Արտակարգ Ընտրութիւն Եւ Կլիմայի Փոփոխութիւն․․․
10 Օգոստոս 2024Երկու անկապ նիւթեր, սակայն Պաքուի բռնապետը կապ մը գտած է, այդ ալ ի՜նչ կապ։
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ որոշեց խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւններ կազմակերպել Սեպտեմբեր 1-ին, որպէսզի յոխորտանքով ներկայանայ աշխարհի տարբեր երկիրներէ Պաքու ժամանելիք ներկայացուցիչներուն, որոնք Նոյեմբեր 11-22-ին պիտի մասնակցին կլիմայի փոփոխութեան հարցերով Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան միջազգային համաժողովին (COP29): Ալիեւ ցոյց պիտի տայ, թէ որքա՜ն ժողովրդավարական հիմերու վրայ կը գործէ իր երկիրը…
Նախապէս, որոշուած էր, որ ընտրութիւնները տեղի ունենային համաժողովի օրերուն: Եթէ թուականի փոփոխութիւն տեղի չունենար, Ալիեւ որքա՜ն խայտառակ պիտի ըլլար աշխարհի չորս ծագերէն ժամանած պատուիրակներու աչքին առջեւ, կեղծիքով եւ զեղծարարութեամբ հարուստ (վեր)ընտրութիւն մը բեմադրելով։ Եթէ առարկող ըլլար, պիտի պատասխանէր.
«Ձեզի համար սովորութի՞ւնս պիտի փոխեմ…»
Օտար դէտերու ներկայութիւնը միշտ ալ անհանգստացուցած են Ալիեւը։ Անոնք Սեպտեմբեր 1-ին վստահա՛բար կրկին մտահոգութիւն պիտի պատճառեն տէր եւ տիկին նախագահ եւ փոխ նախագահ ամոլին (եզակի դրութիւն մը), սակայն ըստ յիշեալ սովորութեան, նման «տաղտուկներ» կարելի պիտի ըլլայ դիւրութեամբ լուծել։ Դէտերը լաւագոյն պարագային դժգոհութիւն պիտի արձանագրեն ու… այդքան: Կարելի՞ է ակնկալել, որ աւելին ընեն: Այլ դէտեր կոյր կը ձեւանան Արցախի եւ Հայաստանի դէմ ազերիական ոճիրներու դիմաց…
Պարզ է որ միջազգային համաժողովէն շաբաթներ առաջ, դասաւորուած պիտի ըլլայ ամէն բան: Ժողովի օրերուն, պիտի սարքուին զեխ սեղաններ, շքեղ պանդոկներու եւ առատ հիւրասիրութիւններու հովանոցին տակ, ժողովականներուն մեծ մասը, կուշտ ու կուռ գովաբանական բացագանչութիւներով պիտի աւարտէ զբօսա-կլիմայական այցելութիւնը։ Իսկ եթէ նրբանցքներու կամ վերելակներու մէջ «խաւիարի քաղաքականութիւն» տեղի ունենայ, ո՞վ կը վնասէ: Եւրոպացիք եւ ամերիկացիք քանիցս համտեսած են կասպեան խաւիարն ու իրենց գրպանը լեցուցած՝ փեթրօ-տոլարներով…
Ուշագրաւ է որ Ատրպէյճանի մէջ սկսած են յաճախակի դառնալ արտակարգ ընտրութիւնները։ Այս տարօրինակ ախտը վարակիչ է կովկասեան բարձրաւանդակի երկիրներուն մէջ։
Դեռ անցեալ Փետրուարին էր, որ Ալիեւ արտակարգ դրութիւն պարտադրեց երկրին մէջ եւ չսպասելով ընտրութիւններու բնականոն թուականին՝ մինչեւ 2025, որոշեց նախագահական ընտրութիւնն ալ յառաջ բերել։
Հին Յունաստանի մէջ փիլիսոփայ մը ըսած է. «Արեւուն տակ նորութիւն մի՛ փնտռէք»։ Նոյնը կրնանք ըսել Ալիեւի Ատրպէյճանին համար: Անցեալ Փետրուարին որոշուած նախագահական ընտրութիւններուն, բռնապետը կրկին ընտրուեցաւ եւ կառչած մնաց իր անբաժանելի աթոռին, որուն վրայ բազմած է… 2003-էն ի վեր։ Խորքին մէջ, իրողական միապետութիւն մը կը տիրէ հոն, որովհետեւ գահը ժառանգ մնացած է հայր Հայտարէն:
Այս «արտակարգ» որոշումով, Ալիեւ եւ իր հովանաւորած «Եէնի (Նոր) Ատրպէյճան» կուսակցութիւնը կը շարունակեն տիրապետել՝ ժողովրդավարական կեղծ կանոններ առաջադրելով։
Ընդդիմադիրներէն «Ժողովրդական Ճակատ» շարժումը կը մնայ միակը, որ որոշած է չմասնակցիլ ընտրութիւններուն, աւելին՝ պոյքոթի պիտի ենթարկէ զանոնք։ Անոնց ղեկավար Ալի Քերիմլի բարձրաձայն կը յայտարարէ, թէ մարդկային տարրական իրաւունքներ չեն յարգուիր եւ թէ՝ տիրող ահաւոր ու բռնատիրական պայմաններուն մէջ, ընդդիմութիւնը միշտ ալ ոտնակոխ եղած է, իսկ բանտերուն խուցերն ալ լեցուն են այլախոհներով: Անոնք նման չեն «հայ բանտարկեալներ»-ուն։
Այլ ընդդիմադիր շարժում մը՝ «Մուսաւաթ»-ը, որ բազմիցս քաշուած է ընտրապայքարէն, այս անգամ որոշած է մասնակցիլ: Պարագան նոյնն է ընդդիմադիր «Ռէալ» կուսակցութեան, որ Արցախի գրաւումէն ետք, հետզհետէ պակսեցուցած է իր քննադատութիւնները եւ իր կարգին որոշած է մասնակցութիւն բերել։ Կարելի՞ է ենթադրել, որ Ալիեւ գտած է զանոնք սիրաշահելու ձեւերը եւ կ’ուզէ ստեղծել նորաձեւ շինծու ընդդիմադիր ճակատ…
«Միլի Մեճլիս»-ը՝ Ատրպէյճանի Խորհրդարանը, կը բաղկանայ 125 աթոռներէ. ներկայիս Ալիեւի կուսակցութիւնը ունի 69 աթոռ, անշուշտ պէտք չէ մոռնալ շինծու ընդդիմադիր հոսանքներ, որոնք անունով եւ կոչումով միայն կը տարբերին իշխանականէն, սակայն ընդհանրապէս կը մնան իշխող «Եէնի Ատրպէյճան»-ի հովանիին տակ։ Յառաջիկայ ընտրութիւններուն, Ալիեւ հաւանաբար աւելցնէ իր աթոռներուն թիւը:
Բոլոր երեւոյթները ցոյց կու տան, որ կարելի չէ էական փոփոխութիւն սպասել, ո՛չ «Միլի Մէճլիս»-ի ընտրութիւններուն, ո՛չ ալ Կլիմայի փոփոխութեան հարցեր քննարկող համաժողովէն։
«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական