ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Հոդվածներ

«ՊԷտք Չունինք Բախտագուշակի Դիմելու…

31 Հունվար 2025

Երէկ, արեւամուտէն ետք տուն վերադարձի ճամբուս վրայ, նորոգութեան աշխատանք կար, երթեւեկի ուղին փոխեր էին. տեղադրուած ցուցատախտակներուն հետեւելով՝ հարկադրուեցայ քանի մը թաղ անդիէն «շրջապտոյտ» մը ընել՝ տուն հասնելու համար: Խոստովանիմ, որ այդ «երկրորդական» թաղերէն երբեք չէի անցած:

Երկրորդ անկիւնադարձին, բնակարանի մը յառաջամասի պարտիզակին մէջէն, ուժեղ լուսարձակներով թագադրուած եւ գունաւոր լոյսերով կազմուած գրութեամբ ցուցատախտակ մը կարթեց ուշադրութիւնս: Արտասովոր բան չէր. երբեմն մարդիկ իրենց բնակարանէն կ’աշխատին, հետեւաբար, նման ցուցանակներ կը դնեն՝ յաճախորդ գրաւելու համար: Ամէնէն տարածուն «արհեստը»… բախտագուշակութիւնն է. հեռուէն նշմարեցի, որ շողշողուն ցուցատախտակն ալ ա՛յդ կը ծանուցէր: Կարմիր լոյսերով կազմուած գիրերը կ’ըսէին. «Ափ կարդացող» (Palm reading), կողքին ալ՝ բիւրեղապակեայ գունդի մը շողշողուն պատկերը:

Նման «որսորդներու» հաւատացողը չեմ եւ մի՛շտ ալ ծիծաղով հակազդած եմ ծանօթներու՝ որոնք կ’ըսեն, թէ սա կամ նա բախտագուշակը գալիքը նախատեսելու շնորհք, բացառիկ կարողութիւն ունի: «Ազատ էք հաւատալու», մտածած եմ թաքուն քմծիծաղով:

Երբ ցուցանակին առջեւը հասայ, ուշադրութիւնս գրաւեց մանրամասնութիւն մը: Անգլերէն արձանագրութեան կողքին, կար հայերէն բառ մը. ԲԱԽՏԱԳՈՒՇԱԿ: Վա՜յ, մտածեցի, ուրեմն հայեր ալ «նուաճած» են այս ոլորտը (ու անմիջապէս յիշեցի, որ Հայաստանի պատկեասփիւռէն ալ նման շնորհալիներ կ’երեւին, իսկ մանկութեանս օրերուն, մեր թաղին մէջ կար «ջուր կարդացող» կին մը, որ համբաւ եւ հեղինակութիւն կը վայելէր):

«Արհեստաւոր»ին հայ ըլլա՞լը, թէ՞ քիչ մը թեթեւնալու, զուարճանալու ներքին մղում մը ակնթարթային հրահանգ մը արձակեցին ոտքիս. ինքնաշարժս արգելակելով՝ կանգնեցուցի բնակարանին դիմացը: Նկատեր էի, որ ցուցատախտակին տակը կար աւելի փոքր տախտակ մը, որ կ’ըսէր. «Բաց ենք» (We are open): Բախեցի դուռը: Բացողը քիչ մը լեցուն եւ միջահասակ կին մըն էր. աներեւակայելի կերպով շպարուած էր, նոյնքան գունագեղ ու մագիլանման եղունգներ ունէր, մատները ծանրաբեռնուած՝ փունջ մը մատանիներով, դաստակին ու վզին՝ պտաւորիչ զարդեղէններ. գունագեղ ու ծոպաւոր պարեգօտի մը մէջ պարուրած էր իր ամբողջութիւնը. պէտք է բախտագուշակ ըլլայի, կռահելու համար տարիքը:

Լայն ժպիտով մը ներս հրամցուց ու զարմացաւ, երբ «Բարի իրիկուն» ըսի: «Օ՜, հա՞յ էք», հարցուց մեքենաբար: Անմիջական մտածումս այն էր, որ բախտագուշակ մը պէտք է կարողութիւնը ունենայ գիտնալու, թէ դուռը թակողը ինչացո՞ւ է…
***
Առաջնորդուեցայ ներքին սենեակ մը, որուն մեղմ լուսաւութիւնը պարուրած էր «աստղաբաշխական» երաժշտութիւն մը, պատերուն՝ անջրպետային տարատեսակ պատկերներ, որոնք յաւելեալ շպարն էին խորհրդաւորութիւն թելադրող ընդհանուր մթնոլորտին: Քանի մը բառով լուսաբանեց, թէ նիւթական ի՞նչ պարտաւորութեան տակ կը մտնեմ իր գուշակութիւններէն օգտուելու համար: Համաձայնեցայ ու տեղ գրաւեցի կեդրոնը դրուած սեղանին. ուշադրութիւնս գրաւեց ծածկոցը, որ նմանապէս գունագեղ էր ու կը կրէր փայլուն՝ աստղաձեւ եւ երկնային այլ մարմիններ ցուցահանող պատկերներ: Չզարմացայ, երբ տեսայ որ սեղանին կեդրոնը գրաւած էր բիւրեղապակեայ գունդ մը. անոր յատակէն՝ լռիկ գոյներ կ’երթեւեկէին (արդի արհեստագիտութիւնը հրաշալիքներ կը ստեղծէ՝ մտածեցի): Բնակարանին ներսիդիէն՝ հեռաւոր խօսակցութեան ձայներ կը հասնէին: Ուրեմն, բանակարանին այս սենեակը բախտագուշակիս աշխատանոցն էր:

Երաժշտութեան ձայնը քիչ մը ուժեղացաւ: Պահանջեց, որ երկու ափերս բանամ եւ տեղադրեմ գունդին երկու կողմերուն, նաեւ պայման դրաւ, որ ըսելիքներուն պէտք է հաւատամ: Չեմ ուզեր երկար-բարակ պատմել, թէ ափերուս մէջ անձիս ինչպիսի՜ արժանիքները տեսաւ (կը խօսէր խորհրդաւորութիւն բուրող ձայնով մը, քիչ մը եղանակաւորելով բառերը), յետոյ դրուագներ պատմեց անցեալէս (քիչ թէ շատ՝ ոեւէ մէկուն կեանքին մէջ պատահող բաներ), յետոյ հասաւ ապագայիս: Այդ բոլորը անձնական բաներ նկատելով, չեմ ուզեր խլել ընթերցողիս ժամանակը:
***
Յանկարծ… «սատանան մտաւ փորս», ու քիչ առաջուան զուարճանալու մղումս դուրս ցատկեց շնչափողէս:
– Հարցումներ կրնա՞մ ընել,- հարցուցի ամենայն լրջութեամբ:
– Հրամմէ՛, ինչո՞ւ չէ,- պատասխանեց բարեհաճ ձայնով մը, ու աւելցուց.- Այն զգացումը ունիմ, որ բոլոր ըսածներուս չես հաւատար, սակայն պէ՛տք է հաւատաս…
Փորձեցի չքմեղանալ: Քանի մը անձնական ու անմիջական շրջանակիս վերաբերող հարցումներուս՝ տուաւ քիչ առաջուան նման՝ ընդհարական պատասխաններ: Ներքին «սատանաս» ուրիշ տեղ կ’ուզէր տանիլ զիս, մանաւանդ, որ խօսակիցս հայ էր: Մտքէս անցած հարցումներս պիտի չկարենայի հարցնել օտարի մը:
– Կրնա՞նք մեր հայրենիքին եւ ժողովուրդին մասին խօսիլ,- հարցուցի անմեղ ձայնով մը: Պատասխանը քիչ մը զարմացուց:
– Առաջինը չես, որ նման հարցում կ’ընես: Քանի մը հայ յաճախորդ ունեցած եմ, անոնք ալ հետաքրքրուած են այս հարցերով: Հարցո՛ւր, եւ պիտի տեսնես, թէ ըսածներս որքա՛ն ճիշդ են:
– Քեզի ի՞նչ հարցուցած են որ… Ո՞ր ըսածներդ ճիշդ ելած են,- հարցուցի տարակուսանքով:
– Նախ հարցումներդ տուր, պատասխանելու ատեն կը բացատրեմ,- ըսաւ այնպիսի՜ ինքնավստահութեամբ, որ պահ մը ներքին սատանաս մէկդի հրեցի եւ տրամադրուեցայ հաւատալու…
– Սա՝ մեր Հայաստանի վիճակը ի՞նչ պիտի ըլլայ,- հարցուցի լուրջ ոճով:
– Ո՞ր երեսին մասին է հարցումդ,- հարցուց (պէտք չէ՞ գուշակած ըլլար…):
– Սկսինք սա վերջին բաներէն: Հայաստանի իշխանութիւնը կը հասկցնէ, որ ռուսական ուժերը պիտի հեռացնէ Իրանի եւ Թուրքիոյ սահմանային գօտիներէն: Օդակայանէն եւ այլ շրջաններէ հեռացուցին, կ’ըսեն, որ ասոնք մեր գերիշխանութեան հաստատման նպաստող քայլեր են:
Ուշի-ուշով դիտեց ապակեայ գունդը եւ քիչ մը աւելի՛ խորհրդաւոր դարձնելով ձայնը՝ բացատրեց.
– Ինքնիշխանութիւն եւ գերիշխանութիւն հաստատելը լաւ բաներ են, սակայն անցեալ տարիներու եւ ներկայի դէպքերը աչքի առջեւ ունենալով, ես հոս (գունդին մէջ կը նայէր) լաւ բան չեմ տեսներ:
– Այսի՞նքն…
– Ռուսեր սիրենք կամ չսիրենք, մեր եւ իրենց համար կան հաշիւներ եւ շահեր, որոնք իրարու մօտ են: Եթէ հեռացնենք, մեր սահմանները աւելի՛ անպաշտպան պիտի մնան, քան հիմա:
– Բայց… իշխանութիւնները կ’ըսեն, որ ռուսերուն փոխարէն, արեւմտեան ուժեր կրնան բերել եւ պաշտպանել սահմանները:
– Այս գունդիս մէջ երկու հարցում կը տեսնեմ: Առաջին. եթէ արեւմտեան ուժեր բերեն, ատիկա ինքնիշխանութի՞ւն եւ գերիշխանութի՞ւն պիտի նշանակէ: Ռուսերուն տեղը ուրիշ ուժ բերելո՞վ… Երկրորդ, հոս կը տեսնեմ, որ արեւմտեան ուժերը շատ հաւանաբար պիտի ըլլան թրքական ուժեր: Մի՛ մոռնար, որ Թուրքիա ՆԱԹՕ-ի անդամ է, արեւմուքցիները բառացիօրէն հասկցուցած են, որ Կովկասի մէջ Թուրքիան է ՆԱԹՕ-ի ձեռքերը, իսկ Թուրքիան ալ Ազրպէյճանի հետ զինակցութիւն ունի… (արդէն սկսած էի հաւատալ կնոջ խօսքերուն): Ասիկա շատ յստակ կ’երեւի այս գունդիս մէջ:
– Բայց… մեր մարդիկը ձեռքով-ոտքով Արեւմուտքի հետ գործակցութիւն կ’ուզեն, Եւրոպական միութեան անդամ դառնալ կ’ուզեն… Գէ՞շ է…
– Արեւմուտքի հետ գործակցութիւնը բարելաւելը շատ լաւ է, բայց այստեղ (գունդը ցոյց տալով) կ’երեւի, որ հիմիկուան պայմաններով, այդ գործակցութենէն մեծ վնասներ ալ կրնան ծագիլ, որովհետեւ այնպէս կ’երեւի, որ Հայաստանի հիմակուան կարգ մը գործակիցները շատ ալ հաշտ աչքով չեն դիտեր եղածը: Մէկուն հետ բարեկամութիւնը լաւացնելը պէտք չէ ըլլայ ուրիշներու հետ յարաբերութիւնները տկարացնելու կամ խզելու գնով…
– Ի՜նչ կ’ըսես. Արեւմուտքը ընդարձակ շուկայ է, մեր մշակութային նկարագիրն ալ դարերէ ի վեր Եւրոպայի հետ քալած է…
– Դուն մինչեւ հիմա յայտարարուած ծրագիրները եւ ախորժակները գործնապէս հաստատող բան տեսա՞ծ ես: Իմ այս գունդիս մէջ ատանկ բան չ’երեւիր: Արեւմուտքցիներուն անմիջական նպատակը՝ Հայաստանի՛ ճամբով ալ Կովկասի մէջ կէտեր շահիլն է, մասնաւորաբար Ռուսիոյ եւ Իրանի դէմ: Յետոյ (մի՛շտ նայելով գունդին մէջի լոյսերու շարժումներուն), անոնք հասկցուցած են, որ Հայաստան, ինչպէս ուրիշ դիմողներ, ահագին նախապայմաններ պէտք է ամբողջացնեն, որպէսզի ի՞նչ… թեկնածո՜ւ նկատուին: Թեկնածուի վիճակէն ալ մինչեւ անդամութիւն ուրիշ երկար ճամբայ է, ուզենք կամ չուզենք: Շատ երկիրներ տարիներէ՜ ի վեր կարգի կեցած են եւ չեն մտած այդ «դրախտը»: Հոս յստակ կ’երեւի, որ ներսը եղողներն ալ իրարու միս-ոսկոր կը կրծեն՝ մէկը միւսին շահու բանալիները կ’ուզէ խլել, ուրիշին ոտքին տակը օճառ քսել…
– Շատ համաձայն չեմ ըսածներուդ: Տե՞ս, ահա քանի՜ տարի է որ եւրոպացի դէտեր եկած են Հայաստան եւ լաւ գործ կը տեսնեն սահմաններու ապահովութեան տեսակէտէն:
– Ես այս գունդիս մէջ ուրիշ բաներ կը տեսնեմ: Այդ դէտերուն գործն ալ կը նմանի ուրիշ տեսակի անգործնական օգնութիւններու: Երանի թէ մեր սպասածները իրական ըլլային:
– Ինչո՞ւ այդպէս կ’ըսես…
– Ցանկը երկար է: Այդ մարդիկը տեսակ մը թուրիսթ են: Իրենց գալէն առա՛ջ ալ, վե՛րջն ալ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի սահմանին վրայ Հայաստանի ի վնաս բաներ եղան, հող կորսնցուցինք, եւ անոնք մատը-մատին չզարկին…
– …Բայց անոնք ի՞նչ կապ ունին ապահովութեան կամ հողերու կորուստին հետ:
– Այո՛, կապ չունին: Ուրեմն ինչո՞ւ եկած են, եթէ ձեւով մը գործ պիտի չտեսնեն ի նպաստ Հայաստանի, ի նպաստ հաւասարակշռութեան ստեղծման: Տե՛ս, բարեկամս (օ՜, բարեկամն ալ եղանք), արեւմուտքի հետ գործակցութիւնն ու Ռուսիոյ հետ պաղիլը պէտք է կարենաս տեսնել շա՜տ ընդարձակ օղակի մը մէջ: Այդ օղակին շրջանակը կազմուած է քանի-քանի կտորէ: Կայ զինուորականը, կան ռազմավարականը, առեւտրականը, ուժանիւթի հարցեր, դուրսերը աշխատողներու եւ անոնց Հայաստան ղրկած նիւթականի երեսները: Եւ երեւակայէ, որ հիմա Ամերիկայի նախագահը որոշեր է ապօրինի օտարները հեռացնել, ցանկի վրայ են նաեւ հայեր: Իսկ ասիկա ամբողջ օղակին միայն մէկ պզտիկ կտորն է:
– Այսի՞նքն…
– Այս գունդիս մէջ յստակ կ’երեւի, որ Հայաստան պէտք չէ իր ունեցած կապերը, գործակցութիւնը քանդէ, երբ միւս թռչունները տակաւին ծառին վրայ իսկ չեն: Այստեղ կը տեսնեմ, որ եթէ Երեւանի մարդիկ այս ձեւով շարունակեն, ամէնէն աւելի շահաւորը պիտի ըլլան Ազրպէյճանն ու Թուրքիան, այդ սիրելի Արեւմուտքդ ալ պիտի քաջալերէ անոնց առնելիք քայլերը. Արցախը մեր ձեռքէն գնաց, ու անոնք միայն խօսեցան, մինչեւ հիմա ալ կը խօսին: Ուրիշ վնասներ ալ ունեցանք: Դեռ չեմ խօսիր տնտեսական եւ այլ բաներու մասին: Ես այս մասին գուշակութիւն ըրած էի անցեալ տարիներուն՝ երբ հայ յաճախորդներ ինծի կը հարցնէին: Անոնք շատ ալ չէին հաւատար ըսածներուս, բայց ըսածներէս շատերը իրականացան: Գունդիս մէջ կը տեսնեմ, որ Սիւնիքի շրջանը վտանգի տակ է, կը տեսնեմ, որ սահմանին մօտերը՝ ուրիշ շրջաններ ալ վտանգի տակ են: Եթէ քիչ մը հեռու նայինք՝ ամբողջ Հայաստանն ալ վտանգի տակ է:
– Լա՛ւ, ըսենք թէ ըսածներդ կրնան իրականանալ: Ի՞նչ պէտք է ընենք:
– Սխալ մի՛ հասկնար ըսելիքս: Կացութիւնը փրկելու համար, բախտագուշակի դիմելը օգուտ չունի: Այս գունդիս մէջ քանի՜ անգամ տեսած եմ, որ պէտք է բոլոր միջոցները եւ կարողութիւնները միացնենք, ամբողջական ծրագիր մը կազմենք եւ մասնագէտներու վստահինք մեր հայրենիքին գործերը, Սփիւռքն ալ իր բաժինը վերցնէ եւ ընէ այն՝ ինչ որ հիմա արգելքներու կը հանդիպի:
***
Սենեակին լոյսերը զօրացան, սա նշան մը ըլլալու էր, որ վճարած գումարիս չափ ժամանակ տրամադրած էր ինծի, իսկ ես բազմաթիւ հարցումներ ունէի:

Բախտագուշակին նկատմամբ թերահաւատութիւնս նահանջած էր: Բարի գիշեր մաղթեցի եւ ինքնաշարժս նստելով՝ տուն ուղղուեցայ: Մոռցայ խօսակիցիս հարցնելու, թէ ճամբայ նորոգողները ո՞վ դէմս հաներ էր այդ երեկոյ…:

Սարգիս ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Խմբագրական. Որպէսզի Վերապետականանան Հա

Հայ դատի համակարգի համահայկական խորհրդաժողովի բացման նիստին հնչած յայտարարութի

25 Սեպտեմբեր 2026
Շարունակելու ենք Հայ Դատի մեր ծաւալուն

Հայ դատի կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի խօսքը Հ․Յ․Դ․ Հայ

25 Սեպտեմբեր 2026
Մեր առաքելությունը սոսկ քաղաքական չէ.

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելյանի խոսքը՝ ՀՅԴ Հայ

25 Սեպտեմբեր 2026
Այսօր կանգնած ենք ճակատագրական ջրբաժան

ՀՅԴ Բյուրոյի ներկայացուցիչ Արմեն Ռուստամյանի խոսքը՝ ՀՅԴ Հայ դատի համահայկական

25 Սեպտեմբեր 2026
Մեծ մտահոգություն է եկեղեցու և կաթողիկ

«Մեզ համար մեծագույն մտահոգություն է Եկեղեցու եւ անձամբ վեհափառի դեմ տարվող ար

25 Սեպտեմբեր 2026
Խաղաղությունը արդարության վրա պետք է հ

«Մեր պատգամը հստակ է՝ եթե Հարավային Կովկասում պետք է լինի խաղաղություն, այդ խա

25 Սեպտեմբեր 2026
Իշխանությունները ազգային մտածողության

Հայաստանի ներկա իշխանությունները Թուրքիայի և Ադրբեջանի նախագահների՝ Ռեջեփ Թայի

25 Սեպտեմբեր 2026
Ակնարկ. Նախապայմաններ Եւ Փոխկապակցումն

Երեւան-Անգարա երկխօսութեան արդիւնաւորման համար Անգարայի դասական նախապայմանները

25 Սեպտեմբեր 2026
Թորոնթօն եւ գանատահայութիւնը տիպար օրի

Ստորեւ կը ներկայացնենք Թորոնթոյի նորահաստատ «Նարեկ» Հայ Կրթական եւ Մշակութային

24 Սեպտեմբեր 2026
Հարաւային Ամերիկայի Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական

35 տարի առաջ, հայ ժողովուրդը որոշում մը առաւ, որը անգամ մը եւս փոխեց մեր պատմո

24 Սեպտեմբեր 2026
Հայաստանում կգումարվի ՀՅԴ Հայ դատի համ

Հայաստանում սեպտեմբերի 25-28-ը կգումարվի ՀՅԴ Հայ դատի հանձնախմբերի և գրասենյակ

24 Սեպտեմբեր 2026
«Արցախահայերի սոցիալ-տնտեսական, իրավակ

Սեպտեմբերի 23-ին, ՀՀ ԱԺ մարդու իրավունքների և հանրային հարցերի մշտական հանձնաժ

24 Սեպտեմբեր 2026
Մուսա Լերան Հերոսներուն Յիշատակը Կը Պա

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեանի խօսքը՝ Մուսա Լ

24 Սեպտեմբեր 2026
Հըզպալլայի Պատուիրակութիւնը Այցելեց «Շ

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան 23 սեպտեմբեր 20

24 Սեպտեմբեր 2026
Փաշինյանը հակահայկական հայտարարություն

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինյանը 2026 թ. սեպտեմբերի 17-ին Երևանում ելույթ ունեցավ «Համ

22 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Դերերու բաշխում, ոչ թէ հակ

23 Օգոստոս 1990-ին, Հայաստանի համաժողովրդային շարժումին յաջորդեց Անկախութեան հ

22 Սեպտեմբեր 2026
Տեղի ունեցավ «Հայաստան» խմբակցության մ

Այսօր՝ սեպտեմբերի 22-ին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի ներկայացուցիչ, ԱԺ «Հայա

22 Սեպտեմբեր 2026
Հ․Հ․ Անկախութեան Խաւարային Ստուերը՝ 44

«Դուք չէք կրնար նկարագիր եւ քաջութիւն կերտել՝ մարդոցմէ խլելով իրենց նախաձեռնու

22 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական.- Հայաստանը՝ 35 Տարեկան

1991ի Սեպտեմբեր 21ին, երբ Հայաստան անկախութիւն հռչակեց Խորհրդային Միութենէն, ի

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Սեպտեմբերի 21. Պետականութի

Այսօր 2026 թ. Սեպտեմբերի 21-ը Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախութեան 35-ամեակ

21 Սեպտեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company