ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Հոդվածներ

Բողոքի Շարժման Երկսայրի Բնոյթը Երեւանի Մէջ Եւ Մեր Հաւաքական Պատասխանատուութիւնը

16 Մայիս 2024

Մեծ ոգեւորութեամբ եւ միաժամանակ զգալի անհանգստութեամբ կը հետեւիմ Բագրատ սրբազանի գլխաւորած բողոքի շարժման փուլերուն, որոնք կը փոխուին ամէնօրեայ յաճախականութեամբ: Կ՛ապրինք թէժ ժամանակներու մէջ:

Խոստովանի՛նք, որ շարժումը մեր մտքերը պարտադրաբար կը յղէ մօտիկ անցեալի իրադարձութիւններուն: Մեր հաւաքական յիշողութեան մէջ է ընդդիմութեան բազմահանգրուան փորձը անցնող քանի մը տարիներու ընթացքին: Ընդդիմութի՛ւն, որուն մէջ առաջնորդող դիրքերու վրայ էր նաեւ իմ կուսակցութիւնս` ՀՅ Դաշնակցութիւնը: Արդարեւ, ո՛չ նուիրումը կը պակսէր ընդդիմութեան իրերայաջորդ ալիքներուն, ո՛չ քաղաքական ներուժը, ո՛չ քաղաքական իմաստութիւնն ու քաղաքական կամքը: Եւ սակայն անվիճելի փաստը այն է, որ անոնք բոլորն ալ յանգեցան անարդիւնաւէտ վախճանի եւ համատարած հիասթափութեան: Ինչո՞ւ:

Բագրատ սրբազանի եւ իր գործակիցներու առաջին խնդիրն է հասկնալ նախորդող ընդդիմադիր շարժման փորձառութիւնը յետին մանրամասնութեամբ: Բա՛ն մը, որ վստահաբար այս պահուն դրուած է իրենց օրակարգին վրայ:

Սրբազան հօր խօսքը մեծ վարկ կը վայելէ ներկայիս մեր ժողովուրդին մէջ: Եւ այս մէկը ոչ միայն հայրենիքի, այլ նաեւ` ամբողջ աշխարհի մէջ: Ասիկա անգնահատելի քաղաքական հարստութիւն մըն է, որ նաեւ չի դադրիր մեծապէս փխրուն ըլլալէ: Մեր ժողովուրդի վստահութեան քուէն կրնայ ունենալ աշխարհածաւալ լայնք, բայց միաժամանակ` շատ չնչին խորութիւն… Պէտք է մեծ բծախնդրութեամբ խորաչափել զայն եւ ըստ այնմ կազմակերպուիլ վաղուան համար:

Օրերը ցոյց տուին, որ Փաշինեան եւ իր ետին կանգնած համաշխարհային համակարգը շատ լաւ կը հասկնան մեր բողոքի հոգեբանական առանձնայատկութիւնները: Կեանքը ցոյց տուաւ, որ որոշ իմաստով անոնք աւելի լաւ կը ճանչնան մեզ, քան մենք` մեզ:

Անցեալի ընդդիմութեան շարժման նպատակն էր վար բերել պարտութեան վարչակարգը եւ դուրս բերել երկիրը իր ճակատագրական փակուղիէն: Շարժման որոշումն էր այս նպատակին հասնիլ քաղաքացիական անհնազանդութեան սահմանադրական զէնքերով: Հակադիր ճակատի վրայ փաշինեանական համակարգի նպատակն էր ցոյց տալ, որ ինք կարող է յաղթահարել այս մարտահրաւէրը եւ յաջողապէս վերապրիլ: Վերապրիլ ամէն գնով: Միշտ հաշուի առնելով, որ այս բանին համար ինք կրնայ ապաւինիլ համաշխարհային ուժերու (եւ յատկապէս` թշնամիի) անյատակ կարողականութեանց: Եւ այս հակադիր կողմերու ռազմավարութեանց միջեւ կը գտնուէր Հայաստանի քաղաքացիական հասարակութեան լուռ զանգուածը… Փաշինեան դիմեց ամէն միջոցի, որպէսզի այդ զանգուածը մերժէր իր վստահութեան քուէն ընդդիմութեան պայքարին: Ան ամէն միջոցի դիմեց ապաքաղաքականացնելու ժողովուրդի լայն զանգուածը` զայն վախցնելով, զայն կաշառելով, զայն յուսահատեցնելով, զայն քաղաքականապէս բարոյալքելով: Կրնանք անվարան ըսել, որ բողոքի շարժումը իր կռնակէն դաշունահարուեցաւ այն իսկ զանգուածին կողմէ, որուն արժանապատիւ գոյութեան համար կը կռուէր ան: Ողբերգութի՛ւն մը, որ պիտի մնայ մեր ժամանակակից պատմութեան արատը յաւիտեանս յաւիտենից:

