ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Հոդվածներ

Թրամփ Դարձեալ Կը «Շինէ»…

10 Փետրվար 2025

Տանըլտ Թրամփ առաջին անգամ Սպիտակ տուն մտաւ 2017-ին ու որդեգրեց անհաւասարակշիռ ու չհաւասարակշուող քայլեր, որոնք խոր մտահոգութիւն տարածեցին ո՛չ միայն Միացեալ Նահանգներու, այլեւ աշխարհի չորս ծագերուն: Գլխաւոր ուրախացողը եղան… երգիծաբաններն ու ծաղրանկարիչները, որոնց համար վերաբացուած է նոր դարաշրջան մը:

Մէկ ամիսէ ի վեր, մարդիկ չեն հաշուեր, թէ ան քանի՞ սուտ կը նետէ, կամ ընտրապայքարի օրերուն տրուած քանի՛ խոստում գետնին տակը անցուցած է: Հիմա, «հաշիւ բնողները» լծուած են անոր արտառոցութիւններուն ցուցակը կազմելու: Օր մը առեւտրական (ինքնագլուխ) պատերազմ կը յայտարարէ Քանատայի, Մեքսիքայի, Փանամայի, Չինաստանի, մինչեւ իսկ եւրոպացի դաշնակիցներու դէմ, ուրիշ օր մը հրապարակ կու գայ Կրուելանտան (Կրինլէնտը) կուլ տալու յաւակնութեամբ, յետոյ, արար աշխարհի աչքերուն առջեւ հանդիպում կ’ունենայ ոճրագործ ու ցեղասպան Նեթանիահուին հետ եւ հրապարակ կը նետէ Կազան պաղեստինցիներէ մաքրագործելու չնաշխարհիկ ծրագիր մը (կը ձայնակցի Նեթանիահուին՝ «Համաս»-ը պիտի կործանենք նշանաբանը կրկնելով, մոռնալով, որ նոյնինքն Նեթանիահու կը բանակցի «Համաս»-ի հետ), բացայայտ կը դարձնէ նոր տեսակի աշխարհակալութեան մը հետամուտ ըլլալը: Այլ գիծի մը վրայ, «Ուքրայինայի պատերազմը անմիջապէս պիտի դադրեցնեմ»-ը եւ «Փութինի հետ լեզու պիտի գտնեմ»-ները յայտնապէս փոշիի պէս աւլուած են եւ գորգին տակ ծածկուած, հրապարակ եկած է « (ուքրայինացինե՛ր) եթէ զէնք կ’ուզէք, պէտք է մեզի նուիրէք ձեր սուղ մետաղները, ազգային հարստութիւնները»: Սա մէկ տարբերակն է Կազան ամերիկեան շահարկումներու բեմ դարձնելու հեռանկարին…: Վաղը նման ձգտումներ կրնան «ողողել» Իրանէն մինչեւ Ծայրագոյն Արեւելքը, ինչո՞ւ չէ նաեւ եւրոպական եւ հարաւ-ամերիկեան գօտիները: (Ափրիկէն նուաճելու առաքելութիւնը կրնայ վստահիլ Իլան Մասքի…)

Եթէ այս գլխագիր արտառոցութիւններու ցանկը երկարենք, կրնանք հասնիլ աշխարհի տարբեր ծագերը: Իսկ եթէ աչք մըն ալ նետենք «ներքին»՝ Միացեալ Նահանգներու ժողովուրդը վրդովմունքի մատնող ծրագիրներուն վրայ, հոն ալ կը բացուին դժոխքի այլ դուռներ. սակագիներու բարձրացում, ընկերային ապահովութեան մարզին ուղղուած կացին, օտարներու արտաքսումներ եւ անոնցմէ բխող վտանգներ: Բնական էր որ այս թղթածրարը կարգաւորումի կը կարօտի, սակայն ինչ որ կ’ընեն Թրամփ եւ սերտ գործակիցները՝ նոյնինքն անմարդկայնութիւն է. այս ըսելով, նախորդներուն նոյն տեսակի անմարդկայնութեան բարի վարուց վկայական չենք տար…: Իսկ ի՞նչ ըսել բնական աղէտները քաղաքական քարոզչութեան շոգեկառքին կապելու յոխորտանքներուն մասին, հապա՞… հապա՞…

***

Արդար ըլլալու համար, արձանագրենք, որ Թրամփ միակը չէ, որ աշխարհի դէպքերուն կը փորձէ անբնական եւ վնասակար ընթացք տալ: Եթէ մեր հեռադիտակը պտտցնենք աշխարհի այլ ցամաքամասերուն վրայ, դժուար չէ տեսնել՝ թէ արտառոցութիւնը, բնական աշխատանքի ընթացքէն 180 աստիճանի շեղումները «նարնջագոյն մարդ»ուն մենաշնորհը չեն, այն տարբերութեամբ, որ այլ տեղեր՝ խաղը կը բեմադրուի «տրամաբանական» երեւցող ոճով:

Պարզ խօսքով, աշխարհի ղեկին, ըսել կ’ուզենք՝ տարբեր երկիրներու իշխանութեանց գագաթին բազմած են (բերուած են) այնպիսի արարածներ, որոնք բնական պայմաններու մէջ պիտի առաջնորդուէին մէկ տեղ. բանտ (կամ հոգեբուժարան): Փաստօրէն, Թրամփ վկայեալ յանցագործ է, անոր դէմ արձակուած է քանի մը տասնեակ մեղադրանք, սակայն նոյնքան այլանդակ դարձած իրաւապահ մարմինները զայն անպարտ հռչակած են (Գերագոյն ատեան), իսկ իշխանութեան բոլոր թեւերը իրողապէս իւրացուած է անոր «խունթա»ին կողմէ եւ հետեւաբար, ան շահած է «ընտրեալ» եւ «օրինական» որակումները: Եւ այս մարդիկը իրենց երկրին ու աշխարհի ժողովուրդներուն հետ կը վարուին այնպէս՝ թէ անոնք ըլլային ապուշներ (ստրկամտութիւնը ուրիշ տեղ կը տանի մեզ):

Եկէ՛ք, պահ մը պզտի՜կ բաղդատութիւն մը ընենք, տեսնելու՝ թէ հանրութիւնը ինչպէ՜ս ապուշի տեղ կը դրուի նաեւ ուրիշ «սարքերու» կողմէ (որոնք այլապէս բաժին ունին նման այլանդակներ իշխանութեան բերելու մէջ): Հետեւա՞ծ էք պատկերասփիւռէն կրկնուող ու զիրար նմանակող ծանուցումներու՝ գովազդներու: Եթէ քիչ մը ուշադիր եւ լուրջ աչքով դիտէք զանոնք, անմիջապէս պիտի նկատէք, թէ ինչպիսի՜ այլանդակութիւններ, անբնական վիճակներ եւ մինչեւ իսկ «սեփական ոտքին կրակող» պատկերներ կը ցուցահանուին ձեր փոքր պաստառներէն (անշուշտ կան բացառութիւններ): Կարելի է բազում օրինակներ թուել (նշենք հատ մը. ապահովագրութեան ընկերութեան մը գովազդին մէջ, մէկը բացայայտ դիտաւորութեամբ ինքնաշարժի արկածի պատճառ կ’ըլլայ, որպէսզի ինքնաշարժին տէրը, ապահովագրուելով, հանգիստ զգայ…), սակայն մեր նպատակը ուրիշ բան է: Մեր նպատակը լուսարձակի տակ բերել է այն, որ իշխանութիւններ կ’ընեն – եւ իբրեւ բնական ընթացք «կը կլլուին» – այնպիսի՛ բաներ, որոնք ըստ էութեան հականիշն են իրենց իսկական առաքելութեան, բարիքի տեղ չարիք կը բաշխեն: Քարոզչական մեքենաներ եւ երգիծանքի վարպետներ, ընդդիմախօսներ մերթ ընթ մերթ խարանող բացայայտումներ կը կատարեն, ուրիշներ չարիքը իբրեւ բարիք կը քարոզեն, եւ սակայն, շոգեկառքը չի շեղիր իր վնասարար ու կորստաբեր ուղիէն, վնասուող զանգուածներուն ձայնն ու արդար ակնկալութիւնները կը խլացուին, կը ճնշուին բիրտ կամ թաւշային միջոցներով…

***

Կ’արժէ՞ արդեօք առանձնաբար խօսիլ այլ երկիրներու, մասնաւորաբար մեր մտահոգութեանց սեւեռակէտն ու աչքի լոյսը եղող հայրենիքին մասին: Եթէ սկսինք մանրամասնութիւններ թուել, պիտի իյնանք կրնութիւններու ոլորապտոյտին մէջ: Հարցը հոն է, որ եթէ Թրամփի կամ նմաններու արտառոցութիւնները հեռուէն դիտողը աւելի դիւրին կը տեսնէ անբնականութեան տարածումը (կան անշուշտ նման ոտար «հանճարներու» թելերէն կախուիլ փափաքողներ), Հայաստանի մէջ, նաեւ՝ Սփիւռքի, տակաւին կայ զանգուած մը, որ ուխտած է չտեսնել վնասարար քայլերթը, ներողամտութիւն խաղալ հայրենիքը կորուստէ-կորուստ տանող «յաղթարշաւ»ին հանդէպ, տարուիլ այնպիսի՜ ցնորքներով, թէ Հայաստան պատերազմին մէջ կրած պարտութիւններով ինքնիշխանութիւնը ամրապնդեր է (հիմա ո՞վ է յիշողը «յաղթելու ենք»ները), հայը պէտք է նորէ-նոր աչքերը բանայ եւ փնտռէ, թէ Ցեղասպանութիւնը ինչո՞ւ տեղի ունեցած է, ո՞վ է յանցաւորը, մինչեւ իսկ սկսի կասկածիլ, թէ անցեալի եւ երէկի ցեղասպանութիւններուն մէջ (խօսքը հայասպանութեան մասին է) հայեր ալ յանցանքի բաժին կրնան ունեցած ըլլալ (մոռցէ՜ք, թէ այս բոլորը թրքական ծանօթ վարկածներու թութակում է), ուրեմն, պէտք է մտածել՝ միջազգային ատեաններու ճամբով թշնամիէն արդար հատուցում պահանջելէ ետ կանգնելու մասին եւ սպասել, որ ան ալ ետ կանգնի իր շինծու եւ ստապատիր մեղադրանքներէն:

…Թրամփի արտառոցութիւնները գրեթէ միաբերան դատապարտանքի եւ բուռն հակադարձութիւններու կը մատնուին աշխարհով մէկ, մինչեւ իսկ դաշնակիցներէ: Ան կը ստիպուի առայժմ ձեւական (վաղը աւելի շօշափելի) ետդարձներ կատարել, որովհետեւ այս ուղիին շարունակումը կործանարար պիտի ըլլայ բոլորին, սկսեալ Միացեալ Նահանգներու համար, շահաբեր՝ «ընտրանի» շահամոլներու: Մեր հայրենիքին գլխավերեւին կախուած պատուհաասները աւելի՛ հեռահաս են եւ կը վազեն դէպի անդառնալիի սահմանները: Մեր ժողովուրդն է որ պիտի հակադարձէ ուժգնօրէն եւ կասեցնէ ամէն այլանդակութիւն: Եւ ասիկա կը սկսի դաժան իրականութիւնները համաչափ դիտելու ունակութեան, հայրենտիրութեան կամքի վերականգնումով:

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Հանդիպում ԷՏԷՔ կուսակցութեան նորընտիր

ՀՅԴ Կիպրոսի Կոմիտէի պատուիրակութիւնը՝ բաղկացեալ Սիմոն Այնէճեանէն եւ Ռաֆֆի Մահտ

20 Նոյեմբեր 2026
Հարաւային Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախու

Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Նոյեմբեր 18-ին յարգանքի հանդիսութիւն

20 Նոյեմբեր 2026
Հայհոյանքը փաստի սով Է

Հայաստանի հանրապետութեան նոր Սահմանադրութեան ընդունման հարցը վերածուած է օրակա

20 Նոյեմբեր 2026
Ակնարկ. Առաջարկի Թաքուն Բաժինը Եւ Ժողո

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը թէ՛ Ազգային ժողովի եւ թէ՛ կառավարութեան նիս

20 Նոյեմբեր 2026
Նիւ Եորքի Հայութեան Միջամտութեամբ Վար

Նոյեմբեր 8ին, Մենհեթընի «Պոլինկ Կրին» զբօսայգիին մէջ՝ Ատրպէյճանի «Յաղթանակի օր

19 Նոյեմբեր 2026
Պրիւքսէլի երկար ու դժուարին ուղին

Եւրոմիութեան Հայաստանի անդամակցութիւնն ու մերձեցումը՝ նոյնիս՛կ ոլորապտոյտ եւ փ

19 Նոյեմբեր 2026
Դու պիտի գնաս, որ Հայաստանը մնա

ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչ, ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության պատգամավոր Իշխան

19 Նոյեմբեր 2026
Պիլալ Էրտողանի Լիբանան Այցելութեան Վեր

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի որդիին` Պի

18 Նոյեմբեր 2026
Բագրատունի Ընդունեց Երկխօսութեան Ազգայ

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի

18 Նոյեմբեր 2026
Հայաստանի թշնամիները երբեք գոհ չեն լին

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինյանը սխալմամբ կարծում է, թե Ադրբեջանին և Թուրքիային շարուն

17 Նոյեմբեր 2026
Երեք տարի անց արցախյան հակամարտություն

Հայ դատի կենտրոնական խորհուրդն այսօր հրապարակել է իր «UNRESOLVED: The Conflict

17 Նոյեմբեր 2026
Այսօրվա լսումները պետք է դառնան ոչ թե

ՀՅԴ Բյուրոյի անդամ, ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության պատգամավոր, ԱԺ Մարդու իրավունքն

16 Նոյեմբեր 2026
ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցությունը հրավիր

ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության նախաձեռնությամբ նոյեմբերի 16-ին կազմակերպվել էին

16 Նոյեմբեր 2026
Նիդերլանդների ՀՅԴ կառույցի հայտարարութ

2026 թվականի նոյեմբերի 5-ից 8-ը, Հայաստանի Հանրապետության իշխանությունը բռնազա

16 Նոյեմբեր 2026
Ակնարկ. Հայաստանը ՀԱՊԿ-ի խաչմերուկում

Մոսկւայում նոյեմբերի 11-ին կայացած Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակեր

16 Նոյեմբեր 2026
Հաստատվել է «Հրայր Մարուխյան» հիմնադրա

Առաջադիմական հետազոտությունների եվրոպական հիմնադրամի (Foundation for European

14 Նոյեմբեր 2026
Ցեղասպանութիւնը ուրացողները եւ չՍփիւռք

Շուշիի մէջ Ալիեւ-Էրտողան տանդեմը կը տօնէ Քառասունչորսօրեայ պատերազմի յաղթանակը

14 Նոյեմբեր 2026
Արեւմտեան Գանատայի Հայ Դատի յանձնախում

ՎԱՆԳՈՒՎԸՐ.- Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի Արեւմտեան շրջանի ներկայացուցիչներ Յ

13 Նոյեմբեր 2026
Խօսողին Լսող Է Պէտք

Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ ՀԱՊԿ-ի (Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակեր

13 Նոյեմբեր 2026
Ակնարկ. Իրանեան Ուղերձներ` Սպառնական-Գ

Իրանի հոգեւոր պետի խորհրդականին եւ փոխնախագահին` Հայաստանի ուղղութեամբ կատարած

13 Նոյեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company