ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Հոդվածներ

Մարդակերտ Արհաւիրք Մը. Գաղթականները

29 Նոյեմբեր 2024

ՄՈՒՏՔ

Միացեալ Նահանգներու 47-րդ նախագահի ընտրարշաւի օրերուն, նաեւ անկէ ասդին, տաք կրակի վրայ դրուեցաւ Միացեալ Նահանգներ ներխուժող (ներխուժած) գաղթականներու հարցը, որ յամենայնդէպս մնայուն խորագիր է քաղաքական բեմին վրայ, Ամերիկա թէ այլուր:

Թրամփ բարձրացուց «բոլոր ապօրինի գաղթականները» վտարելու դրօշը, որ կարծէք թէ իբրեւ նորութիւն հնչեց համակիրներու եւ հակառակորդներու ականջին (ուրիշ դրօշներ ալ կը բարձրացնէ, օրինակ՝ Քանատայէն ու Մեքսիքայէն ներածումներու սահմանափակումը, Չինաստանի եւ Իրանի դէմ «պատերազմ»…): Ու յանկարծ «նարնջագոյն մարդը» դարձաւ գաղթականներուն դէմ պայքարի ախոյեան մը. առատօրէն շահագործուեցան պայտընեան վարչամեքենայի այն քայլերը, որոնք որոշ թոյլտուութիւն տրամադրած էին Լատին Ամերիկայի երկիրներէ Մեքսիքայի ճամբով Միացեալ Նահանգներ հասնողներուն: Պայտըն եւ դեմոկրատները մեղադրուեցան՝ նման քայլերով ու դիրքորոշումներով ամերիկացի ժողովուրդին շահերուն դէմ երթալու յանցանքով: Եւ որովհետեւ մարդոց, ըսել կ’ուզենք՝ ընտրող զանգուածներու (երկու զօրակայաններէն ալ) յիշողութիւնը շատ կարճ է, ա՛յնքան կարճ՝ որքան «ֆայսպուքեան» գրառումներն ու անոնցմով ձեւաւորուող մտածողութիւնները, միայն քիչեր յիշեցին, որ նոյնինքն մեղադրեալ դեմոկրատները ինչպիսի՜ հպարտութեամբ եւ յոխորտանքով կը ծանուցէին, թէ իրե՛նց Օպամային օրով, գաղթականներու արտաքսումի մրցանիշ կոտրած են…

Մեղադրանքներու եւ զրպարտութեանց փոխանակման մենամարտերէն բարձրացած փոշին այնքա՛ն մթագնած է մարդոց տեսողութիւնը եւ դատողութիւնը, որ ոեւէ մէկը հարց չի բարձրացներ, թէ ԻՆՉԻ՞ ՀԵՏԵՒԱՆՔ Է ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՏԱԳՆԱՊԸ: Արդար ըլլալու համար, պէտք է արձանագրենք, որ այս տագնապը եւ անոր ընկերացող ողբերգութիւնները խարան են ո՛չ միայն ամերիկեան վարչամեքենաներու անմիտ եւ ագահ քաղաքականութեան ճակտին, այլ անիկա կը տարածուի մինչեւ Եւրոպա, իր ծածկոյթին տակ առած է ամբողջ աշխարհը, հասնելով մինչեւ Ծայրագոյն Արեւելք: Այս տագնապին մասին վերջին տասնամեակներուն բազմաթիւ ու յարաճուն ահազանգեր եւ արդա՛ր մեղադրանքներ հնչած են միջազգային կազմակերպութիւններու կողմէ (ՄԱԿ, Գաղթականներու հարցերով զբաղող բարեսիրական միաւորներ եւ այլն), սակայն այդ բոլորը ԳՈՐԾՆԱՊԷՍ չեն հասած լսող ականջներու, պատահած է հակառակը. գաղթի պատճառները հետզհետէ ահագնացած են եւ կ’ահագնանան, պատճառ եղողները ուղղակի եւ անուղղակի քաջալերանք կը գտնեն:

Կ’արժէ որ, ուրեմն, գրեթէ բոլոր ցամաքամասերը եւ բազմաթիւ երկիրներ-ժողովուրդներ յուզող այս տագնապը լուսարձակի տակ բերենք ժամանակի եւ աշխարհագրական քիչ մը աւելի լայն տարածքի մէջ, չմնանք ամերիկեան ընտրապայքարի եւ հետքերուն ոլորապտոյտին մէջ, գէթ մասնակի կերպով քննարկենք բացայայտ եւ թաքուն իրականութիւններ:

ՔԱՆԻ ՄԸ ԹԻՒ. ԳԱՂԹՈՂՆԵՐ ԵՒ...

Նախ ընենք հաստատում մը. հնագոյն դարաշրջաններէն ի վեր, մարդկային ընկրութիւններու մէջ գաղթը մնայուն երեւոյթ է. այլազան պատճառներով, եւ ո՛չ միայն պատերազմներու կամ բրտութեանց հետեւանքով, մարդիկ լքած են տուն ու երկիր, գացած են աւելի լաւ պայմաններ խոստացող շրջաններ: Այսուամենայնիւ, պատերազմները, արշաւանքները, եւ ուրիշի իրաւունքին տիրանալու ախտը ունի պատմական հին արմատներ, որոնք ահաւասիկ եկած, հասած են մեր օրերը:

Պաշտօնական վիճակագրութիւններու եւ տեղեկագիրներու համաձայն, 2024-ի կէսերուն, աշխարհի տարածքին բռնութեան այլազան արարքներու հետեւանքով իրենց բնակարաններէն հեռացած են աւելի քան 120.5 միլիոն մարդ. աւելի քան 68 միլիոնը տեղաշարժ ըրած է բնակավայր երկրի սահմաններէն ներս, մնացեալը հեռացած է սեփական հայրենիքներէն: Անչափահասներուն թիւը կ’անցնի 40 միլիոնը:

Սա աշխարհի բնակչութեան թիւին մօտաւորապէս 1.5 առ հարիւրն է: Ողբերգութեան տարբեր ենթախորագիրներն են ընտանիքներու բաժանում, ստացուածքի թողլքում-փճացում, հաւաքականութեանց-համայնքներու քայքայում եւ մասամբ նորին:

Իրենց հայրենիքէն հեռացողներու մեծագոյն զանգուածները սուրիացիներն են (6.3 միլիոն), կը հետեւին Վենեզուելլան (6.2 միլիոն), Ուքրանիան եւ Աֆղանիստանը (6.1-ական միլիոն): Միլիոնաւոր գաղթականներ կան սուտանցիներու, եթովպիացիներու եւ ափրիկեան այլ երկիրներու, պաղեստինցիներու, լիբանանցիներու, ծայրագոյն արեւելեան երկիրներու բնակիչներու շարքերէն: Իսկ ինչո՞ւ մոռնանք Արցախի ժողովուրդը եւ նոյնինքն Հայաստանէն արտագաղթողները…

…ՀԻՒՐԸՆԿԱԼՈՂՆԵՐ

Գաղթականներ հիւրընկալող երկիրներուն պարագլուխներն են Իրանը (3.8 միլիոն), Թուրքիան (3.1 միլիոն. հոս արձանագրենք, որ Թուրքիա այս ողբերգութիւնը քաղաքական սակարկութիւններու եւ չարաշահութեան աղբիւրի վերածող երկիր է), Քոլոմպիան (2.8 միլիոն), Գերմանիան (2.7 միլիոն), Ուկանտան (1.7 միլիոն) եւ այլն: Միացեալ նահանգներու անունը չի յիշատակուիր կարգ մը պաշտօնական տեղեկագիրներու մէջ, սակայն ընդունուած թիւ է այն, որ հոն կան շուրջ 12 միլիոն ապօրինի ներգաղթողներ («ապօրինի ներգաղթող»ը քաղաքական երանգ ունեցող հասկացութիւն է. չի յիշատակուիր նաեւ այն, որ այդ զանգուածը գործի ինչպիսի՛ ասպարէզներու մէջ նետուած է եւ դրական ի՛նչ բաժին ունի աշխատանքի այս կամ այն կալուածին, մասնաւորապէս երկրագործութեան մէջ):

Ծանօթ է, որ եւրոպական բազմաթիւ երկիրներու մէջ (Իտալիա, Բրիտանիա, Ֆրանսա…) այս տագնապը մարդագրական հարցեր ստեղծած է, բեռներ աւելցուցած՝ տնտեսութեանց վրայ: Գաղթականներու մասին ողբերգական դրուագներ իրարու կը յաջորդեն լրատու աղբիւրներէ, երբ, օրինակի համար, Ափրիկէէն դէպի Եւրոպա կամ Ֆրանսայէն դէպի բրիտանական կղզիներ տեղափոխուող խմբակ մը ծավամոյն կ’ըլլայ եւ հարիւրաւորներ զոհ կ’երթան (չխօսինք փոխադրողները շահագործողներու մասին): Հոն ալ, հարցը կ’արծարծուի այդ տարաբախտները ընդունելու-չընդունելու, քան նոյնինքն ողբերգութեան եւ անոր իսկական պատճառներուն բովանդակութեան շուրջ:

Քիչ կը խօսուի այս տագնապներուն քաղաքական հետեւանքներուն մասին, իսկ երբ խօսուի, բռնագաղթուածները կը ներկայացուին դաժան գոյներով, իբրեւ կիսավայրենի կամ նախամարդու տիպարին մօտեցող արարածներ (կը յիշէ՞ք Թրամփի այն ձաբռտուքը, թէ ներգաղթողները շուն-կատու կը գողնան-կ’ուտեն…):

Չենք ուզեր երկար կանգ առնել նոյնինքն Միացեալ Նահանգներու մէջ այս տագնապին շահագործման տարբեր իրականութիւններուն մասին: Հոս արձանագրենք միայն մէկ-երկու կէտ. Թրամփի իշխանութեան առաջին շրջանին, իբրեւ թէ ներգաղթը արգելակելու համար, Մեքսիքայի սահմանին մէկ մասին կառուցուեցաւ պատ մը (ո՜վ յիշեց Պերլինի քանդուած պատը), սահմանի ապահովութեան արդիական սարքեր տեղադրուեցան եւ… հսկայական գումարներ շահողներ եղան: Հիմա, շահու ակնկալութիւն ունեցողներու ախորժակները դարձեալ սրած են. օրինակի համար, կ’ըսուի, թէ Թեքսասի մէջ ընդարձակ տարածութիւն մը պիտի յատկացուի՝ ապօրինի գաղթականներու կեդրոնացման առժամեայ բնակավայր կառուցելու համար: Ո՞վ պիտի կառուցէ, որքա՞ն գումար պիտի տրամադրուի (նախապէս կառուցուած պատին մէկ մասը ժանգոտած է…): Ատենին, Իրաքի մէջ ալ, բոլորովին այլ խորագիրի տակ, տխրահռչակ բանտ մը քանդուեցաւ ու նոր մը կառուցուեցաւ, հոս-հոն տեղադրուած ամերիկացի զինուորներու համար սուղ զօրակայաններ կառուցուեցան, իսկ ուրիշ տեսակի «ապօրինի»ներու՝ ապօրինի զինեալներու համար, Քուպայի ամերիկեան խարիսխին՝ Կուանթանամոյի մէջ հաստատուեցաւ նոյնքան տխրահռչակ արգելարան մը, ուր մինչեւ այսօր կը պահուին 30 բանտարկեալ (սկզբնական օրերուն՝ շուրջ 780), եւ հակառակ իրերայաջորդ նախագահներու խոստումներուն՝ անիկա կը շարունակէ գործել եւ պետութիւնը կը հոգայ անոր պիւտճէն: Անիկա դուրս ինկած է քաղաքական բանավէճերու դաշտէն…

Նման իրականութիւններու մասին խօսիլը մեզ պիտի հեռացնէ մեր հիմնական նպատակէն, այսինքն՝ գաղթականներու աշխարհատարած տագնապէն, որ նորագոյն ժամանակներու մարդկային մեծագոյն ողբերգութիւններէն մէկն է, եթէ ոչ՝ ամէնէն ահաւորը:

ԱՂԷՏՆԵՐՈՒՆ ԲՈՒՆ ՇԱՐԺԱՌԻԹԸ

Անցնինք վերոյիշեալ թիւերէն եւ նշումներէն անդին եւ մեր մատը դնենք այն վէրքին վրայ, որուն մասին է մեր այս սիւնակը:

Զանգուածային լրատու աղբիւրներ եւ անոնց մեկնաբանները հազիւ թէ կը խօսին զանգուածային գաղթի իսկական պատճառներուն մասին: Արդար ըլլալու համար, ըսենք, որ կարգ մը «լուսանցքայնացուած» լրատուամիջոցներ աւելի համարձակօրէն կ’արծարծեն այս տագնապն ու անոր պատճառները, սակայն անոնց ձայնը չի հասնիր զանգուածներուն, որոնց ուղեղները կը մնան տագնապը սարքողներու լուացքի մեքենաներուն մէջ (Հայաստանը բացառութիւն չէ)…

Այս տագնապին գլխաւոր պատճառը՝ կարգ մը հզօր երկիրներու եւ զանոնք իրենց մականին ենթակայ դարձուցած աշխարհատարած դրամատիրական միաւորներու (բնական հարստութիւններ շահարկող ընկերութիւններ, դրամատնային հսկաներ…) ԱՆՄԱԴԿԱՅԻՆ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆՆ է: Մեծ ու փոքր երկիրները այս միաւորներուն կողմէ կը դիտուին մէկ ակնոցով. ՇԱՀ, ՇԱՀ ԵՒ ԱՒԵԼԻ՛ ՄԵԾ ՇԱՀ:

Օրինակի համար, քարիւղի կամ այլ հանգային հարստութեանց տիրանալու համար, տնտեսական հզօրանքի տիրապետողներ տուեալ երկիրներու վարիչներուն հետ «կը խաղան» այնպէս՝ իբրեւ թէ անոնք ըլլային իրենց ստրուկ-ղոլամները: Կ’աշխատին իշխանութեան հասցնել – եւ յաճախ կը յաջողին – տեղւոյն այն խմբակները, որոնք պատրաստ են ծառայելու իրենց հաշիւներուն ու պահանջներուն, ու բաւականանալու շան երախը նետուող ոսկորի բեկորներով: Այլ խօսքով, իրողապէս գործակալ դարձող իշխանաւորներու առիթը կը տրուի մասնակի օգուտներ քաղելու, այն տրամաբանութեամբ, որ «մեղր ծախողը մատները կը լիզէ»: Իսկ եթէ պատահի, որ որոշ խմբակ մը յագուրդ չի տար չարաշահողներու ախորժակներուն, կը դառնայ թիրախ, վարչակարգ մը կրնայ տապալիլ կամ մատնուիլ տնտեսական-քաղաքական պաշարումի (ծառայողին կը ներուի ամէնէն ահաւոր ապօրինութիւններն անգամ): Օրինակները աշխարհատարած են, Ծայրագոյն Արեւելքէն մինչեւ արաբական աշխարհ եւ Հարաւային Ամերիկա: Հայաստանն ալ ինկած է նոյն օղակին մէջ:

Հետեւա՞նքը: Կը ստեղծուի վիճակ, ուր երկրի մը բնական հարստութիւնները չեն դրուիր ի սպաս այդ երկիրներու ժողովուրդի բարօրութեան, գործի ասպարէզներու ընդարձակման: Կը պատահի հակառակը՝ աշխատանքի ասպարէզները կը կրճատուին: Հոս դեր ունին այլ գործօններ, ինչպէս, օրինակի համար՝ արդի արհեստագիտութեան բարիքներէն ծնած չարիքները, երբ հարիւր աշխատաւորի ըրած գործը նոր սարքերով կրնան ընել քանի մը հոգի, մտրակահարելով գործազրկումը: Ու երբ գործազրկումը (օտարներու շահագործման եւ այլ պատճառներով) կը կլանէ զանգուածները, բնական է, որ անոնք իրենց աչքերը ուղղեն դէպի «աւետեաց երկիրներ»՝ Միացեալ Նահանգներ կամ եւրոպական երկիրներ, առանց իսկապէս գիտնալու, թէ հոն իրենց ինչպիսի՜ ողբերգութիւններ կը սպասեն (ճամբու ընթացքին զոհ երթալը միայն մէկ երեսն է աւելի լայն ողբերգութեան):

Չանտեսենք նաեւ տուեալ երկրի մը մէջ գործազրկումի եւ նման արհաւիրքներէ ծնած՝ ներքին պատերազմական վիճակները: Երբ իշխանութեան շուրջ մրցակցութիւն կը հրահրուի, երբ ընչաքաղց խմբակ մը, որ կը ծառայէ շահագործող-չարաշահներու հաշիւներուն (կրկնենք՝ իր մատները լիզելով), բնականաբար իր դիմաց կը գտնէ իրաւազրկեալներու, անտեսուածներու եւ աղքատացումի մատնուողներու զանգուած մը, որ կ’աշխատի բարեփոխել կացութիւնը: Սա առիթ կը ստեղծէ… արտաքին չարաշահողներու այլ «հոսանք»ի մը միջամտութեան, կը պայթին «քաղաքացիական կռիւներ» (չցանկագրենք այն երկիրները, ուր «քաղաքացիական պատերազմ» խորագիրին տակ քանդում ու տնտեսական նահանջ կը բերուի՝ նոյնինքն երկրի զաւակներու իսկ ձեռքով, որոնք ենթակայ կը դառնան արտաքին այս կամ այն ազդեցութեան), անապահովութիւնը կը մտրակահարէ գործազրկումը, մարդիկ կը տեսնեն, որ հորիզոնը մթագնած է, փապուղիին ծայրը չ’երեւիր, կը մտածեն, որ իրենց երկրին մէջ «ապագայ չկայ» (մինչեւ իսկ եթէ չարաշահներուն եւ օտարին հաշիւներուն օձիք տուած վարիչը յայտարարէ, թէ «ապագայ կայ»), եւ կը բռէն արտագաղթի ճամբան:

Կան նաեւ այլ դրդապատճառներ, որոնցմէ որեւէ մէկը արդարացումի տերեւ մը չունի: Կան ցեղային հակադրութիւններ – եւ զանոնք հրահրող-շահագործողներ -, կան պատմական անցեալէն եկող անլոյծ հարցեր – եւ զանոնք շահագործողներ -, կան «դասակարգային»-հակամարտութեան հարցեր…

ՄԱՐԴԱԿԵՐՏ ՏԱԳՆԱՊ

Մէկ խօսքով, եւ առանց օրինակներ թուելու, կ’ուզենք ընդգծել, որ այստեղ լուսարձակի տակ բերուող տագնապը առաւելաբար ՄԱՐԴԱԿԵՐՏ է, հետեւանք՝ որոշ խմբակներու շահամոլութեան եւ մարդ արարածին արժէքին ոտնակոխման: Չարհամարհենք բնական մեծ աղէտները, որոնց հետեւանքով զանգուածներ անտուն եւ անեկամուտ կը դառնան, սակայն անոնք այս տագնապին մէկ շատ փոքր կոտորակը կը կազմեն եւ յաճախ կարճ ժամանակի մէջ որոշ դարման կը գտնեն: Ողբերգութեան մէկ ծալքն ալ հոն է, որ խեղճ գաղթականները, բռնագաղթուածները կը դառնան մեղադրեալ, պարսաւանքի ու հալածանքի թիրախ: Օրինակի համար, ուղեղալուացքի ենթարկուած ամերիկացիք կը ձայնակցոն «ապօրինի ներգաղթողներ»ը ամէն տեսակի անմարդկային հալածանքի ենթարկողներուն, առանց թոյզն ճիգը ընելու եւ հարց տալու, թէ սա խեղճերը ինչո՞ւ լքած են իրենց այլապէս բարօր ու բարեբեր հայրենիքները, յանձն առած են տառապանք ու հալածանք (կոտորակ մըն ալ մղուած… ձրիակերութեան):

Հին Յունաստանէն սկսեալ մինչեւ յետ-միջնադարեան Զարթօնքի մտածողները մարդկային ընկերութիւնը դէպի զարգացում եւ բարօրութիւն առաջնորդեցին՝ երբ յառաջ մղեցին այն ճշմարտութիւնը, թէ ՄԱՐԴՆ Է ՏԻԵԶԵՐՔԻ ԿԵԴՐՈՆԸ, մարդը դասեցին բարձրագոյն արժէք, մարդկային կեանքը՝ ամէնէն աւելի պահպանելի-պաշտպանելի «առարկայ»: Աշխարհամարտերն ու անոնց հետեւած ճակատումները, իսկ այսօր՝ իրողական Գ. Աշխարհամարտը վերիվայր շրջած են այդ ճշմարտութիւններն ու արժեչափերը: ՆԻՒԹը դարձած է գերագոյն արժէք ու նպատակ, որուն կարելի է զոհաբերել միլիոնաւոր կեանքեր, զոհերուն ստացուածքն ու բարոյական ամէն սկզբունք, արժէք (երբ մէկը բարոյական արժէքի եւ ազնիւ սկզբունքներու մասին խօսի, ծաղրի առարկայ կը դառնայ եւ կը յորջորջուի
իբրեւ… երազատես, անգործնական, ոտքերը աշխարհի իրականութիւններէն կտրած իտէալապաշտ): ՆԻՒԹԱԿԱՆ ՇԱՀՈՒ հետամտութեամբ՝ «բարի լոյս» ու «բարի գիշեր» ըսողներուն համար – անոնք ըլլան հսկայական շահ ապահովող աշխարհատարած ընկերութիւններ ու կազմակերպութիւններ թէ անոնց իրողական կամակատարը դարձած պետական վարչամեքենաներ, նոյնինքն գեր-պետութիւններ -, ո՛չ մէկ կարեւորւթիւն ունի, թէ տեղահանուածներուն թիւը 120 միլո՞ն է թէ մէկ միլիառ, կամ թէ անոնցմէ քանի՞ն զոհ կ’երթայ գաղթի՝ իրողական բռնագաղթի՛ ճամբաներուն վրայ: Անոնց դիտանկիւնէն՝ շահեկանը այն է, թէ նման տագնապներէ ինչպէ՞ս կարելի է օգտուիլ, շահ ապահովել (յիշատակեցինք Թուրքիոյ օրինակը): Անկէ անդին, արդարութիւն եւ որոշ լուծումներ հետամտող կազմակերպութիւններ, ատեաններ ու անոնց այլապէս արդար վճիռները պարզապէս դիմակ փրկելու ծառայող բաներ են, զոհին հոգեկան որոշ գոհունակութիւն պատճառող – բայց տագնապներուն դարման չբերող – գործիքներ: Աւելի՛ն, նման տագնապներ, ողբերգութիւննե՛ր, այլապէս զանգուածները զբաղեցնելու միջոցներ են ընտրապայքարներու մէջ եւ այլապէս, որովհետեւ, ինչպէս տեսանելի է, մարդոց կողմէ դիտումնաւոր կերպով ստեղծուած ողբերգութիւնները բնականաբար չեն կրնար լուծում ակնկալել արարողներուն ձեռքին:

ԱՆԿՈՒՄԷ ԵՏՔ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄ

Երբ աշխարհը՝ որոշ երկիր մը կամ երկրամաս մը կը գտնուի նման ահաւոր տագնապի մը կիզակէտին՝ «ուրականի աչքին մէջտեղը», ընդհարապէս կը ստեղծուի այն հոգեվիճակը, որ ասկէ կարելի չէ դուրս գալ, մարդկային ուժը անզօր է դէմ դնելու նման արհաւիրքներու: Նոյնը չէ՞ պատերազմի կիզակէտին ինկած երկիրներու-ժողովուրդներու պարագան, երբ ամէն օր տեղացող ռումբերն ու հրթիռները կը դիտուին իբրեւ անվերջանալի եղելոյթ, որուն հետ պէտք է հաշտուիլ (միթէ կարելի՞ է նման վիճակի հետ հաշտուիլ):

Այսօր, այսինքն՝ իրողական Գ. Աշխարհամարտի փուլին, երբ Արեւելքն ու Արեւմուտքը հաւասարապէս կը վազեն դէպի յաւելեալ սպառազինում, ճակատումի, պատերազմի նոր դաշտեր կը փնտռեն ու կը ստեղծեն, գաղթականներու տագնապն ալ ինքզինք կը գտնէ անյոյս վիճակի մէջ:

Սակայն կարեւոր է նաեւ նայիլ դէպի հեռուն (որքան որ փոթորիկներէն բարձրացած ծուխն ու փոշին կը թոյլատրեն) եւ յիշել, վերստին իրազեկ ըլլալ, որ որեւէ սկսուած արհաւիրք, մանաւանդ երբ մարդակերտ է, կ’ունենայ, պէ՛տք է ունենայ վախճան մը, վերջակէտ մը (բնականներն ալ սկիզբ ու վախճան կ’ունենան անշուշտ): Այդպէս էին աշխարհամարտերը եւ անոնց միջեւ երկարող տասնամեակները կէտկիտող մեծ ու փոքր պատերազմները, տագնապները: Եւ իւրաքանչիւր անկումի յաջորդած է վերելքի փուլ մը:

Լուման բանալին նոյնինքն մարդոց ձեռքն է, պայմանաւ, որ զանգուածները կարողութիւնը ձեռք բերեն ձերբազատելու այս կամ այն ուղեղալուացքէն, վերականգնեն կենդանական աշխարհին մէջ մարդ արարածին իւրայատուկ՝ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ (այս բառը չենք արձանագրեր զգացական մօտեցումով), փնտռել եւ գտնել ազդու միջոցները՝ ի՛սկապէս փոքրամասնութիւն մը կազմող շահամոլներուն տիրակալութեան վերջակէտ մը դնելու: Մէկ խօսքով, արդի մարդը, որ ուսումնառութեան եւ գիտութեան կալուածներուն մէջ հիմա շա՜տ աւելի յառաջդիմած է ու նախորդ դարերէն աւելի՛ բարձր կը կանգնի, առաքելութիւնը ունի իր գիտելիքն ու իմացական կարողութիւնները ի սպաս իրեն ու ապրող էակներուն գործի լծելու, դուրս գալու ուսեալ տգէտի կացութենէն: Սա մարդկային ընկերութեան դէմ կանգնող ամէնէն ազնիւ մարտահրաւէրն է, եւ ո՛չ միայն գաղթականներու տագնապին դիտանկիւնէն, այլ ընդհանրապէս խաղաղութեան, բարօրութեան եւ համերաշխ գործակցութեան ենթահողի պատրաստութեան առումով:

Տուեալ պայմաններուն մէջ, սա բաւական դժուար իրականանալի առաջադրանք է, մինչեւ իսկ՝ անկարելի թուացող, որովհետեւ ստրուկի վիճակին դէմ պայքարողին՝ ստրկացնողը առիթ եւ արտօնութիւն պիտի չտայ: Սակայն փակ օղակը չի կրնար վերջնական եւ մշտական ըլլալ:

…Բոլորովին տարբեր պայմաններու եւ ազդակներու տակ, Զարթօնքի մեծ մտածողներէն մէկը՝ Ռընէ Տեքարթ, պահ մը իր գոյութեան մասին իսկ կասկած ունեցած է, սակայն գտած է լուծման բանալին. «Կը մտածեմ, ուրեմն կամ» (Արքիմիտէսն ալ դարեր առաջ բացագանչած էր. «Էվրեքա՜»): Նմաններն են որ լուսաւորած են մարդկային ընկերութեան երկնակամարը:

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Խմբագրական. Որպէսզի Վերապետականանան Հա

Հայ դատի համակարգի համահայկական խորհրդաժողովի բացման նիստին հնչած յայտարարութի

25 Սեպտեմբեր 2026
Շարունակելու ենք Հայ Դատի մեր ծաւալուն

Հայ դատի կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի խօսքը Հ․Յ․Դ․ Հայ

25 Սեպտեմբեր 2026
Մեր առաքելությունը սոսկ քաղաքական չէ.

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելյանի խոսքը՝ ՀՅԴ Հայ

25 Սեպտեմբեր 2026
Այսօր կանգնած ենք ճակատագրական ջրբաժան

ՀՅԴ Բյուրոյի ներկայացուցիչ Արմեն Ռուստամյանի խոսքը՝ ՀՅԴ Հայ դատի համահայկական

25 Սեպտեմբեր 2026
Մեծ մտահոգություն է եկեղեցու և կաթողիկ

«Մեզ համար մեծագույն մտահոգություն է Եկեղեցու եւ անձամբ վեհափառի դեմ տարվող ար

25 Սեպտեմբեր 2026
Խաղաղությունը արդարության վրա պետք է հ

«Մեր պատգամը հստակ է՝ եթե Հարավային Կովկասում պետք է լինի խաղաղություն, այդ խա

25 Սեպտեմբեր 2026
Իշխանությունները ազգային մտածողության

Հայաստանի ներկա իշխանությունները Թուրքիայի և Ադրբեջանի նախագահների՝ Ռեջեփ Թայի

25 Սեպտեմբեր 2026
Ակնարկ. Նախապայմաններ Եւ Փոխկապակցումն

Երեւան-Անգարա երկխօսութեան արդիւնաւորման համար Անգարայի դասական նախապայմանները

25 Սեպտեմբեր 2026
Թորոնթօն եւ գանատահայութիւնը տիպար օրի

Ստորեւ կը ներկայացնենք Թորոնթոյի նորահաստատ «Նարեկ» Հայ Կրթական եւ Մշակութային

24 Սեպտեմբեր 2026
Հարաւային Ամերիկայի Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական

35 տարի առաջ, հայ ժողովուրդը որոշում մը առաւ, որը անգամ մը եւս փոխեց մեր պատմո

24 Սեպտեմբեր 2026
Հայաստանում կգումարվի ՀՅԴ Հայ դատի համ

Հայաստանում սեպտեմբերի 25-28-ը կգումարվի ՀՅԴ Հայ դատի հանձնախմբերի և գրասենյակ

24 Սեպտեմբեր 2026
«Արցախահայերի սոցիալ-տնտեսական, իրավակ

Սեպտեմբերի 23-ին, ՀՀ ԱԺ մարդու իրավունքների և հանրային հարցերի մշտական հանձնաժ

24 Սեպտեմբեր 2026
Մուսա Լերան Հերոսներուն Յիշատակը Կը Պա

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեանի խօսքը՝ Մուսա Լ

24 Սեպտեմբեր 2026
Հըզպալլայի Պատուիրակութիւնը Այցելեց «Շ

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան 23 սեպտեմբեր 20

24 Սեպտեմբեր 2026
Փաշինյանը հակահայկական հայտարարություն

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինյանը 2026 թ. սեպտեմբերի 17-ին Երևանում ելույթ ունեցավ «Համ

22 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Դերերու բաշխում, ոչ թէ հակ

23 Օգոստոս 1990-ին, Հայաստանի համաժողովրդային շարժումին յաջորդեց Անկախութեան հ

22 Սեպտեմբեր 2026
Տեղի ունեցավ «Հայաստան» խմբակցության մ

Այսօր՝ սեպտեմբերի 22-ին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի ներկայացուցիչ, ԱԺ «Հայա

22 Սեպտեմբեր 2026
Հ․Հ․ Անկախութեան Խաւարային Ստուերը՝ 44

«Դուք չէք կրնար նկարագիր եւ քաջութիւն կերտել՝ մարդոցմէ խլելով իրենց նախաձեռնու

22 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական.- Հայաստանը՝ 35 Տարեկան

1991ի Սեպտեմբեր 21ին, երբ Հայաստան անկախութիւն հռչակեց Խորհրդային Միութենէն, ի

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Սեպտեմբերի 21. Պետականութի

Այսօր 2026 թ. Սեպտեմբերի 21-ը Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախութեան 35-ամեակ

21 Սեպտեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company