Իրականութեան մէջ այն, ինչ որ տեղի ունեցաւ մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ, յուսալքութենէ բխող անձնատուութիւնն էր: Ֆրանսացիք այս երեւոյթը կը բնորոշեն որպէս adhesion de désespoir: Փակուղիի մէջ բռնուած մարդն է, որ ի վերջոյ «կը յանձնուի» եւ «կ՛ընտրէ» իր ճորտային կարգավիճակը (մերժելով ազատութիւնը)` կարենալ գէթ վերապրելու համար: Ճիշդ ինչպէս խորհրդային համակարգն էր իր խորքին մէջ, որուն յիշողութիւնը դեռ շատ թարմ է մեր ժողովուրդի գիտակցութեան մէջ:

Հետեւաբար կարեւոր է, որ անդրադառնանք մէկ հիմնական իրականութեան: ՈՐՊԷՍ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՍԿԶԲՈՒՆՔ` ԲՈՂՈՔԻ ՇԱՐԺՈՒՄԸ ԿՈՉՈՒԱԾ Է ՁԱԽՈՂԵԼՈՒ ԱՆՑՆՈՂ ԻՒՐԱՔԱՆՉԻՒՐ ՕՐՈՒԱՆ ՀԵՏ: ԱՆՇՈՒՇՏ Կ՛ԱԿՆԿԱԼԵՆՔ, ՈՐ ՇԱՐԺՈՒՄԸ ԹԱՓ ՀԱՒԱՔԷ ԱՆՑՆՈՂ ԻՒՐԱՔԱՆՉԻՒՐ ՕՐՈՒԱՆ ՀԵՏ, ԵՒ ԲԱՑԱՌՈՒԱԾ ՉԷ, ՈՐ ՊԱՏԱՀԻ ՆԱԵՒ ԱՅԴ ՄԷԿԸ: ԲԱՅՑ ԱՅԴ ՄԷԿԸ, ԸՍՏ ԷՈՒԹԵԱՆ, ՊԱՐԱԳԱՅԱԿԱՆ ՊԱՏՐԱՆՔ ՄԸՆ Է, ՈՐՄԷ ՊԷՏՔ ՉԷ ԽԱԲՈՒԻԼ: ՇԱՐԺՈՒՄԸ ԹԱՓ ԿԸ ԿՈՐՍՆՑՆԷ ԱՄԷՆ ՕՐ, ՈՐ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԿԸ ՅԱՋՈՂԻ «ՊՈՌԱԼ» ՄԵՐ ԵՐԵՍԻՆ ` «ԿԵՆԴԱՆԻ՛ ԵՄ»… ԻՆՉՊԷՍ ՍԱՍՈՒՆՑԻ ԴԱՒԻԹԸ: ԵՒ ԻՐ ԿԵՆԴԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՓԱՍՏԵ՛Լ ԻՐ ԱՐՏԱՔԻՆ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՆԵՐՈՒՆ: Ի ՎԵՐՋՈՅ ԲՈՂՈՔԻ ՇԱՐԺՈՒՄՆ Է, ՈՐ Կ՛ԻՅՆԱՅ ԵՐԿՈՒՈՒԹԵԱՆ ՔԱՈՍԻՆ ՄԷՋ ԵՒ ԿԸ ՉՔԱՆԱՅ:

Այս բանին մեծ գիտութեամբն են օժտուած Փաշինեանի համակարգն ու իր արտաքին հովանաւորներու բանակը (ներառեա՛լ` թշնամին): Հետեւաբար ապահովութեան սիրոյն հաշուեցէք, որ ժամանակի գործօնը կը գործէ շարժման դէմ եւ ոչ` հակառակը: Հաշուեցէք, որ շարժումը կը գործէ ապառիկ ժամանակով: Ժամանակը չի պատկանիր ձեզի: Հաշուեցէք, որ բողոքի շարժման տրուած է շատ նեղ պայմանաժամ մը` փաշինեանական համակարգը լուծարելու: Միշտ ի մտի ունենա՛լ, որ երկսայրի ուժականութիւն մը կայ երեւանեան բողոքի էութեան մէջ: Ուժականութիւնը կը պատկանի բողոքի շարժման, այնքան ատեն որ ան հաւատք կը ներշնչէ քաղաքացիին, որ այս առճակատման մէջ առաւելութիւնը կը պատկանի շարժման: Ամէն օր, որ շարժումը տեղքայլ կ՛ընէ, կը կորսնցնէ քաղաքացիին հաւատքը` զայն մղելով ձեռնպահութեան, եւ այդ ձեռնպահութիւնը կը գործէ ի նպաստ իշխանութեան: Դաժան իրականութիւնը այն է, որ շարժումը անգիտակցաբար եւ ինքնաբերաբար կը գործէ ի նպաստ Փաշինեանին, երբ քաղաքացին ամրացած է իր ձեռնպահութեան մէջ` հանդէպ շարժման… Շարժումը, ամէն գնով, պէտք է խուսափի առճակատման այս սադայէլական գօտիէն (devil՛s zone):

