ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Հոդվածներ

Խաղաղասէրներուն Կեղծիքը

07 Հոկտեմբեր 2024

«Ո՞վ պիտի սանձէ Իսրայէլը, պիտի կասեցնէ Լիբանանի ու պաղեստինցիներուն՝ Կազայի ու Արեւմտեան ափի պաղեստինցիներուն դէմ անոր ոճիրները» (սա այն Իսրայէլն է, որ մինչեւ այսօր ալ կը զինէ Ատրպէյճանը…)

«Հզօր պետութիւնները, մասնաւորապէս Իսրայէլի պաշտպան-դաշնակից հռչակուածները ինչո՞ւ կը մնան խօսքի սահմաններու մէջ, գործական փոքրագոյն քայլը չեն առներ՝ կասեցնելու համար ջարդերն ու համատարած քանդումը, աղէտի գօտիները մինչեւ Սուրիա, Իրաք եւ Իրան հասցնելու անոր հրոսակութիւնները…»:

«Արաբական երկիրներու ականջին՝ Իսրայէլի անհատնում ոճիրները ջուրի ձա՞յն են: Միայն պաղեստինցիք, լիբանանցիք (այն ալ մասնակի), Սուրիա, Իրաք, Եմէն եւ նման երկիրնե՞ր պէտք է մտածեն ինքնապաշտպանական միջոցառումներու մասին, իսկ ինքնապաշտպանութեան դիմողը ինչո՞ւ պէտք է դասուի ահաբեկիչ»…

Այս ու նմանօրինակ հարցումներ կը տանջեն անմիջականօրէն՝ իսրայէլեան ոճիրներու թիրախ դարձողները, իսկ անոնցմէ անդին՝ 21րդ դարուս մէջ արդար ու մարդկայնական աշխարհի մը հետամուտները:

***

Տարի մը առաջ, այս օրերուն, «Համաս»ը Կազայէն մեկնած յանդուգն յարձակողական մը իրականացուց Իսրայէլի դէմ, հարուածներ հասցուց Իսրայէլի սրտին վրայ, գերի բռնեց քաղաքայիններ եւ զինուորականներ: Մասնաւորաբար Արեւմուտքի մէջ աշխարհը իրար անցաւ: Վա՜յ, ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ, որ իրենց կողմէ իբրեւ «ահաբեկչական կազմակերպութիւն» կնքուած «Համաս»ը համարձակեր է ինքզինք պաշտպանել ու հակայարձակում մը կատարել, հետեւելով այն հասկացութեան, թէ երբեմն յարձակումը ամէնէն լաւ պաշտպանութիւնն է…: Մարդիկ մոռցա՜ն, որ իսրայէլեան իշխանութիւնները տարիներ ու տարինե՜ր շարունակ, շաբաթական եւ ամենօրեայ դրութեամբ կը ռմբակոծէին Կազան, շերտ առ շերտ հողամասեր կը գրաւէին Արեւմտեան ափէն, կը ջարդէին պաղեստինցիներու պարտէզները, կը քանդէին անոնց բնակարանները: Աշխարհը «վարժուած» էր այդ ոճիրներուն եւ զանոնք կ՛ընկալէր իբրեւ բնական ընթացք, զոհերու եւ վիրաւորներու թիւը… սոսկական թիւեր են, որովհետեւ Իսրայէլ կը պահուըտէր – այսօր ալ կը պահուըտի – «ինքնապաշտպանութեան իրաւունք»ի վահանին ետին, հովանաւորներ ունի: Մոռցուած է, որ Իսրայէլի հետ «որոշ լեզու գտած» ՊԱԿն ու անոր ղեկավարութիւնը, Արաֆաթ-Ռապին «պատմական համաձայնութենէն» ասդին ալ, չէ կրցած կասեցնել պաղեստինցիներու մարդկային եւ հողային իրաւունքներուն ողջակիզումը: Բա՜յց… աշխարհը ստիպուա՞ծ է հաշիւը պահելու Իսրայէլի բոլոր ոճիրներուն, որոնք քայլ առ քայլ սկիզբ առին 1948ին, պատմութեան մէջ արձանագրեցին Սապրա-Շաթիլայի (Լիբանան) ջարդերը, որոնց կապուած էր անուն մը՝ Արիէլ Շարոն: Անկէ ասդին, Իսրայէլի իրերայաջորդ ղեկավարները կը ջանան նսեմացնել Շարոնի ու գործակիցներուն «համբաւ»ը…

Նոյն պատկերը՝ լիբանանեան ճակատներու վրայ: Աշխարհը «բնական»ի աչքով կը դիտէր – այսօր ալ կը դիտէ – Լիբանանի, մասնաւորաբար Հարաւի ու Պէյրութի արուարձաններուն վրայ իսրայէլեան յաճախակի յարձակումները, զոհերուն ու վիրաւորներուն թիւի յաւելումը: Շատո՜նց սովորական դարձած է իսրայէլեան օդանաւերու թռիչքներն ու «ձայնի պատ»ին խզումը, որուն հետեւանքով քաղաքայինները ահ ու սարսափի մատնուին: Լիբանանի մէջ ալ, «Հըզպալլա»ն հռչակած են «ահաբեկչական», որովհետեւ, ի շարս բազմաթիւ այլ պատճառներու՝ յաջողեցաւ 2006ին զսպել իսրայէլեան յարձակումը եւ հազուադէպ պարտութեան մը մատնել ոճրագործ իշխանութեան բանակը: Այսօ՞ր, երբ այս կազմակերպութեան՝ Լիբանանի մէջ պաշտօնապէս հաստատուած, իշխանութեան մասնակից եւ իր հեղինակութիւնը հաստատած կուսակցութեան ղեկավարները ահաբեկման կ՛ենթարկուին մասնաւորաբար վերջին երկու շաբաթներուն, երբ Պէյրութի վրայ յարձակումները կը յիշեցնեն 1982ի ամառը, երբ Իսրայէլի բանակը գրաւեց ամբողջ Հարաւը եւ Պէյրութի արեւմտեան կէսը, երբ հարաւը դարձեալ դարձած է ուղղակի ճակատումներու դաշտ…

Եթէ կարկինը տարածենք, նոյն անհիմն յանկերգներով կը կատարուին Սուրիոյ, Իրաքի, Եմէնի, նաեւ Իրանի վրայ իսրայէլեան ոճրային յարձակումները: ՄԱԿն ու ամբողջ քաղաքակիրթ աշխարհը հարց չի տար, թէ սա ի՞նչ տեսակի ինքնապաշտպանութիւն է, որուն գլխաւոր զոհերը, ջախջախիչ մեծամասնութեամբ՝ անմեղ քաղաքայիններ են, կիներ, մանուկներ, տարեցներ, միլիոնաւոր քաղաքայիններ բնակարան կը կորսնցնեն՝ քանդում, հրկիզում, բռնագաղթի կ՛ենթարկուին («քաղաքակիրթներուն» համար ի՞նչ արժէք ունին քանի մը միլիոն գաղթականի յաւելումը, երբ ամբողջ աշխարհի մէջ բռնագաղթի մատնուածներու թիւը անցած է 120 միլիոնը…): Այդ ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ, որ Միացեալ Նահանգներ ու դաշնակիցներ գրեթէ ամէն օր զինադուլի, յարձակումներու դադրեցման եւ բազմերես ողբերգութեան վերջ տալու կոչերով հրապարակ կու գան, եւ սակայն, Իսրայէլի իշխանաւորները ոտնակոխ կ՛ընեն այդ բոլորը եւ ոճիրներու գօտին կը տարածեն դէպի նոր հորիզոններ, ի վերջոյ կը յաջողին… Իրանը ուղղակիօրէն ներգրաւել – առայժմ սահմանափակ կերպով – այս գուպարին մէջ, ո՛չ միայն Միջին Արեւելքը, այլ շատ աւելի լայն տարածքներ դնելով ընդհանուր պայթում սպառնացող հրաբուխի մը վրայ:

***

Փորձենք ընթացիկ մեկնաբանութիւններէ եւ որոշապէս տեսանելիներէն քիչ մը անդին երթանք, որոնելու համար քանի մը պատասխան, պատմական վկայութիւն:

Նախ՝ տեսանելի մը: Ամերիկեան եւ այլ ուժերու կեղծաւորութեան ապացոյցները աղաղակող են (նոյնը՝ ուքրանական ճակատներուն վրայ եւ այլուր): Իսրայէլի ուղղուած՝ ինքնազսպումի կոչերը կը մնան խօսքի ապուրի սահմաններուն մէջ, ինչպէս որ կ՛ընեն մեր՝ Հայաստանի ու Արցախի դիմագրաւած արհաւիրքներուն դիմաց (եւ իրենց կամակատարը դարձուցած են ՔՊական իշխանութիւնը): Իսրայէլի ուղղուած լուռ պատգամը հետեւեալն է. «Դուն մեր ըսածներուն ականջ մի՛ կախեր, ազատ զգայ ջարդ ու աւեր տարածելու ո՛ւր որ կ՛ուզես»: Փա՞ստ: Խաղաղարար կոչերուն զուգահեռ, միլիառ առ միլիառ կ՛աւելնան դէպի Իսրայէլ զինական օժանդակութիւնները: «Ասկէ աւելի միջամտելու իրաւունք չունինք»ն ալ այլ կեղծիք է: Ինչ կը վերաբերի արաբական աշխարհին, ան ուրիշներէ առաջ՝ ի՛ր ձեռքերով ինքզինք մատնած է անզօրութեան, որովհետեւ արաբական ազգայնականութեան՝ ազգային շահերու պաշտպանութեան դարաշրջանը (որ բացուած էր 50ական տարիներուն) շատո՜նց դագաղուած է, հոս-հոն իշխանութեան հասած են – բերուած են – օտարներու շահերուն կամակատարներ (կրկնենք, նաեւ Հայաստանի մէջ), որոնց մերթ ընդ մերթ կ՛արտօնուի յախուռն քննադատութիւն ուղղել ընդդէմ Իսրայէլի, քիչ մըն ալ անոր պաշտպաններուն: Չէ՞ որ խօսքի ապուրի մասին է մեր… խօսքը:

Աւելի՛ն. ուղղակի եւ անուղղակի հարուածի տակ կ՛առնուին – ո՛չ միայն Իսրայէլի կողմէ – բոլոր անոնք, որոնք իրենց երկիրներն ու ազգային շահերը կը պաշտպանեն, կը մերժեն վերածուիլ օտարներու գործակատարներու: Փա՞ստ: Տեսէք, թէ ի՛նչ կը պատահի Իրանի մէջ ու անոր դէմ, ո՛չ միայն այսօր, այլ սկսեալ այն օրէն՝ երբ «Իսլամական յեղափոխութիւն»ը եկաւ ըսելու աշխարհին – ու Իրանը ուղղակի եւ անուղղակի կերպով շահագործողներուն –, թէ հոս կայ երկիրն մը, ու ունի իր քաղաքական եւ մշակութային դիմագիծը, կազմաւորուած՝ դարերու ընթացքին, երկիր մը՝ որ կը մերժէ կուլ տալ արեւմտեան շինծու «արդիականութեան ու ազատականութեան-ազատամտութեան» «լօ-լօ»ները (ճշդում. Արեւմուտքի մէջ ամէն բան շինծու եւ անբնական չէ. Արեւմուտքի մէջ ալ կան մարդկային եւ այլ արժէքներ պաշտողներ, որոնք վերջին տասնամեակներուն աւելի եւ աւելի՛ կը ճնշուին, անոնց խօսքը կը դառնայ աւելի՛ մեղմ, անլսելի): Կարելի է այս ցանկին վրայ ունենալ նաեւ մեր դրացի Վրաստանը, ինչո՞ւ չէ նաեւ մեր հայրենիքը՝ Հայաստանը:

***

Բայց եկէ՛ք, պահ մը մեր աչքերն ու միտքերու պատուհանները լայն բանանք այսօրուան ու անցեալի դաժան իրականութիւններուն վրայ եւ հարց տանք, թէ իսկապէս կարելի՞ է արդարութիւն, մարդկայնականութիւն եւ ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒ պաշտպանութիւն ակնկալել Արեւմուտքէն ու այլ հզօրներէ, որոնք, ընդունինք, իրենց կարգին դարձած են խաղալիք՝ քիչ տեսանելի «գերհզօր ուժերու» ձեռքին մէջ:

