Իսրայէ՞լ… Մարդկային օրենքնե՞ր…
13 Մայիս 2025
Իսրայէլի նախագահը՝ Իցհակ Հերցոկ, Երկուշաբթի, 12 Մայիսին Պերլին այցելեց, նշելու համար երկու երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական յարաբերութեանց հաստատման 60-րդ տարեդարձը:
Այցելութիւնը, ինքնին, ուշագրաւ էր, եւ ստեղծեց նոյնքան ուշագրաւ արձագանգներ, սկսելու համար՝ նոյնինքն Գերմանիոյ, ապա նաեւ նման հանդիպումներով շահագրգիռ երկիրներու մէջ:
Կարելի չէ նեղ սիւնակի մը մէջ խօսիլ բազմաթիւ արձագանգներու մասին, հետեւաբար պիտի կատարենք ընտրութիւն:
Ա. Հրեցոկ հանդիպում ունեցաւ Գերմանիոյ իր պաշտօնակիցին՝ Ֆրանք-Վալթըր Սթայնմայըրի հետ, ու հակառակ երեւութապէս սիրալիր խօսակցութեան՝ հակաճառութիւնը յստակ էր: Գերմանիոյ նախագահը «քաղաքավար բառերով» քննադատեց կազացիներու հանդէպ Իսրայէլի պետութեան անմարդկային վարմունքին շարունակումը եւ շեշտեց, որ պաշարուած, սովի մատնուած եւ օր-աւուր նոր զոհեր տուող կազացիներուն համար պէտք է «անյապաղ» բանալ մարդասիրական օգնութիւններու ճամբաները: Եւ ի՞նչ պատասխանեց Հերցոկ՝ Նեթանիահուի ոճրակիցներէն մէկը. «Իսրայէլ կը հետեւի մարդկային օրէնքներու տրամադրութիւններուն…», եւ անշուշտ չմոռցաւ յայտարարելու, որ իր երկիրը աշխարհը կը պաշտպանէ «չար Իրանի» դէմ: Գերմանիոյ նախագահը, որ սիրալիր կերպով դիմաւորած էր Իսրայէլի նախագահն ու սեղմած՝ անոր արիւնոտ ձեռքը, շատ յառաջ չգնաց Իսրայէլի իր քննադատութիւններուն մէջ. ան յայտնապէս չէ մոռցած այն գայթակղալի դէպքը, որ պատահած էր 2022-ի Օգոստոսին, երբ այդ օրերու իր վարչապետը՝ Օլաֆ Շոլց ուշացումով սրբագրած էր իր մէկ թերացումը: Կը յիշէ՞ք: Ան հանդիպում ունեցած էր Պաղեստինի նախագահ Մահմուտ Ապպասի հետ, որ չէր վարանած «ջարդարար» կոչելու Իսրայէլի պետական մարդիկը (Կազայի նորագոյն նախճիրները չէին սկսած), եւ լուռ մնալով՝ թօթուած էր Ապպասի ձեռքը: Եւ յանկարծ փոթորիկ փրթած էր, եւ Շոլց ստիպուած զգացած էր «նողկալի» որակելու Ապպասի յայտարարութիւնը: Հիմա, գերմանացիք աւելի «զգուշաւոր» են ու չեն վարանիր լիայրժէքօրէն նեցուկ կանգնելու Նեթանիահուի եւ խմբակին ջարդարար քաղաքականութեան, սակայն «աչքի փոշի» նետելու համար մարդասիրական օժանդակութեանց արտօնման պահանջ կը դնեն:
Բ. Ուշագրաւ էր, որ հանդիպումը տեղի կ’ունենար այն պահուն, երբ անդին, «Համաս» ազատ կ’արձակէր ամերիկացի զինուորական մը, որ պատանդ կը պահուէր աւելի քան մէկ ու կէս տարիէ ի վեր: Ուաշնկթըն եւս «մարդասիրութիւն» կը խաղայ տեղ մը, պահանջելով, որ Նեթանիահու արտօնէ սովահարներուն օժանդակութիւններու բաշխումը, սակայն բանիւ եւ գործով կը շարունակէ նեցուկ կանգնիլ ոճրային արարքներու: Միջազգային լրատու աղբիւրներու համար, կարծէք թէ շա՜տ բնական բան է ամէն օր յայտարարելը, թէ իսրայէլեան ռմբակոծումները քանի մը տասնեակ զոհ խլած են, չքանդուած կառոյցներ փլատակ դարձած են, տնազուրկները իրենց ապաստանարաններէն կը հեռացուին դէպի հոն՝ ուր… տեղի պիտի ունենայ յաջորդ ոճրային յարձակումը:
Գ. Պերլինի հանդիպումին պահուն, մէկէ աւելի բողոքի ցոյցեր տեղի ունեցան մայրաքաղաքին մէջ եւ այլուր: Գերմանացի ժողովուրդն ու մարդու իրաւունքներու պաշտպան կազմակերպութիւններ յայտնապէս աւելի՛ նախանձախնդիր են իսկական մարդասիրութեամբ, եւ չեն հանդուրժեր իսրայէլացի պետական մարդոց սուտերը, թէ՝ կը գործեն «մարդկային օրէնքներու հիմամբ»: Ցուցարարներու պարզած պաստառները խարանող էին. «Գերմանիա եւ Իսրայէլ. ոճիրի մէջ գործակցութիւնը ընդունելի չէ», կամ՝ «Զէնք չտրամադրել Կազայի մէջ պատերազմական ոճիրներ գործողներուն»: Զանգուածային լրատու աղբիւրները կարծէք թէ հանրութեան խնայած են (ընդհանրապէս) նման ցոյցերու պատկերները…
Դ. Կ’արժէ պահ մը վեր առնել այլ կէտ մըն ալ. Բ. Աշխարհամարտէն հազիւ 20 տարի ետք, Հիթլէրի ժառանգորդ Գերմանիան ո՛չ միայն ընդունած էր հրեաներու դէմ իր գործած ցեղասպանական ոճիրը, այլ նաեւ ՀԱՏՈՒՑՈՒՄ կատարած էր (մինչեւ հիմա ալ կը հատուցէ զանազան ձեւերով), քայլ մըն ալ անդին անցելով՝ դիւանագիտական կապեր հաստատած էր Իսրայէլի հետ (տարբեր պատմութիւն, թէ Իսրայէլ այլապէս որքա՜ն կը շահագործէ ոճրային «հոլոքոսթ»ը): Այլ ցեղասպաններ՝ Թուրքիա, Ազրպէյճան, նոյնինքն այսօրուա՛ն իսրայէլեան պետութիւնը կը մնան անպատիժ, անսանձ: Ուշագրաւ էր, որ թրքական լրատու աղբիւրները կը կանգնէին գերմանացիներուն յիշեալ ցոյցերը տեղեկագրողներուն շարքին…
***
Պահ մը տարուինք Հերցոկի հաւաստիքով եւ ընդունինք, որ Իսրայէլ կը գործէ մարդկային օրէնքներով, մարդասիրական սկզբունքներով: Ի՞նչ կը ստացուի: Կը ստացուի այն, որ՝
– Աւելի քան 50 հազար պաղեստինցիներու ջարդը մարդկայնութիւն է, մարդասիրական արարք,
– Քաղաքներու եւ գիւղերու, դպրոցներու եւ հիւանդանոցներու, ապաստարաններու, մինչեւ իսկ վրանաբնակ դարձածներու տեղակայման վայրերու քանդումն ու հրկիզումը մարդասիրական արարք են,
– Միլիոնաւոր մարդիկ մէկ շրջանէ ուրիշ շրջան բռնի գաղթի հանելը, յետոյ վերադարձնել, յետոյ դարձեալ ռումբերով հալածելը մարդասիրութիւն են,
– Միլիոնաւոր քաղաքայիններ սովի մատնելը, մանուկները սովամահ ընելը մարդասիրութիւն են, զանոնք մինչեւ իսկ տարրական ջուրէ զրկելը մարդասիրութիւն է:
Չեն մոռնար նաեւ յայտարարել, թէ Իսրայէլ ժողովրդավար երկիր է, մարդու եւ մամլոյ իրաւունքները պաշտպանուած են, մինչդեռ վերջին պատերազմի տեւողութեան, աւելի քան 230 լրագրող սպաննուած են:
***
Չկարծէ՜ք, որ մարդասիրական այս սկզբունքները միայն Իսրայէլի վերապահուած են: Քա՜ւ լիցի: Մարդասիրական նոյն սկզբունքները ի զօրու են Թուրքիոյ, Միացեալ Նահանգներու, եւրոպական, ամերիկեան, ափրիկեան եւ ասիական այլ երկիրներու մէջ, թէեւ իւրաքանչիւրը ունի «մարդասիրութիւն» իրականացնելու ի՛ր դրոյթը: Տեղ մը ընդդիմադիր ղեկավար մը կը բանտարկուի եւ անոր ի նպաստ ցոյցի ելլողներ կը խոշտանգուին… մարդասիրաբար, ուրիշ տեղ ոստիկաններ ցեղային խտրականութիւն կ’իրականացնեն… մարդասիրաբար: Եւ «մարդասիրական» արարքներու տարեգրութիւնը կը հարստանայ բազմահատորներով:
«Մարդասիրութիւնը» վարակած է նաեւ մեր հայրենիքը՝ ՔՊ-ականներու օրով (նախապէս ալ կար, սակայն հիմա «զարգացած» է անհամեմատ չափերով): «Մարդասիրաբար» է որ վարչապետը ընդդիմադիրներուն կը սպառնայ Ազգային ժողովի ամբիոնէն, նոյն «մարդասիրութեամբ» է որ թաղապետ մը քանի մը գործակիցներով ծեծի կ’ենթարկէ ընդդիմադիր մը, որ չարաշահումներ եւ փտածութիւն կը քողազերծէ, «մարդասիրական» նոյն ոգիով տոգորուած են ցուցարարներու վրայ յարձակող ոստիկանները եւ զանոնք պաշտպանող պետական մարդիկ ու արդարադատութեան ծառայողներ, մարդկային օրէնքներու հիմամբ է որ չարաշահութիւն բացայայտող լրագրող մը ոստիկանատուն կը տարուի…:
Եթէ կարկինը քիչ մը աւելի բանանք, դուք կը տեսնէք, թէ «մարդասիրական» ի՜նչ ոգիով ու բարի տրամադրութեամբ Արցախը նուիրեցին Ազրպէյճանին (եւ սա՝ Արցախը Հայաստան է եւ վերջ բացագանչողն էր), Հայաստանէն ալ մասեր նուիրեցին ու պիտի շարունակեն նուիրել թշնամիներուն: Հապա մարդասիրութիւն չէ՞ ժողովուրդը պաշտօնական կողոպուտի ենթարկելը, քաղաքներն ու գիւղերը անձրեւի ու կարկուտի դէմ անպաշտպան ձգելը, վնասուողին օգնութեան հասնելու համար… մատը մատին չզարնելը: Անդին, նախկին վարչապետ մը վաղը կրնայ մարդասիրական նոյն ոգիով բանտ տարուիլ, որովհետեւ բացայայտեց, որ իշխանական դասը բազմատասնեակ միլիառաւոր դրամի կողոպուտ ու չարաշահութիւն ըրած է (ան միակ բացայայտողը չէ):
…Այս բոլորը լսելով ու տեսնելով, ինչպէ՜ս չբացագանչել. ԿԵՑՑԷ՜ ՄԱՐԴԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆԸ, ԿԵՑՑԷ՜ ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ: Մինչդեռ հասարակ մահկանացուները կը մտածեն (Մայիս 8-9 օրերուն) անմար պահել հայրենքի եւ մարդկութեան պաշտպանութեան համար ինկած նահատակներուն յիշատակը:
Սարգիս ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
12 Մայիս 2025