Վտանգին Դիմաց Մնանք Միասնական
07 Օգոստոս 2024Հայաստանի մէջ մթնոլորտը արձակուրդային է, մինչ Լիբանանի մէջ` անձկալի: Թեհրանի ու Պէյրութի հարաւային արուարձաններու զոյգ սպանութիւններէն ետք, Իրանի ու Հըզպալլայի կողմէ խոստացուած հակադարձութիւնները ստեղծած են տագնապալի վիճակ, Իսրայէլ եւս լարած է իր մարտական ողջ միջոցները` «նախազգուշական» հարուածներ հասցնելու համար իր հակառակորդներուն: Կազայի պատերազմը կը շարունակուի եւ Իսրայէլ ահաբեկիչներ ոչնչացնելու պատրուակով կը շարունակէ բացայայտ ոճիրներ գործել:
Օդանաւային բազմաթիւ ընկերութիւններ առկախեցին իրենց թռիչքները դէպի Պէյրութ: Ոմանք` նաեւ Թէլ Աւիւ: Արտաքին գործոց նախարարութիւններ իրենց երկիրներու Լիբանան գտնուող քաղաքացիներուն թելադրեցին, ոմանք զգուշանալ վտանգաւոր վայրեր գտնուելէ, ուրիշներ` պարզապէս հեռանալ Լիբանանէն: Դժբախտաբար անոնց միացաւ նաեւ Հայաստանը` անձնասիրաբար մոռնալով, որ Լիբանանի մէջ կ՛ապրին հայեր, ոմանք` գործնապէս Հայաստանի քաղաքացի (երկքաղաքացի), ուրիշներ` բարոյապէս քաղաքացի:
Ստեղծուած մթնոլորտին մէջ շատեր հարց կու տան, թէ ի՞նչ պիտի պատահի, ի՞նչ կրնայ պատահիլ: Անորոշութիւնը կ՛աւելցնէ արդար մտահոգութեան քանակը: Միջոցներ ձեռնարկուած են պաշտպանելու համար հայ համայնքը, առաջքը առնելու համար խուճապային տրամադրութիւններուն եւ կազմակերպելու ինքնապաշտպանութիւնը:
Առաջին հերթին, հայկական երեք կուսակցութիւնները` ՀՅ Դաշնակցութիւնը, ՍԴ Հնչակեան կուսակցութիւնը եւ Ռամկավար ազատական կուսակցութիւնը, միասնաբար որոշեցին գործակցիլ` պաշտպանելու համար հայ համայնքի շահերը: Յաջորդեց բարեսիրական եւ ընկերային ծառայութիւններ մատուցող կառոյցներու համատեղ ժողովը` մշակելու համար վտանգը դիմագրաւելու կոչուած նախապատրաստական աշխատանքներու ծրագիր մը:
Բոլոր երեւոյթները ցոյց կու տան, որ արաբական աշխարհին ու Մերձաւոր Արեւելքի մէջ կատարուած կեղծ յեղափոխութիւններէն, խառնակչութիւններէն, ահաբեկչական խմբաւորումներու ստեղծումէն ու անոնց հովանաւորումէն ետք, եկած է ժամանակը վերջնական լուծում մը տալու արաբ-իսրայէլեան թնճուկին: Արցախեան տագնապի «լուծման» ոճով: Արաբական աշխարհը պառակտուած է, տկարացած, պաղեստինեան ինքնիշխանութիւնը` անշքացած: Կը մնայ հասցնել վերջին հարուած մը ու պարտադրել, այնտեղ եւս, «խաղաղութեան խաչմերուկ մը»: Այս թուացեալ ծրագիրը խանգարողը Իրանն է` իր լիբանանեան, իրաքեան եւ եմենական արբանեակներով: Իրանի սրտին մէջ Իսմայիլ Հանիէի ահաբեկումը ցոյց տալու համար էր, որ Իսրայէլ ու Միացեալ Նահանգներ կրնան գործել նաեւ այնտեղ: Վստահաբար իր գերիշխանութեան նման ոտնակոխումին Իրան չի կրնար համապատասխանօրէն չհակադարձել, կատարուեցաւ այդ արարքը: Իրանի հակադարձութեան պիտի յաջորդէր Իսրայէլի եւ զայն պաշտպանողներու պատասխանը` Իրանը ներքաշելով մաշեցնող ու թերեւս վարչակարգին համար ճակատագրական ընդհարումի մը մէջ: Տասը օրեր անցած են Թեհրանի ահաբեկումէն ի վեր, սակայն Իրան, յայտարարելով հանդերձ, որ անտարբեր պիտի չմնայ, չի հակադարձեր: Իրանի իշխանութիւնները կը տատամսի՞ն, թէ՞ մանրակրկիտ նախապատրաստութիւններ կը տեսնեն` ամերիկեան մարտանաւերու շրջանի մէջ բազմացման առկայութեամբ, պատշաճ հարուած մը հասցնելու անդադար յոխորտացող Իսրայէլին: Ժամանակը ցոյց պիտի տայ:
Վտանգներով ու անորոշութիւններով յատկանշուող մեր տարածաշրջանին մէջ, մենք` հայերս, պէտք է մնանք զգաստ ու միասնական: Մերձաւոր Արեւելքի համայնքներու տկարացումը կ՛առաջնորդէ ամբողջ սփիւռքի տկարացման, նաե՛ւ` Հայաստանի մեկուսացման ու տկարացման: Պահպանենք մեր գաղութները եւ անոնց համահայկական նշանակութիւն ունեցող կառոյցները:
ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ
Ազդակ