Թորոնթոհայութիւնը տէր է պահանջատիրութեան եւ Հայ Դատին
26 Ապրիլ 2025
Հինգշաբթի, 24 Ապրիլ 2025-ին, առաւօտեան ժամը 11։00-ին սկիզբ առաւ Թորոնթոյի մէջ Ապրիլեան ոգեկոչումի ձեռնարկը, քաղաքակեդրոնի City Hall-ին դիմաց, ներկայութեամբ օտարազգի եւ հայ պատգամաւորներու, թեկնածուներու, հասարակական գործիչներու, միութիւններու եւ պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներու եւ հոծ բազմութեան:
Օրուան հանդիսավար, Հայ Դատի յանձնախումբի անդամ Քաթիա Տէր Յովակիմեան, ներկաները հրաւիրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յագելու յիշատակը մեր նահատակներուն, որմէ ետք ան ընթերցեց բացման խօսքը, ըսելով. «1915 թուականին բնաջնջումի թիրախ հանդիսացած էր մէկուկէս միլիոն հայեր։ Այսօր մենք կը յիշենք այս բոլորը ոչ միայն ցաւով ու վիշտով, այլեւ նպատակաուղղուածութեամբ, որովհետեւ անարդարութիւնը տակաւին կը շարունակուի հայուն հանդէպ, բայց այս անգամ Արցախի մէջ», ապա աւելցուց. «Արցախի Քառասնօրեայ պատերազմին ընթացքին արցախահայութիւնը դարձեալ բնաջնջումի եզրին հասաւ, մօտաւոր 100 հազարէ աւելի հայեր լքեցին իրենց պապենական հողերը, իսկ գերիներ, որոնք մինչ այսօր կը գտնուին Ատրպէյճանի ժանիքներուն տակ, անարդարօրէն ահ ու սարսափի ենթարկուեցան ու տակաւին կ’ենթարկուին։ Կատարուածը միջազգային իրաւունքներու խախտում է, որոնք ուշադրութեան եւ պոռթկումի արժանի են»։
Բեմ բարձրացաւ Օնթարիօ նահանգի Օրէնսդիր ժողովի նախկին նախագահ Տէյվիտ Ուորնըրը, որ իր ելոյթին մէջ յստակօրէն ներկայացուց 1915-ին տեղի ունեցած պատմական իրողութիւնը եւ շեշտը դրաւ իր աջակցութեան՝ Հայաստանի ու Արցախի, ինչպէս նաեւ Թորոնթոյի հայ համայնքին:
Հանդիսավարը հրաւիրեց Գանատայի խորհրդարանի պատգամաւոր տիկին Ճին Եիփը, որ արտասանէ Ազատական կուսակցութեան առաջնորդ եւ Գանատայի վարչապետ Մարք Քառնիի ուղերձը, մասնակցութեամբ Տան վալի նորթի պատգամաւոր Մակի Չիի։ Ապա, օրուան հանդիսավարը ընթերցեց Պահպանողական կուսակցութեան առաջնորդ Փիեռ Փոլիէվրի ուղերձը. ընթերցուեցաւ նաեւ Գանատայի Նոր Դեմոկրատ կուսակցութեան ղեկավար Ճասմիթ Սինկի ուղերձը։ Գանատայի խորհրդարանի բոլոր կուսակցութիւնները իրենց ուղերձներուն մէջ զօրակից էին Գանատայի հայութեան։
Հերթաբար խօսք առին Օնթարիոյ նահանգային խորհրդարանի պատգամաւորներ Արիս Պապիկեան, Ճոնաթան Ցաոյին, Ադիլ Շամջին, Պրետ Պրետֆորտ, Ճոշ Մեթլոու, որոնք բոլորը իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին Գանատայի հայ համայնքին, Հայ Դատին, արցախահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ ապահով կերպով Արցախ վերադարձին:
Յայտագրի առաջին բաժինը հոգեւոր հովիւներուն աղօթքով հասաւ իր աւարտին, որմէ ետք սկիզբ առաւ քայլարշաւը դէպի թրքական հիւպատոսարան, ուր հանդիսավար Հուրինա Պէրպէրեան Վերտանեան հակիրճ անդրադարձ մը ունեցաւ ցեղասպանութեան մասին, ապա անգլերէն լեզուով օրուան պատգամը փոխանցեց Արիանէ Ղազարեան, որ իր խօսքը թուրք հիւպատոսին ուղղելով ըսաւ. «Այսօր հոս հաւաքուած ենք, յիշատակելու Ապրիլեան եղեռնի 110-ամեակը, որ գործուեցաւ ձեր ձեռքով: Դուն եւ Էրտողան, չէք կրնար պատմութիւն մը ջնջել։ 1915 թուականէն առաջ, Արեւմտահայստանի մէջ կ’ապրէին աւելի քան 2 միլիոն հայեր, սակայն դուք արմատախիլ ըրիք ամբողջ ազգ մը։ Տարիներու ընթացքին հայը ապրեցաւ, բազմացաւ եւ պահպանեց իր ինքնութիւնը»։
Ան իր խօսքը աւարտեց ըսելով. «Մենք` թորոնթոհայերս, այդ որբացեալ սերունդին զաւակները, պահանջներ ունինք ձեզմէ. ա)Ընդունիլ եւ յայատարարել 1915 թուին կատարուած ոճրագործութիւնը: բ)Խոնարհիլ եւ ներողամտութիւն խնդրել հայերէն: գ)Պատասխանատու ըլլալ եւ փոխ հատուցում տալ 1915-ին կատարուած իրողութեան։ դ)Պատմական իրողութիւն մը կայ, զոր կարելի չէ բնաջնջել, քանի այդ մէկը կ’ապրի մեր մտքերուն, հոգիներուն եւ սրտերուն մէջ։ ե)Վերադարձնել այն բոլոր իրաւունքները, զորս խլեցիք մեզմէ եւ փորձեցիք ծածկել։ զ)Անմիջապէս զինադադար յայտարարել եւ ձեր արիւնաթաթախ մատները հեռացնել Արցախէն եւ արցախայութենէն»:
Յայտագրին ընթացքին ելոյթ ունեցաւ Էլիզապէթ Գանտահարեան, ասմունքելով Միքայէլ Նալպանտեանի «Ազատութիւն» բանաստեղծութիւնը։
Աւարտին Հոգշ. Տէր Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեանի «Պահպանիչ»-ով ու Տէրունական աղօթքով փակուեցաւ միջոցառումը:
Հուրինա
Թորոնթոյի մէջ տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն` ի յիշատակ ապրիլեան նահատակներու հոգիներուն

Չորեքշաբթի, 23 Ապրիլ 2025-ին, երեկոյեան ժամը 8։00-ին, Թորոնթոյի Մարքամի Յիշատակի Պուրակին մօտ, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԳԵՄ-ի Թորոնթոյի «Սիմոն Զաւարեան» մասնաճիւղի անդամներուն, տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն եւ ծաղկեմատոյց:
Սոյն ձեռնարկը սկիզբ առաւ Գանատայի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներով։
Օրուան հանդիսավարներ` Բալիկ Ասդուր եւ Ժանօ Տոնոյեան, ներկաները հրաւիրեցին մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելու յիշատակը ապրիլեան նահատակներու հոգիներուն, որմէ ետք Բալիկ Ասդուր անգլերէնով, իսկ Ժանօ Տոնոյեան հայերէնով ընթերցեցին բացման խօսքը։ Անոնք անդրադարձան Օսմանեան կառավարութեան կատարած ոճրագործութեանց, որուն պատճառաւ ժողովուրդ մը ամբողջ բնաջնջումի ենթարկելով ուզեցին արմատախիլ ընել, զանոնք քշելով դէպի Սուրիոյ անապատները։ Հանդիսավարները իրենց խօսքին ընդմէջէն լոյս սփռեցին հայու հզօր կամքին, երբ անապատը, որ հայոց անթաղ մարմիններու գերազմանն էր, դարձաւ ծնունդ որբացեալ ժողովուրդին։
Անոնք շեշտեցին. «Ցեղասպանութենէն առ այսօր մեր պայքարը կը շարունակուի: Մենք պահանջատէր ենք մեր բռնագրաւուած հողերուն եւ արդար հատուցումը կ’ուզենք Թուրքիոյ կառավարութենէն։ 2004-ին գանատական կառավարութիւնը ճանաչում յայատարարեց Հայոց Ցեղասպանութեան։ Ուրեմն մենք, որպէս երիտասարդներ, պիտի շարունակենք քալել մեր նախնիներուն ճամբէն եւ պիտի մերժենք ամէն տեսակ ուրացում, որ մոռացութեան կ’ենթարկէ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը»։
Ձեռնարկի ընթացքին, Թորոնթոյի ՀՕՄ-ի Ամէնօրեայ վարժարանի 12-րդ կարգի աշակերտները ասմունքեցին «Ցասում» կտորը, որուն հեղիկնակն է վարժարանի տնօրէն Ռաֆֆի Սարգիսեան։
Պատանեկան Միութեան անդամները հանդէս եկան «Տուն իմ հայրենի» հայրենասիրական երգով, որմէ ետք ԳԵՄ-ական ընկերներու կողմէ պատրաստուած յատուկ տեսերիզի մը ցուցադրութիւնը բարձր գնահատականի արժանացաւ, որով նոր սերունդի երիտասարդներ կ’ուխտէին ի գին ամէն բանի, բարձր պահել հայ լեզուն եւ մշակոյթը, որպէսզի յաջորդող սերունդներ հպարտանքով օգտագործեն զանոնք:
Սրտի խօսքով հանդէս եկաւ Մարքամի փոխ քաղաքապետ Մայքըլ Շան, որ բարձր գնահատեց հայութեան վարկը Գանատայի մէջ։
Տեղին է յիշատակել, թէ սոյն միջոցառման ներկայ էին Գանատայի խորհրդարանի պատգամաւոր Հելէնա Չազէք եւ Ազատական կուսակցութեան խորհրդարանական թեկնածու Բիթըր Եուէն:
Աւարտին տեղի ունեցաւ ծաղիկներու տեղադրում Ծիծեռնակաբերդի մանրակերտին դիմաց, որ պատրաստուած էր ԳԵՄ-ական երիտասարդներու կողմէ, ինչպէս նաեւ անմոռուկի մանրակերտին մօտ, որ պատրաստուած էր ՀՄԸՄ-ի սկաուտներուն կողմէ:
Հոգշ. Տէր Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեանի «Պահպանիչ»ով եւ Տէրունական աղօթքով փակուեցաւ միջոցառումը:
Հուրինա Պէրպէրեան
Լուսանկարները՝ Իշխան Ղազարեանի

















