ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Հոդվածներ

Պելկրատի ցոյցերուն մէջ ուսանելի կէտեր

17 Մարտ 2025

Սարգիս ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

15 Մարտը նոր եւ ուշագրաւ բարձրակէտ մը նշեց Սերպիոյ մէջ, ուր հարիւր-հազարաւոր ցուցարարներ ողողեցին Պելկրատի փողոցները եւ համախմբուեցան խորհրդարանի շէնքին առջեւ, պահանջելով նախագահ Ալեքսանտր Վուչիչի հրաժարականը: Ոստիկանութիւնը ձեռք առաւ պաշտպանական միջոցներ, շարժումը ընդհանուր առմամբ մնաց բողոքի խաղաղ արտայայտութիւններու ծիրին մէջ (ցարդ), թէեւ տեղի ունեցան «մանր դէպքեր», օրինակի համար, մէկը ինքնաշարժը քշած է ցուցարարներու վրայ եւ 3 հոգի վիրաւորած, տեղի ունեցած են սահմանափակ բախումներ՝ ընդդիմադիր ցուցարարներու եւ իշխանութեան կողքին հրապարակ եկողներու միջեւ: Ուժայինները կը մնան իշխանաւորներու պաշտպան-պատնէշի դերին մէջ:

Բողոքի շարժումը մէկ օրէն միւսը ստեղծուած ըմբոստացում չէ: Այս ալիքին ազդանշանը ծնաւ աւելի քան 4 ամիս առաջ, երբ Նովի Սատ քաղաքի մէկ կայարանին մէջ, 1 Նոյեմբեր 2024-ին, հովանոց-առաստաղ մը փուլ եկաւ ճամբորդներու վրայ, խլեց 15 զոհ: Շուտով բողոք պայթեցաւ՝ ընդդէմ իշխանաւորներու անփութութեան, կաշառակերութեան, եւ փտածութեան այլ դրսեւորումներու: Իբրեւ անմիջական արդիւնք՝ իշխանաւորները ետքայլեր ըրին: Վարչապետն ու երկու նախարար հրաժարեցան, աւելի քան տասնեակ մը պաշտօնատարներ դատական հետապնդման տակ են, սակայն ժողովուրդը արդիւնք չի տեսներ եւ ահա, հրապարակ եկած է նախագահին հրաժարականին պահանջով: (Չմտնենք յետին ծալքերու բաւիղներուն մէջ):

ՈՒՇԱԳՐԱՒ ԿԷՏԵՐ

Հպանցիկ մանրամասնութիւններ արձանագրելէ առաջ, ընթերցողին ուշադրութիւնը կ’ուզենք հրաւիրել Հայաստանի հետ կարգ մը զուգահեռներու եւ նմանութիւններու վրայ, առանց անտեսելու ակներեւ տարբերութիւններ եւ իւրայատկութիւններ:

– Ցոյցերուն մասնակցած են մեծ թիւով քաղաքացիներ, որոնցմէ մաս մը եկած է հեռու շրջաններէ: Ոստիկանութեան գնահատումով, ցուցարարներուն թիւը 107 000 է, այլ աղբիւրներ կու տան աւելի մեծ թիւեր:

– Մասնակից են աշխատաւորներ, ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐ, ուսուցիչներ, ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏՆԵՐ, բանակային վեթերաններ եւ մեծ թիւով ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐ:

– Բացայայտ է, որ ուսանողները ունին առաջնորդողի դեր: Անոնք հրապարակ եկած են դեղին բաճկոններով (Ֆրանսայի մէջ ալ մօտիկ անցեալին առաջ դեղին բաճկոնաւորներ ցոյցի ելած էին…), մարդկային պատուար ստեղծած են ցուցարարներու եւ ապահովութեան ուժերու միջեւ. անոնց բանբերները կը գրաւեն արեւմտեան լրատուամիջոցներու ոսպնեակները, եւ կը հաւաստեն, որ եղածը «իշխանութեան վախճանին սկիզբն է»:

– Նովի Սատի արկածը, կը պնդեն ընդդիմադիրները, պարզապէս մէկ ցուցանիշն է իշխանութիւններու անտարբերութեան, անատակութեան եւ կաշառակերութեան, որ լայնատարած է: Անոնք բողոք ունին նաեւ իշխանաւորներու ստապատիր քարոզչութեան, կեղծիքներուն, մամլոյ ազատութեան սեղմումին եւ ընդդիմադիրներու հանդէպ հալածանքներուն դէմ:

– Նախագահը, իր կողմէ, կը պնդէ, որ իշխանութիւնը ցուցարարներու եւ ընդդիմադիրներու պահանջներուն ընդառաջ գացած է (հրաժարականները եւ պաշտօնատարներու դատական հետապնդումը), պատրաստ է աւելին ընելու եւ մինչեւ իսկ կանխահաս ընտրութիւններ կազմակերպելու, սակայն կ’աւելցնէ, թէ «ասոնք չեն բաւարարուիր, կ’ուզեն գունաւոր յեղափոխութիւն սարքել», եւ արեւմտեան ու դրացի երկիրներու (Ալպանիա, Խրուաթիա) գաղտնի սպասարկութիւնները կը մեղադրէ՝ ցոյցերը հրահրելու յանցանքով:

– Իշխանութիւնները կասեցուցած են կարգ մը փոխադրամիջոցներ, յայտնապէս հեռաւոր շրջաններէ բողոքողներու հոսանքը սանձելու նպատակով:

ՃՕՃԱՆԱԿ

Դէպքերուն հետեւող կարգ մը դէտեր կը նշեն, որ Պելկրատի այս ցոյցերը՝ Եուկոսլաւիոյ տարանջատումէն ասդին ամէնէն ուշագրաւ իրադարձութիւններու շարքին են եւ ի յայտ կը բերեն Արեւելքին եւ Արեւմուտքին միջեւ տեսակ մը ճօճանակի վերածուած ըլլալու վիճակ, որ յամենայնդէպս առանձնայատուկ չէ այս երկրին, ուրիշներ ալ իրենք զիրենք գտած են – կամ մատնած – նման կացութիւններու: (Նախկին Եուկոսլաւիայէն ծնած երկիրներուն արիւնալի եւ այլատեսակ երկար պատմութիւն ունին յետ-խորհրդային Եւրոպային մէջ):

Նախագահ Վուչիչ ընդդիմադիրներու եւ արեւմտեան որոշ դէտերու կողմէ կը նկատուի Մոսկուայի յարող ղեկավար, որ մօտաւորապէս 12 տարիէ ի վեր նստած է երկրի ղեկին: Ան իր կապերը չէ թուլացուցած Արեւմուտքին հետ, մինչեւ իսկ համաձայն գտնուած է, որ Տանըլտ Թրամփ… պանդոկ մը կառուցէ Պելկրատի մէջ: Այսուամենայնիւ, իշխանութեան դէմ բողոքի այս ալիքը ընդհանրապէս դրական արձագանգներ գտաւ Արեւմուտքի մէջ, եւ սա բաւական բան կը նշանակէ:

ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐՈՒ ԴԵՐԸ

Արեւմտեան աղբիւրներ եւ դիտողներ նկատած են, որ շարժումին իրողական ղեկավարները՝ ուսանողները, յիշատակութեան արժանի են քանի մը «բարեմասնութիւններով»: Անոնք որդեգրած են խմբային ղեկավարութեան գործելաձեւը, անհատներ կամ որոշ խմբակ մը յառաջ չեն բերուած: Աւելի՛ն, անոնք ցարդ որդեգրած են «միջին ճամբու» գիծ մը, իրենք զիրենք հեռու կը պահեն շեշտուած ընդդիմադիրներէ: Մտաւորականներու, արուեստագէտներու եւ այլ «խաւերէ» ներկայացուցիչներու ստուարաթիւ հաւաքագրումը՝ անոնց շուրջ, այլապէս ուսանելի է:
Շարժումին տարողութիւնն ու ծաւալը աչքի առջեւ ունենալով, կը նախատեսուի, որ անիկա կրնայ երկարիլ շաբաթավերջէն անդին:

Յառաջիկայ օրերը աւելի յստակ պիտի դարձնեն, թէ անոր ետին արդեօք ինչպիսի՞ արտաքին ձեռքեր կան, կամ ժողովուրդին՝ տեղական ընդվզումը ի՞նչ նկարագիր պիտի առնէ եւ որքա՞ն ճիշդ է ուսանողներուն այն հաւաստիքը, թէ «իշխանութեան աւարտին սկիզբն է»: Իսկ եթէ իշխանութեան պնդումները արդարանան, թէ՝ «դրսեցիք կը խառնեն երկիրը», դէպքերը կրնա՞ն մտնել դէպի ներքին բախումներ տանող ուղի մը (Վրաստանի հետ զուգահեռ մըն ալ անտեսելի չէ):

Մասնաւորապէս Եւրոպայի ընդհանուր պատկերը եւ անոր բեմին վրայ հին-նոր մրցավազքերը այլապէս կը մնան «աներեւոյթ շարժողներու» ձեռքերուն մէջ:

…Հայ մը կրնայ հարց տալ ցուցարարներուն, թէ արդեօք իրենց իշխանութեան պետը երկիրը դրացիներուն «ծախելու» մրցավազքի մէ՞ջ է, պետութեան հիմերը սասանող քայլեր կ’առնէ՞: Պատասխանը հաւանաբար պիտի ըլլայ. «Ինչի՞ մասին է ձեր խօսքը…»:

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Հանդիպում ԷՏԷՔ կուսակցութեան նորընտիր

ՀՅԴ Կիպրոսի Կոմիտէի պատուիրակութիւնը՝ բաղկացեալ Սիմոն Այնէճեանէն եւ Ռաֆֆի Մահտ

20 Նոյեմբեր 2026
Հարաւային Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախու

Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Նոյեմբեր 18-ին յարգանքի հանդիսութիւն

20 Նոյեմբեր 2026
Հայհոյանքը փաստի սով Է

Հայաստանի հանրապետութեան նոր Սահմանադրութեան ընդունման հարցը վերածուած է օրակա

20 Նոյեմբեր 2026
Ակնարկ. Առաջարկի Թաքուն Բաժինը Եւ Ժողո

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը թէ՛ Ազգային ժողովի եւ թէ՛ կառավարութեան նիս

20 Նոյեմբեր 2026
Նիւ Եորքի Հայութեան Միջամտութեամբ Վար

Նոյեմբեր 8ին, Մենհեթընի «Պոլինկ Կրին» զբօսայգիին մէջ՝ Ատրպէյճանի «Յաղթանակի օր

19 Նոյեմբեր 2026
Պրիւքսէլի երկար ու դժուարին ուղին

Եւրոմիութեան Հայաստանի անդամակցութիւնն ու մերձեցումը՝ նոյնիս՛կ ոլորապտոյտ եւ փ

19 Նոյեմբեր 2026
Դու պիտի գնաս, որ Հայաստանը մնա

ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչ, ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության պատգամավոր Իշխան

19 Նոյեմբեր 2026
Պիլալ Էրտողանի Լիբանան Այցելութեան Վեր

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի որդիին` Պի

18 Նոյեմբեր 2026
Բագրատունի Ընդունեց Երկխօսութեան Ազգայ

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի

18 Նոյեմբեր 2026
Հայաստանի թշնամիները երբեք գոհ չեն լին

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինյանը սխալմամբ կարծում է, թե Ադրբեջանին և Թուրքիային շարուն

17 Նոյեմբեր 2026
Երեք տարի անց արցախյան հակամարտություն

Հայ դատի կենտրոնական խորհուրդն այսօր հրապարակել է իր «UNRESOLVED: The Conflict

17 Նոյեմբեր 2026
Այսօրվա լսումները պետք է դառնան ոչ թե

ՀՅԴ Բյուրոյի անդամ, ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության պատգամավոր, ԱԺ Մարդու իրավունքն

16 Նոյեմբեր 2026
ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցությունը հրավիր

ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության նախաձեռնությամբ նոյեմբերի 16-ին կազմակերպվել էին

16 Նոյեմբեր 2026
Նիդերլանդների ՀՅԴ կառույցի հայտարարութ

2026 թվականի նոյեմբերի 5-ից 8-ը, Հայաստանի Հանրապետության իշխանությունը բռնազա

16 Նոյեմբեր 2026
Ակնարկ. Հայաստանը ՀԱՊԿ-ի խաչմերուկում

Մոսկւայում նոյեմբերի 11-ին կայացած Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակեր

16 Նոյեմբեր 2026
Հաստատվել է «Հրայր Մարուխյան» հիմնադրա

Առաջադիմական հետազոտությունների եվրոպական հիմնադրամի (Foundation for European

14 Նոյեմբեր 2026
Ցեղասպանութիւնը ուրացողները եւ չՍփիւռք

Շուշիի մէջ Ալիեւ-Էրտողան տանդեմը կը տօնէ Քառասունչորսօրեայ պատերազմի յաղթանակը

14 Նոյեմբեր 2026
Արեւմտեան Գանատայի Հայ Դատի յանձնախում

ՎԱՆԳՈՒՎԸՐ.- Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի Արեւմտեան շրջանի ներկայացուցիչներ Յ

13 Նոյեմբեր 2026
Խօսողին Լսող Է Պէտք

Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ ՀԱՊԿ-ի (Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակեր

13 Նոյեմբեր 2026
Ակնարկ. Իրանեան Ուղերձներ` Սպառնական-Գ

Իրանի հոգեւոր պետի խորհրդականին եւ փոխնախագահին` Հայաստանի ուղղութեամբ կատարած

13 Նոյեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company