Այսօր 28 Մայիս 1918 Է, Սարդարապատ Է
28 Մայիս 2024![](https://www.arfd.am/wp-content/uploads/2024/05/Pakradouni_52824-1024x686.webp)
Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ
1918 մայիս 28-ին Սարդարապատով, Բաշ Ապարանով եւ Ղարաքիլիսայով հայ մարդը ազատագրուեցաւ ստրկութեան հոգեբանութենէն եւ յայտարարուեցաւ անկախ Հայաստան:
2024 մայիս 28-ին անկախ հանրապետութեան հիմնադրութեան 106-րդ տարեդարձին, ոչ միայն յանձնուած է ազատագրուած Արցախը, այլ սահմանագծումի պատրուակին տակ կը յանձնուին Հայաստանի տարածքէն շրջաններ` ի խնդիր խաղաղ ու բարօր ապագայի:
Անկախ Հայաստանի հիմնադրութենէն 106 տարի ետք, սուտերով ու կեղծիքով, դարձեալ դէպի ստրկամտութիւն կ՛առաջնորդուի մեր ժողովուրդը:
Հայրենիքը հող է, պատմութիւն, մշակոյթ, աւանդութիւն եւ ազգային արժեհամակարգ:
Հայրենիքը հող է, ժողովուրդ, եկեղեցի եւ պետականութիւն:
Հայրենիքը բանակ է եւ զինեալ ուժեր, որոնց պարտականութիւնն է հողային ամբողջականութեան եւ անկախութեան ու գերիշխանութեան պահպանումը:
Այս բոլորը կը շփոթուին` ամբոխահաճոյ կեցուածքներու, փայլուն ապագայի խոստումներու, փոփոխութեան սուտերու, օտար արժէքներու գերադասութեան, աւանդութիւններու քանդումով արդիականութեան ջատագովումի, տնտեսական բարելաւումի, պարգեւավճարներու կամ գործարար խմբակներու կեանքի փարթամութեան հետ, եւ մեր ժողովուրդը կ՛առաջնորդուի ստրկամտութեան:
Արցախը կը յանձնուի, անհեռանկար զիջումներ կը կատարուին, հայաստանեան հողատարածքներ ազրպէյճանական կամ վաղը թրքական կը նկատուին, ազգային խորհրդանիշներ ժամանակավրէպ եւ երեւակայական կը յայտարարուին, Անկախութեան հռչակագիրը կ՛ոտնակոխուի, եւ սահմանադրութիւնն ու ժողովրդավարութիւնը կը բռնաբարուին, ապա շատ բնական կը դառնայ, որ ժողովուրդը վերածուի ստրկամիտ ամբոխի, որուն միակ մտահոգութիւնը կը դառնան` օրապահիկը, հացը, ջուրը, ամանորեան զարդարանքները, աղբահանումը եւ օտարամուտ այլանդակութեանց ծափահարումը:
Մնացեալը` ոչինչ:
Արժէք չունի հազարամեակներու մեր պատմութիւնը: Սխալ սորված ենք, վարձու պատմաբանները կը սրբագրեն զայն:
Քարտէսներն ու աշխարհագրութիւնը, շփոթի իբրեւ հետեւանք, անճշդութիւններ կը պարունակեն: «Մասնագիտական» խմբակներ մատիտով (որպէսզի կարելի ըլլայ ռետինով ջնջել) նոր գծագրութիւններ կը կատարեն:
Անհաճոյ է Հայաստանի քայլերգը, գեղագիտական չէ հանրապետութեան զինանշանը, կարմիրը չի սազեր Հայաստանի դրօշին (տեսողութիւնը կը գայթակղեցնէ), կը կազմենք յատուկ, «արուեստաբաններու խմբակ» եւ կը սրբագրենք այս «տգեղութիւնները» եւս:
Կարեւորը` հանգիստ շնորհենք մեր դրացիներուն, Հայաստանի վաղուան տէրերուն:
Տասնամեակներու պայքարը անտեղի էր: Սխալ էր:
Նահատակները ինկան սխալմամբ: Վաղը կրնանք զիրենք ալ ամբաստանել հայրենիքի կործանման համար:
Կարեւորը իմ հանգիստս է եւ թշնամիին հաճոյակատար երեւնալը:
Այսպէս, օրէ օր թոյնը կը սրսկուի, ժողովուրդը կը վերածուի ամբոխի, անկախութիւնն ու ազատութիւնը կը վերածուին գլխացաւի, կը կորսուի Հայաստանը:
Արամ Մանուկեանով կերտուած Հայաստանի անկախութեան 106-րդ տարեդարձի ճգնաժամային այս պահուն հայրենիքի փրկութեան համազգային շարժումը միակ ելքն է անկախութեան պահպանման:
Պատահական անցորդներու սայթաքումներուն դէմ յանդիման` հայ ժողովուրդը չի կրնար ներող մնալ եւ կորսնցնել հազարամեակներու հայրենիքը, ազատ, անկախ ապրելու իր իրաւունքը:
Ժամանակաւոր խոստումները ծովու ալիքներու փրփուրի նման կը ցնդին, խոստում կատարողներն ալ «սխալեցայ» ըսելով` հանգիստ պայմաններով, եւրոպական փարթամ առանձնատան մը մէջ կրնան իրենց կեանքը շարունակել:
Գինը, իսկական գինը, գոյութենական գինը իրենց կեանքերով կը վճարեն` քաղաքացին, հայ գիւղացին, բանուորը, ուսուցիչն ու դասախօսը, արուեստագէտն ու պատմաբանը:
Հայաստանի անկախութեան 106-րդ տարեդարձին «Ո՛չ» պէտք է ըսել` ստրկամտութիւնը տարածողներուն, ազատ մարդու բնական իրաւունքը խլողներուն, հայրենիքը յանձնողներուն:
Այսօր անկախութեան ազատութեան, գերիշխանութեան վերահաստատման օրն է:
Այսօր հայրենիքի փրկութեան, հայ մարդու փրկութեան օրն է:
Այսօր` 28 մայիս 2024, 28 մայիս 1918 է:
Սարդարապատ է:
«Խենթերը» կը գտնեն հնար:
Ազդակ