ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Հոդվածներ

Հրդեհները. Ոգեշնչող Եւ Դառնացնող Պատկերներ

12 Հունվար 2025

Աշխարհի լրատուական ցանցերու մէջ, քանի մը օրէ ի վեր առաջնակարգ տեղ գրաւող՝ Լոս Անճելըսի հրդեհները, ահաւոր ողբերգութեան տարբեր երեսները ցուցահանելու կողքին, ի յայտ բերին նաեւ ոգեշնչող ու դառնութիւն պատճառող հակոտնեայ պատկերներ:

Նման տարողութեամբ աղէտին մէջ, ի՞նչ ոգեշնչող բան կայ, պիտի հարցնէ մտահոգ ընթերցողս: Արձանագրեմ մէկ քանին:

Աղէտահարները՝ բնակարան եւ ստացուածք կորսնցնող բնակիչները անմիջապէս զգացին, որ իրենց բաժին ինկած ողբերգութեան մէջ առանձին չեն: Բարեկամներ ու հարազատներ իրենց տուներուն դուռները լայն բացին աղէտեալներու առջեւ, նմանապէս՝ եկեղեցիներ, ակումբներ եւ համայնքային-քաղաքացիական-քաղաքային այլ կեդրոններ: Անոնց շարքին են հայկական ակումբներ, եկեղեցիներ, դպրոցներ եւ այլ հաստատութիւններ: Պետական նպաստներու խոստումները շարան կազմած են, սակայն յայտնապէս գործնական բաժինը դանդաղում կ՛ապրի: Խօսքը չի վերաբերիր հրշէջներուն, ոստիկաններուն եւ նման «բազուկներու», որոնք կ՛ընեն կարելի լաւագոյնը, թէեւ անոնց գործին հեզասահ ընթացքը իր դիմաց ունի չըլլալիք «արգելակներ» (այդ մասին քիչ մը անդին):

Զուգահեռաբար, ի յայտ եկաւ ՄԱՐԴՈՑ մարդկայնութիւնը, իրարու օգնութեան հասնելու տենդը: Անդուլ գործի լծուած են յիշեալ կեդրոններու պատասխանատուներ, բազմաթիւ կամաւորներ ու զանոնք «գրկած» համայնքները, մէկ խօսքով՝ «Բարի սամարացիները»: Յուզիչ են այն պատկերները, ուր կ՛երեւին պատկերասփիւռի պաստառներէն: Տարբեր շրջաններու մէջ ստեղծուած են նպաստի եւ օգնութեան հաւաքման կեդրոններ, մէկ մասը՝ բաց երկինքի տակ. պարզ թաղեցիներ եւ հաստատութիւններ կը փութան նուիրաբերելու: Սա բարենիշ մըն է այս ժողովուրդին: Անշուշտ ամերիկացի ժողովուրդը իւրայատուկ չէ, նման բնական աղէտներու ենթարկուող այլ երկիրներու մէջ ալ, օգնութեան փութալու ժողովուրդին՝ պարզ մարդոց ջանասիրութիւնը հասարակաց է: Մենք՝ հայերս լաւ գիտենք ասիկա…

Կամաւորներ գործի վրայ

***

Դառնութիւն պատճառող պատկերներն ու իրականութիւնները ձեւով մը կը հակակշռեն աղէտին համայնապատկերին մէջ երեւցող յիշեալ լուսատու գիծերը: Այս ցանկին վրայ, զոհերուն եւ ֆիզիքական վնաս կրողներուն թիւը այլապէս քիչ մը մխիթարական է, սակայն կան անընդունելի դէպքեր եւ ընթացքներ:

Արդէն աւելի բարձրաձայն կը խօսուի կողոպուտի արարքներուն մասին: Աւելի դառնացնողը՝ հրդեհը հակակշիռի տակ բերելու աշխատանքին մէջ տեսնուած, եւ վերոյիշեալ ճիգերէն անդին գացող բացթողումներն են, որոնք ծնունդ կու տան անհաշիւ հարցականներու, կասկածներու եւ արդար քննադատութիւններու: Ամէնէն ուժեղ հնչող հարցումը այն է, որ աշխարհի ամէնէն հարուստ եւ արհեստագիտական գետնի վրայ յառաջադէմ այս երկիրը ինչո՞ւ պէտք է որոշակի անճարակութիւն ցուցաբերէ նման աղէտներու դիմաց: Առարկելի չէ, որ բնական աղէտները ընդհանրապէս նախատեսելի չեն եւ մարդուն ուժը չի բաւեր զանոնք բաղձալի ձեւով դիմագրաւելու: Ասիկա ճիշդ է երկրաշարժներու եւ անկէ յառաջացող՝ ցունամիներու պէս աղէտներու, հանքերու մէջ անակնկալ արկածներու եւ նման՝ քիչ նախատեսելի աղէտներու պարագային, սակայն տեղ մը անբացատրելի ու անպատասխան կը մնան այլ հարցականներ: Թուենք մէկ քանին:

Բնական այս աղէտը պատճառ դարձած է քաղաքական բանավէճերու, այն պահուն՝ երբ աղէտեալը հազար տեսակի կարիք ունի. բանավէճ հրահրողները, որքան ալ, այսպէս ասած՝ հիմնաւորեալ պատճառ ունին, ընտրած են ամէնէն անյարմար պահը: Այս կէտին վրայ չենք ուզեր աւելի երկար կանգ առնել, այլ միայն աւելցնել, որ քաղաքական մարդիկ նման պահերու ի յայտ կը բերեն իրենց իրական դէմքը (բացառութիւնները յարգելի են միշտ), այսինքն՝ իրականութենէ եւ ժողովուրդի կեանքէն կտրուած ըլլալը:

Քալիֆորնիան, մասնաւորապէս անոր հարաւային գօտին, կարգ մը այլ նահանգներու պէս, ծանօթ է իբրեւ հրդեհներու գօտի: Վերջին աղէտէն հազիւ երկու շաբաթ առաջ, աւելի սահմանափակ տարածքով եւ աւելի մեղմ հետեւանքներով հրդեհներ պատուհասեցին Մալիպուն: Նախընթաց տարիներուն, նման հրդեհներ «սովորական» են: Այս բոլորը որոշ փորձառութիւն բերած են (պէտք է ըլլան) պետական իշխանութիւններուն եւ անոնց հովանիին տակ գործող սպասարկութիւններուն: Եւ ահա, կը տեղեկանանք, որ կարգ մը շրջաններու մէջ ջրմուղները չեն բանած սպասուածին պէս: Կը տրուին հազար ու մէկ պատճառաբանութիւն, սակայն անոնց շարքին չենք լսեր, թէ անհաճոյ անակնկալին դիմաց, ո՞վ եւ ինչպիսի՞ ԿՏՐՈՒԿ եւ արագ հակամիջոցներու դիմած է: Պատճառաբանութիւններէն մէկը այն է, որ ելեկտրականութեան հոսանքի խզումը պատճառ դարձած է դէպի բարձր բնակավայրեր ջուրի մղումին կասեցման, սակայն չի բացատրուիր, թէ ինչո՞ւ այլընտրանքի նախատեսութիւն չէ եղած: Աղբիւր մը հաղորդեց, որ բարձրադիր ջրամբարներ կ՛օգտագործուին… բնակարանէ զրկուած՝ անապաստաններու կողմէ (սա արդէն ողբերգական այլ հատոր մը կը կազմէ):

Հոս բանանաք լա՜յն փակագիծ մը եւ աչքի առջեւ բերենք յարակից տագնապ մը, որ անմիջականօրէն ի յայտ չեկաւ այս հրդեհներուն առիթով, այլ մշտական ՀԱՐՑ մըն է այս երկրամասին համար: Քալիֆորնիան, ինչպէս ամերիկեան այլ նահանգներ, կը գտնուի աշխարհի ամէնէն մեծ ովկիանոսին ափին, ունի երկա՜ր ծովափ: Ի հակադրութիւն նահանգի հիւսիսային գօտիին, հարաւային շրջանը ջուրի մեծ աղբիւրներ չունի: Տասնամեակներ առաջ, հեռատես եւ ՄՏԱԾԵԼՈՒ ԿԱՐՈՂ մարդիկ դարմանումի միջոցներ փնտռած են եւ գտած. հեռաւոր լիճերէ եւ գետերէ, ջրատար խողովակներով եւ արհեստական ջրանցքներով՝ ջուր հասցուցած են Լոս Անճելըսի շրջանը: Մինչեւ իսկ ովկիանոսի ջուրը օգտագործելի դարձնող՝ աղազերծող «հնոցներ» (desalination plants) կառուցուած են ծովափին: Ատեն մը ետք, նման ջրատարներ սկսած են աչքաթող ըլլալ, ջրազտումի կեդրոններ փակուած են, իսկ վերջին տարիներուն, նման ծրագիրներու իրականացման պահանջներ իրենց դէմ գտած են… բնապահպաններ: Հոս տեղը չէ մտնելու այն բանավէճին մէջ, թէ նման զտարաններ իսկապէս ի՞նչ վնաս կը պատճառեն, որքա՞ն ճիշդ են նման առարկութիւններ, այլ կը բաւականանանք շեշտելով, որ նման կացութիւններու դիմաց կանգնած այլ երկիրներ շատո՜նց լուծած են ջուրի, նա՛եւ ըմպելի ջուրի տագնապը: Քալիֆորնիոյ մէջ նման զտարաններու փակման եւ նորերու խափանման հետեւանքը ի՞նչ է եղած. ՋՈՒՐԻ ՏԱԳՆԱՊ: Միւս երեսն ալ, ներկայի ջրամատակարարման աղբիւրներուն չարաշահումն է մենաշնորհեալներուն կողմէ (եւ յայտնապէս հոն է թաղուած մեծ շան գլուխը, քանի՜-քանի շան գլուխներ…): Փակենք փակագիծը:

Դառնութիւն եւ զայրոյթ պատճառող այլ իրականութիւն մըն է ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱՄԷՆԷՆ ՀԶՕՐ ԵՒ ԿԱՐՈՂԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՎ ՕԺՏՈՒԱԾ ԹԵՒԵՐՈՒՆ բացակայութիւնը՝ աղէտին դիմագրաւման եւ հետեւանքներուն դարմանումի ճիգերուն մէջ: Ազգային պահակագունդէն փաղանգներու աղէտի գօտի հասցնելը միայն կիսամիջոց է: Եւ հոս է որ կը շեշտուի պետութենէն սպասուող գործօն միջամտութեան առնուազն դանդաղումը, պետութիւն մը՝ որ, ինչպէս նշեցինք՝ ունի ԿԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՄԻՋՈՑՆԵՐ, որոնք սակայն կը մսխուին այլապէս վնասարար նախաձեռնութիւններու մէջ, իսկ երբ երկրին ժողովուրդը ահաւասիկ անմիջական կարիքներ ունի՝ կը դրուի սպասողի նստարանին (յուսալով որ հրդեհ մըն ալ այդ նստարանը չփճացնէ): Եւ կ՛իմանանք, որ պետութիւնը կը խոստանայ լիովին հատուցել աղէտեալներուն (շա՛տ բարի), սակայն պաշտօնապէս կը յայտարարէ, թէ անիկա պիտի ըլլայ մինչեւ երեք ամիս (դիւանակալութիւն, քաղաքական սակարկութիւններ եւ մասամբ նորին…): Ո՞վ կ՛երաշխաւորէ, որ նման պայմանաժամ պիտի յարգուի: Անցեալ տարիներու աղէտեալներ կան, որոնք մնացած են անհատոյց (կրկնենք՝ այսքան հարստութեամբ օժտուած երկիր մը մէջ):

Եթէ շարունակենք այս ցանկը, կրնանք թուարկել այն լուրերը, թէ շուտով տուներու սակերն ու վարձքերը բարձրացում պիտի կրեն, ապահովագրութեան ընկերութիւններ ալ պիտի բարձրացնեն բաժանորդագիները (կարելի՞ է փախցնել նման իւղոտ պատառ մը…): Այս բոլորին դիմաց, պետութիւն կոչուած ցանցը ոչինչ կրնայ ընել, քանզի այս երկիրը որդեգրած է ազատ-շուկայականութիւն եւ… դրամատիրութեան ամէնէն վատ կիրարկումները:

Մէկ խօսքով, հրդեհներուն սանձումը եթէ անմիջականօրէն ցանկալի է, յստակ է, որ անոր պիտի հետեւի տաժանելի երկարաշունչ փուլ մը:

Այս բոլորէն անմիջականօրէն կարելի է հետեւցնել քանի մը բան. նախ այն, որ աղէտեալները կրնան մատնուիլ «մինչեւ առուն ջուր գայ, գորտին աչքը դուրս կու գայ»ի վիճակին, նաեւ կրնան խաղալիք դառնալ ազատ-շուկայականներու այլազան «սադրանք»ներուն: Իշխանափոխութիւնը՝ Պայտընէն Թրամփ, այլապէս շատ բարիք չի խոստանար: Հետեւաբար, ձեռքով-ոտքով կապանքի մէջ դրուած զանգուածները – ո՛չ միայն ներկայի աղէտեալները – պարտին մտածել (եւ անոր համար ալ գիտակցութեան գալ), որ անհրաժեշտ է երկարաժամկէտ քայլարշաւով մը վերջ տալ իրողական չարաշահութեան եւ մենաշնորհեալներու անպարագիծ խաղքութիւններուն (նոյն սպասումը՝ այլ երկիրներու ժողովուրդներէն), երկիրն ու աշխարհը վերադարձնել ՄԱՐԴԿՕՐԷՆ տանելի ապրուստ եւ բարօրութիւն ապահովող միջավայրի վիճակին:

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
10 Յունուար 2025

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Խմբագրական. Դերերու բաշխում, ոչ թէ հակ

23 Օգոստոս 1990-ին, Հայաստանի համաժողովրդային շարժումին յաջորդեց Անկախութեան հ

22 Սեպտեմբեր 2026
Տեղի ունեցավ «Հայաստան» խմբակցության մ

Այսօր՝ սեպտեմբերի 22-ին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի ներկայացուցիչ, ԱԺ «Հայա

22 Սեպտեմբեր 2026
Հ․Հ․ Անկախութեան Խաւարային Ստուերը՝ 44

«Դուք չէք կրնար նկարագիր եւ քաջութիւն կերտել՝ մարդոցմէ խլելով իրենց նախաձեռնու

22 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական.- Հայաստանը՝ 35 Տարեկան

1991ի Սեպտեմբեր 21ին, երբ Հայաստան անկախութիւն հռչակեց Խորհրդային Միութենէն, ի

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Սեպտեմբերի 21. Պետականութի

Այսօր 2026 թ. Սեպտեմբերի 21-ը Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախութեան 35-ամեակ

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Անկախութիւն՝ բայց ի՞նչ տես

Հայաստանի անկախութեան 35-ամեակը բնականաբար առիթ է տօնելու, բայց միեւնոյն ժաման

21 Սեպտեմբեր 2026
ՀՅԴ Հայ Դատի Եվրոպայի գրասենյակը՝ Հայ

ՀՅԴ Հայ Դատի Եվրոպայի գրասենյակը ջերմագին մաղթանքներ է հղում և սրտանց շնորհավո

21 Սեպտեմբեր 2026
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի հայտարա

Սիրելի՛ հայրենակիցներ, 1991 թվականի սեպտեմբերի 21-ին հայ ժողովուրդը վերահաս

21 Սեպտեմբեր 2026
Կեղծ խաղաղության կարգախոսների ներքո շա

Սեպտեմբերի 21-ի կապակցությամբ ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոբերտ Քոչարյանի ուղերձը.

21 Սեպտեմբեր 2026
Անկախութեան 35 տարիները՝ հաշուեկշիռ եւ

­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան վե­րան­կա­խաց­ման 35-ա­մեա­կը ա­ռիթ է վե­րար

21 Սեպտեմբեր 2026
Վերակառուցումէն Հռչակագիր, Ապա Անկախու

Հայաստանի վերանկախացման թուականի` 21 սեպտեմբեր 1991-ի 35-ամեակն է այս տարի:

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Գերիշխանութեան Պահպանման Հ

Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման տօնի նշումին արդիական հնչեղութիւն ապահո

21 Սեպտեմբեր 2026
Յայտարարութիւն ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի

Դաշնակցութեան դէմ բանաւոր յարձակումը, որ դարձեալ բռնկած է ՔՊ-ի կողմէ այս օրերո

21 Սեպտեմբեր 2026
Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակի Եւ

Անցնող շաբաթավերջին, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական-

21 Սեպտեմբեր 2026
Մուսա Լերան Անմար Կրակը` Անցեալէն Դէպի

Սեպտեմբերեան այս օրերուն մեր նախահայրերուն յիշատակն է, որ կը լեցնէ մեր հոգիներ

20 Սեպտեմբեր 2026
Յայտարարութիւն Հ.Յ.Դ. Իրանի Հիւսիսային

Վերջին օրերին Հայաստանի Ազգային ժողովի ամբիոնից հնչեց յայտարարութիւն՝ դաշնակցա

20 Սեպտեմբեր 2026
Պարտավոր ենք հիշել․ ՀՅԴ Արցախի երիտասա

2020 թվականի 44-օրյա պատերազմը և 2023 թվականի սեպտեմբերի 19-ին Արցախի դեմ սանձ

20 Սեպտեմբեր 2026
Քաղաքացիություն ստանալը դժվարացնում են

Ըստ ՀՅԴ Հայ դատի և քաղաքական հարցերի գրասենյակի ղեկավարի` սփյուռքը չի կարող խա

20 Սեպտեմբեր 2026
Սեպտեմբերյան պատերազմները․․․

Երբեք չեմ հասկացել, թե ինչու՞ է 2020 թվականի սեպտեմբերի 27-ին Ադրբեջանի սանձազ

19 Սեպտեմբեր 2026
Երբ ասում են` Արցախը երբեք հայկական չի

ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելյանը հանդես է եկել տեսաուղերձով․

19 Սեպտեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company