Արցախի Անկախութիւն Եւ Ժխտումի Շարան
04 Սեպտեմբեր 2024Սեպտեմբեր 2-ին Արցախի անկախութեան օրը յիշատակեցինք գրաւուած եւ հայաթափուած Արցախէն դուրս: Այս առիթով տեղի ունեցան բազմաթիւ ձեռնարկներ, որոնցմէ գլխաւորը կազմակերպուեցաւ ՀՅ Դաշնակցութեան կողմէ, աւելի քան 1200 հանդիսատեսներու մասնակցութեամբ: Վստահաբար թղթակցութիւններու միջոցով ընթերցողները իրազեկ կը դառնան ողջոյնի խօսքերուն ու պատգամներուն, կը բաւականանամ, հակառակ ժխտական կացութեան առկայութեան, շնորհաւորել հայ ժողովուրդը 2 սեպտեմբեր 1991-ին հռչակուած Արցախի անկախութեան առիթով` վերադարձի աներեր ակնկալութեամբ, յաղթանակի յոյսով:
Արցախի անկախութեան տարեդարձէն քանի մը օր առաջ` 31 օգոստոսին, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան տուաւ իր հերթական հարցազրոյցը: Նախորդ հարցազրոյցներուն հետ բաղդատած` ամէնէն կարճատեւը: Ոչ մէկ խօսք արտասանուեցաւ երկու օր ետք զուգադիպող Արցախի Հանրապետութեան օրուան մասին: Հրաւիրուած թղթակիցները հարցումներ կ՛ուղղեն, վարչապետը կը պատասխանէ, իսկ պատասխանէն չբաւարարուած լրագրողը արձագանգելու իրաւունք չունէր: Պետը ըսաւ այն, ինչ որ յարմար կը դատէր ըսել, եւ ինչպէս Հայաստանի մէջ կը սիրեն ըսել` ե՛ւ վերջ:
Մամլոյ ասուլիսէն ստացուած ընդհանուր մթնոլորտը հետեւեալն է. Հայաստանի իշխանութիւնները, աւելի ճիշդ` Նիկոլ Փաշինեանը, կը ծրագրեն եւ կ՛իրականացնեն արարքներ, որոնք կ՛ունենան ժխտական, երբեմն ծայրայեղ վնասակար հետեւանքներ, որոնց համար իրենք պատասխանատու չեն: Պատասխանատուութիւն կը կրեն ուրիշները` ընդդիմութիւնը, նախկինները, ղարաբաղցիները…
Ծանօթանանք արծարծուած հարցերէն ոմանց.
Ինչո՞ւ Հայաստան քայլերու չի դիմեր արցախցիներուն իրենց երկիր վերադարձը ապահովելու համար. Փաշինեան պատասխանեց, որ այս հարցին արծարծումը սպառնալիք է Հայաստանի անվտանգութեան համար: Պէտք է հասկնալ, որ Հայաստանի կողմէ Արցախի հետ որեւէ կապակցութիւն արգիլուած է… Ազրպէյճանի կողմէ պատերազմի սպառնալիքով: Պէտք է մոռնալ թէ՛ Արցախը եւ թէ՛ արցախցիները:
Հայաստան ինչո՞ւ չի հետապնդեր Պաքուի մէջ արգելափակուած գերիներու եւ Արցախի քաղաքական ու ռազմական ղեկավարներու ազատագրումը: Փաշինեան յայտնելէ ետք, որ իշխանութիւնները լուսարձակներէ հեռու կ՛աշխատին այդ ուղղութեամբ, յանկարծ շեղեցաւ նիւթէն ու յարձակում գործեց Ռուբէն Վարդանեանին վրայ. ո՞վ թելադրեց Ռուբէն Վարդանեանին հրաժարիլ ռուսական քաղաքացիութենէն, գալ Երեւան, երթալ Ղարաբաղ եւ պաշտօն ունենալ. կարծես ըսել կ՛ուզէր. «Թող մնան հոն, ուր կը գտնուին, արժանի են անոր»:
Նիկոլ Փաշինեան արդարացաւ, որ ինք չէ ստորագրած Արցախի պետութեան լուծարման հրամանագիրը` մոռնալով, որ Փրակայի մէջ պաշտօնապէս ընդունած էր, որ Արցախը Ազրպէյճանի հողային ամբողջականութեան մաս է. լուծարումը յաջորդած է Արցախի Հանրապետութեան մէջ իշխանափոխութեամբ, կրկին մոռնալով, որ նախագահի (Արայիկ Յարութիւնեանի) հրաժարականին նախորդած էր սահմանադրական փոփոխութիւն մը, որ կարելի կը դարձնէր ժողովուրդին կողմէ ընտրուած նախագահին հրաժարականէն ետք խորհրդարանին կողմէ նոր նախագահի մը ընտրութիւնը: Խորհրդարանին մէջ Նիկոլ Փաշինեանի դաշնակից Արայիկ Յարութիւնեանի կուսակցութիւնը ունէր մեծամասնութիւն: Կը նշանակէ, որ նախատեսուած արհաւիրքին նախօրեակին Նիկոլ Փաշինեան եւ Արայիկ Յարութիւնեան լքեցին ասպարէզը, փախուստ տուին եւ խուսափեցան պատասխանատուութենէ:
Մամլոյ ասուլիսին նախորդած էր սահմանազատման աշխատանքներու կանոնակարգի ստորագրութիւնը: Այս կանոնակարգը պէտք է ներկայացուի Սահմանադրական դատարան, անոր` սահմանադրութեան համապատասխանութիւնը որոշելու համար, ապա հաստատուի Ազգային ժողովին կողմէ: Երբ հարց տրուեցաւ, թէ ինչո՞ւ կանոնակարգի հռչակումէն առաջ տեղի ունեցաւ Տաւուշի շրջանին մէջ սահմանազատումը, Նիկոլ Փաշինեան պատասխանեց, որ ընթացակարգը արդէն ճշդուած էր Ալմաթիի 1991-ի հռչակագիրով: Այս պարագային, ինչի՞ կը ծառայէ ստորագրուած կանոնակարգը:
Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ առանց միջնորդներու բանակցուող խաղաղութեան պայմանագիրը կ՛ուշանայ: Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց, որ պայմանագիրը բաղկացած է 17 կէտերէ, որոնց 13-ը համաձայնեցուած են: Միւս չորսին պարագային, կան բառային տարակարծութիւններ: Առանց բացայայտելու թէ՛ համաձայնեցուած 13-ին եւ թէ՛ տարակարծիք 4-ին բովանդակութիւնը, ան տեղւոյն վրայ առաջարկեց 13 կէտերով համաձայնագիրը ստորագրել, բնականոնացնել կապերը, դիւանագիտական յարաբերութիւններ ստեղծել. միւս չորսը ձգել ապագային: Ազրպէյճանէն ցարդ արձագանգ չկայ:
Վերջապէս, անդրադառնանք նաեւ մասնակի նիւթի մը, որ կը վերաբերի ՀՅ Դաշնակցութեան: Նախորդ շաբթուան ընթացքին շրջանառութեան մէջ դրուեցաւ ՀՅԴ-ի Ընդհանուր ժողովի որոշումներէն քաղուած մը, իր ընդհանուր պարունակէն անջատուած եւ աղճատուած` Հայաստանի եւ Արցախի ճակատագիրները միասնական ու փոխկապակցուած նկատող կէտերը թարգմանելով իբր թէ… հրաժարում Հայաստանի եւ Արցախի անկախութենէն: Խնդրին մասին մեկնաբանութիւն ուզող հարցումին Նիկոլ Փաշինեան հրապարակումին մասին թեթեւակի կասկած յայտնելէ ետք ըսաւ, որ այս հրապարակման կարիք չկար Դաշնակցութեան նպատակները բացայայտելու համար: Երեւակայեցէք, Դաշնակցութիւնը… դէմ Հայաստանի անկախութեան:
Հակառակ այս բոլորին` թող շնորհաւոր ըլլայ Արցախի անկախութիւնը:
ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ
Ազդակ