Արցախի հիմնահարցը քաղաքական օրակարգի վրայ պահելը մեր առաջնահերթութիւնն է
16 Մայիս 2025
«Հորիզոն»ի գլխաւոր խմբագիր Վահագն Գարագաշեանի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Րաֆֆի Տօնապետեան անդրադարձաւ ՀՅԴ 35-րդ Ընդհանուր ժողովէն բխած կուսակցութեան մարտավարական ուղենիշներուն, Արցախի հիմնահարցին, Հայաստանի ներքաղաքական իրավիճակին, Սփիւռքի համայնքներու կազմակերպման եւ Հարաւային Կովկասի եւ տարածաշրջանի աշխարհաքաղաքական այժմու իրադրութեանց։
Ան յայտնեց, որ 35-րդ Ընդհանուր ժողովը յատկապէս կիզակեդրոն ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններու անվտանգութեան հարցն ու պետութեան հզօրացումը, արցախահայութեան զանգուածային վերադարձի իրաւունքի խնդիրը, Սփիւռքի հզօրացումը եւ հայոց պահանջատիրութեան հետապնդման հարցը։
Ան հաստատեց, որ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հայ Դատի աշխարհասփիւռ յանձնախումբերը հետեւողականօրէն հետամուտ պիտի ըլլան Արցախի հիմնահարցը միջազգային քաղաքական օրակարգին վրայ պահելու առաջադրանքին։
Տօնապետեան յայտնեց նաեւ, որ Ընդհանուր ժողովը կարեւորեց եւ առաջնահերթութիւններու շարքին մէջ դրաւ սփիւռքի համայնքներու եւ գաղութներու իրավիճակն ու ապագան:
Մանրամասնութիւնները՝ տեսանիւթով.