Ակնարկ. Սահմանադրութիւն, Միջանցք Եւ Միջնորդութիւններ
09 Հուլիս 2024Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովը անդրադարձած է հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններուն եւ վերստին յանկերգած է նոյն պահանջը: Եկած է ժամանակը, որ հայկական կողմը տարածքային պահանջներու փոխարէն ընտրէ տարածաշրջանային համագործակցութիւնը», յայտարարած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը:
Այս յայտարարութեամբ Պաքուի ներկայացուցիչը ըսել կ՛ուզէ, որ խաղաղութեան պայմանագիրը պատրաստ է. կը մնայ, որ Երեւանը ձեռնարկէ սահմանադրական փոփոխութեան եւ Անկախութեան հռչակագիր-Սահմանադրութիւն կապը վերացնէ:
Այս պահանջին առընթեր Հայաստանի իշխանութիւնները կը շեշտեն Սահմանադրութեան փոփոխութեան անհրաժեշտութիւնը` ուղղակի այդ առումով որոշումի մասին բարձրաձայնելով: Անշուշտ խնամքով անուշադրութեան կը մատնեն այդ իրաւական յղումի վերացումը եւ ամբողջ շեշտադրումը կը դնեն ժողովուրդին կողմէ իրողապէս ընդունուած սահմանադրութիւն ունենալու հրամայականին վրայ: Այստեղ եւս նախկին-ներկայ խաղը կը շարունակուի. ըսել կ՛ուզուի, որ նախապէս կեղծուած քուէարկութեամբ որդեգրուած է Սահմանադրութիւնը եւ այժմ պէտք է, որ ժողովուրդի կամարտայայտութիւնը արձանագրուի:
Սահմանադրական փոփոխութեան հանրաքուէի անհրաժեշտութեան մասին հանրային կարծիք ստեղծելու զուգահեռ իշխանամէտ այլ կուսակցութիւններ, քառեակի տարազին տակ կ՛առաջադրէին հանրաքուէ կազմակերպել Եւրոպական Միութեան համարկումի առաջադրանքով: Այլ խօսքով` ձեռք բերել ժողովուրդի համաձայնութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան դիմումի պահանջի ձեւակերպումով:
Այս խայտաբղէտ կացութեան մէջ Երեւան-Ուաշինկթըն համատեղ զօրավարժութիւն կայացնելու որոշումը կը հրապարակուէր, իրադարձութիւններուն կշռոյթի արագացում գրանցելով:
Ուաշինկթընի մէջ կը նախատեսուի ՕԹԱՆ-ի համաժողով, որուն մասնակցութեան հրաւէր ունի նաեւ Երեւանը: Չի բացառուիր, որ այնտեղ գտնուող Անգարայի, Պաքուի եւ Երեւանի ներկայացուցիչներուն միջեւ կայանան հանդիպումներ:
Դերերու բաշխում կայ յայտնապէս Ազրպէյճանի նախագահին եւ արտաքին գործոց նախարարին միջեւ: Ռուսիոյ նախագահին հետ տեսակցութենէն բխած յայտարարութիւններուն մէջ Ազրպէյճանի ղեկավարը չի խօսիր Հայաստանի օրէնսդրութեան մասին: Օրակարգը ենթակառուցուածքներն են, Հիւսիս-հարաւ մայրուղիները եւ ռուս-ազրպէյճանական գործընկերութեան խորացումը:
Սահմանադրական փոփոխութեան նիւթը բացակայած է նաեւ Ուաշինկթընի ուղղուած Ազրպէյճանի նախագահի նամակին մէջ: Ընդգծուած է Ուաշինկթընի բարենպաստ դերը հայ -ազրպէյճանական հակամարտութեան կարգաւորման մէջ, եւ շեշտուած` Պաքուի գնահատանքը Միացեալ Նահանգներու հզօր աջակցութեան Ազրպէյճանի ուժանիւթային ռազմավարութեան եւ Հարաւային կազային միջանցքի իրականացման նկատմամբ, որ կարեւոր դեր կը խաղայ Եւրոպայի ուժանիւթային անվտանգութեան ապահովման գործին մէջ:
Եթէ համադրուին Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահներուն ուղղուած Պաքուի ներկայացուցիչին ուղերձները, ապա յստակ կը դառնայ, որ խօսքը առաջադրուած միջանցքի մասին է:
Ենթակառուցուածքներ, մայրուղիներ, թէկուզ կազային ձեւակերպումով միջանցքներ եւ այսպէս շարունակ:
Պաքուն իր ներկայացուցիչներուն ճամբով կը խաղայ պայմաններու եւ ճնշամիջոցներու հետ: Կը փորձէ խաղալ նաեւ միջնորդութեան յաւակնորդներուն հետ:
Էական իրադրութիւն մը սակայն խաղաթուղթերը կը խառնէ: Մոսկուան յայտարարեց, որ Թուրքիան չի կրնար միջնորդի դեր վերցնել ռուս-ուքրանական պատերազմի դադրեցման մէջ: Բոլոր արձագանգները այնպէս էին, որ ռուս-թուրք յարաբերութիւնները ոչ բարենպաստ փուլ կը թեւակոխեն: Մոսկուան փորձեց մեղմացնել կացութիւնը յայտարարելով, որ որեւէ միջնորդ չի կրնար արդիւնաւէտ աշխատիլ, որովհետեւ Ուքրանիան պատրաստ չէ խաղաղութեան: Այս յայտարարութիւնը անշուշտ կապ չունէր Անգարայի միջնորդութեան մերժումին հետ:
Մոսկուան այս կերպ կը հակազդէր Անգարային, որ անհրաժեշտ աջակցութիւնը չի ցուցաբերեր, որպէսզի Մոսկուան միջնորդէ հայ-ազրպէյճանական հակամարտութեան եւ ի վերջոյ վերահսկէ Նախիջեւան-Ազրպէյճան ցամաքային կապը:
Այլ ուղղութեամբ սակայն կը թուի, որ ռուսական միջնորդութեամբ Անգարա-Դամասկոս յարաբերութիւնները կրնան վերահաստատուիլ: Թուրքիոյ համար այստեղ ամէնէն առաջնային թիրախը հիւսիսային Սուրիան է, կամ` քրտական վերահսկողութեան տակ եղող տարածքները:
Նոյն նժարի վրայ չեն սակայն թրքական եւ ռուսական միջնորդութիւնները: Սուրիոյ պարագային ռուսական միջնորդութիւնը կրնայ աշխատիլ եւ անկարելի չի թուիր Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ նախագահներուն հանդիպումը: Ուքրանիոյ պարագային թրքականը տակաւին ոչ: Գէթ ներկայ պայմաններու դրութեամբ:
«Ա.»
«Ազդակ»