Քաղաքական Անորոշութիւն Եւ Մաքրոնականութեան Մայրամուտ` Ֆրանսայի Վերջին Ընտրութիւններուն Լոյսին Տակ
07 Օգոստոս 2024Վերջին 65 տարիներուն, զօր. Շարլ տը Կոլով հաստատուած 5-րդ Հանրապետութեան մէջ առաջին անգամն է, որ այսքան անորոշ վիճակ կը պարզէ Ֆրանսայի քաղաքական դաշտը. աննախընթաց երեւոյթ մը, որուն հանգուցալուծումը բաւական բարդ կը թուի:
Ի՞նչ տեղի ունեցաւ եւ ինչո՞ւ:
9 յունիսի եւրոպական խորհրդարանական ընտրութիւններուն, Ֆրանսայի ծայրայեղ աջ կուսակցութեան յաղթանակին որպէս հակազդեցութիւն, նախագահ էմանուէլ Մաքրոն լուծարեց Ֆրանսայի Ազգային ժողովը եւ նշանակեց արտահերթ ընտրութիւններ: Մաքրոնին այս որոշումը հաշտ աչքով չդիտուեցաւ քաղաքական շրջանակներուն կողմէ, ներառեալ` իշխանական իր շրջանակին, որոնք համոզիչ հորիզոնական կապ չգտան եւրոպական ընտրութեանց եւ ֆրանսական ընտրութիւններուն միջեւ: Մաքրոն նոյնիսկ չէր խորհրդակցած իր վարչապետին եւ Ազգային ժողովի նախագահին հետ, որոնք լուծարման որոշումը իմացած էին լրատուամիջոցներէն … Ֆրանսական մամուլը եւ վերլուծաբաններ Մաքրոնին քայլը նկատեցին հապճեպ, անխոհեմ եւ վերագրեցին անոր գոռոզ նկարագիրին:
«Ծայրայեղ աջին նկատմամբ անձնական իր ահռելի անհանդուրժողութիւնը զայն մղեց այս չհաշուարկուած քայլին», նկատել տուին շատեր: Բայց որոշումը տրուած էր, եւ ետդարձ չկար: Ֆրանսան նախագահական համակարգ է առաւելաբար, եւ նախագահին կը պատկանի վերջին խօսքը: Ու տեղի ունեցան արտահերթ ընտրութիւնները, որոնց արդիւնքը եղաւ շատ աւելի ժխտական Մաքրոնին համար, որ կորսնցուց իր ունեցած մեծամասնութիւնը` նահանջելով երկրորդ դիրք` միայն 168 աթոռով, 577 աթոռ հաշուող Ազգային ժողովին մէջ, մինչ անսպասելիօրէն առաջին դիրքը գրաւեց ձախակողմեան միաւորումը 193 աթոռով, իսկ երրորդ դիրքը գրաւեց ծայրայեղ աջը` 143 աթոռով: Այլ խօսքով, իշխանական խմբակցութեան աթոռները երեսուն տոկոսով պակսեցան, իսկ ձախը եւ ծայրայեղ աջը գրեթէ կրկնապատկեցին իրենց թիւը Ազգային ժողովէն ներս: Չորրորդ եւ հինգերորդ դիրքերը յաջորդաբար գրաւեցին աջ հանրապետականները (46 աթոռ) եւ այլազան/կեդրոն աջը (20 աթոռ): Այժմ ոչ մէկը ունի բացարձակ մեծամասնութիւն (289 աթոռ պէտք է ունենալ) եւ պատկերը խայտաբղետ է: Մաքրոնին հաշուարկը փաստօրէն լրիւ սխալ դուրս եկաւ եւ անոր թիրախը` ծայրայեղ աջը, փոխանակ տկարանալու` առաւել ուժեղացաւ … Բնականաբար կառավարութեան կազմութիւնը կը բարդանայ այս խառնիճաղանճին մէջ, Մաքրոն լուրջ դժուարութիւն ունի վարչապետ նշանակելու եւ կառավարութիւն կազմելու: Առաջին դիրքը գրաւած ձախակողմեան միաւորումը (ծայրայեղ ձախ, ընկերվարական, կանաչներ, համայնավար) բնականաբար եւ իրաւամբ կը պահանջէ վարչապետի պաշտօնը, Մաքրոն համաձայն չէ եւ կ՛որոնէ կարկտան այլ ելք մը, բան մը, որ սակայն շատ հաւանաբար անընդունելի պիտի ըլլայ ընդդիմադիր ճակատին` իրարու հակառակորդ ձախակողմեան միաւորումին եւ ծայրայեղ աջին կողմէ: Մաքրոն յայտարարեց կառավարութեան կազմութեան գործընթացը սկսիլ Փարիզ տեղի ունեցող Ողիմպիական խաղերէն ետք, կիրքերը հանդարտեցնելու կոչով …
Վերամուտը փաստօրէն բարդ պիտի ըլլայ ֆրանսական քաղաքական դաշտին համար, իսկ Մաքրոն դժուար կացութեան մէջ է եւ ստեղծուած այս անորոշ իրավիճակին պատասխանատուն ինքն է: Ըստ սահմանադրութեան, ան մինչեւ մէկ տարի իրաւունք չունի որեւէ այլ միջամտութեան, հետեւաբար յառաջիկայ մէկ տարին պիտի ըլլայ դժուար տարի մը ֆրանսացի ժողովուրդին համար, որ ահաւոր դժգոհ է` երկրէն ներս տիրող համատարած անգործութենէն, գնողունակութեան (pouvoir d՛achat) տկարացումէն, սղաճէն, անապահովութենէն, ապօրինի գաղթականներու հոսքէն, ընկերային ապահովութեան համակարգի թուլացումէն, եւ կրնայ բողոքի տարբեր միջոցներով մեծ տարողութեամբ փողոց դուրս գալ: Եւ արդէն այս բոլոր պատճառներով է, որ ընդդիմութիւնը, յատկապէս` ազգայնական ծայրայեղ աջը, աճ արձանագրեց եւ ժողովրդականութեան զգալի վերելք ունեցաւ` ամբոխավարական իր ընտրարշաւի կիզակէտը դարձնելով այս կէտերը եւ խոստանալով իշխանութեան գալու պարագային առաջին հերթին կեդրոնանալ անոնց վրայ ու հարթել զանոնք …
Մաքրոնականութեան քաղաքական մայրամուտը սկսած է: Գաղափարական անդիմագիծ պատկերով տասնամեակ մը իշխած շարժումը սկսած է պարպուիլ իր հեղինակութենէն: Ֆինանսական բարձրագոյն շրջանակներու իբրեւ ներկայացուցիչ եւ անոնց առաւելագոյն նեցուկով իշխանութեան հասած մաքրոնականութիւնը տեղի պիտի տայ ամբողջ տասնամեակներ աւանդականօրէն իշխած հակադիր երկու հոսանքներուն` ձախին եւ աջին դիմաց, որոնք երկուքն ալ գաղափարախօսական իրենց սեփական դիմագիծը ունին եւ ամուր արմատներ ունին երկրին ու ժողովուրդին մէջ:
Կայ նաեւ համակեցութեան (cohabitation) այլընտրանքը, որ սահմանադրութեան համաձայն, երբ Ազգային ժողովի ընտրութիւնները կը շահին ընդդիմադիրները` նախագահական իշխանական խմբակցութեան դէմ, նախագահը կը դիմէ համակեցութեան, որուն նախընթացը ունի երկիրը: 5-րդ Հանրապետութեան մէջ երեք անգամ տեղի ունեցած է համակեցութիւն` 1986-ին (Միթերան-Շիրաք), 1993-ին (Միթերան-Պալատիւր) եւ 1997-ին (Շիրաք-Ժոսփեն): Փորձը ցոյց տուած է սակայն, որ նման պարագաներու իշխելը հեզասահ եղած չէ եւ յաճախ եղած է խնդրայարոյց` նախագահի եւ վարչապետի միջեւ գաղափարական եւ աշխատանքային փլաթֆորմի խոր տարակարծութիւններու պատճառով:
Հուսկ, ուղիղ ամիս մը անցած է արդէն ընտրութիւններէն, եւ երկիրը դեռ չունի նոր կառավարութիւն, կողմերուն միջեւ լարուած մթնոլորտը առկայ է, երկխօսութեան բացակայութիւնը մտահոգիչ է: Պատասխանատուութեան ամբողջ բեռը կ՛իյնայ նախագահի ուսերուն` երկիրը դուրս բերելու իր իսկ ձեռքով ստեղծած բաւական բարդ իրավիճակէն:
ՀՐԱՉ ՎԱՐԺԱՊԵՏԵԱՆ