ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Հոդվածներ

Պատմութիւն երկարականջ չորքոտանիի մասին

10 Դեկտեմբեր 2024

Օսմանեան կայսրութեան տարածքը, թրքական նոր կայսրութեան ծրագիրը

Սարգիս ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Հալէպի անկումով սկսած եւ Դամասկոսի գրաւումով աւատրին հասած «սուրիական յեղաշրջումը» բազում եւ հակասական մեկնաբանութիւններու, նախատեսութիւններու եւ «բախտագուշակութեան» ալիքներ տարածեց աշխարհով մէկ, միաժամանակ մտավախութեան եւ գոհունակութեան ալիքներ տարածեց տարբեր երկրամասերու մէջ, տարբեր ուժերու մօտ: Ոմանք շուրջ տասնօրեայ դէպքերը դիտեցին միայն այս կարճ ժամանակահատուածին մէջ, ուրախացան, որ արտաքին ու ներքին բազում մարտահրաւէրներու դէմ կանգնած իշխանութիւնը (որ իր երկրի շահերուն հետամուտ էր ընդհանապէս) հասած է վախճանին, իսկ ուրիշներ մտահոգ են, որ Սուրիա եւս, հակառակ առաջին օրերուն տարածուած յուսատու ալիքներուն, կրնայ մատնուիլ Իրաքի, Լիպիոյ եւ «Արաբական գարուն»ը ճաշակած, ծայրայեղական կրօնամոլներու շահատակութիւններուն զոհ գացած երկիրներու եւ ժողովուրդներու ճակատագիրին (հիմա շա՜տ աւելի յստակ է, որ այդ «ծայրայեղականներ»ը ուրկէ կը խմէին իրենց ջուրը, անհեռատես հզօրները ինչպէ՛ս, ուղղակի եւ անուղղակի միջոցներով նպաստած են անոնց վերելքին):

Մինչեւ իսկ ամերիկեան հեղինակաւոր թերթեր կը տեսնեն, որ այս իմաստով, մութ ամպեր կան հորիզոնին, թէ՝ իշխանութեան տապալումը՝ (իրական կամ շինծու-չափազանցեալ) տագնապին լուծումը չէ, այլ նոր արհաւիրքներով յղի օրեր կան այդ երկրին դիմաց (նաեւ աւելի հեռուները): Ամէնէն շօշափելի ապացոյցները եղան այն՝ որ Թուրքիա եւ Իսրայէլ վար առին թշնամութիւն խաղալու իրենց դիմակները եւ ձեռնարկեցին Սուրիայէն նոր պատառիկներ խլելու «քաջագործութիւններու»: Մարդկային ողբերգութեան նոր դրուագներու նախաճաշակ մըն ալ տեսնուեցաւ Թուրքիոյ սահմանամերձ՝ քրտական շրջաններու մէջ, ուր քիւրտերու դէմ հալածանքի եւ ջարդի ահազանգեր հնչեցին:

Եկէ՛ք, պահ մը մէկդի ձգենք իշխանափոխութեան կապուած վարկածներն ու նախատեսութիւնները եւ այս փուլը դիտենք պատմութեան քիչ մը աւելի ընդարձակ տարածքին մէջ, ցուցահանելու, թէ աշխարհի մէջ քողարկեալ ինչպիսի՜ եւ ահաւո՛ր այլափոխութիւններ տեղի ունեցած են, տեղի կ’ունենան, նաեւ՝ մեր աչքերը սեւեռելու դէպի այն հորիզոնները, որոնց հասնելու կը միտի Թուրքիա:

ՕՍՄԱՆԵԱՆ ԿԱՅՍՐՈՒԹԵՆԷՆ…
Եթէ ետ երթանք քանի մը դար, պիտի յիշենք, որ թրքացեղ ուժերը Փոքր Ասիոյ մէջ իրենց յենարանները ստեղծեցին մօտաւորապէս տասը դար առաջ, յետոյ, ուժի եւ եաթաղանի զօրութեամբ, ստեղծեցին ընդարձակ կայսրութիւն մը, որ աշխարհի պատմութեան մէջ արձանագրեց ընդհանրապէս կարմիր ու սեւ էջեր, այսինքն՝ ջարդ, աւեր ու բռնատիրութիւն:

Օսմանեան կայսրութիւնը նախ ատեն մը ինքն իր ոտքերուն վրայ ապրեցաւ, իր սահմանները տարածեց մինչեւ Եւրոպայի կեդրոնական գօտին, նաեւ՝ դէպի արաբական աշխարհ, ահազանգի մատնեց կայրութիւններ ու թագաւորութիւններ: Եւրոպան (այդ օրերուն աշխարհի ուժերուն ու մրցակցութիւններու քարտէսին վրայ Ամերիկա մը չկար, իսկ Չինաստանն ու արեւելեան այլ երկիրներ կ’ապրէին իրենց աշխարհին մէջ) ի վերջոյ ՏԵՍԱՒ Օսմանեան կայսրութեան բերած պատուհասներն ու սպառնալիքները, սկսաւ քայլ առ քայլ ետ մղել Օսմանի ժառանգորդները, մկրատեց թրքական կայսրութեան սահմանները: Ազգ-պետութիւնները մէկը միւսին ետեւէ հեռացուցին եասթաղանին վտանգը (սպառնալիքը կը մնայ նաեւ այսօր): Յետոյ, բացարձակապէս իր շահերէն ելլելով (ու տեսնելով, որ Օսմանականէն դէպի հիւսիս-արեւելք ծնած է նոր ուժ մը՝ ցարական Ռուսիան), չհասաւ թրքական կայսրութիւնը վերջնականապէս խորտակելու քայլին, զայն վերածեց նոր հակամարտութիւններու իր մէկ խաղաքարտին: Եւ թուլացած ու սնանկացած Օսմանեան կայսրութիւնը հռչակուեցաւ «Եւրոպայի հիւանդ մարդը»:

Շատ աւելի ուշ, բացայայտ ուշացումով տեղի ունեցաւ այդ կայսրութեան խորտակումն ու մասնատումը՝ Ա. Աշխարհամարտի վաղորդայնին: Եթէ օսմանցիները եաթաղան կը գործածէին, եւրոպացիք աւելի նրբաճաշակ դուրս եկան եւ ճաշի դանակներով եւ պատառաքաղներով մասնատեցին կայսրութիւնը, ստեղծեցին գաղութատիրական աշխարհ մը, որուն մէջ մտան ո՛չ միայն Օսմանեան կայրութեան լուծէն դուրս եկողները, այլ նաեւ ափիկեան երկիրներ, իբրեւ յաւելում՝ Արեւելքի եւ Հարաւային Ամերիկայի մէջ նախորդ դարերուն հաստատուած գաղութատիրական գօտիներուն:

Մեր այս սիւնակին խորհրդածութեան կիզակէտը այն է, որ եւրոպացի հզօրները, ճիշդ է որ իրե՛նց շահերուն եւ շահադիտական ծրագիրներուն մղումով, տեսած էին, ըմբռնած՝ թրքական կայսրութեան վտանգաւոր եւ վնասարար էութիւնը, կործանանար դիմագիծը, եւ երկար տատամսումէ ետք անցած էին (այլապէս այլանդակ) վիրահատութեան: Արաբներն ալ, որ լուսաւոր էջեր թողած էին աշխարհի պատմութեան մէջ, օսմանեան տիրապետութեան տարիները որակեցին «անկումի, բթացումի դարաշրջան»:

Օսմանեան կայսրութիւնը հասած էր իր անբարունակ վախճանին: Եւ անիկա ԲՆԱԿԱՆ եղելոյթ էր, իբրեւ ԲՆԱԿԱՆ իրադարձութիւն արձանագրուեցաւ պատմութեան էջերուն:

… ՆԵՐԿԱՅ ՕՐԵՐԸ
Չմտնենք պատմութեան ծալքերուն եւ մանրամասնութիւններուն մէջ, որոնք ընդհանրապէս ծանօթ են բոլորիս: Հասնինք մեր օրերը, երբ տեղի կ’ունենան ԱՆ-ԲՆԱԿԱՆ զարգացումներ, այսինքն՝ դէպքեր՝ որոնք ժխտումն են դար մը առաջ բնական սեպուող դէպքերուն:

Թուրքիա գաղտնի չէ պահած, որ ճամբայ ելած է իր կայսրութիւնը վերականգնելու, մինչեւ իսկ զայն աւելի տարածուն դարձնելու հեռանկարով: Մեր սիւնակին ընկերացող քարտէսներէն երկրորդը ցոյց կու տայ այն տարածքները, որոնց աչք ունի Թուրքիա (եւ սա անկախ անկէ, թէ անոր նախագահը Էրտողա՞նն է, նախորդը թէ յաջորդները): Թրքական նոր կայսրութեան մէջ պիտի մտնեն նախ եւ առաջ Հայաստանն ու Վրաստանը, Սուրիոյ ուղղութեամբ նախաքայլեր էին Ալեքսանտրէթին կցումն ու վերջին տարիներուն՝ հիւսիսի սահմանին երկայնքին ստեղծուած «ապահովութեան գօտի»ները, իրողական կամ ծրագրուած Քիւրտիստան(ներ)ը, ու մինչեւ Ղազախստան տարածքներ. Ռուսական դաշնութենէն ալ հսկայական տարածքներ կան «մսավաճառ»ին ճաշացուցակին վրայ: Բացայայտ է, որ Իրանին մօտենալու յաւակնութիւն չկայ:

Դէպի արեւմուք ու հարաւ՝ թրքական ծրագիրները նկատի ունին Լիբանանը, Յորդանանը, Իրաքն ու Սէուտական Արաբիան, մէկ խօսքով՝ ամբողջ Արաբական թերակղզին, յետոյ նաեւ Եգիպտոսը եւ Լիպիան: Մանր համադամներ են Կիպրոսի մնացեալ բաժինն ու Յունաստանը: Իսկ եթէ հաշուի առնենք, որ «ախորժակը ուտելով կը բացուի», դարաւոր «Սահմանք քաջաց, զէնն իւրեանց» նշանախօսքը կը զգենու թրքատիպ նոր մեկնաբանութիւն: Այդ ախորժակներու դիմաց, գոնէ Հայաստանի մէջ կայ իշխանութիւն մը, որ հեծանիւով կը զբաղի եւ ամանորի տօնածառ լուսաւորելով կը հրճուին, նաեւ հանրութիւնը կը զուարճացնեն սա կամ նա պաշտօնազրկելով ու աթոռի փոխանակման խաղերով…

Իրականութիւնները ցոյց կու տան, որ աշխարհի անիւը ծուռ դարձած է: Այլ խօսքով, այն երկիրներն ու ուժերը, որոնք դար մը առաջ տեսած էին թրքական արեան ծովերով կարմրած հորիզոնները, հիմա կարծէք թէ կրաւորականի աչքերով կը դիտեն Թուրքիոյ ծաւալապաշտութիւնն ու Սուրիոյ մասնատումը (բնականաբար մեր մաղթանքն է, որ Սուրիոյ դէպքերը այլ ուղղութիւն ստանան): Արաբական երկիրներ կոյր ու խուլ կը ձեւանան թրքական սպառնալիքներուն դիմաց, անոնց չէ արտօնուած տեսնելու ուղղակի իրենց սպառնացող վտանգները, որովհետեւ մեծ մասամբ կապանքի ենթարկուած են եւ պատանդ բռնուած՝ Թուրքիոյ կողքին կանգնողներուն, անոր տարածումէն շահեր ապահովելու հաշիւներ ունեցողներուն կողմէ:

Քարտէսը ուշադրութեամբ դիտողը կը տեսնէ, որ թրքական կարմիր կայսրութիւնը պիտի չկլանէ… Իսրայէլը, որուն հետ «անհաշտ թշնամութիւն» կը խաղար Էրտողան, մինչեւ երէկ, երբ Իսրայէլ կը ջարդէր պաղեստինցիները, կը քանդէր Կազան, եւ Էրտողան կը սպառնար «Իսրայէլ մտնել այնպէս՝ ինչպէս մտած էր Արցախ…»:

Իսկ ո՞վ կրնայ ինքնավաստահօրէն ըսել, թէ վտանգներ ու սպառնալիքներ պիտի չկախուին այսօր անտարբեր ու Թուրքիոյ զօրակից խաղացողներու գլուխներուն, երբ «հրէշը դուրս ցատկէ սրուակէն»: Այո, Թուրքիան նախկին Թուրքիան չէ, որովհետեւ զայն շահագործողները տարբեր կալուածներու մէջ նպաստած են, որ ան չմտնէ «հիւանդ մարդ»ու կօշիկին մէջ: Անոր նկատմամբ այլանդակ հանդուրժողութիւն մը կը խաղցուի… ցնոր տնօրինութիւն:

Առածը կ’ըսէ. «Երկարականջ չորքոտանին մէկ անգամ կ’իյնայ նոյն փոսը»: Երկարականջը նապաստակը չէ անշուշտ…

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Հանդիպում ԷՏԷՔ կուսակցութեան նորընտիր

ՀՅԴ Կիպրոսի Կոմիտէի պատուիրակութիւնը՝ բաղկացեալ Սիմոն Այնէճեանէն եւ Ռաֆֆի Մահտ

20 Նոյեմբեր 2026
Հարաւային Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախու

Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Նոյեմբեր 18-ին յարգանքի հանդիսութիւն

20 Նոյեմբեր 2026
Հայհոյանքը փաստի սով Է

Հայաստանի հանրապետութեան նոր Սահմանադրութեան ընդունման հարցը վերածուած է օրակա

20 Նոյեմբեր 2026
Ակնարկ. Առաջարկի Թաքուն Բաժինը Եւ Ժողո

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը թէ՛ Ազգային ժողովի եւ թէ՛ կառավարութեան նիս

20 Նոյեմբեր 2026
Նիւ Եորքի Հայութեան Միջամտութեամբ Վար

Նոյեմբեր 8ին, Մենհեթընի «Պոլինկ Կրին» զբօսայգիին մէջ՝ Ատրպէյճանի «Յաղթանակի օր

19 Նոյեմբեր 2026
Պրիւքսէլի երկար ու դժուարին ուղին

Եւրոմիութեան Հայաստանի անդամակցութիւնն ու մերձեցումը՝ նոյնիս՛կ ոլորապտոյտ եւ փ

19 Նոյեմբեր 2026
Դու պիտի գնաս, որ Հայաստանը մնա

ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչ, ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության պատգամավոր Իշխան

19 Նոյեմբեր 2026
Պիլալ Էրտողանի Լիբանան Այցելութեան Վեր

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի որդիին` Պի

18 Նոյեմբեր 2026
Բագրատունի Ընդունեց Երկխօսութեան Ազգայ

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի

18 Նոյեմբեր 2026
Հայաստանի թշնամիները երբեք գոհ չեն լին

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինյանը սխալմամբ կարծում է, թե Ադրբեջանին և Թուրքիային շարուն

17 Նոյեմբեր 2026
Երեք տարի անց արցախյան հակամարտություն

Հայ դատի կենտրոնական խորհուրդն այսօր հրապարակել է իր «UNRESOLVED: The Conflict

17 Նոյեմբեր 2026
Այսօրվա լսումները պետք է դառնան ոչ թե

ՀՅԴ Բյուրոյի անդամ, ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության պատգամավոր, ԱԺ Մարդու իրավունքն

16 Նոյեմբեր 2026
ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցությունը հրավիր

ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության նախաձեռնությամբ նոյեմբերի 16-ին կազմակերպվել էին

16 Նոյեմբեր 2026
Նիդերլանդների ՀՅԴ կառույցի հայտարարութ

2026 թվականի նոյեմբերի 5-ից 8-ը, Հայաստանի Հանրապետության իշխանությունը բռնազա

16 Նոյեմբեր 2026
Ակնարկ. Հայաստանը ՀԱՊԿ-ի խաչմերուկում

Մոսկւայում նոյեմբերի 11-ին կայացած Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակեր

16 Նոյեմբեր 2026
Հաստատվել է «Հրայր Մարուխյան» հիմնադրա

Առաջադիմական հետազոտությունների եվրոպական հիմնադրամի (Foundation for European

14 Նոյեմբեր 2026
Ցեղասպանութիւնը ուրացողները եւ չՍփիւռք

Շուշիի մէջ Ալիեւ-Էրտողան տանդեմը կը տօնէ Քառասունչորսօրեայ պատերազմի յաղթանակը

14 Նոյեմբեր 2026
Արեւմտեան Գանատայի Հայ Դատի յանձնախում

ՎԱՆԳՈՒՎԸՐ.- Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի Արեւմտեան շրջանի ներկայացուցիչներ Յ

13 Նոյեմբեր 2026
Խօսողին Լսող Է Պէտք

Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ ՀԱՊԿ-ի (Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակեր

13 Նոյեմբեր 2026
Ակնարկ. Իրանեան Ուղերձներ` Սպառնական-Գ

Իրանի հոգեւոր պետի խորհրդականին եւ փոխնախագահին` Հայաստանի ուղղութեամբ կատարած

13 Նոյեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company