Սպասելով Նորերու Յայտնութեան
05 Հունիս 2024![](https://www.arfd.am/wp-content/uploads/2018/10/Տիգրան-Ճինպաշյան-1024x576.jpg)
Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրութեան 106-րդ տարեդարձը նշուեցաւ Հայաստանի եւ սփիւռքի բազմաթիւ գաղութներուն մէջ հանդիսաւոր տօնակատարութիւններով: Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները բնականաբար ատաղձ հայթայթեցին տօնական մթնոլորտը մասամբ շղարշելու ու հանդիսութիւններու ընթացքին բանախօսութիւնները այժմէականացնելու համար:
Մամուլը եւս հետեւեցաւ նոյն օրինաչափութեան: Ուշադրութեան արժանի է «Ազդակ» օրաթերթի մայիս 28-ի համարը, իր բացառիկ բովանդակութեամբ: Համարը բաղկացած է 20 մեծադիր էջերէ: Բացի ընթացիկ տօնական բովանդակութենէն, որ կը բաղկանայ տասներեք գրութիւններէ` խմբագրական, հաղորդագրութիւններ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, եւ տասը յօդուածներ, բացառիկ համարը կարեւորուած է երիտասարդական եւ պատանեկան բազմաթիւ գրութիւններով: Արդարեւ, էջեր ունին ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութիւնը, ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութիւնը եւ ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինը:
«Զաւարեանական էջ»-ը կը բացուի միութեան կողմէ «Մեր խօսքը» սիւնակով, կը հետեւին երեք ծաւալուն յօդուածներ: «Երիտասարդականի էջ»-ը եւս ունի խմբագրական մը` «ԼԵՄ-ի խօսքը»: Երիտասարդական միութեան հինգ անդամներ աշխատակցած են էջին: Վերջապէս, «Պատանեկան էջ»-ի խմբագրականը խորագրուած է «Սրբազան պայքարի ջահակիրները», կ՛ընկերանան եօթը փոքրածաւալ շարադրութիւններ: Համագումարը` տասնհինգ, խմբագրականները եւս աւելցնելով` տասնութ ստորագրութիւն:
«Ազդակ» տարիներէ ի վեր «Ապագայ լրագրողներու ծրագիր» մը կ՛իրագործէ: Հայկական երկրորդական վարժարաններէ աշակերտներ կը ծանօթանան գրաւոր եւ բանաւոր մամուլի առանձնայատկութիւններուն: Անոնք ծրագիրի աւարտին քննութիւն կը յանձնեն, խմբագրելով փոքր գրութիւններ, որոնք կը տպագրուին «Ազդակ»-ի յատուկ համարի մը մէջ: Առաջին անգամն է, որ նորաբոյս այս լրագրողները, յատուկ համարէն անկախ, հանդէս կու գան ինքնագիր յօդուածներով: Տարիներով կատարուած աշխատանքին արգասաւորման առաջին նշաններն են, որոնք պէտք է քաջալերուին, օժանդակութիւն ստանան, որպէսզի կարելի ըլլայ ծերացած ու ծերացող լրագրական հանրութիւնը վերանորոգել ու երիտասարդական աւիւնով թարմացնել:
Երկրորդ երեւոյթը երիտասարդական-պատանեկան միութիւններու կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութիւն մըն է, որ կը հաւաստէ, որ «ընթացք առաւ մարդուժի պատրաստութեան ծրագիրը»: Ծրագիրը կը գործադրուի Հայկազեան համալսարանի «Շարունակական ուսումնառութեան կեդրոն»-ին հետ գործակցաբար:
Լիբանանէն արտագաղթը, յատկապէս ուսեալ ու պատրաստուած երիտասարդներու արտահոսքը ծանր հետեւանքներ ունի մեր կառոյցներու, կազմակերպութիւններու եւ դպրոցներու ղեկավարման տեսակէտէն: Տնտեսական երկարատեւ տագնապը, համաճարակը, ապա նաւահանգիստի պայթումը ստեղծեցին այնպիսի վիճակ, որ մեր կառոյցներու անձնակազմերու բնականոն վերանորոգումը խափանուեցաւ: Վերանորոգման համար երիտասարդացումը անհրաժեշտ է, սակայն միայն երիտասարդ ըլլալու հանգամանքը բաւարար չէ իսկական նորարարութիւն ապահովելու համար: Երիտասարդական աւիւնին հետ անհրաժեշտ է նաեւ ծանօթութիւն, գիտութիւն, կարողութիւն եւ ձեռնհասութիւն: Իրերայաջորդ երեք շաբաթներու ընթացքին 34 երիտասարդ մասնակիցները գիտելիքներ ու տեղեկութիւններ պիտի ամբարեն ու կատարեն վարժողական աշխատանքներ, կ՛ըսէ հաղորդագրութիւնը: Անոնք յատկապէս պիտի համոզուին, որ զարգացումը շարունակական երեւոյթ է, որ ժամանակի պահանջներուն, գիտութեան եւ արհեստագիտութեան նորարարութեան հետեւիլը` սորվիլը, կ՛ընկերանայ գործող մարդուն ամբողջ կեանքին:
Լիբանանի համայնքային կեանքին ատեն մը մարած աշխուժութիւնը վերադարձի նշաններ ցոյց կու տայ: Այդ աշխուժութիւնը պէտք չէ ձեւական ըլլայ ու սահմանափակուի միջակութիւններով: Պէտք չէ ձեռնարկ կազմակերպել, հրապարակին վրայ ներկայութիւն հաստատելու համար: Ձեռնարկները որակ պէտք է ունենան, մասնագիտօրէն պատրաստուին: Հարկ է զարկ տալ ստեղծագործական ոլորտին, որ ամէնէն բնորոշ բացականերէն մէկն է գաղութէն: Նոր ստեղծագործութիւնն է, որ հանրային կեանքին իրաւ աշխուժութիւն կը ներարկէ:
Գնահատենք նորերու երեւումը մեր հանրային կեանքին մէջ: Գուրգուրանք այս երիտասարդներուն ներկայացուցած յայտին, ուղղորդենք եւ յաջողութիւն մաղթենք իրենց:
Ապագան երիտասարդներուն կը պատկանի:
ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ
Ազդակ