ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Հոդվածներ

Իշխանխումբին պարտութեան ցուցանիշները

16 Մայիս 2024

Տաւուշէն սկիզբ առած Շարժումին Երեւան հասնելէն ի վեր, ամէն օր եւ ժամ առ ժամ ապացոյցներ, ցուցանիշներ կ’երեւին հայրենի երկնակամարին վրայ ու Սփիւռքի տարածքին, թէ Փաշինեանի վարչախումբին մօտալուտ պարտութիւնը անխուսափելի է:

Արձանագրենք փաստերէն մէկ քանին (միայն մէկ քանին):

Ա. Բողոքի ցոյցերուն կրկնութեան ու ծաւալումին դիմաց, իշխանախումբը (տակաւին) պաշտպանող ոստիկանական ուժերը աւելի՛ մեծ ախորժակով բիրտ ուժի կը դիմեն: Օր մը աւելի քան 150, յաջորդ օրը՝ աւելի քան 60 ցուցարար կը ձերբակալուի, լրագրողներ բռնարարքներու կ’ենթարկուին: Մէկ ցուցարար ձերբակալելու համար, անոր վրայ կը յարձակին 3-5 ոստիկան: Պրաւօ՜…: Ընդվզումի ալիքը, նահանջելու փոխարէն, նոր ծաւալ կը ստանայ: Երեւանէն մինչեւ մօտակայ եւ հեռաւոր քաղաքներ, խաղաղ անհնազանդութեան միջոցառումները ծաւալ կը ստանան: Այս կամ այն քաղաքը Փաշինեանի տուած այցելութենէն առաջ, ընդդիմադիրներ կը ձերբակալուին, տեղացիներուն՝ փաշինեանականներուն ի նպաստ դեր խաղալ կը պարտադրուի, մինչեւ իսկ Տաւուշի գիւղապետերուն կը թելադրուի արցախանալու մտավախութեան մէջ ինկած ժողովորդին ըսել, թէ իրենց տեսածը սխալ է, Փաշինեանի ըսածն է ճիշդը…: Ցանկագրումը աւելորդ է: Ճնշումի միջոցները սպասուած արդիւնքը չեն տար: Խաղաղ դիմադրութիւն ցոյց տուող զանգուածը չի նախընտրեր ձեռք բարձրացնել ի՛ր ոստիկանին վրայ, որքա՛ն ալ որ ան շեղած է իր հիմնական առաքելութենէն: Ոստիկանները պիտի անդրադառնան, որ իրենց պաշտպանեալը ՊԱՐՏՈՒԱԾ Է ԱՆԶԷՆ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԷՆ:

Բ. Բագրատ սրբազանն ու կողքին կանգնողները յարաճուն ուժգնութեամբ թիրախ կը դառնան զրպարտութիւններու եւ հայհոյախօսութիւններու: Սա իշխանաւորներուն ու անոնց կողմէ գործի լծուած քարոզիչներուն պարտութեան ցուցանիշն է: Անմահ Պարոնեանի բառերով՝ ՀԱՅՀՈՅԱՆՔԸ ՓԱՍՏԻ ՍՈՎ Է:

Գ. ՔՊ-ական իշխանութենէն հեռացած դիւանագէտները, որոնք կիրակի օր հռչակագիրի նման յայտարարութեամբ մը բացայայտեցին այս իշխանախումբին ձախաւերութիւններն ու անատակութեան փաստերը, պատրաստ չեն լռելու եւ չպատասխանելու իշխանաւորներու նորագոյն զրպարտութիւններուն: Անոնք կը պնդեն, որ դաւաճանն ու դասալիքը իրենք չեն, այլ՝ իշխանախումբը, որ հետեւողականօրէն անտեսած է դիւանագիտական ճիշդ քայլեր առնելու բոլոր յորդորներն ու թելադրանքները, երկիրը տարած է նա՛եւ դիւանագիտական պարտութիւններու, մինչեւ իսկ կռնակէն դաշունահարած է դիւանագէտները: Իսկ կռնակէն դաշունահարելը վարչապետ կոչեցեալին մէկ «առաքելութիւնն» է, ո՛չ թէ ի վերուստ տրուած, այլ՝ յանձնարարուած թշնամիին կողմէ:

Արարատ Միրզոյեան, որ մեղադրանքներ կը շռայլէ դիւանագէտներու հասցէին, մոռցա՞ծ է (կամ ալ նոր կաշառք ստացած), որ երբ Արցախի մէջ ցեղասպանութիւն տեղի կ’ունենար ու ինք ՄԱԿի ամպիոնէն արդարօրէն կ’ամբաստանէր Ազրպէյճանը, ուսապարկապետը նոյն պահուն կռնակէն կը դաշունահարէն զինք, յայտարարելով, որ «ամէն բան խաղաղ է արեւելեան ճակատին վրայ» (հետեւողութեամբ գերման նշանաւոր գրողի մը՝ «Ամէն բան խաղաղ է արեւմտեան ճակատին վրայ» գիրքի խորագիրին…), եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը կը շտապէր հերքելու իր մեղադրանքը, ըսելով, որ Փաշինեան հակառակը կը պնդէ: Իսկ հիմա, Փաշինեանի վարկը օրէ օր կը բարձրանայ Ազրպէյճանի մէջ, իսկ Հայաստանի մէջ՝ կը մօտենայ զեռոյի…

Դ. Ներքին-քարոզչական գետնի վրայ, իշխանաւորներուն պարտութեան մէկ փաստն ալ եղաւ այն, որ համալասարաններու պատասխանատուներուն հասցէին տարածուած սուտին պոչը կարճ եղաւ: Երեքշաբթի օր բացայայտուեցաւ, որ պատասխանատուներ արգելք չեն դրած ուսանողներուն դիմաց՝ մասնակցելու ընդվզումի ցոյցերուն: Նախօրօք «հռչակուած» էր, որ կարգ մը պատասխանատուներ աշակերտներուն սպառնացած են պատժական քայլերու դիմել՝ եթէ անոնք միանային Բագրատ սրբազանի առաջնորդած ցոյցերուն: Ուսանողները կարեւոր ուժ պիտի դառնան իշխանաւորները պարտութեան մատնելու մէջ:

Ե. Դիւանագիտական, այսինքն՝ արտաքին ճակատի վրայ պարտութիւններու նոր ցուցանիշներն ալ կը բազմանան: Լեմքինի հիմնարկը խարանող ամբաստանագիր մը արձակեց Փաշինեանի հասցէին, յայտարարելով, որ ան դարձած է ցեղասպան թուրքին տեսակէտներուն պաշտպանը, Ցեղասպանը մեղադրելու փոխարէն՝ մեղադրանքներ կ’արձակէ հայերու հասցէին: Սա արդէն այլանդակութիւններու նոր գլուխգործոց մըն է:

Թուրքիա եւ Ազրպէյճան այսօր ալ նոյն «թեզեր»ը յառաջ կը մղեն Արցախի մէջ կատարուած ցեղասպանութեան մասին ու փաշինեանական իշխանութիւնները հակադարձութեան ո՛չ մէկ քայլ կ’առնեն, մինչեւ իսկ մոռցած են Պաքու գտնուող պատանդներն ու գերիները, որոնց դէմ բանտարկութեան երկարաձգում կը վճռուի…

Զ. Դիւանագիտական պարտութեան այլ ցուցանի՞շ կ’ուզէք: Հունգարիա կը խափանէ Եւրոպական միութեան կողմէ Հայաստանի տրամադրուելիք օժանդակութեան քայլը, եւ սա ա՛յն Հունգարիան է, որ հայ սպայ մը կացինահարած ազերի մը ազատ արձակեց (Ազրպէյճանը իւղոտ պատառներ ստանալու գնով), սա ա՛յն Հունգարիան է, որուն հետ Հայաստան աւելի քան տարի մը առաջ վերահատատեց դիւանագիտական յարաբերութիւնները, որոնք խզուած էին Պութափէշթի յիշեալ քայլին հետեւանքով, ա՛յն Հունգարիան՝ որ Հայաստանէն ներողութիւն չէ խնդրած եւ, աւելի՛ն՝ մեր քթին կը խնդայ, իբրեւ միջնորդ ներկայանալով Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ:

Է. Փաշինեանական վարչախումբը պարտուած է նաեւ հայկական Սփիւռքի ճակատներուն վրայ: Տաւուշի եւ անոր ընդմէջէն՝ ամբողջ Հայաստանի պաշտպանութեան Շարժումին կը ձայնակցին սփիւռքեան գաղութներ: Իսկ Երեքշաբթի օր, Սփիւռքի կեցուածքը խտացնող նորագոյն ցոյց մը տեղի ունեցաւ Դանիոյ մէջ, ուր Փաշինեան հասած էր խորհրդաժողովի մը մասնակցելու համար: Հայ ցուցարարներ Փաշինեանի երեսին տուին իր դաւաճանութիւնն ու թշնամիին բանբերը դարձած ըլլալու հանգամանքը: Ի յայտ եկաւ, որ այդ բոլորը չեն յաջողած ջղագառ խնդուքը հեռացնել վարչապետ կոչեցեալէն (Անամօթին երեսին թքեր են…): Այդ ալ զարնամալի չէ, որովհետեւ այս արարածը ճակատաբաց ըսած է, թէ չի նեղանար, եթէ զինք թուրք կոչեն(*):

***
Վերոյիշեալները նմուշներ են միայն, թէ ի՛նչ տարողութիւն եւ խորք-ծաւալ ստացած է իշխանախումբին պարտութիւնը: 15 Մայիսը վստահաբար նոր գամեր (եթէ ոչ՝ վերջին գամը) պիտի զետեղէ այս վարչախումբի դագաղին, բանալով հաշուետուութեան, արդարահատուցման ու վերականգնումի երկար ուղին: Կը մնայ, որ բողոքի ալիքը ներգրաւէ շատ աւելի մեծ թիւով հայրենապաշտպաններ, որոնց դէմ իշխանաւորներու քարոզչութիւնն ու կաշառուող ոստիկաններու բրտութիւնները պիտի մնան անզօր:

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

(*) ՇՇուկներ կան, թէ մասնագէտներ քննութեան կ’ենթարկեն Փաշինեանի, ՔՊ-ականներու եւ ոստիկաններու ծիները: Առաջին արդիւնքները ի յայտ բերած են թուրք-ազերիական ծագումի նշաններ…

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Հանդիպում ԷՏԷՔ կուսակցութեան նորընտիր

ՀՅԴ Կիպրոսի Կոմիտէի պատուիրակութիւնը՝ բաղկացեալ Սիմոն Այնէճեանէն եւ Ռաֆֆի Մահտ

20 Նոյեմբեր 2026
Հարաւային Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախու

Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Նոյեմբեր 18-ին յարգանքի հանդիսութիւն

20 Նոյեմբեր 2026
Հայհոյանքը փաստի սով Է

Հայաստանի հանրապետութեան նոր Սահմանադրութեան ընդունման հարցը վերածուած է օրակա

20 Նոյեմբեր 2026
Ակնարկ. Առաջարկի Թաքուն Բաժինը Եւ Ժողո

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը թէ՛ Ազգային ժողովի եւ թէ՛ կառավարութեան նիս

20 Նոյեմբեր 2026
Նիւ Եորքի Հայութեան Միջամտութեամբ Վար

Նոյեմբեր 8ին, Մենհեթընի «Պոլինկ Կրին» զբօսայգիին մէջ՝ Ատրպէյճանի «Յաղթանակի օր

19 Նոյեմբեր 2026
Պրիւքսէլի երկար ու դժուարին ուղին

Եւրոմիութեան Հայաստանի անդամակցութիւնն ու մերձեցումը՝ նոյնիս՛կ ոլորապտոյտ եւ փ

19 Նոյեմբեր 2026
Դու պիտի գնաս, որ Հայաստանը մնա

ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչ, ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության պատգամավոր Իշխան

19 Նոյեմբեր 2026
Պիլալ Էրտողանի Լիբանան Այցելութեան Վեր

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի որդիին` Պի

18 Նոյեմբեր 2026
Բագրատունի Ընդունեց Երկխօսութեան Ազգայ

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի

18 Նոյեմբեր 2026
Հայաստանի թշնամիները երբեք գոհ չեն լին

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինյանը սխալմամբ կարծում է, թե Ադրբեջանին և Թուրքիային շարուն

17 Նոյեմբեր 2026
Երեք տարի անց արցախյան հակամարտություն

Հայ դատի կենտրոնական խորհուրդն այսօր հրապարակել է իր «UNRESOLVED: The Conflict

17 Նոյեմբեր 2026
Այսօրվա լսումները պետք է դառնան ոչ թե

ՀՅԴ Բյուրոյի անդամ, ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության պատգամավոր, ԱԺ Մարդու իրավունքն

16 Նոյեմբեր 2026
ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցությունը հրավիր

ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության նախաձեռնությամբ նոյեմբերի 16-ին կազմակերպվել էին

16 Նոյեմբեր 2026
Նիդերլանդների ՀՅԴ կառույցի հայտարարութ

2026 թվականի նոյեմբերի 5-ից 8-ը, Հայաստանի Հանրապետության իշխանությունը բռնազա

16 Նոյեմբեր 2026
Ակնարկ. Հայաստանը ՀԱՊԿ-ի խաչմերուկում

Մոսկւայում նոյեմբերի 11-ին կայացած Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակեր

16 Նոյեմբեր 2026
Հաստատվել է «Հրայր Մարուխյան» հիմնադրա

Առաջադիմական հետազոտությունների եվրոպական հիմնադրամի (Foundation for European

14 Նոյեմբեր 2026
Ցեղասպանութիւնը ուրացողները եւ չՍփիւռք

Շուշիի մէջ Ալիեւ-Էրտողան տանդեմը կը տօնէ Քառասունչորսօրեայ պատերազմի յաղթանակը

14 Նոյեմբեր 2026
Արեւմտեան Գանատայի Հայ Դատի յանձնախում

ՎԱՆԳՈՒՎԸՐ.- Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի Արեւմտեան շրջանի ներկայացուցիչներ Յ

13 Նոյեմբեր 2026
Խօսողին Լսող Է Պէտք

Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ ՀԱՊԿ-ի (Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակեր

13 Նոյեմբեր 2026
Ակնարկ. Իրանեան Ուղերձներ` Սպառնական-Գ

Իրանի հոգեւոր պետի խորհրդականին եւ փոխնախագահին` Հայաստանի ուղղութեամբ կատարած

13 Նոյեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company