«Ազդակ»-ի 2019-ի Բացառիկի Խմբագրական. Նոր Հայաստան, Լիբանանահայ Քաղաքական Գործօն Եւ Աշխատանքային Ուղենիշեր
03 Հունվար 2019 Փակուող տարին անկիւնադարձային էր Հայաստանի Հանրապետութեան նոր մեկնարկ ապահովելու առումով: Մայիսեան համաժողովրդային պոռթկումը վերջ դրաւ տարի մը առաջ խորհրդարանական ընտրութիւններով վերահաստատուած վարչակարգին: Համակարգ, որ սկզբունքով նորացուած սահմանադրութեամբ միանձնեայ ղեկավարման գործառոյթները հետզհետէ պիտի սկսէր զիջիլ` փոփոխութեան փուլային իրականացումի որոշ հեռանկար ուրուագծելով: Ուշացող բարեփոխումները, յամեցող յոռի բարքերը, հարստապետական կարգերուն եւ ժողովուրդին միջեւ անջրպետի խորացման միտումները պարարտ ենթահող պատրաստեցին յեղափոխական միջոցներու դիմելու:Գործադիր իշխանութենէն ետք օրէնսդիր ժողովը եւս հիմնովին փոխած շարժումը ընդդէմէն յանունի անցում կատարելու հրամայականին առջեւ կանգնած է: Ստանձնելով հսկայական պատասխանատուութիւն` միաբեւեռ իշխանութիւնը բոլոր պատճառները ունի պետական արհեստավարժ մարդուժը առաւելագոյնս համախմբելու, քաղաքացիական հարթութենէն ոստում կատարելու դէպի պետական-քաղաքական դաշտ. համապատասխան ծրագիրներ մշակելու եւ իրականացնելու: Եւ այդ ճանապարհին խորհրդարանական ու արտախորհրդարանական կուսակցութիւններուն, համահայկական կազմակերպութիւններուն հետ լիարժէք համագործակցելու ուղիները ճշդելու:
Եթէ հայրենիքի մէջ ընտրութիւնները արտահերթ էին` ժողովուրդի կամարտայայտութեամբ ճշդուած, ապա Լիբանանի մէջ հերթական էին, ընտրական նոր օրէնսգիրքով: Ընտրակարգ մը, որ քաղաքագիտական բացատրութեամբ խառնուրդն էր համամասնականի, համայնքայինի եւ մեծամասնականի կամ վարկանշայինի: Այս բարդ դրուածքը դարձեալ չյաջողեցաւ համալիբանանեան մակարդակով հիմնովին իրողական ներկայացուածութեամբ խորհրդարան մը ձեւաւորել: Նուազագոյն քուէներ ստանալով համայնքի ներկայացուցիչներ խորհրդարան հասան, մինչ հայ համայնքի կազմակերպ կեանքէն հեռու գտնուող մարդիկ իրաւականօրէն համայնքը ներկայացնելու երեսփոխանական կարգավիճակ ստացան: Այս բոլորով հանդերձ, Հայկական երեսփոխանական պլոքի աստիճանական վերականգնման առաջին փուլը կայացաւ:
Տարին համայն հայութեան համար Ա. Հանրապետութեան, աւելի ճիշդը Հայաստանի Հանրապետութեան կերտման, հիմնադրումին 100-ամեակով յատկանշուելու բոլոր պատմաքաղաքական նախադրեալները ունէր: Համազգային գիտակցութեան որոշակի բացթողումներ նկատուեցան: Եթէ հայրենիքի մէջ իշխանափոխութեան անցումային ժամանակաշրջանին զուգադիպեցաւ 100-ամեակի նշումը եւ ակնկալուած տարողունակութիւնը չապահովեց, ապա հայրենիքէն դուրս գաղափարաքաղաքական կարծրատիպեր պատճառ դարձան, որ համազգային հնչեղութեան ակնկալուած արդիւնքները չարձանագրուին:
Այնուամենայնիւ, 100-ամեակը պէտք է ընկալել վերականգնած անկախ պետականութեան կենսագործունէութեան երկուքուկէս տարիներու ժամանակաշրջանով եւ այդ միջոցին արձանագրուած կարեւորագոյն գործընթացներու վերարծարծման առիթով. ուրեմն, հետագայ մէկուկէս տարուան կտրուածքով` յոբելենական նշումներու հասկացողութեամբ: Անոնցմէ` Նեմեսիսն ու Սեւրը նշումներու հրամայականը կը յուշեն: Զուգահեռ` միջազգային իրաւագիտութեամբ փաստելու համար որոշ պայմանագիրներու անվաւերականութիւնը:
Նոր Հայաստանի կայացման առաջադրանքէն անցնելով սփիւռքեան կարեւոր միջնաբերդին մէջ հայկական քաղաքական գործօնի վերականգնման նպաստող աշխատանքներու առաջնահերթութիւն, հասնելու համար 100-ամեակին հետ կապուած շատ կարեւոր պատմաքաղաքական իրադարձութիւններու վերարծարծում` այս բոլորը կը նախանշեն փակուողէն դէպի բացուող տարի բազմաթիւ ուղղութիւններով նախապատրաստուելու հրամայականները:
aztagdaily.com