդելու «տեսութիւն» մը, իբրե՜ւ թէ գիտական ամուր հիմերու վրայ դնելու համար մեր Դատը: Սա նման է «անիւի գիւտը նոր ըրինք» յաւակնութեան: Ամբողջ հայաշխարհը, մեզի հետ նաեւ բազմաթիւ երկիրներ հաստատած են որ Ցեղասպանութիւնը փաստ է, զոհերուն թիւը ընդունուած է իբրեւ 1,5 միլիոն, սա հայութեան կողմէ հնարուած թիւ չէ, այլ օտարներ ալ փաստագրած ու վկայած են զայն: Միայն Թուրքիան է որ հարցականի տակ առած է փաստերը, եւ ահա, Երեւանի իշխանաւորները նոր ապացոյց մը կու տան, թէ կը շարժին թրքական պահանջներով, կը ծառայեն անոր հաշիւներուն: Եւ արդա՛րօրէն հնչեցին հետեւեալ հարցումները: Այդ երբէ՞ն ի վեր սոսկական թիւն է որ կ’որոշէ Ցեղասպանութեան տարողութիւնը: Այ՛դ ո՞ր ցեղասպանութեան զոհերուն ամբողջական թիւը կարելի եղած է հաշուել: Ինչպէ՞ս կարելի է իսկական թիւեր գտնել «Հիւանդ մարդ»ուն տարածքին մէջ, երբ անկարելի էր այդ օրերուն վիճակագրութիւն ունենալ, ահագին փաստեր, արխիւներ փճացուած են: Աւելի՛ն: Ինչո՞ւ Հայաստանի իշխանութիւնը կը խուսափի Ազրպէյճանն ու հովանաւոր Թուրքիան յստակօրէն «ցեղասպան» կոչելէ, երբ Արցախի բռնագրաւումն ու հայաթափումը փաստ են, նորագոյն «յաւելուած»՝ համաթուրանականութեան ոճիրին: Օտարներ չեն վարանիր իր անունովը կոչելու ալիեւեան ոճիրները: Մի գուցէ անո՞ր համար, որ Երեւանի իշխանութիւնը ուղղակի մեղսակից էր ոճիրին…: Ամերիկացիք ալ կը ջանան ուրանալ, որ բնիկ հնդիկ ցեղերը ցեղասպանութեան ենթարկուած են, իսկ հնդիկները երբեք ալ չեն մտածած հարց արծարծելու մասին, թէ ջարդուածներուն թիւը 25՞ միլիոն է եղած, աւելի՞ կամ պակա՞ս (նոյնը՝ հրեաներուն, քամպոտիացիներուն կամ ափրիկեան ու հարաւ-ամերիկեան երկիրներու մէջ տեղի ունեցած ցեղասպանական ոճիրներու ենթարկուած ժողովուրդներու պարագային):

• ՔՊ-ական պատգամաւոր մը արժանացած է քաղաքային երիտասարդի մը հրապարակային բերանացի քննադատութեան: Երիտասարդը արդար ընդվզում եւ նողկանք արտայայտած է պատգամաւորին դէմ (որ, ի դէպ, մէկն է ամիսներ առաջ, Եռաբլուրի մէջ նահատակներու ծնողներուն կողմէ յարձակման ենթարկուած եւ սրբավայրէն վտարուած երկու ՔՊ-ական պատգամաւորներէն): Ան ձերբակալուած է, ոստիկանատուն տարուելու ճամբուն, «ժողովրդավարութեան եւ մարդու իրաւունքներուն պասթիոն» Հայաստանի մայրաքաղաքին մէջ, օր-ցերեկով խոշտանգումի եւ անասելի վարկաբեկումի ենթարկուած է, երբ ոստիկանները որոշած են պահ մը «ուրիշ կողմ նայիլ»…: Եւ ահա, խաւ առ խաւ կը բացայայտուին այս վրան-բաց խայտառակութեան յետին ծալքերը, ամբաստանութեան մատներ կ’ուղղուին ո՛չ միան ՔՊ-ականներու, այլ նոյնինքն «ուսապարկը կրող»ին:

• Ուսապարկապետը դարձեալ կ’այցելէ Տաւուշի սահմանամերձ գօտին՝ Ոսկեպար, եւ կը կրկնէ «գիւղերը պէտք է յանձնենք, անոնք ազրպէճանապատկան են» յանկերգը, հաւատարիմ մնալով այն տեսութեան, թէ երբ սուտ մը կրկնես ու կրկնես, ի վերջոյ անոր հաւատացողներ (եւ ենթարկուողներ) կ’ըլլան: Տեղացիները, ըստ սպրդած տեղեկութիւններու, դէմ կանգած են առաջադրանքին, սակայն ժամանակին՝ «մենք ժողովուրդին կամքին պիտի ենթարկուինք»ներով յոխորտացողը բացայայտ կ’ընէ, որ ժողովուրդին կարծիքն ալ «ասֆալթին փռելու» նիւթ է: Սուտին մէկ երեսն ալ, դժբախտաբար, «Ազրպէյճանէն գիւղեր պիտի վերստանանք»ն է, մինչդեռ 44-օրեայ պատերազմէն ասդին, նման սուտերէ ո՛չ մէկը իրականացած է կամ կը նշուլէ իրականացում: Խորքին մէջ, ինչ որ տեղի կ’ունենայ, ԲԱՑԱՐՁԱԿԱՊԷՍ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀՈՂԵՐՈՒ ՀԱՇՒՈՅՆ սակարկութիւններ են, արդէն նուէր տրուածները մոռացութեան տալու գնով, եւ պւաշտօնական Հայաստա՛նը – եւ ո՛չ միայն իշխանաւորները – նահանջէ նահանջ կը վազէ: Հոս ալ յուզումը նոր ալիք կ’առաջացնէ արդարօրէն, դարձեալ հարցականներ կը հնչեն, թէ երբ սահմանազատում տեղի չէ ունեցած, այդ ո՞ր տրամաբանութեամբ գիւղերու յանձնում տեղի պիտի ունենայ: Իմաստակին ինքնարդարացումը այն է, որ ինք հայկական գիւղ չի յանձներ, այլ կը վերադարձնէ ազերիներուն պատկանածը: Իսկ հանրութիւնը կը մոռնայ, որ ան նոյն «տրամաբանութեամբ» գովերգեց Արցախի մաս առ մաս, միաժամանակ՝ Սիւնիքէն եւ այլ շրջաններէ պատառիկներու յանձնումը (Աղաւնոն, Բերձորն ու Քարվաճառը մանրուքներ մնացին), յետոյ, փաստուեցաւ, որ ինք բերանացի համաձայնութիւններ ունէր Ալիեւի հետ, երէկ «հայկական» դաւանածը այսօր դարձաւ «ազերիապատկան»: Ամէնէն զարմանալի՞ն: Յանձնումները Տաւուշէն վերսկսելու դիտաւորութեան մասին՝ զարմացողներուն… զարմանքն է (բառախաղ չկարծէ՜ք): Հէ՜յ ժողովուրդ, մոռցա՞ծ էք, որ մարդը ժամանակին կը խօսէր Ազրպէյճանէն՝ Հայաստանի վրայով ՔԱՆԻ ՄԸ ԱՆՑՔ բանալու դիտաւորութեան մասին, զանոնք պիտի բանար օտարներու համար, եւ այդ «անցքերէն» մէկն ալ… Տաւուշի վրայով էր: Իսկ կա՞ր ժամանակ, երբ Վարդենիսէն դէպի Մարտակերտ ճամբան, ռազմագիտական կարեւորութիւն ունեցող մայրուղին կարգաւորուեցաւ եւ պաշտպանական հարցեր լուծեց (այդ ու նման ծրագիրներու իրականացման մասնակից էր նա՛եւ Սփիւռքը): Յետոյ եղաւ այն, ինչ որ կը ցանկագրուի «Արցախի եւ այլ շրջաններու համաձայնուած նուիրում» խորագիրին տակ, շնորհիւ «ազգընտի՜ր վարչապետ»ին թրքանպաստ քայլերուն:

***
Մեր նշածները՝ հանրութեան ուշադրութիւնը իսկական տագնապներէ շեղելու, մարդոց, նաեւ որոշ ընդդիմադիրներու քիթը` հիմէ զուրկ վէճերու մէջ մխրճելու նորագոյն հնարքներն են, որոնցմով կը կերտուի «քալողներուն» արդէն իսկ վեց տարեկան պատմութիւնը…:

