Աղքատ… Մեծահարուստը, Կամ Վիթխարի ՄԵԾը՝ «Փեփէ» Մուխիքա
16 Մայիս 2025
«Իմ սեփական պարտէզիս մէջ, այլեւս ատելութեան սերմերը չեմ ցաներ: Կեանքը դաժան դաս սորվեցուցած է ինծի (…) որ ատելութիւնը մեզ բոլորս աւելի՛ ապուշ կը դարձնէ»:
Պարզ ու ողջմիտ մտածում մըն է Ուրուկուայի Հանրապետութեան նախկին նախագահ Խոսէ «Փեփէ» Մուխիքայի վերոյիշեալ նախադասութիւնները, որոնք արտասանած է 2020-ին, երբ պաշտօնապէս յայտարարեց, թէ կը հեռանայ քաղաքականութեան աշխարհէն։
․․․Եւ ահաւասիկ հինգ տարի ետք, ճի՛շդ այն օրը, երբ Ռիատի մէջ, բազմահարիւր միլիոնաւոր տոլարի համաձայնութիւններ կը կնքուէին արաբական աշխարհի եւ Ա․Մ․Ն․-ի միջեւ, 13 Մայիսին, Մուխիքա փակեց իր աչքերը եւ առ յաւէտ հեռացաւ աշխարհէն։ Աշխարհ մը՝ որ իր դէմ անխնայ եղած էր, աշխարհ մը՝ որուն դէմ բուռն պայքար մղած էր, վասն ազատութեան եւ արդարութեան։
«Գերսպառողականութիւնը այն բանն է, որ կ’ոչնչացնէ երկիր մոլորակը, յայտարարած էր Մուխիքա, 2012-ին, Ռիոյի մէջ կայացած Երկրագունդի գագաթնաժողովին (Earth Summit): Ըստ երեւոյթին, անոր խօսքերուն կարեւորութիւն տուող չկար. մինչեւ իսկ իր մահուան օրը, անոր աշխարհահայեացքն ու գաղափարաբանութիւնը լուսանցքի վրայ ձգուած էին եւ․․․ ձայն բարբառոյ յանապատի (ճիշդ խօսք՝ ճիշդ պայմաններուն), «փեթրոտոլար»-ներու արժողութեամբ երազային համաձայնութիւններ կնքուած էին։
Եզակի տիպար մըն էր Մուխիքան, չըսելու համար՝ անգտանելի, թանկագին ադամանդ մը։ Անկեղծ, ողջմիտ եւ համեստ։ Անոր իրագործածը՝ նոր դարաշրջանին համատարած դարձած կեղծաւոր, զանազան գոյներով «ներկուած» յեղափոխութիւն չէր. ո՛չ վարդագոյն, ո՛չ նարնջագոյն, ո՛չ վարդերով շպարուած, ո՛չ ալ կեղծիքներով եւ պլըֆիզմներով ծանրաբեռնուած՝ կովկասեան բարձրաւանդակի մեր «թաւշեայ» յեղափոխութիւնը։
Կրկնենք, վերջին տասնամեակներուն Մուխիքային ըրածը յեղափոխութիւն չէր, այլ եղափոխութիւն։ Իսկ եթէ անպայման յեղափոխութիւն եզրոյթով պէտք է արտայայտուիլ, պարզ ու մէկին, անոր կատարածը անգոյն էր, այսինքն՝ թափանցիկ յեղափոխութիւն։ Թափանցիկութիւն մը, որ այսօր գոյութիւն չունի մեր աշխարհին մէջ, ներառեալ կովկասեան բարձրաւանդակի տարածաշրջանի մեր հայրենիքէն ներս, ուր «ջայլամի քաղաքականութիւն» կիրարկող ՔՊ-ականներ չեն գիտակցիր (կամ այդպէս կը խաղան), թէ իրենց բազմախաւ եւ անթափանցելի «թաւիշ»-ին ետին ի՜նչ ահաւոր զեղծարարութիւններ կը կատարուին։
Միթէ նախկին եւ ներկայ (դժբախտաբար նաեւ ապագայ․․․անշուշտ եթէ կայ) ղեկավարներ կրնա՞ն կամ կը բարեհաճի՞ն Մուխիքայի նման իրենց ամսական թոշակին մէկ մեծ մասը տրամադրել բարեգործական միութիւններու, կամ, փոխանակ տասնեակներով ապահովութեան ուժերու ետին պատսպարուած՝ նախագահական համալիր-ամրոցներու մէջ զեխօրէն ապրելու՝ որդեգրեն աւելի համեստ ապրելակերպ, կամ զիջի՜լ անցեալ դարաշրջանէն մնացած պարզ ինքնաշարժով մը շրջագայիլ, վաթսուն տարուան կեանք ունեցող հեծիկով մարզանքի ելլել…։ «Իմ քայլ»-է՞ն սպասել այսպիսի քայլեր։
Անտեղի է բաղդատականը, իսկ աւելի ահաւորը այն է, որ 19 Բաղրամեանի աթոռներուն վրայ բազմած կարգ մը «նէօ»-«հերոսներ» հաւանաբար տեղեակ ալ չեն, թէ 1970-ականներուն ծայրայեղ ձախակողմեան որակուած «Թուփամարոս» շարժումին հիմնադիրներէն էր Մուխիքան, որ երկար տարիներ բանտարկուեցաւ այդ օրերուն իշխող եւ ամերիկեան նեցուկ վայելող «խունթա»-ին «կահաւորած» տաժանելի խցիկներուն մէջ, ուրկէ արտաքին աշխարհին հետ ոչ մէկ յարաբերութիւն կարելի էր ունենալ, եւ ուր, նոյնինք Մուխիքայի խոստովանութեամբ՝ իր միակ զրուցակիցները՝ սենեկակից մրջիւններն էին…։ (նման «զրոյցներու» պատճառով, զինք մտային անհաւասարակշիռ մը նկատած էին):
Է՜հ․․․ Այդ օրերուն Ուրուկուայի Խունթայական Հանրապետութիւնը գոյութիւն ունէր, բաւական յար եւ նման՝ ներկայ Հայաստանի Ոստիկանական Հանրապետութեան։ Անշուշտ մխիթարական ոչինչ կար այն իրողութեան մէջ, որ հարաւամերիկեան բազմաթիւ երկիրներ նոյն ամերիկացիներուն կողմէ վստահուած էին զինուորական խունթաներու… խնամքին:
Արկածալից եղած է մեկնող մարդուն կեանքը: Քանիցս բանտարկուած է, նաեւ՝ հարիւրէ աւելի գաղափարակիցներու հետ, «Փեփէ» կրցած էր խոյս տալ բանտէն, շատ աւելի՛ զանգուածային փախուստ մը՝ գերազանցելով հոլիվուտեան պատրաստութեամբ հռչակաւոր «The Great Escape»-ը։
Իսկապէս որ տարբեր տիպար մըն էր այս վիթխարի ՄԵԾը, բառին բուն իմաստով մշակ բանուորը, որ իր համեստ ապրելակերպով՝ յարգանք, ակնածանք եւ սխրանք կը պարտադրէր։
Խռչափողի քաղցկեղէ կը տառապէր աշխարհի ամենէն աղքատ հռչակուած նախագահը։ Քաղցկեղը անխնայ եղաւ եւ «պոկեց» մարմինը։
Սուգի մէջ արդարութեան եւ ճշմարութեան համար պայքարող ԱՇԽԱՐՀԸ, նաեւ մենք։ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող առաջին երկիրը՝ Ուրուկուայը կորսնցուց իր եզակի հերոսը։
«Անկեղծօրէն, ես կը մահանամ։ Մարտիկին իրաւունքն է հանգչիլը։», ըսած էր ան, իր վերջին հարցազրոյցին։
Շիջեցաւ 89-ամեայ «Փեփէ» Մուխիքան, որ ընդհանրապէս հեռու մնաց լուսարձակներէ եւ… լուսարձակ մուրացողներէ, սակայն անոր կեանքն ու գործը վկայութիւն եղան, որ մեր աշխարհին մէջ արդարութեան եւ հաւասարութեան հաւատացողները իրաւունք ունին անյուսութեան չմատնուելու, այլ իրենց ճամբաները լուսաւերլւո Մուխիքաներու, Նելսըն Մանտելաներու եւ նմաններու ժառանգ թողած ջահերով։
«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական