ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Հոդվածներ

Գերիշխա՛ ն Հայաստան Եւ Դուրսէն Շարժող Մատներ

19 Օգոստոս 2024

Ս. Մահսէրճեան

Ուսումնական նոր տարեշրջանի սեմին, Հայոց պատմութեան (կամ «Հայաստանի պատմութեան») դասագիրքը դարձեալ տագնապ ստեղծած է մեր հայրենիքին մէջ, ինչպէս եղած էր մօտաւորապէս տարի մը առաջ: Բանիմաց պատմագէտներ, պատմական ճշմարտութիւններու հաւատարիմ հայրենասէրներ կ’աղաղակեն, որ աշակերտներուն ձեռքը տրուող դասագիրքերը խեղաթիւրումներով հարուստ են, կը յիշեցնեն, որ համայնավարներու օրերուն ալ խեղաթիւրումներ կատարուած էին (եւ ատոր հետեւանքները կը կրենք մինչեւ այսօր):

Դասագիրքերը սրբագրելու եւ վերախմբագրելու կոչերը դարձեալ մնացին անպատասխան. կրթութեան «հանճարե՜ղ» նախարարուհին, գիրքերը պատրաստողներն ու անոնց (մգլոտած ուղեղներով) գլուխներուն տէրը մնացին անհաղորդ, շարունակեցին իրենց «էշը յառաջ քշել» (էշը ի՞նչ մեղք ունի…): Ինչպէ՞ս կարելի էր նեղացնել «արխատաշները»:

Եւ յանկարծ… կարմիր լոյս մը վառեցաւ Մոսկուայէն: Ռուսերը անճիշդ նկատեցին գործածուած բառ մը, այն՝ որ ռուսերու դէպի Կովկաս տարածման օրերուն, 1828-ին, Հայաստանը «բռնակցուած է» ռուսական կայսրութեան: Սա զուգադիպեցաւ այն պահուն, երբ Հայաստան նոր դեսպան մը կը ղրկէ Ռուսիա (անոր հակառուսի «դուխ»-ն ալ՝ ուրիշ հարց): Եւ ի՞նչ պատահեցաւ: Երեւանէն ձայն մը հնչեց, թէ՝ դասագիրքը պիտի վերախմբագրուի: Տակաւին յայտնի չէ, թէ վերախմբագրումը միայն յիշեալ եզրո՞վ պիտի սահմանափակուի, թէ միւս այլանդակութիւններն ալ պիտի սրբագրուին:

…Անցեալ վերամուտի օրերուն, մենք գործնական առաջարկ մը ներկայացուցած էինք. ԱՅՐԵԼ ԽԵՂԱԹԻՒՐԵԱԼ ԴԱՍԱԳԻՐՔԵՐԸ: Օտարները ծանօթ խօսք մը ունին. «Մէկ ուժեղ բռունցք հազար խօսք կ’արժէ»:

***

Գերիշխան, ուրիշի կամքին ենթակայ չըլլալու յոխորտանքները առաջին անգամը չէ, որ «ասֆալթին կը փռուին» արտաքին հրահանգներու ազդեցութեան տակ: Ատրպէյճան պահանջեց, որ Հայաստան պէտք է նոր Սահմանադրութիւն ունենայ, անկէ դուրս բերուին մեր հայրենիքին պետական ինքնութեան ամէնէն հիմնական բաժինները, անցեալի եւ անվիճելի իրաւունքներուն, Արցախին հայկական պատկանելիութեան եւ սեփական ճակատագիրին տիրութեան արտայայտութիւնները, եւ Փաշինեան ու «երգչախումբը» հրապարակ եկան «նոր Սահմանադրութեան պէտք ունինք»-ով: Հա՜, չմոռնանք, որ ազերիական պահանջէն առաջ, բառը «բառեփոխում» էր: Հարցը հոն պիտի հասնի, որ Սահմանադրութիւնը պիտի դառնայ «պարապ վախտի խաղալիք», մանաւանդ, որ փոփոխութեան առաքելութիւնը վստահուած է մեծ մասամբ… չհասկցողներու: (Բայց ինչո՞ւ մտահոգուիլ: Վաղը Էտողանն ու Ալիեւը նախագիծ մը կը ղրկեն «ինքնիշխան» Փաշինեանին, ան ալ հպա՜րտօրէն զայն կը բերէ Ազգային ժողով, յետոյ ալ ժողովուրդը կը հրաւիրէ հանրաքուէի, եւ երկինքէն կ’իյնայ… փտած խնձոր մը):

Թուրքիա յանձնարարեց, որ Հայաստան կապը խզէ Արարատին ու պատմական ացնեալը մարմնաւորող այլ էական խորհրդանիշներու հետ: Փաշինեան յանկարծ սկսաւ դաւանիլ, թէ Արարատը Հայաստանի սահմաններուն մէջ չէ, ուրիշին կը պատկանի, մերը՝ Արագած է (տեսենք զա՞յն երբ նուէր պիտի տայ թշնամիներուն), կամ՝ Հայաստանի մէջ առիւծ չկայ (մէկը հարց չտուաւ, թէ իրենց զինանշաններուն եւ դրօշակներուն վրայ առիւծ ունեցող երկիրներէն քանի՞ն իր հողերուն վրայ առիւծ ունի, կամ իսկապէս առիւծ ունեցող երկիրներէն քանի՞ն իր դրօշակին կամ զինանշանին վրայ առիւծի պատկեր ունի):

Թուրքիա (եւ Ատրպէյճան) յանկերգի վերածեցին, որ Հայաստան պէտք է ինքզինք ձերբազատէ «չար Սփիւռք»-ի ազդեցութիւններէն, ազգային շահեր պաշտպանող կուսակցութիւններէն եւ խմբաւորումներէն: Փաշինեան ընդառաջե՜ց՝ յայտարարելով, որ Հայ Դատի հետապնդումը Հայաստանի իշխանութիւններուն հարցը չէ, Սփիւռքի ճիտին պարտքն է (անշուշտ ամէն մարդ տեսաւ, թէ սա մէկ այլ արտայայտութիւնն էր Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ նոր խրամատներ ստեղծելու, ճիշդ այնպէս՝ ինչպէս ըրած էին համայնավարները): Այս «առաքելութիւնը» չմնաց խօսքի սահմաններուն մէջ, այլ գործի կանչուեցաւ Սփիւռքի գործակատար անունով դրածոյ մը, որ բանիւ եւ գործով ուրացաւ իր երէկը եւ տենդագին աշխատեցաւ, կը շարունակէ աշխատիլ թրքական թելադրանպքներուն համաձայն՝ փաշինեանական «քաղաքականութեան» կիրարկումը: Այս վարքագիծին մէկ «ածանցեալ մասն»-ն է Դաշնակցութեան եւ այլ ընդդիմադիրներու դէմ բորբոքած հալածանքները, «հայ-դատական»-ներու Հայաստան մուտքի արգելքները…:

Դուրսէն եկող «հրահանգներու» ցանկը երկար է. ցանկին վրայ են Իրանէն խզումը, արեւմտեան եւ այլ հաշիւներու պատանդ դառնալը, սեփական հողի վրայ օտար պաշտօնեաներու գործի լծումը: Վերջերս, իշխանախումբը ուրիշ այլանդակութիւն մը, ինքնահակասում մը հրապարակ նետած է… ինքնակամ կերպով. Փաշինեան կը պահանջէ, որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան սահմաններուն վրայ զինադուլին հսկող միացեալ խումբեր կազմուին: Ալիեւ մինչեւ իսկ ձանձրոյթը չի կրեր ծաղրելու. «Նէ՞ օլտը եւրոպացի դիտորդներուն»:

***

Հայաստանի փաշինեանապաշտ հպա՜րտ քաղաքացիները (որոնք իրենց «հարազատները» ունին Սփիւռքի մէջ) կրնան իրենց ճակատը աւելի՛ բարձր պահել: Հպարտութեան պատճառներուն շարքին են «ընտրեալ վարչապետ» ունենալը, գերիշխանութեան «անհպելի» հռչակումը, քիչ մըն ալ «ժողովրդավարութեան պասթիոն» ըլլալը (չշարունակենք): Անոնք արդեօք լսեցի՞ն ու տեսա՞ն, թէ դուրսէն եկած ազդանշան մը աւելի՛ ազդու է, քան բանիմաց հայերու՝ պատմագէտներու եւ աշխարհագրագէտներու յորդորներն ու ինքնասրբագրումի պահանջները:

Արցախի սարքովի կորուստին, Հայաստանէն պատառիկներու յանձնումին եւ նորերու «զոհաբերման» պատրաստութեան այս փաստերը եթէ բաւարար հնչեղութիւն չունին, թէ՝ մեր հայրենիքը կորուստէ կորուստ կը վազէ ՆԻՒԹԱՊԷՍ – անշուշտ առանց մոռնալու հազարաւոր նահատակները, որոնք զոհ տրուեցան, հակառակ անոր, որ Փաշինեան 2018-ին իսկ գիտէ՜ր, որ «Արցախը Ատրպէյճանի կը պատկանի») -, մեր անկախ պետութեան գերիշխանութեան հասնող այս ու յառաջիկայ հարուածները ի՞նչ խորութեան ու սաստկութեան պէտք է հասնին, որպէսզի «ազգընտիր վարչապետ»-ին համակիրները տեսնեն ու հասկնան, որ այս վարչախումբին հեռացումը անյետաձգելի հրամայական է, ուրեմն, պէտք է միանան ընդդիմադիրներուն, որոնք այլապէս պէտք չունին սպասելու սեպտեմբերեան ժամադրութիւններու:

Հայաստանի գլխավերեւին կախուած «Դամոկլեան սուր»-ին թելը կը մաշի, կ’այրի՜ օր աւուր. Հայաստան չի կանգնիր այլապէս բնական համարուող իշխանափոխութեան մը հրամայականին դիմաց: Մեր երկրին շուրջ եւ աւելի հեռուները՝ պատերազմի թմբուկները օր աւուր աւելի՛ ուժգին կը հնչեն, թշմանիներուն ռազմափորձերը եւ զանոնք հովանաւորողներուն խաղերը աւելի ու աւելի՛ սպառնական կը դառնան, իսկ այս բոլորը մինչեւ իսկ ջուրի ձայն չեն իշխանախումբին ականջին, որովհետեւ անոր պետն ու «ուսապարկերը» հրապարակ նետած են նոր նշանախօսք մը՝ «կեցցէ՛ հեծանիւը»: Զանոնք իրենց այդքա՜ն սիրած հեծանիւներուն վրայ նստեցուցած՝ պէտք է անյապաղ հասցնել արգելարան ու դատարան, միաժամանակ յստակ ուղեցոյց մը կազմելով, թէ ինչպէ՞ս կարելի է ետդարձ կատարել մանաւանդ 44-օրեայ պատերազմէն ասդին մեր կրած վնասներուն:

Ահաւոր կերպով դժուար բան կայ մեր առջեւ, սակայն անկարելի բառը ընդունելի չէ: ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ (որ նաեւ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ՛ պատմութիւնն է) վկայ է, որ մի՛շտ ալ յաջողած ենք անկարելին կարելի դարձնել, գործնապէս ցոյց տուած ենք, որ «նպատակս տկարութիւն չի ճանչնար»:

17 Օգոստոս 2024

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Հանդիպում ԷՏԷՔ կուսակցութեան նորընտիր

ՀՅԴ Կիպրոսի Կոմիտէի պատուիրակութիւնը՝ բաղկացեալ Սիմոն Այնէճեանէն եւ Ռաֆֆի Մահտ

20 Նոյեմբեր 2026
Հարաւային Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախու

Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Նոյեմբեր 18-ին յարգանքի հանդիսութիւն

20 Նոյեմբեր 2026
Հայհոյանքը փաստի սով Է

Հայաստանի հանրապետութեան նոր Սահմանադրութեան ընդունման հարցը վերածուած է օրակա

20 Նոյեմբեր 2026
Ակնարկ. Առաջարկի Թաքուն Բաժինը Եւ Ժողո

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը թէ՛ Ազգային ժողովի եւ թէ՛ կառավարութեան նիս

20 Նոյեմբեր 2026
Նիւ Եորքի Հայութեան Միջամտութեամբ Վար

Նոյեմբեր 8ին, Մենհեթընի «Պոլինկ Կրին» զբօսայգիին մէջ՝ Ատրպէյճանի «Յաղթանակի օր

19 Նոյեմբեր 2026
Պրիւքսէլի երկար ու դժուարին ուղին

Եւրոմիութեան Հայաստանի անդամակցութիւնն ու մերձեցումը՝ նոյնիս՛կ ոլորապտոյտ եւ փ

19 Նոյեմբեր 2026
Դու պիտի գնաս, որ Հայաստանը մնա

ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչ, ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության պատգամավոր Իշխան

19 Նոյեմբեր 2026
Պիլալ Էրտողանի Լիբանան Այցելութեան Վեր

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի որդիին` Պի

18 Նոյեմբեր 2026
Բագրատունի Ընդունեց Երկխօսութեան Ազգայ

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի

18 Նոյեմբեր 2026
Հայաստանի թշնամիները երբեք գոհ չեն լին

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինյանը սխալմամբ կարծում է, թե Ադրբեջանին և Թուրքիային շարուն

17 Նոյեմբեր 2026
Երեք տարի անց արցախյան հակամարտություն

Հայ դատի կենտրոնական խորհուրդն այսօր հրապարակել է իր «UNRESOLVED: The Conflict

17 Նոյեմբեր 2026
Այսօրվա լսումները պետք է դառնան ոչ թե

ՀՅԴ Բյուրոյի անդամ, ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության պատգամավոր, ԱԺ Մարդու իրավունքն

16 Նոյեմբեր 2026
ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցությունը հրավիր

ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության նախաձեռնությամբ նոյեմբերի 16-ին կազմակերպվել էին

16 Նոյեմբեր 2026
Նիդերլանդների ՀՅԴ կառույցի հայտարարութ

2026 թվականի նոյեմբերի 5-ից 8-ը, Հայաստանի Հանրապետության իշխանությունը բռնազա

16 Նոյեմբեր 2026
Ակնարկ. Հայաստանը ՀԱՊԿ-ի խաչմերուկում

Մոսկւայում նոյեմբերի 11-ին կայացած Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակեր

16 Նոյեմբեր 2026
Հաստատվել է «Հրայր Մարուխյան» հիմնադրա

Առաջադիմական հետազոտությունների եվրոպական հիմնադրամի (Foundation for European

14 Նոյեմբեր 2026
Ցեղասպանութիւնը ուրացողները եւ չՍփիւռք

Շուշիի մէջ Ալիեւ-Էրտողան տանդեմը կը տօնէ Քառասունչորսօրեայ պատերազմի յաղթանակը

14 Նոյեմբեր 2026
Արեւմտեան Գանատայի Հայ Դատի յանձնախում

ՎԱՆԳՈՒՎԸՐ.- Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի Արեւմտեան շրջանի ներկայացուցիչներ Յ

13 Նոյեմբեր 2026
Խօսողին Լսող Է Պէտք

Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ ՀԱՊԿ-ի (Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակեր

13 Նոյեմբեր 2026
Ակնարկ. Իրանեան Ուղերձներ` Սպառնական-Գ

Իրանի հոգեւոր պետի խորհրդականին եւ փոխնախագահին` Հայաստանի ուղղութեամբ կատարած

13 Նոյեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company