Ակնարկ. Խաղաղութեան Ծրագիր Եւ Ուժանիւթային Միջանցք
05 Հունիս 2024Միացեալ Նահանգներու նախագահին յայտարարութիւնը հայ-ազրպէյճանական հակամարտութեան կարգաւորման հեռանկարին մասին որոշ անյստակ բաժին ունի: Նախագահը կ՛արձանագրէ, որ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրը կը վերափոխէ Հարաւային Կովկասը եւ արմատապէս կը փոխէ Ազրպէյճանի դերը տարածաշրջանին մէջ:
Պարզ է, որ Ազրպէյճանի հիմնական դերը տարածաշրջանին մէջ իբրեւ ուժանիւթակիր երկիր ուժանիւթի հայթայթումն է: Հիմա սակայն, իբրեւ հիմնական տարանցիկ երկիր միջնորդ արտահանողն է ռուսական ուժանիւթին: Առանց ուժանիւթի եւ մանաւանդ առանց Ռուսիոյ մասին խօսելու ըստ էութեան Միացեալ Նահանգներու նախագահը այս ուղերձը կը յղէ:
Խնդիրը սակայն ինչպէ՞ս կը կապուի հայ- ազրպէյճանական հակամարտութեան հանգուցալուծման հետ: Միացեալ Նահանգներու ամբողջ ճիգը այս պարագային տնտեսական մեկուսացման առաջնորդելն է Ռուսիոյ դաշնութիւնը: Ազրպէյճանը կարեւորագոյն գործընկեր է այս առումով: Ազրպէյճանի տարանջատումը Ռուսիայէն յայտնապէս առաջադրանք է:
Միացեալ Նահանգներու նախագահին ուղերձը աւելի ճիշդ ընկալելու համար օժանդակի դեր կը կատարէ Թուրքիոյ նախագահը, երբ գրեթէ միաժամանակ կը յայտարարէ, որ իրենք կ՛աշխատին Ազրպէյճանի հետ ուժանիւթի աղբիւրներու բազմազանացման ուղղութեամբ եւ մօտ ժամանակներուն կ՛աւարտեն դէպի Նախիջեւան կազատարի շինարարութիւնը: Այս առումով կ՛ողջունեն Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղուած քայլերը եւ խաղաղութեան համաձայնագիրը, որ, ըստ Թուրքիոյ նախագահին, կը ստորագրուի անպայման: Թուրքիոյ նախագահը հերթական անգամ այդ համաձայնագիրի ստորագրութիւնը նկատած է պատմական կարելիութիւն:
Միացեալ Նահանգներու նախագահի յայտարարութեան մէջ ուժանիւթի մասին խօսք չկայ: Այդ փակագիծը Թուրքիոյ նախագահն է, որ կը բանայ եւ պարզ կը դարձնէ, թէ ինչի՛ մասին է խօսքը:
Ազրպէյճանը ուժանիւթի հայթայթման բազմազանացման խնդիր չի դիմագրաւեր: Իր ուժանիւթը անխոչընդոտ կը հասնի Եւրոպա. հիմա ալ իր ճամբով` նաեւ ռուսականը: Թուրքիոյ հետ ուժանիւթային յարաբերութիւններու խնդիր չունի արդէն: Այլ խօսքով, դէպի Ռուսիա, Եւրոպա կամ այլ երկիրներ Ազրպէյճանը իր ուժանիւթի տարբեր տեսակները հասցնելու խնդիրներ չի դիմագրաւեր:
Այս հանգամանքները նկատի ունենալով առկայ է այլ հարց ուրեմն: Թուրքիոյ նախագահին «լաւատեսական» ձեւակերպումներուն մէջ կը նշուի դէպի Նախիջեւան կազատարի շինարարութիւնը: Ազրպէյճան-Նախիջեւան ուժանիւթային կապի մասին է խօսքը այստեղ: Հանգոյցը ուրեմն դարձեալ նոյն առաջադրուած ճանապարհին կը վերաբերի: Այս անգամ ուժանիւթային տեսքով շղարշուած: Այսպիսով ալ Ազրպէյճանի տարածաշրջանային նոր դերը, որուն կ՛ակնարկեն թէ՛ Ուաշինկթընը եւ թէ՛ Անգարան, կը յստականայ:
Հետեւելով այս տրամաբանութեան` խաղաղութեան համաձայնագիրը պիտի բանայ նաեւ Սիւնիքի ճանապարհը, որ այս յայտարարութիւններով սկսելու համար ուժանիւթային առումով պիտի կապէ Ազրպէյճանն ու Նախիջեւանը եւ այդ ճամբով Թուրքիան: Թուրքիան այս ուժանիւթային կամուրջով կը դառնայ ազրպէյճանական ուժանիւթի արտահանման հանգուցակէտ:
Ուաշինկթընէն եւ Անգարայէն հնչած յայտարարութիւնները ուրեմն փոխլրացուցիչ են: Կ՛ուղենշեն տարածաշրջանային ծրագիր մը, ուր Սիւնիքը ռազմավարական նշանակութեամբ կարեւորագոյն դիրք կը զբաղեցնէ:
Աւելի հեռուներէն կատարուող դիտարկումի փորձ մը պիտի նկատէ անպայման, որ այս բոլորին մէջ ռուսական ուժանիւթային շուկային այլընտրանքներ հրամցնելու միտուած են ուժանիւթային կամրջումներու այս նախագիծերը: Ուր յամենայն դէպս կը համընկնին Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ շահերը:
Խաղաղութեան խաչմերուկի կամ խաղաղութեան օրակարգի կարգախօսերը արտաբերելէ առաջ հայկական կողմը ա՛յս հաշուարկները կատարելու հարկադրանքին առջեւ է: Ազրպէյճանի տարածաշրջանային դերի վերանայման առաջադրանք կայ: Իսկ այստեղ Սիւնիքը երկաթուղիներով, կազատարերով թէ ընդհանրապէս հաղորդուղիներով հանգուցակէտ պիտի ծառայեցուի հետզհետէ բացայայտուող նախագիծերու առարկայացման համար:
«Ա.»
Ազդակ