ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • ՀՅԴ Բյուրո
  • Ելույթներ

ԶՈՄ-ը Դաշնակցութեան յեղափոխական մտածողութեան լաւագոյն զինապահեստը եղած է ու պիտի մնայ անկասկած

29 Մայիս 2025

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի խօսքը՝ ՀՅԴ Զաւարեան Ուսանողական միութեան 120-ամեակին նուիրուած հանդիսութեան.

120 տարիներու փոթորկոտ կենսափորձ մը իր ուսերուն, 1904-ին Լիբանանի մէջ հիմնուած դաշնակցական առաջին ուսանողական միութիւնը այսօր կը նայի դէպի աշխատանքի, պայքարի եւ նուաճումներու նոր ապագայի։

Դաշնակցութեան նազովրեցի սուրբին՝ Սիմոն Զաւարեանի հիմնած այս ուսանողական միութիւնը ամբողջ 120 տարի եւ աւելի իր գործունէութեամբ եւ յարաճուն ճառագայթումով ոչ միայն դերակատար եղաւ Լիբանանի դաշնակցական կառոյցին եւ Լիբանանի հայութեան կեանքին մէջ, այլ նաեւ յաջողեցաւ դառնալ համադաշնակցական կեանքին եւ համահայկական մտածողութեան զարգացման կարեւոր դերակատարներէն մէկը ու, հակառակ 120 տարիներու քաղաքական, պատերազմներու, տնտեսական, ընկերային, հոգեբանական եւ այլ վերիվայրումներու, Լիբանանի, աշխարհատարածքի թէ համահայկական իմաստով, Զաւարեան ուսանողական միութիւնը մնաց ամուր, Քրիստափորի յարատեւ պայքարի ուղիին հետեւող, անզիջող, խիզախ, մարտունակ եւ գործունեայ։

Բնական հաստատում է ընդհանրապէս այն, թէ ուսանողութիւնն ու երիտասարդութիւնը հիմն են հաւաքականութեանց ուժականութեան, կայծը՝ զարգացման ու յառաջդիմութեան տեսիլքին, կենդանի զինամթերքը՝ վճռականութեան ու պայքարի եւ էական գործիքակազմը տարբերութիւն յառաջացնելու, նորարարութեան ու փոփոխութեան։
Հետաքրքրական հարցադրում մը յաճախ կը դրուի մեր դիմաց։

Արդեօք տակաւին շատ երիտասարդ Քրիստափոր, Ռոստոմ եւ Զաւարեան երբ կը յայտարարէին Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան հիմնադրութիւնը, մտածա՞ծ էին, թէ այս կուսակցութիւնը դուրս պիտի ելլէ հայրենական հողերէն, անոր գաղափարաբանութիւնը պիտի տարածուի աշխարհով մէկ, եւ պիտի ապրի ամբողջ 135 տարի։

Նոյն ձեւով, երբ Ս. Զաւարեան Լիբանան իր այցելութեան ընթացքին պիտի մէկտեղէր համալսարանական ուսանողներ Պէյրութի մէջ, կը մտածէ՞ր, որ այս միութիւնը պիտի ապրի ամբողջ 120 տարի, պիտի գործէ տարապայման կացութիւններու մէջ, իր շարքերէն նահատակներ պիտի իյնան համահայկական պայքարի զոհասեղանին, պիտի դառնայ մեր ժողովուրդին կողմէ փնտռուած ու յարգուած շարժիչ ուժ, իսկ Դաշնակցութեան մէջ պիտի վերածուի գաղափարական հնոցի, ուր պիտի մէկտեղուին տարբեր միջավայրերէ, քաղաքակրթական, քաղաքական, համայնքային զանազան ուղղութիւններու պատկանող համալսարաններէ եկած ուսանողներ Դաշնակցութեան գաղափարական պարունակին մէջ դառնալու հայ ժողովուրդի դատին նուիրուած զինուորագրեալներ։

ԶՈՄ-ը առաջին հերթին գաղափարական միաւոր է, ուր հայ ուսանողը եկած է իր ազատ կամքով գործելու ազատութեան, անկախութեան, ընկերային արդարութեան, հաւասարութեան, ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի, խտրականութեան մերժումի, փոքրամասնութիւններու պաշտպանութեան, ազատագրութեան պայքարի, հայկականութեան եւ հայրենիքի պահպանման գաղափարներուն շուրջ համախմբուելու եւ զանոնք պաշտպանելով մեր հաւաքական կեանքին մէջ իրականութիւն դարձնելու եւ այդ գաղափարները տարածելու ի խնդիր։

Որեւէ համախմբում, քաղաքական կազմակերպութիւն չի կրնար գոյատեւել, երբ կը զիջի գաղափարը։ Գաղափարն է մնայունը, մնացեալն ամբողջ գնայուն են։ Գաղափարն է կուսակցութեան գոյատեւման հիմքը, իսկ երբ կը խամրի գաղափարը եւ գաղափարին հանդէպ հաւատքը, կը քանդուի կուսակցութիւնը, իսկ այլապէս, կը վերածուի շահադիտական մօտեցումներով իրարու քով եկած անհատներու ընկերակցութեան։

ՀՅ Դաշնակցութեան գոյութեան իմաստը իր գաղափարաբանութիւնն է, միատեղելով համամարդկային արժէքները հայկական արժէքներուն հետ, փոխներգործութեամբ զանոնք հարստացնելու եւ դնելու մեր ժողովուրդի գոյատեւման եւ յաւերժութեան պահպանման համընդհանուր պայքարին ի սպաս։

ԶՈՄ-ը Դաշնակցութեան գաղափարի, մտքի եւ գաղափարական հարստութեան պահպանման հիմնական ներդրողն է եւ անոր պաշտպանը եղած է ու այդպէս պիտի մնայ։

Դաշնակցութիւնը գաղափարաբանութեան վրայ հիմնուած կազմակերպութիւն է, որուն մաս կը կազմեն Հայաստան աշխարհէն ու սփիւռքացած հայութենէն բազմահազար ընկերներ։ Բնականաբար՝ տարբեր պայմաններ, մշակոյթներ, ընկերային հասկացողութիւններ, խայտաբղէտ միջավայրեր, սովորութիւններ, մօտեցումներ, յաճախ ընտրանքներ իրենց ազդեցութիւնը կ՛ունենան մեր ընկերներուն մտածելակերպին, վարուելակերպին եւ անձնական թէ հաւաքական ու հրապարակային դրսեւորումներուն վրայ։ Դաշնակցութեան կազմակերպական կառոյցը իր ճկունութեամբ կը միաձուլէ այդ բոլորը կարգապահական յատուկ ձեւաւորումներով, միշտ պահելով ընկերականութեան սկզբունքը, սակայն երբեք զիջելով կազմակերպութեան ամրութիւնն ու գաղափարը վտանգող մօտեցումներուն դիմաց։

Դաշնակցութեան կարգապահութեան ըմբռնողութիւնը կարելի չէ չարաշահել յանուն մարդու ազատ կարծիքի եւ անկաշկանդ կեցուածքներու։ Ազատ կամքով Դաշնակցութեան շարքերուն միացողը, ազատ կամքով Դաշնակցութեան կը զիջի նաեւ Դաշնակցութենէն դուրս այլ ազատութիւններ, որոնք, երբեմն թերես արժէք ըլլալով հանդերձ, չեն կրնար դաշնակցական կազմակերպութեանը ըլլալ։

ՀՅԴ ԶՈՄ-ը կազմակերպական այս ամրութեան պաշտպանը եղած է տեւաբար։ Ուսանողի խառնուածքը, հարցերուն նորարար մօտեցումները, կարծրատիպերէ դուրս գալու արդար ու պահանջուած ձգտումը, կեանքի պայմաններու հետ պատշաճեցման ակնկալութիւնները միշտ ալ սուր ձեւով դրուած են ԶՈՄ-ի մէջ եւ դարձած կարծր քննարկումներու առարկայ։ ԶՈՄ-ը եւ ԶՈՄ-ի առաքելութեան հաւատացող Դաշնակցութեան պատասխանատու մարմինները այս բոլորը նկատած են առողջ, հարստութիւն եւ Դաշնակցութեան զօրացման հիմնական նախապայման։ Սակայն, երբ եղած են չափազանցութիւններ, քանդիչ սադրանքներ եւ դաւեր, ԶՈՄ-ը ինք միահամուռ կերպով տուած է պատասխան եւ ինքզինք բիւրեղացուցած՝ պահպանելով գաղափարն ու կազմակերպութիւնը։

Այսպէս եղած է ԶՈՄ-ը եւ վստահաբար այսպէս պիտի մնայ։

ԶՈՄ-ը Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան առաջին ուսանողական միութիւնն է։ Իր գործունէութեամբ յեղափոխութեան հաւատացող Դաշնակցութեան ուսանողական միութիւնը տարբեր չէր կրնար ըլլալ։ Ու երբ յեղափոխութիւնը զէնքի լեզուն է, մեր ուսանողութիւնը դեռ Համաշխարհային Ա. պատերազմէն առաջ այդ լեզուն գիտցած է գործածել ու անոնցմէ շատեր ինկած են զէնքի հասկացողութեան յեղափոխական գործին մէջ։ Եւ երբ յեղափոխական նեղ ըմբռնումով զէնքը անհրաժեշտ եղած է Լիբանանի մէջ մեր ժողովուրդի ինքնապաշտպանութեան կազմակերպութեան, մեր ընկերները նաեւ եղած են հոս ու ինկած ժողովուրդին ինքնութիւնը պահպանելու պատնէշին վրայ։ ԶՈՄ-ականը նոյն հաւատքով եղած է Արցախ, ազատագրութեան կռիւի ընթացքին թէ Արցախը թուրքին յանձնելու դաւադրութեան դէմ ծառանալու համար։ Ու ԶՈՄ-ականի արիւնը շաղախուած է Արցախի հողին, եւ նահատակները կը հանգչին Եռաբլուրի մէջ։

Դաշնակցութեան ըմբռնողութիւնը յեղափոխութեան մասին, նիւթական հասկացողութեամբ սովորական զէնքը չէ միայն։ Այլ այդ զէնքին անհրաժեշտութեան ու այդ զէնքի գործածութիւնը հաւատքի վերածելու գաղափարական հիմքին ու յեղափոխական մտածողութեան մէջ է, զայն ճիշդ ու ատենին գործածելու հոգեբանութեան, համոզումի ու կամքի թրծման մէջ է։ Զէնքը առանց գաղափարական ենթահողի, մարդ անհատն ու հաւաքականութիւնները կը վերածեն անիշխանական միլիցիաներու, գաղափարազուրկ հրոսակներու կամ, լաւագոյն պարագային, այլոց ընտրանքներուն ծառայող եւ այդ ընտրանքները՝ յաճախ իրերամերժ, գործադրելու վարձկանութեան։

Դաշնակցութեան զէնքը գաղափարական զէնքն է իր ամէնէն լայն ըմբռնողութեամբ։ Իսկ Դաշնակցութեան յեղափոխական ըմբռնողութիւնը մեր ժողովուրդի հոգեբանութեան, մտածելակերպի, ազգային արժէքներու համակարգի, լինելիութեան պահանջքի ընդհանրական յեղափոխութիւնն է, որուն զէնքերը շատ են, կարիքը՝ վիթխարի, եւ հաւատացողներու զանգուածի ուռճացումը՝ հրամայական պահանջ։

ԶՈՄ-ը Դաշնակցութեան յեղափոխական մտածողութեան լաւագոյն զինապահեստը եղած է ու պիտի մնայ անկասկած։ Մեր կեանքը, մտածողութիւնը, ստրկամտութիւնն ու այլոց ծառայելու սովորամոլութիւնը հիմնովին յեղափոխելու ընդհանրական ճիգին առաջին խրամին զինուորները ըլլալու կոչուած է ԶՈՄ-ը։

Ու երբ ՀՅ Դաշնակցութիւնը յատուկ կարեւորութիւն տուած է դաշնակցական ուսանողական միութեանց, իսկ Ընդհանուր ժողովներու յատուկ առանձնաշնորհումներ տուած է ԶՈՄ-ին եւ ապա միւս ուսանողական ու երիտասարդական միաւորներուն, ուրեմն, արդար ակնկալութիւն է նաեւ, որ այդ միաւորները արժեցնեն իրենց գոյութիւնը, գործօն մասնակցութիւն բերեն տարբերութիւն յառաջացնելու, նորարարութեան համաշխարհային ոչ միշտ անմեղ ընթացքը ազգայինի վերածելու, փոփոխութիւն ներմուծելու եւ հետզհետէ հիւծող համաշխարհայնացումի հետեւանքները յեղափոխելու հրամայական պահանջին։

Եթէ կը տօնենք 120-ամեակ ու պիտի շարունակենք տօնել այլ ամեակներ եւս, ապա իւրաքանչիւր ամեակ իրեն հետ պարտի բերել նոր հորիզոններ, նոր թիրախներ եւ նոր նուաճումներ։

Անցեալին մէջ ապրող կուսակցութիւն չի կրնար ըլլալ Դաշնակցութիւնը։ Այդ իր գոյութեան իմաստին իսկ հակառակ է։

Սիրելի՛ զաւարեանական ընկերուհիներ, ընկերներ,

120-ամեակի աւարտը նշող Զաւարեան ուսանողական միութիւնը եւ դուք՝ ընկերներ, հսկայ պատասխանատուութեան դէմ յանդիման կանգնած էք այսօր՝ ոչ միայն գոյատեւելու, այլ նաեւ զարգանալով յառաջ երթալու, պատնէշները քանդելու եւ մանաւանդ՝ սովորական դաշնակցական չըլլալու։

Մնացէք խիզա՛խ զաւարեանական ընկերներ։

Մի՛ վհատիք ձեզ շրջապատող պայմաններուն ի տես։

Վատառողջ երեւոյթներ տեսէք, մի յանձնուիք, այլ վիրահատեցէք զանոնք։

Մի՛ զիջիք ձեր սուր քննադատութիւններուն մէջ։ Կրնաք սխալիլ, բայց քաջութեամբ ընդունեցէք սխալը եւ անսխալ շարունակեցէք ձեր ճանապարհը։

Թիրա՛խ դարձուցէք ամէն ինչ որ կը տկարացնէ մեզ։ Դաշնակցականի յատուկ, մարտունակ, անկախ ու խիզախ մտածողութեամբ դատեցէ՛ք։

Վանեցէ՛ք հիասթափութիւնը ձեր մտքերէն ու հոգիներէն։ Մերժեցէ՛ք հաշտուիլ կատարուած իրողութեանց հետ։ Դուք ենթադրուած էք իրողութիւններ հրամցնել։

Դաշնակցականի գաղափարական հիմքերէն մեկնեցէք նորը, փոփոխութիւնը, աւելի լաւը հրամցնելու, ազգայինի ու հայկականի վերածելու, յեղափոխականացում յառաջացնելու ձեզմէ սպասուած պայքարին մէջ։

Ոչ մէկ ուժ կամ անհատ իրաւունք կրնայ ունենալ վախ ու սարսափ յառաջացնելու ձեր հոգիներուն մէջ, եթէ դուք պատրաստ չըլլաք վախնալու։ Ձեր ամբողջ ուժով ու կամքով վանեցէք վախը ու մնացէք խիզախ։