Պէտք չէ իտէալականացնել հակասութիւններու մէջ բռնուած այսօրուան քաղաքացին: Այսօրուան քաղաքացին շատ հեռու է ազատ մտածող մը եւ ազատ ընտրող մը ըլլալէ: Այս բանին մէջն է, որ յաջողած է փաշինեանական համակարգը (եւ իրմէ առաջ` խորհրդային համակարգը): Այսօրուան քաղաքացիին համար ազատութիւնը կու գայ շատ աւելի մեծ ճիգով, քան` աւելի բնականոն պայմաններու մէջ ապրող մարդուն: Ընդունեցէք, որ քաղաքացիին առաջնահերթ խնդիրը վերապրիլն է այս բառին ամէնէն նախնական էութեամբ: Այսպէս է քաղաքացին ամէնուրեք: Այսպէս կը գործէ քաղաքացիին միջավայրը պայմանաւորող քաղաքականութիւնը: Կրկին կարդացէք Արիստոտէլը: Այս բանտուած կարգավիճակէն է, որ մագլցելով դուրս կու գայ Նարեկացին` մատչելով հոգեւոր ազատութեան: Եւ միայն մէկ Նարեկացի կայ:

Քաղաքացիին քաղաքականացումը եւ, աւելի՛ն, անոր յեղափոխականացումը այսօր կախուած է շարժման ռազմավարութեան որակէն: Կը յաջողին այն ռազմավարութիւնները միայն, որոնք կրնան գործել շրջադարձային յարացոյցով եւ իրավիճակ փոխել ժամանակի կայծակնային գործօններով: Մէկ բան յստակ է: Բողոքը չի կրնար համակեցութեան մէջ գտնուիլ սթաթուս քոյին հետ: Փաշինեանի չքնաղ բառապաշարով` «իրական Հայաստանին հետ»: Նման համակեցութիւնը կը թունաւորէ բողոքի շարժումը եւ ի վերջոյ կը սպաննէ զայն: Եւ երկարաձգուած բողոքը, փաշինեանական համակարգի մեքենայութիւններով, ի վերջոյ կը հաւասարի մեղաւոր համակեցութեան, զոր պէտք է մերժել ամէն գնով:

Վերադառնալով Բագրատ սրբազանի գլխաւորած շարժման նախաձեռնութիւններուն` լաւ է այժմէն արծարծել այն մտահոգութիւնները, որոնք կապ ունին այս սկզբնական օրերու թանկ բնոյթին հետ: Չկայ շարժում, որ ազատ ըլլայ հոգեբանական պատերազմի սպառնալիքներէն: Բայց նաեւ ամէն շարժում իր իմաստութիւնն է, որ կը բերէ ազգային ազատագրութեան գործին: Շարժման այսօրուան յայտարարութիւնը կը խոստանայ յառաջիկայ շաբաթը ընել ջրբաժան եւ ջարդել փակուղին: Կեցցէ՛ք: Շարժման շտեմարանները հարուստ են ոգեւորութեան թարմ պաշարներով, որոնք պէտք է արագօրէն նուաճեն ազգային լայն միասնականութեան նշաձողը` ծնունդ տալով քաղաքական ուժերու միասնական ուխտին, սարսելով հիմերը փաշինեանական հաստատութեան:

Սրբազան հօր շղթայազերծած մակընթացութիւնը պատմական մեծ պատասխանատուութիւն մը կը դնէ շարժման ղեկավարութեան եւ շարժման բոլոր նուիրեալներուն ուսին: Իրենք փուլ բերին համբերութեան ամբարտակը` յղելով վերջնական ազդարարութիւնը պարտութեան վարչակարգին: Ետդարձ չկա՛յ: Օրերու ընթացքին փուլ պէտք է գայ փաշինեանական համակարգը:

Պէտք է բերել այդ օրը անյապա՛ղ: Պէտք է բերել ամէն գնով: Տէր ընդ ձեզ:

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

Մայիս 12, 2024

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Հանդիպում ԷՏԷՔ կուսակցութեան նորընտիր

ՀՅԴ Կիպրոսի Կոմիտէի պատուիրակութիւնը՝ բաղկացեալ Սիմոն Այնէճեանէն եւ Ռաֆֆի Մահտ

20 Նոյեմբեր 2026
Հարաւային Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախու

Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Նոյեմբեր 18-ին յարգանքի հանդիսութիւն

20 Նոյեմբեր 2026
Հայհոյանքը փաստի սով Է

Հայաստանի հանրապետութեան նոր Սահմանադրութեան ընդունման հարցը վերածուած է օրակա

20 Նոյեմբեր 2026
Ակնարկ. Առաջարկի Թաքուն Բաժինը Եւ Ժողո

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը թէ՛ Ազգային ժողովի եւ թէ՛ կառավարութեան նիս

20 Նոյեմբեր 2026
Նիւ Եորքի Հայութեան Միջամտութեամբ Վար

Նոյեմբեր 8ին, Մենհեթընի «Պոլինկ Կրին» զբօսայգիին մէջ՝ Ատրպէյճանի «Յաղթանակի օր

19 Նոյեմբեր 2026
Պրիւքսէլի երկար ու դժուարին ուղին

Եւրոմիութեան Հայաստանի անդամակցութիւնն ու մերձեցումը՝ նոյնիս՛կ ոլորապտոյտ եւ փ

19 Նոյեմբեր 2026
Դու պիտի գնաս, որ Հայաստանը մնա

ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչ, ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության պատգամավոր Իշխան

19 Նոյեմբեր 2026
Պիլալ Էրտողանի Լիբանան Այցելութեան Վեր

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի որդիին` Պի

18 Նոյեմբեր 2026
Բագրատունի Ընդունեց Երկխօսութեան Ազգայ

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի

18 Նոյեմբեր 2026
Հայաստանի թշնամիները երբեք գոհ չեն լին

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինյանը սխալմամբ կարծում է, թե Ադրբեջանին և Թուրքիային շարուն

17 Նոյեմբեր 2026
Երեք տարի անց արցախյան հակամարտություն

Հայ դատի կենտրոնական խորհուրդն այսօր հրապարակել է իր «UNRESOLVED: The Conflict

17 Նոյեմբեր 2026
Այսօրվա լսումները պետք է դառնան ոչ թե

ՀՅԴ Բյուրոյի անդամ, ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության պատգամավոր, ԱԺ Մարդու իրավունքն

16 Նոյեմբեր 2026
ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցությունը հրավիր

ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության նախաձեռնությամբ նոյեմբերի 16-ին կազմակերպվել էին

16 Նոյեմբեր 2026
Նիդերլանդների ՀՅԴ կառույցի հայտարարութ

2026 թվականի նոյեմբերի 5-ից 8-ը, Հայաստանի Հանրապետության իշխանությունը բռնազա

16 Նոյեմբեր 2026
Ակնարկ. Հայաստանը ՀԱՊԿ-ի խաչմերուկում

Մոսկւայում նոյեմբերի 11-ին կայացած Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակեր

16 Նոյեմբեր 2026
Հաստատվել է «Հրայր Մարուխյան» հիմնադրա

Առաջադիմական հետազոտությունների եվրոպական հիմնադրամի (Foundation for European

14 Նոյեմբեր 2026
Ցեղասպանութիւնը ուրացողները եւ չՍփիւռք

Շուշիի մէջ Ալիեւ-Էրտողան տանդեմը կը տօնէ Քառասունչորսօրեայ պատերազմի յաղթանակը

14 Նոյեմբեր 2026
Արեւմտեան Գանատայի Հայ Դատի յանձնախում

ՎԱՆԳՈՒՎԸՐ.- Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի Արեւմտեան շրջանի ներկայացուցիչներ Յ

13 Նոյեմբեր 2026
Խօսողին Լսող Է Պէտք

Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ ՀԱՊԿ-ի (Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակեր

13 Նոյեմբեր 2026
Ակնարկ. Իրանեան Ուղերձներ` Սպառնական-Գ

Իրանի հոգեւոր պետի խորհրդականին եւ փոխնախագահին` Հայաստանի ուղղութեամբ կատարած

13 Նոյեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company