Ակնարկ. Ունակն Ու Անվերահսկելին
08 Օգոստոս 2024Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարին յայտարարութիւնը, թէ Համասի նորընտիր նախագահ Եահիա Սինուարը ունակ է զինադուլի հասնելու, ուշագրաւ ուղերձներ կը պարփակէ: Յայտարարութեան ընդհանուր պարունակը կարեւոր է: Անիկա քանի մը կարեւոր բաղադրիչ ունի:
Ըստ Պլինքընի, Համասի քաղաքական թեւի նոր առաջնորդը ունակ է ապահովելու հրադադարի համաձայնութիւնը` դադրեցնելով պատերազմը Կազայի մէջ եւ ազատելով պատանդները: Սինուարը, ըստ Պլինքընի, եղած է եւ կը շարունակէ մնալ հիմնական որոշողը հրադադարի կնքման:
Քաղաքական ընթերցումը քանի մը կէտ կ՛ընդգծէ:
Առաջինը այն, որ Սինուարը օժտուած է ղեկավարի յատկանիշներով եւ ըստ էութեան ազդեցիկ դէմքն է Համասի: Հրադադարի հաստատումը սակայն այս յայտարարութեամբ կը պայմանաւորուի պատանդներու ազատ արձակումով: Կ՛ընկալուի այնպէս, որ եթէ Սինուարը եթէ համաձայն ըլլայ պատանդներու ազատ արձակման, ապա հրադադարի հաստատումը կ՛իրականանայ: Պատասխանատուութիւնը Կազայի մէջ հրադադարի նոր ղեկավարի ուսերուն է, որ պէտք է միակողմանի համաձայնի պատանդներու ազատ արձակման: Այստեղ չի նշուիր, թէ ինչի՛ դիմաց Համասի ղեկավարը պէտք է համաձայն գտնուի պատանդները ազատ արձակելու: Բնականաբար խնամքով կը շրջանցուի Թել Աւիւի մերժողականութիւնն ու հիմնական պատասխանատուութիւնը հրադադարի չհաստատման:
Երկրորդը այն է, որ ամերիկացի թիւ 1 դիւանագէտը կ՛ուզէ պարզ դարձնել Համասի նորընտիր ղեկավարին ոչ միայն ներկայ բացարձակ լիազօրութիւններն ու որոշումի կայացման տէրը ըլլալու հանգամանքը, այլ նաեւ նուրբ ձեւով դէպի նախկին դրութիւն ակնարկ կը կատարէ: Երբ կը յայտարարէ, որ Սինուարը եղած է ու կը շարունակէ մնալ հրադադարի կնքման հիմնական որոշողը, ապա ատիկա կը նշանակէ, որ Հանիէի ողջութեան շրջանին եւս հիմնական որոշումը կը գտնուէր Սինուարի մօտ: Այսպիսով այն տպաւորութիւնը կը ձգուի, որ Հանիէն բանակցողն էր, իսկ Սինուարը որոշողը:
Այս փուլը ամերիկեան մօտեցումով կը տեղափոխուի զուտ ռազմական դաշտ: Յարձակումի ետին կանգնած Սինուարը, հիմա ռազմական գործողութիւններու դադրեցման պատասխանատուութիւնը կը կրէ այս ձեւով:
Մինչ Ռամալլայէն կը հնչեն Իսրայէլի հետ խաղաղութեան համաձայնութիւն կնքելու պատրաստակամութեան դիրքորոշումներ, որոշ պայմաններու յիշեցումով` Կազայի տարածքներէն իսրայէլեան ուժերու հեռացում, Երուսաղէմի կարգավիճակ եւ այլն: Նախադրեալներ «Երկու պետութիւն» բանաձեւին ընդառաջ:
Կազայի մէջ հրադադարի անհրաժեշտութեան յուշումներուն կամ Պաղեստին-Իսրայէլ համաձայնութեան մասին ակնարկներու բարձրաձայնումներուն զուգահեռ կը շրջանառուի տեղեկատուութիւն միջնորդութիւններու, որպէսզի Իրանն ու Իսրայէլը խուսափին մեծ ճակատումներէ եւ տարածաշրջանային բռնկումներէ: Չափաւոր պատասխաններու յորդորներ կը փոխանցուին: Այստեղ եւս պատասխանատուութեան լուռ տեղադրում կայ Իրանին եւ Հըզպալլային մնալու չափի մէջ, այլապէս գործողութիւնները կրնան վերահսկողութենէ դուրս գալ:
Թրքական մամուլը հրապարակումներ կը կատարէր Թուրքիոյ վրայով Իրան մեկնած ամերիկացի պաշտօնատարներու ունեցած բանակցութիւններուն մասին: Ըստ այդ հրապարակումներուն, Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչները յայտնած են, որ Նեթանիահուն անվերահսկելի դարձած է, հետեւաբար Իրանը պէտք չէ ներքաշուի Իսրայէլի ծուղակը եւ պատերազմի մէջ մտնէ:
Եթէ վերի յայտարարութիւնն ու այս հրապարակումը համատեղենք, կը ստանանք այն, որ Համասի նախագահը ունակ է հրադադար հաստատելու, մինչ Իսրայէլի վարչապետը վերահսկողութենէ դուրս է: Քաղաքական ընթերցումը այն է, որ Իսրայէլը յորդորներուն կրնայ չընդառաջել եւ դիմել մեծ արկածախնդրութիւններու: Իսկ Համասի ղեկավարը, որ որոշումին տէրն է եւ իրմէ կախեալ է հրադադարի հաստատումը եւ թէ ան պէտք է երթայ այդ ընտրանքին:
Իրանի եւ Հըզպալլայի կողմէ պատասխանելու ժամկէտներ չկան, հակառակ Ուաշինկթընի սահմանած օրերուն եւ ժամերուն այս իմաստով: Այս կ՛ենթադրէ, որ կը գտնուինք Կազայի մէջ հրադադարի հաստատման ճնշումներուն եւ հակադարձութիւններու կամ անոնց կանխարգիլման նպատակով իսրայէլեան նոր գործողութիւններու միջեւ:
Կազայի հրադադարը կրնայ բեկում ապահովել տարածաշրջանի ռազմաքաղաքական իրադարձութիւններուն: Իսկ այդ մէկը կախեալ չէ միայն ունակէն եւ անվերահսկելիէն:
«Ա.»
Ազդսակ