Ինչպէ՞ս կարելի է արդարութիւն եւ մարդկայնականութիւն սպասել, օրինակի համար՝ Միացեալ Նահանգներէն, որ Բ. Աշխարհամարտի արեւամուտի օրերուն կորիզային ռումբերով ջարդեց բազմահարիւր հազարաւոր ճափոնցիներ, ահաւոր վնասներու ենթարկեց միլիոնաւորներ, յետոյ՝ Վիեթնամի պատերազմին գործածեց նափալմով ռումբեր եւ թունարձակ կազեր, երկուքն ալ արգիլեալ զէնքեր՝ միջազգային համաձայնութիւններով: Նոյն ամերիկեան բանակները չէի՞ն – եւ մինչեւ այսօր շարունակուող նո՛յն մտածողութեամբ -, որ քար ու քանդ ըրին, մահ ու աւեր տարածեցին Աֆղանիստանի մէջ (քանի մը մակարդակով գերազանցելով խորհրդային բանակներու քանդումները), յետոյ հասան Իրաք, պատմութեան մէջ արձանագրեցին Ապու Ղրէյպ, Կուանթանամօ (երբեմն ասոնք յիշողներ կան), սարքեցին «Արաբական գարուն»ը եւ անկէ ծնած շողերը տարածեցին մինչեւ Կովկաս եւ այլուր… (ցանկը երկար է): Իսկ ասոնք՝ միայն վերջին դարուն: Հիմա (Հիթլէրի բառամթերքով) ո՜վ կը յիշէ միլիոնաւոր բնիկ հնդիկներու ջարդը, սեւամորթներու գերեվարութիւնն ու խտրականութիւնը (հոգ չէ թէ հետքերը մերթ ընդ մերթ գլուխ կը ցցեն):

Սա նոյն Ֆրանսան չէ՞, որ Ա. Աշխարհամարտէն ետք գաղթատիրութիւն տարածեց արաբական աշխարհին մէջ (նաեւ՝ Ափրիկէի եւ Ծայրագոյն Արեւելքի), իբրեւ լծակից ունենալով Անգլիան, Իտալիան, Փորթուգալը եւ եւրոպական այլ երկիրներ, որոնք տասնամեակներ շարունակ պաշտօնական պատմուճան հագցուցին բազմաթիւն երկիրներու հարստութեանց կողոպուտին, իսկ երբ Բ. Աշխարհամարտէն ետք (չմոռնանք նաեւ Հիթլէրի Գերմանիան), աշխարհը զգեցաւ «նոր համակարգ» (հիմա ալ նորաձեւութիւն է խօսիլ նոր համակարգի կազմաւորման մասին), ազգայնական շարժումներու ալիքներուն առջեւ տեղի տուին երբեմն արեան ահաւոր ծովեր ստեղծելով (կը յիշէ՞ք Ալճերիան), իսկ հեռանալու պահուն, շատ մը տեղեր «կտակ» ձգեցին պայթուցիկ եւ մի՛շտ շահագործելի վարչական դրութիւններ, նոյն ճիգը կը շարունակուի նաեւ այսօր (ցաւցնող են օրինակները. չթուենք անուններ):

***

Ահաւասիկ այսպիսի Արեւմուտքի մը յարած են նաեւ Հայաստանի իշխանութիւններուն – եւ այլոց – աչքերը, ակնկալութիւնները: Թուրքիոյ պարագան այլապէս ուսանելի պարագայ է, սակայն շա՜տ ծանօթ, եթէ մարդիկ յուշակորոյս չեն…: Ոճրագործ իշխանութիւններու հանդէպ միայն խօսքի ապուրներով հանդէս եկող «քաղաքակի՜րթ եւ ժողովրդավա՜ր» երկիրները կրկին ու կրկին ցոյց տուած են, որ իրենց համար, տառապող, վնասներ կրող եւ մինչեւ իսկ ցեղասպանական արարքներու ենթարկուող երկիրներու եւ ժողովուրդներու շահեր հիւլէի մը չափ կարեւորութիւն չունին, պատրաստ են աչք փակելու միլիոնաւոր պաղեստինցիներու, լիբանանցիներու, ուքրանացիներու, հարիւր հազարաւոր արցախցիներու եւ հայերու ողբերգութիւններուն վրայ: Լաւագոյն պարագային, պտղունց մը դրամական օգնութիւն կը ղրկեն, կամ ալ խաղաղապահ (անպիտան) դէտեր:

…Մեր յեղափոխական երգերէն մէկը կը պարունակէ պարզունակ պատգամ մը.

«Օտարէն մեզ ֆայտա չկայ,

Ելի՛ր, սազէ՛ քո թիւֆէնք»:

Սա կը բխի ինքնապաշտպանութեան ամէնէն տարրական իրաւունքէն: Եւ ո՛չ ոք իրաւունք ունի ինքզինք պաշտպանողը՝ սեփական ընտանիքն ու հայրենի հողը պաշտպանողը «ահաբեկիչ» որակելու: ՊԱՏՄԱԿԱՆ եւ ԻՐԱԿԱՆ Հայաստանի մէջ, ասիկա փաստուած է մեր ֆետայիներու օրերէն սկսեալ, կտրած է ինքնազոհաբերութեան բազում հանգրուաններ:

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
4 Հոկտեմբեր 2024

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Խմբագրական. Որպէսզի Վերապետականանան Հա

Հայ դատի համակարգի համահայկական խորհրդաժողովի բացման նիստին հնչած յայտարարութի

25 Սեպտեմբեր 2026
Շարունակելու ենք Հայ Դատի մեր ծաւալուն

Հայ դատի կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի խօսքը Հ․Յ․Դ․ Հայ

25 Սեպտեմբեր 2026
Մեր առաքելությունը սոսկ քաղաքական չէ.

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելյանի խոսքը՝ ՀՅԴ Հայ

25 Սեպտեմբեր 2026
Այսօր կանգնած ենք ճակատագրական ջրբաժան

ՀՅԴ Բյուրոյի ներկայացուցիչ Արմեն Ռուստամյանի խոսքը՝ ՀՅԴ Հայ դատի համահայկական

25 Սեպտեմբեր 2026
Մեծ մտահոգություն է եկեղեցու և կաթողիկ

«Մեզ համար մեծագույն մտահոգություն է Եկեղեցու եւ անձամբ վեհափառի դեմ տարվող ար

25 Սեպտեմբեր 2026
Խաղաղությունը արդարության վրա պետք է հ

«Մեր պատգամը հստակ է՝ եթե Հարավային Կովկասում պետք է լինի խաղաղություն, այդ խա

25 Սեպտեմբեր 2026
Իշխանությունները ազգային մտածողության

Հայաստանի ներկա իշխանությունները Թուրքիայի և Ադրբեջանի նախագահների՝ Ռեջեփ Թայի

25 Սեպտեմբեր 2026
Ակնարկ. Նախապայմաններ Եւ Փոխկապակցումն

Երեւան-Անգարա երկխօսութեան արդիւնաւորման համար Անգարայի դասական նախապայմանները

25 Սեպտեմբեր 2026
Թորոնթօն եւ գանատահայութիւնը տիպար օրի

Ստորեւ կը ներկայացնենք Թորոնթոյի նորահաստատ «Նարեկ» Հայ Կրթական եւ Մշակութային

24 Սեպտեմբեր 2026
Հարաւային Ամերիկայի Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական

35 տարի առաջ, հայ ժողովուրդը որոշում մը առաւ, որը անգամ մը եւս փոխեց մեր պատմո

24 Սեպտեմբեր 2026
Հայաստանում կգումարվի ՀՅԴ Հայ դատի համ

Հայաստանում սեպտեմբերի 25-28-ը կգումարվի ՀՅԴ Հայ դատի հանձնախմբերի և գրասենյակ

24 Սեպտեմբեր 2026
«Արցախահայերի սոցիալ-տնտեսական, իրավակ

Սեպտեմբերի 23-ին, ՀՀ ԱԺ մարդու իրավունքների և հանրային հարցերի մշտական հանձնաժ

24 Սեպտեմբեր 2026
Մուսա Լերան Հերոսներուն Յիշատակը Կը Պա

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեանի խօսքը՝ Մուսա Լ

24 Սեպտեմբեր 2026
Հըզպալլայի Պատուիրակութիւնը Այցելեց «Շ

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան 23 սեպտեմբեր 20

24 Սեպտեմբեր 2026
Փաշինյանը հակահայկական հայտարարություն

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինյանը 2026 թ. սեպտեմբերի 17-ին Երևանում ելույթ ունեցավ «Համ

22 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Դերերու բաշխում, ոչ թէ հակ

23 Օգոստոս 1990-ին, Հայաստանի համաժողովրդային շարժումին յաջորդեց Անկախութեան հ

22 Սեպտեմբեր 2026
Տեղի ունեցավ «Հայաստան» խմբակցության մ

Այսօր՝ սեպտեմբերի 22-ին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի ներկայացուցիչ, ԱԺ «Հայա

22 Սեպտեմբեր 2026
Հ․Հ․ Անկախութեան Խաւարային Ստուերը՝ 44

«Դուք չէք կրնար նկարագիր եւ քաջութիւն կերտել՝ մարդոցմէ խլելով իրենց նախաձեռնու

22 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական.- Հայաստանը՝ 35 Տարեկան

1991ի Սեպտեմբեր 21ին, երբ Հայաստան անկախութիւն հռչակեց Խորհրդային Միութենէն, ի

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Սեպտեմբերի 21. Պետականութի

Այսօր 2026 թ. Սեպտեմբերի 21-ը Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախութեան 35-ամեակ

21 Սեպտեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company