9 Նորագիրներ Միացան ՀՅ Դաշնակցութեան Շարքերուն
27 Մայիս 2025
Կիրակի, 25 մայիս 2025-ին, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ «Զաւարեան» ուսանողական միութեան 7 եւ Լիբանանի երիտասարդական միութեան 2 անդամներու երդման արարողութիւնը եւ մուտքը ՀՅ Դաշնակցութեան մեծ ընտանիք:
Երդման արարողութեան կնքահայր Տիգրան Ճինպաշեան ողջունեց նորագիրներուն գիտակից որոշումը` միանալու ՀՅԴ-ի շարքերուն: Ճինպաշեան անդրադարձաւ երիտասարդութեան առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն եւ զանոնք դիմակայելու կարեւորութեան: Ան յայտնեց, որ դաշնակցական ըլլալը դժուար չէ, այնքան ատեն որ մեր գործունէութիւնը հիմնուած է ՀՅԴ կանոնագիրին եւ ծրագիրին վրայ: Անոնց վրայ հիմնուելով պէտք է առաջնորդուինք եւ օրէ օր աւելի դաշնակցականանանք:
Ապա, 9 նորագիրները կատարեցին դաշնակցականի իրենց երդումը: Մեկնելով օրուան խորհուրդէն` Տիգրան Ճինպաշեան դաշնակցական նորագիրներու այս խումբը կնքեց «ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան 120-ամեակի սերունդ» անունով: