Ակնարկ. Անգարայի Ուղերձները Պատուհանի Եւ Խաւարի Մասին
27 Ապրիլ 2024Ապրիլ 24-ի հերթական նշումի օրերուն Անգարայի պաշտօնական յայտարարութիւնները երեք բաժին ունին: Թուրքիոյ նախագահին ուղերձը պաշտօնապէս ուղղուած Երեւանին, ցաւակցութիւնը` Պոլսոյ պատրիարքին եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակումը` միջազգային ընտանիքին եւ հանրային կարծիքին:
Ուղերձները պաշտօնական հասցէներ ունին, այդուհանդերձ հրապարակային ըլլալով բազմաթիրախային են:
Թուրքիոյ նախագահին ուղերձին մէջ առանցքը դասական մարտավարութիւնն է: Սփիւռքը հակադրել Հայաստանի Հանրապետութեան եւ պատգամել, որ Երեւանի իշխանութիւնները պէտք է ձերբազատին այդ արգելանքներէն եւ շարժին դէպի առջեւ: Այստեղ կը շեշտուի պահը օգտագործելու, բաց չթողելու պատգամը: Կ՛ըսուի, որ Երեւանը կը գիտակցի պահու կարեւորութեան կամ ճանապարհային նոր քարտէս մշակելու անհրաժեշտութեան: Ուրեմն անհիմն յիշողութիւններէ ձերբազատելու պահն է, բաց պատուհանը օգտագործելու առիթն է եւ սփիւռքի ներքաշած խաւարէն դուրս գալու ժամանակն է:
Աւանդական մարտավարութիւն է նաեւ Պոլսոյ պատրիարքութեան ճամբով հայ ժողովուրդին ուղղուած ցաւակցութիւնը: Աւելի ճիշդը, Օսմանեան կայսրութեան քաղաքացիներու ժառանգորդներուն: այն քաղաքացիներուն, որոնք զոհ գացած են Համաշխարհային Ա. պատերազմի օրերուն: Իսկ այստեղ այդ զոհերու պայմանները կը բնութագրուին. Թուրքիոյ նախագահը ցաւ կը յայտնէ օսմանեան հասարակութեան բոլոր անդամներուն համար, որոնք զոհուած կամ նահատակուած են տագնապներու, ապստամբութիւններու, խմբաւորումներու շարժումներու եւ ահաբեկչական գործողութիւններու պատճառով: Հասարակաց ցաւի այս տեսութեան մէջ նախանձախնդրութիւն կը ցուցաբերուի Թուրքիոյ հայ քաղաքացիները որեւէ ձեւով իբրեւ երկրորդ կարգի քաղաքացի չնկատելու, չլուսանցքայնացնելու կամ քաղաքացիական բոլոր իրաւունքները յարգելու սկզբունքը գործադրելու նկատմամբ:
Հիմա, երրորդ ուղերձը, որ կը պատկանի Անգարայի արտաքին գերատեսչութեան: Հիմնական բաժինը այն է, որ 1915-ի դէպքերը ցեղասպանութիւն նկատողները պարզապէս կը հաճոյանան արմատականներուն եւ կը քաջալերեն, որ անոնք ծայրայեղութիւններու դիմեն: Բուն ուղերձը վերյիշելն է, որ Անգարան առաջարկ կատարած է Պատմաբաններու միացեալ յանձնախումբի ստեղծման, եւ թէ այդ առաջարկը կը շարունակէ մնալ օրակարգի վրայ:
Անմիջապէս նախագահին եւ արտաքին գործոց նախարարութեան ուղերձները փոխկապակցելով պարզ կը դառնայ, որ պահն է Պատմաբաններու միացեալ յանձնախումբի ստեղծման: Այդ պահու կարեւորութեան կը գիտակցի Երեւանը, սակայն արմատական սփիւռքն է, որ իր ծայրայեղական կեցուածքներով կ՛արգելակէ այդ գործընթացը:
Անտրամաբանական պիտի չըլլայ ենթադրելը, որ այս առաջարկը Անգարա-Երեւան երկխօսութեան կ՛արծարծուի: Անգարայի կեցուածքը յստակ է եւ բանաձեւուած պատրիարքութեան յղուած ցաւակցագիրին մէջ: Խնդիրը Երեւանին կը վերաբերի, որ արմատականութենէ ձերբազատելու համար Արարատի փոխարինումի առաջարկ կը կատարէ, Անկախութեան հռչակագիր-Սահմանադրութիւն իրաւական կապի վերացման մասին ենթահող կը պատրաստէ, պատմական հայրենիքէն իրական հայրենիք յղացքային վերադարձ կատարելու կոչ կ՛ընէ: Այս բոլոր հանգամանքները նկատի ունենալով է, որ Թուրքիոյ նախագահը սփիւռք-Հայաստանի Հանրապետութիւն դասական հակադրումի մարտավարութենէն անդին կ՛անցնի եւ կը շեշտէ, որ Երեւանը գիտակից է ու հասկցած բացուած պատուհանէն դուրս եւ ներս նայելու կամ ստեղծուած քաղաքական պահը օգտագործելու անհրաժեշտութիւնը:
Բացուած պատուհանէն խաւարէն դուրս գալու համար Անգարան այս ուղերձով կ՛առաջարկէ ընդունիլ Պատմաբաններու միացեալ յանձնախումբի կազմութեան առաջարկը:
Մնացեալ ուղերձ-առաջարկներու հրապարակումներու իրաւունքը վերապահուած է Ազրպէյճանի նախագահին, որ կը խօսի Արարատի փոխարինման, «Զանգեզուրեան միջանցք»-ին եւ այլ ենթաուղերձներու մասին:
Չի բացառուիր, որ դիւանագիտական անձերու եւ երրորդ երկրի քաղաքացիներուն համար սահմանը բանալէն եւ Անիի պատմական կամուրջի վերանորոգման աշխատանքներէն առաջ Պատմաբաններու միացեալ յանձնախումբի կազմութեան շուրջ բանակցութիւններ սկսին: Ակնարկուած պատուհանի օգտագործումով խաւարէն դուրս գալու համար:
«Ա.»
«Ազդակ»