Բագրատունի Այցելեց Արտաքին Գործոց Նախարար Եուսեֆ Ռաժժիին
16 Մայիս 2025
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի այցելեց Լիբանանի արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու նախարար Եուսեֆ Ռաժժիին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ շրջանային զարգացումները:
Քննարկումի նիւթ դարձան Իսրայէլի շարունակուող յարձակումները, ինչպէս նաեւ սուրիացի գաղթականներու տունդարձի խնդիրը:
Բագրատունի կարեւորութեամբ շեշտեց արտաքին գործոց նախարարութեան դերակատարութիւնը Ազրպէյճանի կողմէ գերեվարուած լիբանանցի Վիգէն Իւլճեքեանի ազատ արձակման առնչութեամբ եւ պահանջեց համապատասխան միջոցներով միջամտել ազրպէյճանական իշխանութիւններուն մօտ` լրջութեամբ եւ պատասխանատուութեամբ մօտենալու անոր հացադուլի որոշումին: Գերեվարուած Վիգէն Իւլճեքեան, երեք շաբաթէ ի վեր դիմած է հացադուլի` իբրեւ բողոք իրեն սահմանուած բանտարկութեան վճիռին եւ անմարդկային վերաբերումին դէմ:
Նաեւ` Ելեւմուտքի Նախարար
Եասին Ժապերի Մօտ
Բագրատունի այցելեց նաեւ ելեւմուտքի նախարար Եասին Ժապերի, որուն հետ քննարկեց ելեւմտական հարցեր, Կեդրոնական դրամատան կողմէ առնուած քայլեր:
Բագրատունի յատուկ կերպով արծարծեց դրամատուներու մօտ ներդրող քաղաքացիներու իրաւունքներու հարցը` շեշտելով, որ այդ իրաւունքները անզիջելի են, եւ այդ գծով վարանումն ու սակարկութիւնները` անընդունելի: