ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Հոդվածներ

Ողիմպոսի Աստուածներու Վերադարձը

06 Ապրիլ 2025

Սարգիս ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

«Սեւին սապոնն ի՞նչ անի,
Խեւին խրատն ի՞նչ անի»

ԱՌԱԾ

Թիւ մէկ խեւը կը կոչուի Տանըլտ Թրամփ, որ քանի մը օր առաջ ներածումներու վրայ տուրքերու անհամեմատ բարձրացումի որոշում մը ստորագրեց ու տակն ու վրայ ըրաւ աշխարհը, սկսելով… ամերիկեան սակարանէն: Արձագանգեցին բազում այլ խեւեր՝ դրացի թէ հեռաւոր երկիրներէ, ու տնտեսական պատերազմը աննախընթաց թափ ստացաւ, աշխարհի սակարանները ստեղծեցին անկումի բազմաձայն երգչախումբ մը: Ու երբ ալիքին միացաւ Չինաստան, Ուրբաթ, 4 Ապրիլին, յանկարծ… դարձաւ քննադատութիւններու գլխաւոր թիրախ մը, թէ՛ ամերիկեան եւ թէ եւրոպական քարոզչութեան կողմէ:

Պատերազմը եւ հակազդեցութիւնները կրնան նոր ծաւալ ստանալ եւ ընդգրկել ցարդ անկախ երկիրներ, որոնց շարքին՝ Ռուսիան, որ տակաւին ցանկի վրայ չէ (չմոռնանք որ մեր «փոքր ածու»ն ալ ստացած է պոչի հարուած մը):

Ամբողջ աշխարհը կլանուած է, եւ իրաւա՛մբ, ստեղծուած ծանրակշիռ տագնապին մէջ, որովհետեւ Թրամփի քայլը խտրութիւն չի դներ բարեկամ-դաշնակիցի եւ հակառակորդ-մրցակիցի միջեւ. հակադարձութիւններն ալ ուժեղ երկրաշարժներ, ցունամինե՛ր – եւ առայժմ՝ անվերջանալի – յառաջացուցած են երկրագունդի բոլոր շրջաններուն մէջ: Տնտեսագէտներ եւ նման վերիվայրումներու մասնագէտներ կը յուշեն, որ նման անկում արձանագրուած էր մօտաւորապէս դար մը առաջ, նմանապէս հանրապետական եւ մեծահարուստ Հըրպըրթ Հուվըրի օրերուն, եւ Միացեալ Նահանգները տարած՝ «մեծ անկում»ին (Great depression), որուն հետեւանքներէն անմասն չէր մնացած աշխարհը: Ատիկա Ա. Աշխարհամարտի վաղորդայինին էր, իսկ անկումին յաջորդեց Բ. Աշխարհամարտը եւ… վերականգնումը: Աշխարհը կ’ապրի չյայտարարուած Գ. Աշխարհամարտը…

Այնպէս կ’երեւի, որ Այզըք Նիւթըն անունով գիտնականին մէկ նշանաւոր խօսքը՝ «իւրաքանչիւր արարք-ուժ իր դիմաց կը գտնէ համահաւասար հակա-արարք» (Every action has an equal and opposite reaction), հիմա մտած է ելեւմտական սակարաններ: Անոր մէկ այլ խօսքը՝ թէ «ամէն բան, որ վեր կը բարձրանայ, պէտք է վար իջնէ» (Everything that goes up must come down), շատո՜նց հերքուած է գիտնականներու կողմէ, որոնց արձակած տիեզերանաւերը երբեմն կը լծուին անվերադարձ առաքելութիւններու, կը ճամբորդեն արեգակնային համալիրէն դուրս, կրնան ուրիշ տեղ «վար գալ»: Այդ տեսութիւնն ալ ուրիշ տեսակի՝ շրջուած կիրարկում մը կը գտնէ սակարաններուն մէջ, ուր շա՜տ բան միայն դէպի վար, աւելի՛ վար կը շարժի: Ո՛չ ոք կը հարցնէ, թէ ո՞վ է պահանջողը, որ նշաձողը վար բերուի, եւ՝ մինչեւ ո՛ւր…
Տիրականը, նմանապէս արդարացիօրէն, այն կարծիքն է, որ տնտեսական այս պատերազմը ո՛չ մէկ երկրի, ո՛չ մէկ ժողովուրդի բարիք կը խոստանայ, այլ հարուածողն ու հակահարուած տուողը, հակադիրին չափ ալ «սեփական ոտքին կը կրակեն», այնքան մը՝ որ բռնած են անդամնահատումի ճամբան: Կը բաւէ արագ ակնարկ մը նետել սպառողական նիւթերու սակագիներուն վրայ, սկսելով… վառելանիւթերէն: Սղութիւնը զանգուածներու քսակներէն ներս կը թափանցէ ցունամիանման ալիքներով:

Շահողներ կա՞ն: Անշո՛ւշտ որ կան, այն ալ ինչպէ՜ս, սակայն այդ մասին քիչ ետք:

Անմիջական հետեւանքներուն ցանկը երկար է եւ ամէն ժամ նորեր ի յայտ կու գան, անոնց կ’ընկերանան հազար ու մէկ մեկնաբանութիւն, վերլուծում, ընդհանրապէս ճիշդ եւ տեղին, որովհետեւ անոնք մեծ մասամբ կը կատարուին, ինչպէս նշեցինք՝ մասնագէտներու կողմէ, այսինքն՝ մարդոց՝ որոնք ԿԸ ՀԱՍԿՆԱՆ թէ ի՛նչ կը նշանակէ տնտեսութիւն, միջազգային առեւտուր եւ յարաբերութիւններ, պատահական տգէտներ եւ դրածոներ չեն: Անոնք ցոյց կու տան, եւ՝ փաստացի բացատրութիւններով, որ ներկայ այլանդակ մրցավազքին հետեւանքներուն շարքին պիտի ըլլան, ապրուստի սղութեան զուգահեռ (իսկ արդեօք կա՞ն միամիտներ, որոնք տրամադիր են հաւատք ընծայելու ամերիկացի իշխանաւորներու այն հաւաստիքին, թէ պէտք է դիմանալ, ապագան լաւ պիտի ըլլայ. եթէ կան՝ անոնք հաւանաբար մոռցած են «Մինչեւ առուն ջուր գայ…» խօսքը), մասնաւո՛րաբար եւրոպական շարք մը երկիրներու տնտեսական տագնապներուն ծանրացումը (կարծէք թէ Ուքրանիոյ եւ Իսրայէլի ռազմագանձանակները ողողելու քայլերը բաւարար չէին), բարեկամական կապերու թուլացումն ու մինչեւ իսկ խզումներ, մէկ խօսքով՝ համատարած… քաոս:

Ստեղծուած քաոսին անմիջական հետեւանքներէն մէկն ալ այն եղաւ, որ շարք մը այլ կիզող տագնապներ դարձան երկրորդական, նետուեցան լուսանցքի վրայ: Կազայի մէջ իսրայէլեան ոճիրներուն վերսկսումն ու գօտիներու տարածումը նախկինին չափ արձագանգ չեն գտներ, Ուքրանիոյ «պարգեւուած» ողբերգութիւնները՝ նմանապէս (հոն արդէն ի յայտ կու գայ այլանդակութիւններու նոր դրսեւորում, բացայայտ կը դառնայ, որ պատեհրազմին դադարեցումէն աւելի՝ ռուս-ամերիկեան բանակցութիւններուն «առիւծի բաժին»ը կը տրամադրուի… առեւտրական եւ այլ կապերու վերադասաւորման, շահակցութիւններու վերաբանաձեւման): Լուսանցք քշուած են թէ՛ Թուրքիոյ ներքին խռովութիւնները, թէ՛ մեր հայրենիքը՝ Հայաստանը շահագրգռող իրադարձութիւններ եւ այլ տագնապներ, որոնցմէ՝ Իրանի դէմ նիւթուող սադրանքները, Կարմիր ծովու, սեւ Ափրիկէն կարմիրի լիճերու մատնող ու բազում այլ մտահոգիչ, ողբերգական զարգացումները:

ՇԱՀՈՂՆԵՐԸ

Փորձենք ՊԱՏԱՍԽԱՆ ՄԸ որոնել այն հարցումին, թէ որո՞նք են ստեղծուած քաոսէն օգտուողները: Մեր դիտարկումը չի ժխտեր հրապարակ եկած ճիշդ ու արդար մեկնաբանութիւնները, սակայն կը նախընտրենք լուսարձակը կեդրոնացնել գիծի մը վրայ, որ ընդհանրապէս քիչ տեղ կը գտնէ բացատրականներուն ու զգուշացման յորդորներուն մէջ:

Քիչ առաջ ակնարկեցինք Նիւթընին եւ իր տեսութիւններուն: Եկէ՛ք, հիմա պահ մը երթանք նախնադար, այն օրերը՝ երբ աշխարհի մէկ շրջանին՝ Յունաստանի մէջ տիրապետող էին Զեւսն ու իր ընտանիքին անդամները: Այլ երկիրներու մէջ ալ կային, եղած եւ աստուածներու ընտանիքներ, սակայն բաւականանանք Զեւսով ու հարազատներով:

Ի՞նչ կ’ընէին այդ աստուածները: Անոնք կը բնակէին ամպերէն վեր՝ Ողիմպոսի գագաթը, ունէին իրենց հանգի՜ստ կացարանները, ունէին հակադրութիւններ, մրցակութիւններ, օժտուած էին մարդկային նկարագիրով եւ, օրինակ, կը նախանձէին իրարու, մասնակից էին դաւերու սարքումին: Հասարակ մահկանացուները չէին տեսներ այդ աստուածները, որոնց մասին կային դիցաբանական առասպելներ, աւելի՛ իրական՝ երեխայամիտ, բարի՜ մարդուն: Մահկանացուները թերեւս այդքան ալ հոգ չէին ըներ, երբ իմանային, թէ ո՞ր աստուածը ո՞ր աստուածուհին կը դարպասէ, ո՞վ որո՛ւն կը նախանձի, Բագոսը որքա՞ն կը գինովնայ եւ այլն: Հարց կը ծագէր՝ երբ ողիմպիականները երբեմն վար կու գային իրենց բարձունքէն, կը մտնէին մարդոց կեանքին մէջ, հերոսներ կը լարէին իրարու դէմ, մինչեւ իսկ կը կենակցէին հասարակ մահկանացուներու հետ ու ծնունդ կու տային կիսաստուածներու, որոնք այլապէս կը դառնային հմայող հերոսներ: Մէկ խօսքով, աստուածները հասարակ մահկանացուներուն հետ կը վարուէին ըստ կամս, այնպէ՛ս՝ ինչպէս կը թելադրէր իրենց օրուան տրամադրութիւնը: Ու մարդիկ համոզուած էին, որ իրենք անկարող են դէմ երթալու աստուածաներու տնօրինումներուն, խաղերուն, ընդունած էին իրենց ՃԱԿԱՏԱԳԻՐԸ:

Եթէ փորձենք տնտեսական նոր պատերազմը (առանց մոռնալու այլ հակամարտութիւններ ու նախընթացները) դիտել ողիմպիականներու խաղերուն տրամաբանութեամբ, յիշեալ հանելուկին որոշ պատասխաններ տեսանելի կ’ըլլան: Այդ ընելու համար, դնենք նոր – եւ կիզիչ – հարցում մը: Ի՞նչ հնոցէ կը հրահրուին ներկայ զարգացումները: Անմիջական պատասխանը – եւ ո՞վ չի գիտեր – ՆԻՒԹԱԿԱՆ ՇԱՀն է: Եթէ կան վնասուող զանգուածներ (երկիր, ժողվուրդ, որոշ ընկերութիւններ…), կան նաեւ հսկայական շահ ապահովողներ, որոնք հիմա բազմած են ողիմպիականներէն ժառանգ ստացուած գահերուն, ընդհանրապէս անտեսանելի կը մնան հասարակ մահկանացուներէն, սակայն բոլորին հետ կը խաղան նոյն խաղը, զանգուածները խաղալիք կը դարձնեն իրենց շահո՛ւ քմահաճոյքներուն: Անոնք ալ ունին նախանձի եւ մրցակցելու նորացուած յատկանիշները, եւ ի տարբերութիւն հին աստուածներուն, ո՛չ մէկ ատեն հասարակ մարդոց բարիք ընելու մասին կը մտածեն. Իրենց անյեղլի նշանաբանն է ՇԱՀ, ԱՒԵԼԻ՛ ՇԱՀ:

Եթէ ուրիշ փորձ մը ընենք եւ հարց տանք, թէ ներածման տուրքերու բարձրացումը որո՞ւն համար նպաստաւոր է, դարձեալ պարզ կ’ըլլայ պատասխանը: ԲՈՒՆ ԱՐՏԱԾՈՂ-ՆԵՐԱԾՈՂՆԵՐԸ պիտի չըլլան վնաս կրողները, այլ անոնք առնուազն նոյն շահերը – եթէ ո՛չ՝ աւելի մեծ շահ – պիտի ապահովեն ստեղծուած նոր դրութենէն: Ամերիկա ապրանք ներածողը եթէ աւելի մեծ գումար պիտի վճարէ արտածողին, բնականաբար ներածուածը շուկայ պիտի հանէ աւելի՛ բարձր սակերով, նոյնը պիտի ընեն «դիմացի» երկիրներուն ներածողները, եւ ահա, անմիջական ու տեսանելի հետեւանքը պիտի ըլլայ… ապրուստի սղութեան երիվարին, երիվարներո՛ւն մտրակահարումը: Կարճատեսութիւն կը բուրէ Թրամփի այն «տեսութիւնը», թէ ներածումները բարձր տուրքի ենթարկելով՝ ամերիկեան արտադրութիւնները պիտի նպաստաւորուին կամ սղութեան ալիքը պիտի սահմանափակուի, որովհետեւ ամերիկացի արտադրողն ալ, օգտուելով առիթէն՝ պիտի բարձրացնէ ի՛ր արտադրութեանց սակերը, որովհետեւ շուկան պահ մը պիտի դառնայ (իբրեւ թէ) իր մենաշնորհը:

ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅՆԱՑՈՒՄ

«Հանելուկը» քիչ մը աւելի՛ պարզաբանելու համար, եկէ՛ք, նաեւ հարց տանք, թէ արդեօք ներածող-արտածող-արտադրողները միայն մէ՞կ երկրի շուկաներուն կամ արտադրական դաշտերուն կը տիրապետեն:

Պատասխանը պարզ է. կա՛րճ՝ ականտես ենք համաշխարհայնացումի ամէնէն բիրտ ու դաժան մէկ կիրարկման: Հեռադիտակները լարենք եւ նայինք մօտ ու հեռու: Ողիմպոսի գագաթը բազմող եւ հասարակ մահկանացուներուն աչքին աներեւոյթ մնացողներ՝ իրենք զիրենք համա-հզօր դասած են քրիստոնէական Աստուծոյ, որուն յատկանիշներուն մաս կը կազմեն հետեւեալները. ԱՄԵՆԱՏԵՍ, ԱՄԵՆԱԿԱՐՈՂ, ԱՄԷՆ ՏԵՂ: Անոնք ամէն տեղ են, իրենց համար սահմաններ չկան, ուրեմն՝ ո՛չ մէկ տարբերութիւն, թէ ո՞վ որո՛ւ դէմ տուրք կը բարձրացնէ: Իրե՛նք են խաղը խաղացողը, վարի խաղացողներուն թելերը (տիկնիկային թատրոնի հետեւողութեամբ) վերէն քաշքշողները, ամէն տեղ շահո՛ղը (սա աստուածային նոր յատկանիշ է), կը փորձեն հասարակ մահկանացուները համոզել, որ այս ալ իրե՛նց ճակատագիրն է, իրենց վիճակուած է անկարողութիւն:

Եթէ ընթերցողս այս նշումին մէջ ճշմարտութեան բաժին կը տեսնէ, անկէ անդին նաեւ դժուարութիւն պիտի չունենայ հասկնալու, թէ ո՞վ նման խենթեր կը բերէ իշխանութիւններու ղեկին, զանոնք այս կամ այն ձեւով շահակի՜ց ալ կ’ընէ իրենց «նուաճումներուն» (ղեկին բերուողներուն նետուած փշրանքներն իսկ պատկառելի են), զանոնք կը լարէ (իբրեւ թէ) իրարու դէմ, կը ստեղծէ երեւոյթ՝ թէ կայ շահող մը, կայ վնասող մը, սակայն փշրանքներ շահողն ու վնասողները… պարզապէս Ողիմպոսին ստորոտի բնակիչ են:

Հասկնալի կը դառնայ նաեւ այն, որ Թրամփ մը – եւ նմաններ, խումբ մըն ալ՝ Երեւանի մէջ – ինչո՛ւ կ’առնեն այնպիսի քայլեր, կու տան ինքնագլուխ որոշումներ, որոնք խորքին մէջ կը քանդեն կառավարական կառոյցներ (օրինակ, Միացեալ Նահանգներու առողջապահական, կրթական, ընկերային ապահովութեան, մինչեւ իսկ ազգային ապահովութեան), ընթացք կու տան, ձեւով մը՝ անոնց սեփական մարզ փոխանցման, իսկ, կրկնենք, այդ սեփական մարզի տէրերը նոյնինքն նոր օրերու ողիմպիականներն են: Անոնց համար ո՛չ մէկ նշանակութիւն ունի, թէ քանի՞ պաղեստինցի ջարդուած է, քանի՞ ուքրանացի ողջակիզուած ու տնաքանդ դարձած, գաղթականներու թիւը քանի՞ միլիոնով աւելցած է, կամ, վերջապէս, Արցախն ու «Զանգեզուրի միջանցք»ը որո՞ւն կը պատկանի: Անոնք աշխարհն ու անոր ողբերգութիւնները կը դիտեն բազմագոյն ակնոցով մը՝ տոլարի, եւրոյի կամ այլ դրամանիշներու գոյներով, տապկուած՝ սուղ իւղով մը, որ կը կոչուի քարիւղ…:

Կասկած չկայ, եւ կրկին ու կրկի՛ն փաստուած է, որ շահաւորները մի՛շտ ալ դրամին տիրողներն են, մեծահարուստները: Նորագոյն վկայութիւնը, փաստը ծնաւ 4-5 Ապրիլի լուսցող գիշերը, երբ ամերիկեան Ծերակոյտը, քուէներու մանրիկ առաւելութեամբ մը (ինչպէ՞ս չկասկածիլ, որ այս ալ մեծ խաղին մէկ մասնիկն է) քուէարկեց պիւտճէական ծրագիրներ, որոնք շահատուրք չվճարելու լայն առաւելութիւններ կու տան հարուստներուն: Ներկայացուցիչներու տունէն կը սպասուի նոյն… սպասարկումը: Վճարո՞ղը՝ պետական պիւտճէն, որ պիտի ծանրաբեռնուի բազմաթրիլիըն տոլարի պարտքերով: Մեծ յաւելումի ենթարկուած է պաշտպանութեան-ռազմական ճարտարարուեստի պիւտճէն: Ժողովուրդին աչքին փոշի մը նետած են, թէ՝ համեստ եկամուտ ունեցողներուն շահատուրքերը պիտի չբարձրանան, ընկերային ապահովութեան սնտուկը (առայժմ) վտանգուած չէ: Իսկ անդին, ո՞վ պիտի պահէ հաշիւը ապրուստի սղութեան…

ԱՍՏՈՒԱԾՆԵՐԸ ՅԱՒԵՐԺ ՉԵՆ

Հին աստուածներուն դարաշրջանը օր մըն ալ վերջ գտաւ, երբ Մարդը անդրադարձաւ, որ ինք անոնց խաղալիքը չէ, նման վիճակ չի կրնար ընդմիշտ շարունակուիլ, սկսաւ հարցականի տակ առնել աստուածները, մերժեց ենթակայ մնալ անոնց կամայական խաղերուն, տապալեց զանոնք ու վերջ դրաւ անոնց ամենակարողութեան ու անվիճելիութեան առասպելին: Անկէ ետք, մարդն ու քաղաքակրթութիւնը մտան իսկական զարգացումի փուլ, միտքն ու բանականութիւնը դարձան տիրապետող, ՄԱՐԴԸ դարձաւ տիեզերքի կեդրոնը: Դարերը թաւալեցան, տապալեցան նաեւ… կայսրութիւններ, ու եղաւ Զարթօնք, ու բարեկարգումները տապալեցին աւանդական աւատապետները, ու եղաւ ընկերային իրաւունքներու ձեռքբերման քայլ առ քայլ յառաջխաղացք, եղան Զարթօնք ու Ճարտարարուեստի յեղափոխութիւն, հիմա արդէն հասած ենք Արուեստական բանականութեան դարաշրջան՝ իր դրական ու անախորժ պտուղներով:

Թրամփի ստեղծած ցունամիին դէմ ոտքի ելած են ո՛չ միայն բարեկամ ու հակառակորդ երկիրներու իշխանութիւնները, որդեգած են – կամ կը սպառնան որդեգրել – հակաքայլեր (որոնց այլապէս բարիք չխոստացող վտանգներուն ակնարկեցինք քիչ առաջ), այլ նաեւ ժողովրդային զանգուածներ: Շաբաթ օր, Ուշինկթընէն մինչեւ Նիւ Եորք ու այլ քաղաքներ (մօտաւորապէս 1200 տեղ) յորդած բողոքի ցոյցերը համախմբերցին հարիւր-հազարաւորներ, արձագանգ գտան նաեւ Եւրոպայի մէջ՝ Անգլիա, Ֆրանսա, Փորթուգալ, Գերմանիա եւ այլուր: «Ձեռքդ քաշէ՛» նշանաբանով տարածուած հակացունամին կրնայ նոր տարածք շահիլ յառաջիկայ օրերուն: Երգիծաբաններն ու երգիծանկարիչները բարձրացււցած էին առաջին դրօշները…

Այսօր ալ բանական մարդը պիտի գիտակցի, որ պէտք է վերջ գտնեն իր ապրուստին ու կեանքին գնով խաղցուող մահացու եւ սնանկացնող խաղերը: Արդէն կը տեսնէ, իր մորթի՛ն վրայ կը զգայ, որ ողիմպիականներուն խաղալիք-կամակատարը եղող Թրամփները հիմա կ’ընեն ճիշդ հակառակը՝ ընտրապայքարի շրջանին իրենց տուած բարի խոստումներուն (ինչպէս… ՔՊ-ականները), եւ անպատկառօրէն կը հաստատեն, թէ իրենց հոգը չէ թէ ո՞վ կը վնասուի, այլ իրենց նշանաբանը՝ «մեզմէ դուրս ջրհեղեղ»ն է (տեսէ՞ք, հոս ալ դէպի յառաջ ոստում կայ՝ «Ինձմէ ետք ջրհեղեղ»ին բաղդատմամբ…): Ընկերութեան կեդրոնական արժէքը ըլլալու մարդուն գիտակցութիւնը՝ այդ գիտակցութեան լիարժէ՛ք վերականգնումը պիտի բանայ ճամբան, որպէսզի Մարդը ի վերջոյ շահի, պէ՛տք է շահի այս այլանդակ մրցումը, եւ վար պիտի բերէ նոր ողիմպականները, բոլո՛ր ողիմպիականները (մեր այս սիւնակին մէջ արձանագրուած «ողիմպիականներ»ը կապ չունին ազնիւ մրցակցութեան մտնող մարզիկներուն հետ…):

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
«Հայաստան» խմբակցության պատգամավորները

Սեպտեմբերի 9-ին «Հայաստան» խմբակցության նախաձեռնությամբ հանդիպում է տեղի ունեց

09 Սեպտեմբեր 2026
Դա բոլորիս պատվի խնդիրն է, առավել ևս՝

Արցախի Հանրապետության Ազգային ժողովի նախկին նախագահ Դավիթ Իշխանյանի ուղերձը Բա

09 Սեպտեմբեր 2026
Կրկնուող երեւոյթներ, զորս Փաշինեան չի

Ամէն անգամ, երբ ՀՀ իշխանութիւնները Ատրպէյճանի հետ բանակցային նոր հանգրուան մը

09 Սեպտեմբեր 2026
Սփիւռքի Ազգային Զօրաշարժի Խորհրդաժողով

Սփիւռքի Զօրաշարժի Խորհրդաժողովին (Փարիզ, Ապրիլ 11-12) ընթացքին տեղի ունեցած չո

09 Սեպտեմբեր 2026
Արցախեան Հարցը. Բանակցութիւն, Պատերազմ

Սէրուժ Խանճիհանեանի հարցազրոյցը ՀՅԴ անդամ, Ազգային Ժողովի պատգամաւոր Արթուր Խա

08 Սեպտեմբեր 2026
Փաշինյանը ցանկանում է Հայաստանը վերածե

Հայոց ցեղասպանության գլխավոր կազմակերպիչ Թալեաթ փաշան 1915 թվականի իր նամակներ

07 Սեպտեմբեր 2026
Ի՞նչն է «վատ» կամ «լավ» հայության համա

Վերջին տարիներին Հայաստանի և Սփյուռքի հայությունը հիմնականում բաժանվել է երեք

05 Սեպտեմբեր 2026
Ինչ է լինում, երբ «ասֆալտը՝ ասֆալտ» է

«Ինչու են ասֆալտի վրա շատ կենտրոնանում, որովհետև ասֆալտից էդ ա, բանը... Ինչու

05 Սեպտեմբեր 2026
TRIPP-ը և Իրանը. անվտանգային մտահոգութ

TRIPP-ը Հայաստանի Հանրապետության հարավային տարածքով անցնող մոտավորապես 43 կիլո

05 Սեպտեմբեր 2026
Գաղափարական պայքարի Դրօշը դեռ երկար պե

Հարցազրոյց «Դրօշակի» խմբագիր ԱՐՏԱՇԷՍ ՇԱՀԲԱԶԵԱՆԻ հետ Վրէժ-Արմէն – Սովորական

05 Սեպտեմբեր 2026
«Խաղաղություն» առանց երաշխիքի. օգոստոս

2025 թվականի օգոստոսի 8-ին Վաշինգտոնում Սպիտակ տան տիրոջ՝ Դոնալդ Թրամփի մասնակ

05 Սեպտեմբեր 2026
Արդյո՞ք լավ ենք ճանաչում մեր հասարակու

Չափազանց բարդ ու զգայուն հարցի հետ գործ ունենք: Չեք գտնի թեկուզ մի քիչ խելամիտ

05 Սեպտեմբեր 2026
Հայաստանը և ՀԱՊԿ-ը մոտենում են անդարձե

2026 թվականի մայիսին ՀՀ արտաքին գործերի նախարար Արարատ Միրզոյանը և ԱՄՆ պետքարտ

05 Սեպտեմբեր 2026
Փաշինյանական իշխանությունը որպես Հայա

Ինչպես գրել էինք «Դրօշակի» սույն թվականի հունիս ամսվա համարում. «Հայաստանի Հան

05 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Սեպտեմբեր 2ը Արցախի Հայութ

1991 Սեպտեմբեր 2ին, 35 տարի առաջ, Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզի եւ Շահումեա

04 Սեպտեմբեր 2026
«Դրօշակ»ի Առաջնորդող. Պայքարին այլընտր

2026 թվականի խորհրդարանական ընտրություններում վերարտադրվելու համար Նիկոլ Փաշին

03 Սեպտեմբեր 2026
Մոսկուա – Պաքու Ճգնաժա՞մ, Թէ՞ Անցողակի

25 Դեկտեմբեր 2024-ին Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւնները վատթարացած

03 Սեպտեմբեր 2026
Հալածանքը Կը Շարունակուի

Նախորդող շաբթուան գլխաւոր իրադարձութիւնը նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի ե

03 Սեպտեմբեր 2026
Արցախից յետոյ, թէկուզ ջրհեղե՞ղ…

Թող ոչ ոքի համար տարօրինակ չթւայ, որ հայկական Արցախի կորստից յետոյ, սպասելի էր

02 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Սփիւռքի վերակազմակերպման ե

Ապրիլին Փարիզի մէջ կայացած Սփիւռքի ազգային զօրաշարժի խորհրդաժողովի նոր կայքէջի

02 Սեպտեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company