ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Հոդվածներ

Ժողովուրդը Սովի Մատնեցէք՝ Նպատակէն Շեղեցէք – Պատժամիջոցներուն Դաժան Տրամաբանութիւնը

26 Մայիս 2025

ՄԱԿ-ի մէջ Պոլիվիոյ դեսպան՝ Սաշա Լորենթի 2017-ին Ապահովութեան խորհուրդին ցոյց կու տայ այս նոյն սրահին մէջ 2003-ին Քոլին Փաուըլի սուտ վկայութիւն կատարող նկարը` ձեռքին բռնած իրաքեան քիմիական զէնքի նմուշի մը կեղծ սրուակը

«Յաճախ Արեւմուտքին կողմէ կիրարկուող, իբրեւ թէ երկիրներուն քաղաքական փոփոխութիւններ պարտադրելու գործիք, պատժամիջոցները չկրցան հասնիլ իրենց նպատակներուն» (1):

Այս է խորագիրն ու ենթախորագիրը լիպիացի ակադեմիկոս, մրցանակակիր լրագրող եւ վերլուծաբան Մուսթաֆա Ֆեթուրիի 19 Մայիսի Ռաշա Թուտէյի յօդուածին, որ ստորեւ անգլերէնէ կը թարգմանեմ, իմ կողմէս կարգ մը նշումներով աստղանշանով եւ *շեղագիր: Ըստ Ուաշինկթըն Փոսթի ուսումնասիրութեան՝ Միացեալ Նահանգները աշխարհի տարածքին ցարդ 15 հազար 373 պատժամիջոցներ հաստատած է (2) *:

«Պատժամիջոցները միջազգային դիւանագիտութեան մէջ նախընտրելի գործիք դարձած է, որ կը կիրարկուի կա՛մ պատերազմէ խուսափելու համար, կամ՝ երբ պատերազմը քաղաքականապէս անախորժ է: Տեսականօրէն, պատժամիջոցները կոչուած են ճնշում բանեցնելու երկիրներու վրայ՝ փոխելու համար իրենց քաղաքական ընթացքը, կամ` ստիպելու անոնց, կատարել որոշ վէճերու մէջ արեւմտեան պետութիւններու պահանջները: ՄԱԿ-ի 2023-ի զեկոյցին համաձայն՝ Միացեալ Նահանգները, Անգլիան, եւրոպական Միութիւնը եւ Քանատան պատժամիջոցներու «բեղմնաւոր» գործածողներ են, ներառեալ դրամատնային պատժամիջոցները, որոնք կ՚ազդեն թիրախ երկրին ամբողջ բնակչութեան վրայ»:

Վկայ Լիբանանը, ուր Սեպտեմբեր 2019-ի արեւմուտքին սարքած «յեղափոխութենէն» ի վեր, սղաճը հասաւ 4 հազար 467 տոկոսի, լիբանանեան դրամը տոլարին դիմաց արժեզրկուելով շուրջ 60 պատիկ*:

«Սակայն, պատժամիջոցները, յատկապէս անոնք, որոնք ուղղուած են ամբողջ տնտեսութիւններուն վրայ, բազմիցս չեն կրցած քաղաքական փոփոխութիւններ պարտադրել: Փոխարէնը, անոնք յաճախ աւերիչ հետեւանքներ ունեցած են պարզ ժողովուրդին վրայ, անվնաս թողելով քաղաքական վերնախաւը: Անոնք պարզապէս կը վերածուին ամբողջ բնակչութեան դէմ հաւաքական պատիժի:

«Պատմութիւնը լեցուն է օրինակներով, երբ պատժամիջոցները շատ աւելի պատժած են բնակչութիւնը, քան՝ կառավարութիւնները: Աֆղանիստանէն եւ Իրաքէն մինչեւ Լիպիա, Իրան եւ Հիւսիսային Քորէա, պատժամիջոցները հիմնական հարց կը յառաջացնեն. ինչպէ՞ս ՄԱԿ-ը, որ հիմնուած է խաղաղութեան եւ մարդկային արժանապատուութիւնը պահպանելու համար, կ՚արդարացնէ միջոցներ, որոնք յաճախ հաւաքական տառապանք կը պատճառեն: ՄԱԿ-ի կանոնագրութեան նախաբանը կ՚ըսէ, որ ՄԱԿ-ը պէտք է. «միջազգային միջոցներ գործադրէ բոլոր ժողովուրդներու տնտեսական եւ ընկերային յառաջընթացը խթանելու համար»: Միեւնոյն ժամանակ, նոյն փաստաթուղթին 41-րդ յօդուածը ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդին (ՄԱԿԱԽ) կու տայ պատժամիջոցներ կիրարկելու կատարեալ լիազօրութիւն, ներառեալ՝ նամակատնային ծառայութեան նման հաղորդակցութիւններու «ընդհատում»:

«Պատժամիջոցներու մոլեռանդ կողմնակիցները, բաւական խաբուսիկ կերպով, եզր մը գտած են՝ նուազագոյնի հասցնելու անոնց կործանարար մարդկային վնասը: Անոնք կը նկարագրեն իբրեւ «խելացի» կամ «նպատակային», այսինքն՝ կը թիրախաւորեն միայն քաղաքական դասը եւ վերնախաւը, մինչ նուազագոյն ազդեցութիւն կ՚ունենան բնակչութեան լայն շրջանակներուն վրայ: Սակայն իրականութեան մէջ այդպէս չէ։

Պատժամիջոցները, խելացի, կամ՝ այլ կերպ, կը ներառեն ունեցուածքի սառեցում, ճամբորդութեան արգելքներ, տնտեսական պոյքոթներ, դիւանագիտական մեկուսացումներ եւ պատժիչ միջոցներով սպառնալիքներ:

«Ռուսիա – Պատժամիջոցները ուքրայինական հակամարտութեան լոյսին տակ:

«Նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ տարբեր ուսումնասիրութիւններու համաձայն, Ռուսիան կը գտնուի պատժամիջոցներու աւելի քան 28,000 պարագայի տակ, որոնք սահմանուած են ուքրանական հակամարտութեան սրումէն ետք: ՄԱԿ-ի ԱԽ-ի անոր վեթօյի իրաւունքին շնորհիւ ՄԱԿ-ի կողմէ ո՛չ մէկը կիրարկուեցաւ: Փոխարէնը, ՄՆ-ը, ԵՄ-ը եւ Անգլիան միացան՝ ոչ միայն իրենց սեփական պատժամիջոցները կիրարկելու, այլեւ այլ երկիրներու սպառնալով նոյնը ընել՝ ճնշելու համար: Գաղափարը այն էր, որ ռուսական տնտեսութիւնը խեղդուի, որպէսզի ստիպեն Մոսկուան, ընդունիլ ուքրանական հակամարտութիւնը արեւմտեան պայմաններով աւարտել: Նախագահ Փութինը իրաւացիօրէն կը կարծէ, որ գլխաւոր նպատակն է ռազմավարականօրէն տկարացնել Ռուսիան երկարաժամկէտ տնտեսական հետեւանքներով:

«Որոշ պատժամիջոցներ տարօրինակ են եւ զաւեշտական: Ահա քանի մը օրինակներ, – Ռուսական կատուներուն արգիլուած է մասնակցիլ միջազգային մրցումներու… Ամերիկայէն արտածումը արգիլուած է պոչաւոր դաշնամուրներու, թամբերու, ծամելու ծխախոտի, ծխախոտի եւ ծխախոտի աւելցուքի, ամերիկեան փրփրող գինիներու եւ Տիզնիի «Կարմիր դառնալով» մանկական ֆիլմի արտահանումը։ Թէ ինչպէ՞ս այս արգելքները կ՚օգնեն Ուքրայինայի, հանելուկ մըն է։

«Աւելի լուրջ եւ անամօթաբար հակասական՝ ի յայտ եկած արեւմտեան «արժէքներու» լոյսին տակ, Ռաշա Թուտէյի եւ եւրոմիութեան մէջ ռուսական բոլոր լրատուամիջոցներուն դէմ արգելքն է: Ես Փարիզի կրպակներուն մէջ կը տեսնէի տպագիր ռուսական «Իզվեսթիա» օրաթերթը, բայց ոչ 2022-էն ետք։ Մինչ՝ Եւրոմիութիւնը երբեք դադարեցուցած չէ աշխարհին խօսքի ազատութեան մասին քարոզ կարդալը: Եւրոմիութեան մէջ մարդիկ չեն կրնար տեսնել կամ լսել ռուսական որեւէ նորութիւն, որ անոնց լուրերը միակողմանի կը դարձնէ ռուս-ուքրանական հակամարտութեան մասին:

«Թէեւ որոշ բնագաւառներու պատժամիջոցները, ինչպիսիք են փոխադրութիւնը եւ ելեկտրոնային վճարումները, ազդած են սովորական մարդոց կեանքին վրայ, պատժամիջոցներու դրութիւնը ընդհանուր առմամբ ցարդ տուած չէ այն արդիւնքը, որ իսկապէս կը ցանկային, այսինքն՝ Փութինի տապալումը եւ Ռուսիոյ տնտեսութեան ընդհանուր տկարացումը»: *Ընդհակառակը Ռուսիան տարուէ տարի տնտեսական աճ կ՚արձանագրէ, 2023-2024-ին 4 տոկոս աճ, որ որեւէ արեւմտեան երկիր այդքան աճ չունի, հաւաքական եւրոպան 1,1 տոկոս, իսկ եւրոյի միջավայրը՝ 0,9 տոկոս*:

«Լիպիան եւ Լաքըրպիի պատժամիջոցները:

«Լիպիան ընդհանուր բնակչութեան հանդէպ աւերիչ՝ ամբողջական պատժամիջոցներու օրինակ մըն է։ Ի տարբերութիւն Ռուսիոյ, Լիպիան ՄԱԿ-ի ԱԽ-ին մէջ վեթօյի իրաւունք ունեցող անդամ չէ, որ կը նշանակէ, թէ գրեթէ բոլոր պատժամիջոցները սահմանուած են ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի համապատասխան բանաձեւերու միջոցով՝ պարտադիր դարձնելով ՄԱԿ-ի անդամ բոլոր երկիրներուն համար:

«1988-ին Լիպիան մեղադրեցին Սկովտիոյ վրայով ամերիկեան «Փան Ամերիքըն» թռիչք թիւ 103 օդանաւի պայթումը կազմակերպելուն մէջ, որուն հետեւանքով զոհուեցան օդանաւի բոլոր 259 ճամբորդները, նաեւ գետնին վրայ 11 անձեր:

«Միացեալ Նահանգները եւ Բրիտանիան ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդ-ն պարտադրեցին իրենց կամքը՝ պատժամիջոցներ կիրարկելու Լիպիոյ դէմ՝ ներառեալ Լիպիայէն եւ դէպի Լիպիա օդային ճամբորդութեան ամբողջական դադրեցում, արտերկիր գտնուող լիպիական հարստութեան սառեցում եւ բազմաթիւ ապրանքներու՝ գիտական, փոխնորդ մասերու, դեղերու եւ սնունդի որոշ տեսակներու առեւտրական արգելք:

«Նպատակն էր ստիպել Լիպիոյ յանձնել պայթումին մեղադրուող իր երկու քաղաքացիները եւ առաջին հերթին տապալել Քազաֆիի կառավարութիւնը: Լիպիոյ ամբողջ բնակչութիւնը ապրեցաւ այդ խիստ պատժամիջոցներուն տակ 1992-էն մինչեւ 2003, երբ փոխզիջումի միջոցով կասկածեալները պիտի դատուէին չէզոք վայրի մէջ ստեղծուած սկովտիական դատարանի մը մէջ: Տարօրինակ պատժամիջոցներէն մէկն ալ հետեւեալն էր. Մալթայի համալսարանի փոխանակման ուսանողը կրնար քրէական պատիժի ենթարկուիլ, եթէ համալսարանի միակ ճաշարանէն, որ կը պատկանէր Միացեալ Նահանգներու կողմէ պատժամիջոցներու տակ գտնուող լիպիական ընկերութեան մը, որեւէ բան գնէր…

«Իրաք՝ մարդասիրական աղէտ:

«Մարդոց նկատմամբ առօրեայ պատժամիջոցներու, մարդկային զոհերու ամենավատ օրինակը Իրաքն է: Իրաքը առաջին անգամ պատիժի ենթարկուեցաւ 1990-ի օգոստոսին, Քուէյթ ներխուժելէն ետք: Սակայն, այդ պատժամիջոցները չկրցան ստիպել անոր հեռանալ Քուէյթէն, ինչպէս նաեւ չհանգեցուցին նախագահ Սատտամ Հուսէյնի պաշտօնանկութեան: 2003-ին Միացեալ Նահանգները եւ Բրիտանիան մեղադրեցին Իրաքը զանգուածային ոչնչացման զէնքեր ունենալու մէջ եւ ներխուժեցին երկիրը, առանց ՄԱԿ-ի արտօնութեան: Ներխուժումին նախապատրաստումը կը ներառեր արդէն գոյութիւն ունեցող կոշտ պատժամիջոցներու ընդլայնումը եւ ուժեղացումը՝ աւելցնելով տարօրինակ իրեր, ինչպիսիք են կպչուն թուղթը, ալումինիոմէ փայլաթերթը, բարդերը, գիրքերը, հեծանիւները, մոմեր, հաշուիչներ, տեսախցիկներ, գորգեր, ամանեղէն, ակնոցներ եւ հովահարներ:

«Սատտամ Հուսէյնը եւ իր կառավարութիւնը տոկացին պատժամիջոցներուն 1990-էն մինչեւ 2003-ի յարձակումը, սակայն այսպէս կոչուած «խելացի» պատիժները ցեղասպանութեան համազօր էին երկրին բնակչութեան: Օրինակ, ըստ ԵՈՒՆԻՍԷՖ-ի, 5 տարեկանէն վար 500 հազար մանուկներ մահացան պատժամիջոցներուն պատճառով: Այլ աղբիւրներ՝ կը գնահատեն շուրջ 570 հազար զոհ:

«Ընդհանուր առմամբ եւ 2003-ի յարձակումէն ետք, պատժամիջոցներն էին մէկուկէս միլիոն իրաքցիներուն մահուան գլխաւոր պատճառը, մինչ վերապրողները տառապեցան երկարաժամկէտ հետեւանքներով, սնունդի պակասին պատճառով: Այսուհանդերձ, Իրաքի մէջ ոչ մէկ զանգուածային ոչնչացման զէնք յայտնաբերուեցաւ: Ամերիկայի այն ժամանակուայ արտաքին գործոց նախարար Մատլէն Օլպրայթ (անհաւատալիօրէն, հրէշաբար*) 1996-ին բացատրեց, որ իրաքցիներուն մարդկային զոհերուն գինը արժե՛ց «the human price paid by the Iraqis was “worth it.” »:

Տես «ՄԱԿ-ը Թատերաբեմ` իր իսկ ուխտին կրկնուող ոտնակոխման. «Պատմութիւնը մեզի կը սորվեցնէ, որ Ամերիկան կը ստէ պատերազմներ արդարացնելու համար» (4), 13 Ապրիլ 2017-ի յօդուածս:

*Հետագային Քոլին Փաուըլ, քանիցս զղջալով, խոստովանած է այդ մեծ սխալը` յայտնելով, որ 2003 թուականի իր ելոյթը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ` «Իմ կեանքիս ամէնէն ստորին արարքն էր»: «Եթէ գիտնայինք, որ հետախուզական տեղեկութիւնները սխալ էին, Իրաքի վրայ չէինք յարձակիր: Բայց (Ամերիկայի) հետախուզական բոլոր 16 ծառայութիւնները վստահեցուցին, որ տեղեկութիւնները ճշգրիտ էին», ըսաւ ան հեռատեսիլի «Էն.Պի.Սի.» կայանի 6 Սեպտեմբեր 2016-ի «Մամուլի հետ հանդիպում» յայտագիրին (5): 16 ստախօս հետախուզական ծառայութիւններ…*

«Աֆղանիստան – Պատժամիջոցներ որոնք երբե՛ք չվերացան:

«Համապարփակ պատժամիջոցներու մէկ այլ կործանարար օրինակ կարելի է գտնել Աֆղանիստանի մէջ՝ 1990-ականներէն սկսեալ, երբ առաջին անգամ տիրեցին թալիպանները: Պատժամիջոցներուն մեծ մասը այն ժամանակ սահմանուած էր ՄԱԿ-ի ԱԽ-ի կողմէ, ներառեալ 1267 (1999) բանաձեւը, որ կ՚արգիլէր օդային ճամբորդութիւնը եւ դրամի արտաքին պահեստի՝ ունեցուածքի սառեցում:

«Երբ թալիպանները ջախջախեցին ՆԱԹՕ-ի եւ Միացեալ Նահանգներու կողմէ մարզուած ուժերը, Օգոստոս 2021-ին, այդ պատժամիջոցները չեղեալ համարեցին, սակայն վերստին, կեղծ անուանումով «խելացի/նպատակային» պատժամիջոցներ պարտադրեցին, որոնք իբր թէ ուղղուած էին թալիպան պաշտօնեաներուն, սակայն կ՚ազդեն ընդհանուր բնակչութեան վրայ: 2022-ին Ճօ Պայտընի վարչակարգը բառացիօրէն 7 միլիառ տոլար գողցաւ Աֆղանիստանի կեդրոնական դրամատունէն:

«Այսօր գրեթէ բոլոր տեսակի արտաքին օգնութիւնները, որոնք երկրին հաւանականօրէն հասանելի պէտք է ըլլան, կա՛մ չեն հասնիր, կա՛մ միայն փոքր ծաւալներով կ՚անցնին պատժամիջոցներուն պատճառով՝ այդպիսով գրեթէ չի բաւարարեր պատերազմէն աւերուած բնակչութեան կարիքները: Ի վերջոյ, պատժամիջոցները չկրցան տապալել թալիպաներուն կամ ստիպել անոնց փոխել իրենց քաղաքականութիւնը:

«Իսրայէլի կողմէ Կազայի ամբողջական պաշարումը:

«Շատ մը երկիրներ նաեւ համապարփակ պատժամիջոցներ կը կիրարկեն այլոց նկատմամբ՝ Միացեալ Նահանգներու հետ միասին, որ վերջին 50 տարուան ընթացքին պատժամիջոցներ կիրարկելու առաջատարն է։ Իսրայէլը, Միացեալ Նահանգներու դաշնակիցը, պատժամիջոցներ կը կիրարկէ Կազայի ընդհանուր բնակչութեան դէմ, շատ մը պարագաներու իրական շրջափակումով, որ հետեւաբար, պատերազմի ոճիր է:

«2006-էն Իսրայէլը լիակատար պաշարման ենթարկած է պաղեստինեան Կազան։ Նոյնիսկ մինչեւ այժմու պատերազմի բռնկումը Իսրայէլը կը ստուգէր իւրաքանչիւր բեռ, որ կը մտնէր տարածք: Արգիլուած իրերուն մէջ են կարի մեքենաները, խաղալիքները, տուրմը եւ համեմները։ Իսրայէլը կ՚ըսէ, որ նման ապրանքները կ՚արգիլէ անվտանգութեան նկատառումներով:

«Հոկտեմբեր 2023-ին սկսած պատերազմէն ետք Իսրայէլ պարտադրեց Կազայի ամբողջական շրջափակումը, դադրեցնելով վառելանիւթը, ելեկտրականութիւնը, դեղորայքը, ջուրը, սնունդը եւ բոլոր տեսակի ելեկտրոնային իրերն ու մեքենաները:

«Կազայի լիակատար պաշարման Իսրայէլի կոշտ քաղաքականութիւնը եղած է առնուազն երեք դատական գործի առարկայ Արդարադատութեան միջազգային դատարանին եւ Միջազգային քրէական դատարանին մէջ, որոնք թէ՛ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանեահուն, եւ թէ՛ ալ նախկին պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթը կը մեղադրեն պատերազմի ոճիրներու եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու մէջ:

«ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի կողմէ կիրարկուող որեւէ պատժամիջոցներու համար միշտ յղում կը կատարուի ՄԱԿ-ի կանոնագրութեան 41-րդ յօդուածին: Անվտանգութեան խորհուրդը իրաւունք ունի պատժամիջոցներ կիրարկել՝ տեսականօրէն պատերազմէ խուսափելու եւ կամ խաղաղութիւն պահպանելու համար: Սակայն, համապարփակ պատժամիջոցները բարոյական լուրջ հարցեր կ՚առաջացնէ: Քննադատները նման պատժամիջոցները կը համարեն հաւաքական պատիժ, եւ շատերը նոյնիսկ կը նկարագրեն իբրեւ զանգուածային ոչնչացման զէնք, որ նման է ռումբի պայթումի, որ շատ արագ կը սպաննէ հազարաւոր մարդիկ, մինչ պատժամիջոցները պարզապէս դանդաղօրէն կը սպաննեն զանոնք:

«Պատմական արձանագրութիւնը ցոյց կու տայ, որ պատժամիջոցները չկրցան հասնիլ իրենց քաղաքական նպատակներուն՝ միաժամանակ լրջօրէն վնասելով խաղաղ բնակչութիւնը: Պատժամիջոցները նաեւ կը ներկայացնեն արեւմուտքին կողմէ իշխելու մէկ այլ երեսը, քանի որ շատ պարագաներուն արևմտեան երկիրներն են, մասնաւորապէս ՄՆ-ը, որոնք կը չարաշահեն զանոնք իբրեւ արտաքին քաղաքականութեան լծակ»: Վերջ:

Հեղինակը նախ մոռցած է Կազայի բնակչութեան ցեղասպանութիւնը, որուն զոհ գացին 60 հազարէ աւելի խաղաղ բնակիչներ: Երկրորդ՝ Իրանի պատժամիջոցները: Նշեմ, որ Իրանի 2013-ի նախագահ Ահմատի Նաժատը, հրապարակաւ շնորհակալութիւն յայտնեց Ամերիկային՝ պատժամիջոցներուն համար, որ պատճառ դարձաւ խթանելու տեղական արտադրութիւնները: Ցարդ պատժամիջոցներու ենթակայ, Իրանը դարձաւ ինքնաբաւ եւ շրջանային հզօր պետութիւն: Արեւմուտքն է, որ տուժեց կորսնցնելով 90 միլիոնէ աւելի հաշուող իրանցի յաճախորդներ եւ միւս կողմէ՝ ալ 144 միլիոն ռուս յաճախորդներ…

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
24 Մայիս 2025

*Լուսաբանութիւնները, ընդգծումներն ու լուսանկարը յօդուածագիրին կողմէ:

1.https://www.rt.com/africa/617829-why-sanctions-do-not-work/
2.https://www.washingtonpost.com/business/interactive/2024/us-sanction-countries-work/
3.https://blog.blominvestbank.com/48204/inflation-in-lebanon-during-the-crisis/
4.https://www.aztagdaily.com/archives/345367
5.http://www.nbcnews.com/meet-the-press/colin-powell-invasion-iraq-badly-flawed-n422566

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Իշխան Սաղաթելյանը՝ ՀՅԴ մարզային կառույ

«ՀՅԴ մարզային կառույցների պատասխանատուների նկատմամբ ապօրինի ձերբակալություններ

20 Հունիս 2025
Մեծ Բրիտանիայի խորհրդարանականները աջակ

Մեծ Բրիտանիայի խորհրդարանականները՝ Ջիմ Շենոնը և Լիվերպուլի Լորդ Ալթոնը, այսօր

20 Հունիս 2025
Ապօրինի ձերբակալություններ և խուզարկու

Քիչ առաջ ապօրինի ձերբակալություններ և խուզարկություններ են իրականացվել ՀՅԴ մար

20 Հունիս 2025
Իրանի արժանապատիվ ժողովուրդը չի հանդու

Հունիսի 19-ին Հրապարակ TV-ի Հինգշաբթի հաղորդաշարի հյուրն էր ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ա

20 Հունիս 2025
Բագրատունի – Սէուտական Արաբիոյ Դեսպան

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երկա

20 Հունիս 2025
Ո՞վ պիտի մարմնաւորէ Վահագնը …

Պաշտօնական Երեւանը ի վերջոյ պաշտօնապէս հաստատեց, որ վարչապետ Փաշինեան 20 Յունի

19 Հունիս 2025
Ակնարկ. Հիմնաւորեալ Եւ Օրինական

Սիւնիքի ուղղութեամբ թուրքեւազրպէյճանական նկրտումներու հերթական դրսեւորում էր Պ

19 Հունիս 2025
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Եգիպտո

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի հանդ

19 Հունիս 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Մտահոգու

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ լիբանանեան լրատուամիջոցներուն հաղորդագրութի

18 Հունիս 2025
Տեղի են ունենում խորհրդակցություններ ա

«Սա նաև ուղերձ է բոլոր գործարարներին, որ եթե թուրքական պահանջների հետ հաշտ չեք

18 Հունիս 2025
Փաշինյանը կպարտվի եկեղեցու դեմ պատեր

Եկեղեցու դեմ Նիկոլ Փաշինյանի սկսած արշավը հասարակությունը բաժանել է երկու հատվ

18 Հունիս 2025
Խաղաղութեան Անել Խաչմերուկ

«Ես պարզապէս մարդ էակ մըն եմ, որ կը փորձէ գոյատեւել աշխարհի մը մէջ, որ շատ արա

18 Հունիս 2025
Համախմբուինք Գերագոյն Ու Ընդհանրական ա

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ Երեքշա

18 Հունիս 2025
Մէկ Ազգ, Մէկ Եկեղեցի

Հայաստանի մէջ Ամենայն հայոց կաթողիկոսին ու բարձրաստիճան եկեղեցականներուն շուրջ

18 Հունիս 2025
Բագրատունի Այցելեց Արաբական Լիկայի Ներ

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի հանդ

18 Հունիս 2025
Փաշինյանի հարձակումները եկեղեցու վրա կ

2026 թվականի հունիսի խորհրդարանական ընտրություններից առաջ իր վարկանիշի կտրուկ

17 Հունիս 2025
ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության հայտարարութ

Հայ ազգի մեծ բարերար Սամվել Կարապետյանն այսօր, ի պատասխան վարչախմբի անբարո ոտն

17 Հունիս 2025
Հայաստանի բանտերում տեղերը չեն կարող բ

Սամվել Կարապետյանի դեմ գործողությունները նպատակ ունեն վախեցնել և լռեցնել Հայ Ա

17 Հունիս 2025
Փաշինյանի հեռացումը կարող է լինել բացա

Հունիսի 16-ին Euromedia24-ի եթերում էր ՀՅԴ անդամ, ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» դաշինքի պատ

17 Հունիս 2025
Օրուան հետքերուն հետ

­Միջազգային անիշխանութեան իրականութիւնը եւ անոր վտանգները տարածաշրջանին մէջ

17 Հունիս 2025
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company