ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Հոդվածներ

Ճեմարանը` 95 Տարեկան

03 Մարտ 2025

Համազգայինի Հայ Ճեմարանը հիմնուած է 3 մարտ 1930-ին, Պէյրութի մէջ, եւ այսօր, 95 տարիներ ետք, 3 մարտ 2025-ին ան կը դառնայ 95 տարեկան:

95 տարիներէ ի վեր Հայ Ճեմարանը կառչած կը մնայ իր նպատակին` նորահաս սերունդներուն տալով ընդհանուր կրթութիւն եւ հայեցի դաստիարակութիւն: Իր հիմնադիրներուն` Լեւոն Շանթի եւ Նիկոլ Աղբալեանի տեսլականին հաւատարիմ, Ճեմարանը հայ հանրութեան կ՛ընծայէ ընդհանուր գիտութիւններու տէր եւ հայ լեզուի, Հայոց պատմութեան, հայ մշակոյթի ու Հայ դատի պահապան յանձնառու եւ գիտակից անհատներ:

Այսօր Ճեմարանը կը գործէ իր վեց բաժիններով` մանկամսուր, մանկապարտէզ, տարրական, նախակրթարան, միջնակարգ ու երկրորդական, եւ հակառակ ներկայ մարտահրաւէրներուն ու տագնապներուն` ան կը շարունակէ մարդակերտման եւ հայակերտման իր առաքելութիւնը, կը պահէ իր յատուկ ոգին ու եզակի մթնոլորտը, միաժամանակ տէր կը կանգնի աւանդականին ու քայլ կը պահէ այժմէականին հետ:

Ճեմարանականները կը շարունակեն իրենց ներդրումը ունենալ ազգային հասարակական կեանքին մէջ, ինչպէս նաեւ` գիտական, գրական, կրթական, մշակութային, մարզական եւ այլազան բնագաւառներէն ներս, աշխարհի չորս ծագերուն :

Այսօր դպրոցէն ներս աշակերտական տօնակատարութիւններով մեկնարկը կը կատարուի 95-ամեակի ձեռնարկներուն, իսկ յառաջիկայ ամիսներուն Ճեմարանի մէջ թէ այլուր պիտի կազմակերպուին տարբեր բնոյթի ձեռնարկներ` արժանավայել ձեւով նշելու համար Ճեմարանի 95-րդ տարեդարձը:

Այս առիթով կազմակերպուած է նաեւ Ճեմարանի 95-ամեակը ներկայացնող տարբերանշանի պատրաստութեան մրցոյթ մը: Ընտրուած տարբերանշանը պիտի գործածուի 95-ամեակի բոլոր նախաձեռնութիւններուն ընթացքին, ըլլան անոնք հրապարակային ձեռնարկներ, հրատարակութիւններ կամ առցանց աշխատանքներ: Մրցոյթի մանրամասնութիւններուն համար կարելի է հետեւիլ Ճեմարանի ընկերային ցանցերու յայտարարութիւններուն:

Վա՛րձքը կատար` հայ դպրոցին հաւատացողներուն եւ հայ դպրոցին դաստիարակութեան վստահած հայ ծնողներուն ու ընտանիքներուն:

Վա՛րձքը կատար` Ճեմարանի առաքելութեան հաւատացող անխոնջ ու նուիրեալ կրթական մշակներուն:

Ջահդ տակաւին երկար տարիներ վա՛ռ պիտի մնայ:

Տարեդարձդ շնորհաւո՛ր, սիրելի՛ Ճեմարան:

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ՄԵԼԱՆՔԹՈՆ ԵՒ ՀԱՅԿ ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ
ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ

1930 – 2025
ՃԵՄԱՐԱՆԸ` 95 ՏԱՐԵԿԱՆ

28 մայիս 1928-ին Գահիրէի մէջ կը հիմնուի ՀԱՅ ԿՐԹԱԿԱՆ ԵՒ ՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆԸ, որուն էական եւ առաջին ծրագիրներէն մէկը կ՛ըլլայ հիմնել երկրորդական վարժարան մը:

Լեւոն Շանթ Նիկոլ Աղբալեան

Այս նպատակով, Համազգայինի հիմնադիրներէն` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան խորհրդարանի փոխնախագահ Լեւոն Շանթ եւ լուսաւորութեան նախարար Նիկոլ Աղբալեան կու գան Լիբանան, ուր կը հիմնեն ՀԱՅ ՃԵՄԱՐԱՆԸ:

3 մարտ 1930-ին Պէյրութի Քանթարի թաղին մէջ վարձուած երկյարկանի շէնքի մը մէջ Հայ Ճեմարանը կը բանայ իր դռները 15 աշակերտներով:

Յառաջիկայ տարեշրջանին արդէն Հայ Ճեմարանի աշակերտութեան թիւը կը բարձրանայ 64 աշակերտներու. կը կազմուին մէկ նախապատրաստական եւ երեք հիմնական դասարաններ:

Հայ Ճեմարանը ունէր հիմնական մէկ նպատակ` պատրաստել վաղուան մտաւորական սերունդը եւ հայ լեզուին, գրականութեան, պատմութեան ու մշակոյթին գոյատեւման եւ զարգացման պատասխանատու անձերը:

Հիմնադրութեան առաջին տարիէն Ճեմարանը կ՛ունենայ նաեւ գիշերօթիկի բաժին, որպէսզի այլ երկիրներէ ուսանողներ կարենան գալ եւ ստանալ հայեցի կրթութիւն:

1935-ին Հայ ճեմարանը կու տայ իր առաջին ութ շրջանաւարտները, որոնց մեծ մասը կը դառնայ Ճեմարանի կամ հայ ազգային վարժարաններու մէջ ուսուցիչ:

Յաջորդող տարիներուն աշակերտութեան թիւը հետզհետէ աճ կ՛արձանագրէ, եւ շուտով Ճեմարանը կը փոխադրուի աւելի ընդարձակ հին շէնք մը` Ուատի Ապու Ժեմիլ թաղին մէջ: Աւելի ուշ, ժամանակաւորապէս, Ճեմարանի որոշ դասարաններ կը փոխադրուին նաեւ Նորմանտիի շրջանին մէջ շէնքի մը գետնայարկը:

Զոքաք Էլ Պլաթ – Նշան Փալանճեանի շէնքը

1948-ին Հայ ճեմարանը կ՛ունենայ իր սեփական շէնքը Զոքաք էլ Պլաթի մէջ` շնորհիւ իրենց վաղամեռիկ եղբօր` Նշան Փալանճեանի յիշատակին Փալանճեան քոյրերու կատարած նուիրատուութեան, ինչպէս նաեւ` Լ. Շանթի Ամերիկայի գաղութէն հանգանակած եւ Հայ օգնութեան միութեան տրամադրած գումարներուն:
Հայ ճեմարանի նոր շէնքի պաշտօնական բացումը տեղի կ՛ունենայ շաբաթ, 27 մայիս 1950-ին, ներկայութեամբ` Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ շէյխ Պշարա Խուրիի, վարչապետ Ռիատ Պէյ Սոլհի, հայ թէ օտար բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու, յարանուանութիւններու ներկայացուցիչներու եւ արտասահմանէն ժամանած հիւրերու: Հանդիսութեան աւարտին Լիբանանի նախագահը Լեւոն Շանթը կը պատուէ Լիբանանի «Արժանեաց Ա. կարգ»-ի ոսկիէ շքանշանով` առ ի գնահատանք կրթական ասպարէզին մէջ անոր մատուցած ծառայութիւններուն:

Հայ ճեմարանը պաշտօնապէս կը կոչուի Համազգայինի Նշան Փալանճեան ճեմարան:

Լեւոն Շանթի մահէն ետք ճեմարանի տնօրէնութեան պաշտօնին կը հրաւիրուի Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան վերջին վարչապետ Սիմոն Վրացեան, որ կը շարունակէ աշխատանքը երկու օգնականներով` Ճեմարանի առաջին շրջանաւարտներէն փորձառու ուսուցիչներ Մուշեղ Իշխանի եւ Գառնիկ Բանեանի: Առաջինը կը ստանձնէ կրթական, իսկ երկրորդը վարչական գործերը:

Աշակերտներուն թիւը տարուէ տարի աճ կ՛արձանագրէ, հետեւաբար ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՅ ԿՐԹԱԿԱՆ ԵՒ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ Կեդրոնական վարչութիւնը եւ ճեմարանի տնօրէնութիւնը կ՛որոշեն կառոյցը ընդարձակել ու զայն օժտել առանձին մանկապարտէզով, գիտաշխատանոցով, գրադարան-մատենադարանով եւ մարզադաշտով: Յաջորդող տարեշրջանները դարձեալ կ՛ըլլան վերելքի տարիներ, եւ կառոյցը առաւել եւս կ՛ընդարձակուի: Աշակերտութեան թիւը կը հասնի 600-ի:

Ս. Վրացեանի մահէն ետք, 1969-ին, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան որոշումով ճեմարանի գիտութիւններու ուսուցիչ եւ գիտաշխատանոցի պատասխանատու Հրաչ Տասնապետեան կը դառնայ ճեմարանի ջահը վառ պահելու յանձնառու տնօրէնը:

Յաջորդող հինգ տարեշրջաններուն ճեմարանի աշակերտներու թիւը կը հասնի 1000-ի: Հետեւաբար 1975-ի սկիզբը Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը կը ծրագրէ աւելի ընդարձակ Ճեմարան մը կառուցել եւ Անթիլիասի Մըզհերի շրջանին մէջ կը գնէ հողաշերտ մը:

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին պատճառով, 1975-76 տարեշրջանէն սկսեալ ճեմարանը կը դառնայ երբեմն երկճիւղ, նոյնիսկ` եռաճիւղ: Որոշ շրջան մը աշակերտներու փոքր թիւ մը կը մնայ Նշան Փալանճեան ճեմարան, իսկ մեծ մասը կը փոխադրուի նախ ժամանակաւոր կերպով Մարտիկեան վարժարան (Անթիլիասի մայրավանք), ապա` երկու տարի Տըպպայայի Կենաց վարժարան:

1977 մայիսին, Խորէն Ա. եւ Գարեգին Բ. կաթողիկոսներու ներկայութեամբ, տեղի կ՛ունենայ Մըզհերի համալիրի պաշտօնական հիմնարկէքը:

Ճեմարանը կը շարունակէ իր երկճիւղ գործունէութիւնը` Նշան Փալանճեան Ճեմարանի եւ Պուրճ Համուտի մուտքին Շաղզոյեան եղբայրներու նուիրատուութեամբ գնուած շէնքին մէջ:

1987-88-ին տարեշրջանին, Համազգայինի Մըզհերի կրթական համալիրի կեդրոնական շէնքին մէկ մասը արդէն իսկ կառուցուած էր: Նոյեմբեր ամսուն Պուրճ Համուտի աշակերտութեան միջնակարգ եւ երկրորդական բաժինները կը փոխադրուին նոր շէնք, եւ դպրոցական կեանքը կը սկսի Մըզհերի (Ծաղկաձոր) համալիրին մէջ:

Ծաղկաձորի «Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան» ճեմարանի շէնքը

20 նոյեմբեր 1988-ին տեղի կ՛ունենայ Մըզհերի ճեմարանին բացման հանդիսութիւնը` ներկայութեամբ Գարեգին Բ. կաթողիկոսի, կառոյցի բարերար Արսլանեան ընտանիքի անդամներուն եւ մեծաթիւ հիւրերու: Ծաղկաձորի Ճեմարանը պաշտօնապէս կը կոչուի Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարան:

Երեք տարի ետք տեղի կ՛ունենայ Մըզհերի ՀՕՄ-ի Նորսիկեան մանկապարտէզի պաշտօնական բացումը:

Մինչեւ 2001 ճեմարանը քանի մը տարի երկու շրջաններու մէջ կը շարունակէ իր կրթական գործը` արեւմտեան բաժինը Նշան Փալանճեան, արեւելեանը` Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան:

Ճեմարանի տնօրէն Հրաչ Տասնապետեան կը մահանայ մարտ 2001-ին: Այնուհետեւ ճեմարանի տնօրէնութիւնը կը վարէ Տիգրան Ճինպաշեան: Միեւնոյն տարեշրջանին ճեմարանը կ՛ունենայ նոր բաժին մը` մանկամսուրը:

18 հոկտեմբեր 2010-ին Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի սրահին մէջ տեղի կ՛ունենայ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան եւ Համաշխարհային հայկական քոնկրեսին կողմէ կազմակերպուած «Լաւագոյն հայկական կրթօճախ» մրցումին մրցանակներու յանձնումը: Հայկական վարժարաններուն մէջ լաւագոյնի տիտղոսին կ՛արժանանայ Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանը:

Ճեմարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան հանգստեան կը կոչուի յունիս 2016-ին, եւ տնօրէն կը նշանակուի Փաուլա Եղիայեան:

«Ռաֆֆի եւ Անելկա Արսլանեան» մանկամսուրի շէնքը

Ապրիլ 2018-ին, տէր եւ տիկին Ռաֆֆի եւ Անելկա Արսլանեաններու նուիրատուութեան շնորհիւ, բացումը կը կատարուի Համազգայինի Ռաֆֆի եւ Անելկա Արսլանեան արդիական մանկամսուրին, որ կ’ընդունի 3 ամսականէն 3 տարեկան երեխաներ: Համազգայինի Ռաֆֆի եւ Անելկա Արսլանեան մանկամսուրը կը սկսի գործել 1 սեպտեմբեր 2018-ին:

Եւ ահա այսօր, 3 մարտ 2025-ին, ճեմարանը կը դառնայ 95 տարեկան:

95 տարիներէ ի վեր ճեմարանը կը շարունակէ իր հիմնադիրներուն առաքելութիւնը. ճեմարանի մէջ դպրոցական կեանքը աշխուժ է ու բեղուն. ճեմարանի աշակերտները հայերէնագիտական դասանիւթերու կողքին, կը պատրաստուին լիբանանեան պըրըվէի պետական քննութիւններուն եւ լիբանանեան ու ֆրանսական պաքալորէայի պետական զոյգ քննութիւններուն` ապահովելով բարձր եւ գնահատելի յաջողութիւններ:

Ճեմարանի բոլոր կարգերու աշակերտները, դասարանային աշխատանքներու կողքին, արտա-դասարանային զանազան այցելութիւններով ու պտոյտներով կը հարստացնեն իրենց գիտելիքներու շտեմարանը եւ այլազան հմտութիւնները: Անոնք նոյնպէս կը մասնակցին սեմինարներու ու աշխատանոցներու, ինչպէս նաեւ կ՛այցելեն բարեսիրական զանազան հաստատութիւններ, ներկայ կը գտնուին գեղարուեստական ելոյթներու եւ ընդհանուր զարգացման, մշակութային ու մարզական մեծ թիւով մրցոյթներու` ապահովելով միշտ առաջնային դիրքեր: Կը հրատարակուին նաեւ միջնակարգ բաժինի «Կանթեղ» եւ երկրորդական բաժինի «Ջահակիր» աշակերտական տարեգիրքերը:

1936-ին հիմնուած ճեմարանի շրջանաւարտներու միութիւնը այսօր կը գործէ մինչեւ օրս: Համազգայինի Փալանճեան- Արսլանեան ճեմարանի շրջանաւարտներու միութիւնը մայր հաստատութեան կողքին է իր աշխարհասփիւռ Ճեմարանականներով:

Ճեմարանի շրջանաւարտները հաստատ քայլերով կ՛ուղղուին դէպի բարձրագոյն ուսում եւ իրենց ձեռք բերած արդիւնքներով ու յաջողութիւններով բարձր կը պահեն Ճեմարանի ջահը:

Ճեմարանէն ներս գործող անձնուէր անձնակազմը եւ բոլոր գրասենեակները մեծ նուիրումով կը շարունակեն հայ մտքի ու մշակոյթի մեծանուն առաքեալներ Շանթի ու Աղբալեանի տեսլականը: Անոնց շունչն ու ոգին կը շարունակուի:

Ճեմարանի բոլոր աշխատանքներու զեկուցումները առօրեայ դրութեամբ եւ մնայուն կերպով կը զետեղուին Ճեմարանի պաշտօնական կայքէջին (www.djemaran.edu.lb), ֆէյսպուքի էջին (M. & H. ARSLANIAN DJEMARAN) եւ ինսթակրամի էջին (arslaniandjemaran) վրայ:

Եւ երթը նոյն թափով ու նոյն կորովով կը շարունակուի դէպի 100-ամեակ:

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ՄԵԼԱՆՔԹՈՆ ԵՒ ՀԱՅԿ ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ
ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ

«Ազդակ»

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Ակնարկ. «Իրական Սփիւռք»-ի Հրամցուող Ապ

Գործող իշխանութիւններու խորհրդարանական մէկ ներկայացուցիչին սփիւռքի մասին կատար

18 Օգոստոս 2026
Հայաստանի իշխանությունները կրկին չկատա

Կրթական ոլորտի խնդիրների մասին անցնող շրջանում շատ եմ խոսել և շարունակելու եմ

17 Օգոստոս 2026
Այցելություն Վահան Հովհաննիսյանի շիրիմ

ՀՅԴ Բյուրոյի անդամ, Գերմանիայի Դաշնային Հանրապետությունում ՀՀ արտակարգ եւ լիազ

16 Օգոստոս 2026
Այսօր Վահան Հովհաննիսյանը կդառնար 70 տ

«Մենք երբեք ձեզ երկնային մանանա չենք խոստացել: Մենք ասել ենք` եթե դուք իրոք պա

16 Օգոստոս 2026
Հայ երիտասարդությունը հավատարիմ է մնու

Ամփոփվեց ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական Միության և ՀՅԴ Ֆրանսիայի «Նոր Սերունդ» Երիտա

15 Օգոստոս 2026
Աշխարհասփյուռ երիտասարդական միությունն

«Հանուն Արցախի» բանակման շրջանակում ՀՅԴ Բյուրոյի անդամ Հովսեփ Տեր-Գևորգյանը հա

15 Օգոստոս 2026
Հայոց ցեղասպանության միջազգային ճանաչո

Հայոց ցեղասպանության միջազգային ճանաչման գործընթացը հնարավոր չէ կասեցնել. օգոս

15 Օգոստոս 2026
Ոտքի Կանգնող «Ամբաստանեալներ»-ը

«Ոտքի կանգնեցէ՛ք ամբաստանեալներ»․․․դատական նիստերու ընթացքին յաճախ գործածուած

14 Օգոստոս 2026
Խմբագրական. Պանք Օթոման Եւ Խոստումներ

Պանք Օթոմանի գործողութեան 130-ամեակին այժմէական հնչեղութիւն հաղորդելու որեւէ

14 Օգոստոս 2026
Այս իշխանությունը սպառնալիք է հայկական

Այս իշխանությունը սպառնալիք է հայկական պետականության համար, հետևաբար, նոր գում

12 Օգոստոս 2026
«Հանուն Արցախի»՝ միասին, Արցախ վերադառ

Արցախից բռնի տեղահանությունից հետո ժամանակը չի կարող մեզ հեռացնել Արցախից։ Ընդ

12 Օգոստոս 2026
Եկեղեցին Անջատ Է Պետութենէն

Պատմականօրէն աննախընթաց իրողութեան մը ականատես եղանք ուրբաթ, 7 օգոստոսին: Ամեն

12 Օգոստոս 2026
Էրդողանի կողմից ցեղասպանության ժխտումն

Չնայած իրենց դիվանագիտական խորամանկությանը՝ թուրք ղեկավարներն այդպես էլ չսովոր

11 Օգոստոս 2026
Պայքարը շարունակվում է. Բանակում Բյու

Օգոստոսի 3-ից 9-ը Բյուրականի «Գառնիկ Մկրտչյան» բանակավայրում տեղի ունեցավ ՀՅԴ

11 Օգոստոս 2026
Խմբագրական. Սեւրը՝ պատմական իրականութ

Սակայն, անհրաժեշտ է կատարել մի կարեւոր քաղաքա-իրաւական մատնանշում։ Սեւրի դաշնա

10 Օգոստոս 2026
Խմբագրական. Սեւրը՝ Ծրագիրին Եւ Հռչակագ

Սեւրի պայմանագիրի 106-րդ ամեակը յայտնաբար առիթ չէ հանդիսացած հայկական աշխարհին

10 Օգոստոս 2026
Արցախի ժողովրդի իրավունքները սակարկութ

ՀՅԴ Արցախի ԿԿ ներկայացուցիչ Արա Պուլուզյանը «Ապառաժ»-ի հետ զրույցում, արձագանք

10 Օգոստոս 2026
ՀՅԴ վերահաստատումը հայրենիքում՝ 36 տար

ՀՅԴ Երեւանի քաղաքային կոմիտեի նախաձեռնությամբ այսօր՝ օգոստոսի 8-ին Եռաբլուր զի

08 Օգոստոս 2026
Պայքարը շարունակելուց բացի այլընտրանք

ՀՅԴ Հայ Դատի գրասենյակի պատասխանատու Կիրո Մանոյանի խոսքը Եռաբլուրում. 1990

08 Օգոստոս 2026
Խաղաղությունը չի կարող լինել անվտանգու

Այո, հակամարտությունն ու դրանից բխող Արցախի ժողովրդի վերադարձի, գերիների տունդ

08 Օգոստոս 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company