Հնա՞րք, Թէ՞ Թակարդ
19 Ապրիլ 2024ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
7 հոկտեմբեր 2023-ին, Կազայի մէջ պատերազմի սկիզբէն ետք, քաղաքայիններու կեանքերու շարունակուող կորուստի, զոհերու թիւի թռիչքին եւ իսրայէլեան բանակին կողմէ մարդասիրական օրէնքի բացայայտ ու լկտի ոտնահարումին ազդեցութեան տակ, Իսրայէլի ժողովրդականութիւնը մեծ անկում կրեց, եւ անոր նկատմամբ միջազգային աջակցութիւնը դադրեցաւ աներեր ըլլալէ:
Դամասկոսի մէջ իր հիւպատոսարանին դէմ իսրայէլեան յարձակումին Իրանի 13 ապրիլի հակադարձութիւնը, սակայն, շրջեց Իսրայէլի համար այդ բացասական ընթացքը, եւ անոր ապահովեց միջազգային աջակցութիւն եւ զօրակցութիւն:
Իրանեան հակադարձութիւնը նաեւ շուքի մատնեց Կազայի մէջ իրադարձութիւնները` Իսրայէլի համար բացասական եղող քարոզչական պատերազմին մէջ, եթէ ոչ շրջդարձ, առնուազն, խիստ օգտակար, դադար ու հանգիստ ապահովելով: Ստեղծուած «ընդմիջում»-ը իսրայէլեան կողմին մօտ կը յառաջացնէ այն յոյսը, որ իր «նախաընդմիջեան» ոճիրները պիտի մոռցուին, եւ նոր էջ բանալու առիթ պիտի ստեղծուի:
Այս առումով, Իսրայէլի կողմէ ապրիլ 1-ին Դամասկոսի մէջ Իրանի հիւպատոսարանին դէմ շղթայազերծած յարձակումը կարելի է նկատել քաղաքական ու քարոզչական ժխտական կացութենէն դուրս գալու հնարք մը:
Դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնները տուեալ երկիրին գերիշխան տարածքին մէկ մասը կը նկատուին, ուստի Դամասկոսի մէջ հիւպատոսարանին դէմ յարձակումը իրանեան հողերու դէմ յարձակում է. իրողութիւն մը, որուն Թեհրանը չէր կրնար իր աւանդական «մեզի յարմար պահու եւ ձեւով» պատասխանելու խոստումով արձագանգել:
Թեհրան այդպէս արձագանգած էր, երբ Յեղափոխութեան պահակագունդի «Քուտս» զօրամասի հռչակաւոր հրամանատար Քասեմ Սուլէյմանին Պաղտատի մէջ անօդաչու թռչող սարքի յարձակումով ահաբեկուեցաւ: Սակայն Իրանի 13 ապրիլի հակազդեցութեան դրդապատճառը Դամասկոսի հիւպատոսարանին մէջ Սուլէյմանիէն աւելի ցած պաշտօն ու վարկ ունեցող սպայի մը` Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ «Քուտս» զօրամասի հրամանատար զօր. Մոհամետ Ռիտա Զահատիի սպանութիւնը չէր, այլ` յարձակումին իրանեան հողերու դէմ եղած ըլլալու իրողութիւնը: Այդ իմաստով իսրայէլեան յարձակումը, հնարք ըլլալու կողքին, նաեւ Իրանի համար թակարդ էր:
Հեգնական է, որ իսրայէլեան կողմը այժմ յայտնուած է իր իսկ լարած այդ թակարդին մէջ, որովհետեւ ստիպուած է հակազդելու իր յարձակումին հետեւանք եղող իրանեան յարձակումին: Ստեղծուած է պատճառ-հետեւանքի շրջանակ մը, որուն բեկումը միայն կրնայ տարածաշրջանը փրկել մեծ աղէտէ: