Ակնարկ. Հակահարուած-Հակահարուածի Դիմաց Երրորդ Երկրի Հաւանականութիւնը
01 Օգոստոս 2024Պէյրութի Հարաւային արուարձաններուն վրայ գործադրած յարձակումէն անմիջապէս ետք Իսրայէլ այս անգամ հարուածեց Թեհրանը: Երկու գործողութիւններն ալ թիրախային էին. առաջինը Հըզպալլայի ռազմական խորհուրդի անդամներէն մէկն էր, իսկ երկրորդի պարագային` Համասի գլխաւոր ղեկավարը:
Առաջինի պարագային հաղորդուեցաւ, որ տեղեակ պահուած են Ուաշինկթընի համապատասխան բաժանմունքները, մինչ երկրորդի պարագային ոչ միայն որեւէ բան չըսուեցաւ, այլեւ Միացեալ Նահանգները իրենց արտաքին գործոց նախարարին ճամբով փութացին յայտարարելու, որ իրենք կապ չունին Հանիէի սպանութեան հետ:
Առաջինի պարագային կը թուէր, որ տարողութեան եւ ձեւին մասին կանխաւ համաձայնութիւն կար: Սահմանափակ, ուժգին եւ կարմիր գիծերը չհատելու մասին բազմակողմանի յորդորներ: Պաշտօնական Պէյրութը այս պարագային յայտարարեց, որ առնչուած պետութիւնները հաւաստիացուցած են, որ գործողութիւնը պիտի ըլլայ սահմանափակ, եւ թէ տարողութեան սահմաններու պահպանման հարցը Հըզպալլայի պատասխանատուներուն հետ եւս արծարծուած է: Իսրայէլ փոխեց ռազմական հարուածի աշխարհագրութիւնը: Թէեւ առաջին անգամը չէր: Լիբանանեան կողմը ներկայացնողներ քանի մը անգամ շեշտած էին, որ հարաւային հատուածէն Պէյրութի արուարձաններ տեղափոխումը սահմանափակումի հասկացողութենէն դուրս կու գայ:
Պլինքընի յայտարարութիւնը, որ իրենք կապ չունին Թեհրանի գործողութեան հետ, քաղաքական ուղերձներ ունի անշուշտ: Կը տեղաւորուի այն անյստակ բանաձեւի սահմաններուն մէջ, ըստ որուն Միացեալ Նահանգները կը զօրակցին Իսրայէլի ինքնապաշտպանուելու իրաւունքին, սակայն կը յորդորեն, որ բախումները չվերածուին բաց պատերազմի: Աւելի՛ն: Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարը յայտնած էր, որ չի կարծեր, որ Իսրայէլ-Հըզպալլա մեծ պատերազմը անխուսափելի է:
Պլինքընի յայտարարութեան մէջ կար այլ նշմարելի բաղադրիչ: Հանիէի սպանութենէն ետք Կազայի մէջ կրակը պէտք է դադրի: Ըսել կ՛ուզուի, որ այս շրջադարձային դէպքը պէտք է մեկնարկ ծառայէ հրադադարի հաստատման եւ անկէ ետք բանակցութիւններու սկսման:
Եւ որովհետեւ մինչ այժմ հարաւային Լիբանանի գօտին ու Կազան կը փոխկապակցուին, եւ մէկէ աւելի անգամներ պաշտօնապէս համակողմանիօրէն յայտարարուած է, որ Կազայի հրադադարը կրնայ առաջնորդել հարաւային գօտիի մէջ կրակի դադրեցման, ապա լուռ ձեւով այս պատգամը եւս կը փոխանցուի:
Իրանի հակազդեցութիւնը նոյնը չէ անշուշտ: Ի վերջոյ իր տարածքին վրայ սպաննուած է Իրանի ռազմական աջակցութիւնը վայելող կազմակերպութեան առաջին դէմքը եւ բնականաբար բազմակի պատճառներով Իսրայէլի հարուածը ուղղուած է նաեւ Թեհրանին:
Իրան կը խոստանայ ցաւոտ հակահարուած հասցնել:
Ռազմական այս «բանակցութիւններ»-ը արդէն տարածաշրջանին մէջ վարքագիծի վերածուած են` հակահարուած-հակահարուածի կշռոյթներով: Պարզ է սակայն, որ Մաժտալ Շամսի մէջ տիւրզիներու վրայ ինկած հրթիռի դէպքը Թել Աւիւի կողմէ լիարժէք կը շահարկուի` Հըզպալլայի եւ Համասի կարեւորագոյն դէմքերու չէզոքացման համար: Այս միտումը որքա՛ն կը բխի Իսրայէլի կողմէ գործադրուող ցեղասպանական արարքներէն հանրային ուշադրութիւնը շեղելու մօտեցումէն, այնքան նաեւ կրնայ ներիսրայէլեան շարժառիթներ ունենալ:
Իսրայէլի վարչապետը պարզ է, որ պիտի շարունակէ պաշտօնավարել մինչեւ հրադադար կամ բանակցութիւններու մեկնարկ: Կայ լրջագոյն դժգոհութիւն իր վարած քաղաքականութեան դէմ եւ ատիկա կ՛արտայայտուի մեծածաւալ բողոքի ցոյցերով: Իսրայէլ չէ լուծած իր առաջադրանքները Կազայի մէջ, ներքաշուած է հարաւային Լիբանանի, Կարմիր ծովու եւ վերջերս նաեւ Իրաքի ռազմակէտերու մէջ: Իսրայէլի վարչապետին համար պատուաբեր ելքի պատուհաններու բացման կրնան ծառայել հեղինակաւոր դէմքերու չէզոքացման այս երկու հարուածները:
Այս առումով ալ կը բացատրուի յոխորտանքը իսրայէլեան. «Թեհրանի հրթիռակոծումը իրանեան տարածքներէ չէ»:
Այս յոխորտանքը հայկական ոսպնեակը կրնայ աշխատցնել: Պարզ է, որ յարձակումը այլ երկիրէ մեկնարկած է: Ռազմագիտական առումով հաւանաբար տեղէ մը, ուր Իսրայէլը ռազմական յենակէտեր ունի: Ազրպէյճանը Իրանին սահմանամերձ երկիր է, եւ Թեհրան շատ անհանգիստ էր բռնագրաւուած Արցախի տարածքներու վրայ իսրայէլեան ռազմակէտերու յայտնութենէն: Տակաւին վերջնական գնահատական չէ տրուած նաեւ Իրանի նախագահին մահուան պատճառներուն մասին: Յիշենք, որ անոր ուղղաթիռը ճամբայ ելած էր Ազրպէյճանէն դէպի Թաւրիզ:
Այս հանգամանքները կրնան կարեւոր բաժինները ըլլալ խճանկարի մը, ուր վառ են ամերիկեան եւ իրանեան գոյները: Այդ գունաւորումներէն կախեալ է նաեւ տարածաշրջանին մէջ բախումնային թէ բանակցային գործընթացի մեկնարկը:
«Ա.»
«Ազդակ»