Քա՜ւ լիցի: Մեր նպատակը ըսել չէ, որ ասոնք անկարեւոր հարցեր են, մարդիկ պէտք չէ զբաղին, յուզուին անոնցմով: Բանականութեան հրաժեշտ չտուողին համար, հայրենիքին ու ազգին ճակատագիրով մտահոգին՝ այս բոլորը էական եւ անյետաձգելի քննարկման նիւթեր են, օր առաջ լուծումներ պահանջող, մեր երկրի շահերուն համապատասխանո՛ղ լուծումներու սպասող հարցեր:

Սակայն եկէ՛ք, պահ մըն ալ մեր աչքերը տարածենք Երեւանէն ու Հայաստանի վտանգուած սահմաններէն քիչ մը անդին (առանց մոռնալու խլուած Արցախը, Պաքու տարուած գերիներն ու պատանդները…), տեսնելու՝ թէ ներքին այս ալեակներուն դիմաց, ինչպիսի՜ արհաւիրքներ կը կուտակուին նա՛եւ մեր հայրենիքին շուրջ-բոլորը, եւ ո՞վ գործնական քայլերու կը դիմէ հակակշռելու համար:

• Տագնապին օղակը «հեռաւոր» Ուքրանիայէն շատ աւելի մօտ է հիմա: Կազայի մէջ աւելի քան 6 ամիս առաջ պայթած տագնապը վերջին շաբաթներուն ստացաւ նոր խորք: Իսրայէլ, որ անցեալին իրանցի զինուրականներ սպաննած է Սուրիոյ, Իրաքի եւ Լիբանանի մէջ, ուղղակի հարուած հասցուց Դամասկոսի իրանեան դեսպանատան եւ… մնաց գործնապէս անարձագանգ, անպատիժ: Իրան նախ սպառնաց, յետոյ գործի անցաւ եւ հանրապետութեան պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով՝ ուղղակի ռմբակոծեց Իսրայէլը (իմաստ չենք տեսներ վնասներուն տարողութեան մասին խօսելու մէջ. կարեւորը աքթ-ն էր): Եւ ահա միջազգային փոթորիկ փրթաւ: Արեւմտեան աշխարհը, ամերիկեան խմբավարութեամբ, վազեց Իսրայէլի պաշտպան կանգնելու, զինուորագրեց նաեւ արաբական կարգ մը երկիրներ: Կազայէն սկսած ռազմական գործողութիւններուն դէպի արեւելք, մինչեւ Կովկաս տարածման մասին հիմա աւելի՛ շօշափելի փաստերով կը խօսուի, թէեւ անմիջական պատկերը ցոյց կու տայ, թէ կացութիւնը հակակշիռի տակ պահելը քիչ թէ շատ բոլորին, նա՛եւ Իսրայէլի հաշիւներուն կը համապատասխանէ: Միւս կողմէ, սակայն, ո՞վ կրնայ երաշխաւորել, որ երէկ վառած պատռոյգը վաղը նոր բոցավառում պիտի չունենայ: Ի սկզբանէ յայտնի է, որ Իրանի դէմ լայնածիր դաւ մը կը նիւթուի տարիներէ ի վեր (չըսելու համար՝ տասնամեակներէ): Իսկ Իրանը մեր հարաւի անմիջական դրացին է: Իսրայէլ «դէտեր» ունի Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ գտնուող հողերու, նոյնինքն մեզմէ խլուած Արցախի մէջ (հոս ալ կայ մանրուք մը՝ Երուսաղէմի հայապատկան «պարտէզ»ին հարցը), ուրկէ… ռուսական ուժերը սկսած են հեռանալ. Անոնց հնգամեայ պաշտօնավարութեան շրջանին աւարտէն առաջ, Արցախը Ազրպէյճան դարձաւ նոյնինքն Նիկոլի «խաղաղասիրութեան» ճամբով: Յստակ է, որ Ռուսիա-Ազրպէյճանի «բարեկամութիւնը» նոր զարգացում կ’ապրի, շնորհիւ «ազգընտիր»ին եւ անբան գործակիցներուն հնարամիտ… բացակայութեան: Իրատեսութիւնը կը թելադրէ հաշուի առնել շրջանին մէջ յոռի զարգացումներու հաւանականութիւնը (եթէ պատերազմը չծաւալի, ո՞վ դժգոհ պիտի ըլլայ): Այլ խօսքով, արհամարհելի չէ, որ Իրանը (եւ անոր ճամբով՝ անուղղակիօրէն Ռուսիան) լայն ճակատումի մը ներգրաւելու ճիգը մաս կը կազմէ այդ ծրագիրին: Հայաստան արդեօք նախազգուշական քայլերու կը դիմէ՞ (քիչ անդին…):

• Անդին, Թուրքիա, ՆԱԹՕ-ի անդամ Թուրքիան, վերջին ընտրութիւններուն զգալի նահանջ արձանագրած Էրտողանի Թուրքիան՝ Ռուսիոյ հետ նոր մերձեցում կը խաղայ, դատապարտանքի խօսքեր կ’արձակէ Իսրայէլի հասցէին, զայն կը մեղադրէ իբրեւ… ցեղասպան (ու Նեթանիահու յանկարծ կը յիշէ՜, թէ Թուրքիա հայերու դէմ ցեղասպանութիւն կատարած է…): Ո՞վ որու վրայ կը խնդայ, բայց մեր վրայ խնդացողները կը բազմանան:

• Եւրոպացիք ժողով կ’ընեն եւ Իրանի դէմ նոր պատժամիջոցներ կը ցանկագրեն, միաժամանակ կը մտածեն, թէ ինչպիսի՞ զէնքեր եւ օժանդակութիւններ պիտի հասցնեն Ուքրանիա եւ Իսրայէլ: Ա՛յն Իսրայէլին՝ որուն ինքնազսպումի կոչերու «խօսքի ապուրներ» կը շնորհեն: Այսինքն, մէկ կողմէ կը թելադրեն, որ պաղեստինցիներուն հանդէպ քիչ մը մարդկային ըլլայ, սննդամթերք եւ բժշկական օգնութիւններ արտօնէ, իսկ միւս կողմէ, զէնք ու անվերապահ զօրակցութիւն կը տրամադրեն, գործնապէս ըսելով, որ «դուն գործդ շարունակէ եւ մենք ուրիշ կողմ կը նայինք, կը պահպանուինք այն դիմակով, թէ դուն միայն Համասի զինեալները կը ջարդես»: Չէ՞ որ շուրջ 35 000 պաղեստինցիներու ջարդը իրողապէս նշանակութիւն չունի Իսրայէլի դաշնակիցներուն համար (չմոռնանք, որ Թուրքիա եւս անոնց շարքին է ու քննադատողի խօսքերը պարզապէս աչքերը փոշիով լեցնելու կը ծառայեն): Անոնք լաւագոյն պարագային մե՜ծ աղմուկ կը բարձրացնեն, բայց գործնապէս ոչի՛նչ կ’ընեն, երբ տասնեակ հազարաւորներ կը ջարդուին, բազմապատիկ թիւով վիրաւորներ կ’իյնան, քաղաքներ կը քանդուին, մինչեւ իսկ սննդամթերք եւ օժանդակութիւն հասցնող միջազգային կազմակերպութիւններու անդամներ օր-ցերկով կը սպաննուին:

Իսրայէլ կը խոստովանի, թէ ոճիր գործած է, յետոյ մե՜ծ շնորհք կ’ընէ… ներողութիւն խնդրելով, եւ այդ չքմեղանքը ընդունելի կ’ըլլայ միականի աշխարհին կողմէ: («Ո՜վ մարդկային արդարութիւն…»):

• Մեզ մօտէն ու հեռուէն շրջապատող, վտանգաւոր, սպառնական նոր օղակներու մէջ առնող իրադարձութիւններուն խորապատկերին առջեւ (մենք ուղղակի նպատակ չենք թերեւս, այլ կրնանք կրել «կողմնակի վնաս». օտարները ունին collateral damage եզրոյթը, ուր զոհերը ընդհանրապէս շատ աւելի տուժող են, քանի յայտարարուած թիրախները), հայկական մամուլի աղբիւրներ կը հաղորդեն, որ ամերիկացի զինուորական խորհրդական մը եկած է Երեւան, եւ որոշ աղբիւրները այս քայլը կը ներկայացնեն (իբրեւ թէ) Հայաստանի կողմէ չարիք կանխելու միջոց: Մարգարէ ըլլալու պէտք չկայ, հասկնալու համար, թէ պատուիրակը ինչպիսի՜ խորհուրդներ տալու համար առաքուած է Երեւան: Եւ սա՝ օր մը ետք բացայայտ այն զգուշացումէն, որ նշմարուեցաւ Երեւանի մէջ Իրանի դեսպանին տուած մամլոյ ասուլիսին ճամբով:

Նման բացայայտ կեցուածք հազուադէպ է, մինչեւ իսկ՝ աննախընթաց (եւ սա փաշինեանական «աննախընթաց»ներուն չի նմանիր): Չենք մոռցած, որ նախապէս ալ, իրանցիք դժգոհութեամբ արձագանգած էին արեւմուտք բուրող քայլերու նկատմամբ, ինչպէս՝ եւրոպացի դէտերու տեղադրումը: Ամերիկացիին խորհուրդները հաւանաբար համահունչ են Պոլթընի, Փըլոսիի եւ այլոց յորդորներուն, ինչպէս նաեւ Բրիտանիայէն, Ֆրանսայէն ու այլ տեղերէ հնչած «բաղձանքներուն», թէ՝ Հայաստան պէտք է հեռանայ Իրանէն, Ռուսիայէն, մտնէ Արեւմուտքի դաշտ, ուր զինք… երախաբաց կուլ տալու պատրաստ է Թուրքիան, համաթուրանական ծրագիրը կատարելութեան հասցնելու միտող Թուրքիան, Երեւանի մէջ իր գտած «խաղաղասէր» գործակատարներուն հլու կամակատրութեամբ:

***
Ներքին ու շրջանային-արտաքին այս խորապատկերին դիմաց, հանրութիւնը արդեօք պիտի բանա՞յ աչքերն ու միտքը, որպէսզի հասկնայ, թէ ընդդիմադիրները ինչո՛ւ կրկին ու կրկին կը շեշտեն օր առաջ իսկակա՛ն իշխանափոխութիւն կատարելու, երկրին ղեկը Հայաստանի եւ հայութեան շահերով առաջնորդուող վարչախումբի մը վստահելու պահանջը: Ընդդիմադիրներու այս կոչերը կը հնչեն ծայրամասերուն մէջ, կը հնչեն Երեւանի մէջ, պիտի հնչեն ամէն տեղ, պիտի հասնին նաեւ Սփիւռք (սա կը հնչէ առ նուազն «Զարթի՛ր, Լաօ՛»-ի օրերէն ի վեր, աւելի քան 4 տարի):

Պէտք է օր առաջ դուրս գալ պարտադիր բթացումի այս վիճակէն:

Իշխանափոխութիւն՝ պիտի նշանակէ նախ եւ առաջ վերջ դնել թշնամիին ԲՈԼՈՐ ՀԱՇԻՒՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ՊԱՀԱՆՋՆԵՐՈՒՆ հլու կամակատարը եղող այս վարչախումբին գործունէութեան (իսկ հաշուետուութիւնը բնական հետեւութիւն մըն է), որմէ անդին, կայ շա՛տ աւելի դժնդակ առաքելութիւն մը՝ կանգնեցնել անյատակ վիհն իր վար անկումը, դարմանել աւելի քան հինգ տարիէ ի վեր արձանագրուած վնասները (բոլոր կալուածներուն մէջ) ու երկիրը «փաթեթային ծրագիրով» մը՝ սեփական բազուկին վստահելով, քայլ առ քայլ վերադարձնել բնական հունին:

…Միայն մէկ շաբաթ հեռու ենք Ապրիլ 24-էն, որ այլապէս մէկ այլ նահատակն է այս վարչախումբի կործանարար վարքագիծին:

Սարգիս ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
«Դրօշակ»ի Առաջնորդող. Հաղթել կամ պարտ

2026 թ. սեպտեմբերի 1-ին Բիշքեկում՝ Շանհայի համագործակցության կազմակերպության գ

02 Հոկտեմբեր 2026
ՀՅԴ երիտասարդների բողոքի ցույցը՝ ՀՀ Ա

Այսօր, հոկտեմբերի 2-ին, ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական և ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալյան» ուս

02 Հոկտեմբեր 2026
Տրոյական ձին Երեւանում

Սեպտեմբերի 27-ը պէտք է հայերին ասէր այն ամէնը, ինչ անհրաժեշտ է իմանալ 2020 թու

02 Հոկտեմբեր 2026
ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական և ՀՅԴ «Նիկ

Ադրբեջանցի զինծառայողն անարգել հատում է պետական սահմանը, հասնում Հայաստանի բնա

02 Հոկտեմբեր 2026
Աշխարհաքաղաքական նոր արկածախնդրnւթյnւն

Վերջին երկու ամսում (2026 օգոստոս, սեպտեմբեր) ՀՀ արտաքին պարտքը աճել է 1 միլիա

02 Հոկտեմբեր 2026
Լույս է տեսել ՀՅԴ պաշտոնաթերթ «Դրօշակ»

Սեպտեմբերյան հասարակաքաղաքական տրամադրությունները յուրովի ամփոփված են «Դրօշակ»

02 Հոկտեմբեր 2026
Եւրոխորհուրդի Հնչեցուցած Ահազանգը՝ Ձայ

Աստուածաշունչին մէջ նշուած «Ձայն բարբառոյ յանապատի» խօսոյթը ոչ մէկ բան կորսնցո

02 Հոկտեմբեր 2026
Եկեղեցական Շինծու Ճգնաժամը

Սեպտեմբերի վերջին շաբթուան հայաստանեան իրադարձութիւնները ճոխ են. Եւրոպական Խոր

02 Հոկտեմբեր 2026
Ադրբեջանցու հանձնումը Բաքվին պարզապես

Այսօրվա դեպքը ցույց է տալիս մեր սահմանների պաշտպանվածության՝ իրականում անպաշտպ

01 Հոկտեմբեր 2026
Ազգային ուժերի և կառույցների դեմ սկսվա

Սեպտեմբերի 30-ին 5-րդ ալիքի «Հարցազրույց հաղորդաշարի հյուրն էր ՀՅԴ Հայ Դատի Կե

01 Հոկտեմբեր 2026
Սփյուռքը չե՛ք լռեցնի

«Պրեսսինգ» հաղորդաշարի եթերում Սաթիկ Սեյրանյանի հյուրն Ամերիկայի Հայ դատի հանձ

30 Սեպտեմբեր 2026
Ավարտվեց Հայ դատի հանձնախմբերի հերթակա

ՀՅԴ Բյուրոյի հրավերով և Հայ դատի կենտրոնական խորհրդի կազմակերպմամբ՝ 2026թ․ սեպ

30 Սեպտեմբեր 2026
Երևանում անցկացվեց «Լազարյան ճեմարանը

Մոսկվայի Լազարյան ճեմարանի հսկայական պատմամշակութային ու գիտակրթական ժառանգութ

30 Սեպտեմբեր 2026
Արցախի Նուիրուած` «Արցախ Անաւարտ Պատեր

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան 95-ամեակին առիթով, չորեքշաբթի, 23 սեպտ

30 Սեպտեմբեր 2026
Փաշինյանը Նյու Յորք էր ժամանել ՄԱԿ-ում

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինյանը դարձել է այնքան վիճահարույց կերպար, որ նրա ելույթները

29 Սեպտեմբեր 2026
Երևանում տեղի է ունեցել Արցախի ԱԺ պատգ

Սեպտեմբերի 28-ին Երևանում՝ Արցախի Հանրապետության ներկայացուցչության շենքում, տ

29 Սեպտեմբեր 2026
«Հայաստան» խմբակցության ղեկավարն ու քա

ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության ղեկավար Աննա Գրիգորյանը և քարտուղար Արթուր Խաչատ

29 Սեպտեմբեր 2026
Միջլիբանանեան Համագումար` Հարաւի Զօրակ

Բագրատունի. «Քրիստոնեայ Ներկայութեան Պաշտպանութիւնը Զայն Իր Արաբական Ու Միջինա

29 Սեպտեմբեր 2026
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսն ընդունեց ՀՅԴ

Սեպտեմբերի 28-ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ծայրագույն Պատրիարք և Ամենայն Հայո

28 Սեպտեմբեր 2026
Օսմանեան Տիրապետութիւնը Վերակենդանացնե

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի

28 Սեպտեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company