Հայութեան, Հայաստանի եւ Դաշնակցութեան դիմագրաւած այսօրուան մարտահրաւէրներուն դէմ յանդիման՝ մի՛ տկարանաք, մի՛ վհատիք, մի՛ սարսափիք։

Երիտասարդութիւնը կը շարժէ լեռները։

Ձեզմէ իւրաքանչիւրը պարտի վերածուիլ ժայռի, որ կը վանէ հարուածները ու կը շպրտէ խճաքարերը։

120 տարի փոթորիկներուն դիմացող Դաշնակցութեան ԶՈՄ-ը ձեզմով եւ գալիք սերունդներով պարտի ճառագայթել, նոր բարձունքներ նուաճել, դիմանալ, դիմադրել, ի հարկին նորը կառուցելու համար, աւելի լաւը ամրացնելու համար քանդել հինը, որպէսզի անպայման հասնինք մեր նպատակին, վերադառնանք տուն, հայրենի տուն, Արարատով ու Արցախով Հայաստան։

Ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստան, ամբողջական Հայաստան, ամբողջական հայութեամբ։

Յանուն ՀՅԴ Բիւրոյին, ողջոյն ձեր 120-ամեայ գործունէութեան։ Հսկայական ակնկալութիւններով դիմաւորեցէք գալիք ժամանակները։

Իսկ ես՝ իբրեւ նախկին զաւարեանական, կը խոնարհիմ մեզմէ հեռացած բոլոր նախկին ընկերներուն յիշատակին առջեւ ու բոլոր նախկին զաւարեանական ընկերներուս անունով կրնամ ըսել վարձքը կատա՛ր բոլորին, որոնք հաւատացին, եկան, գործեցին, տքնեցան, մնացին դաշնակցական։

Մենք ձեզի հետ ենք։

Հերթը ձերն է, դո՛ւք էք ապագան։

Մի՛ դանդաղիք ձեր պատասխանատուութեանց ստանձնման մէջ։

Պարտաւոր էք գալու եւ ղեկը ստանձնելու։

Մի՛ տատամսիք։

25 մայիս 2025թ.
«Ազդակ»

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Երբ ասում են` Արցախը երբեք հայկական չի

ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելյանը հանդես է եկել տեսաուղերձով․

19 Սեպտեմբեր 2026
Քանի դեռ կա թուրք-ադրբեջանական մոտեցու

Այսօր՝ Արցախի հայաթափման 3-ամյա տարելիցին, տեղի է ունեցել «Հիշատակի օր» խորագի

19 Սեպտեմբեր 2026
Արցախցիների հավաքական և անվտանգ վերադա

Արցախի Հանրապետության Ազգային ժողովի նախագահի պարտականությունները կատարող Գագի

19 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Այնճարը` Սփիւռքի Փոփոխուող

Մուսա լերան հերոսամարտի հերթական նշումը կը զուգակցուի Սուրբ Խաչի տօնին հետ: Հե

18 Սեպտեմբեր 2026
«Հայաստան» խմբակցության անդամները Շվեդ

ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության ղեկավար Աննա Գրիգորյանը, խմբակցության քարտուղար Արթ

18 Սեպտեմբեր 2026
«Արմատախիլ անել» դաշնակցականությունը.

ՀՀ ԱԺ ամբիոնից իշխանական մեծամասնության պատգամավոր Արման Եղոյանի՝ սեպտեմբերի 1

18 Սեպտեմբեր 2026
Փաշինյանն ի զորու չէ իրավական պատասխան

«5-րդ ալիք» հեռուստաընկերության «Օրագիր» հաղորդման հյուրն է ՀՅԴ Հայ Դատի գրասե

17 Սեպտեմբեր 2026
Արամ Համբարեանի Մեկնաբանութիւնը՝ Հայ Հ

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Ա․Մ․Ն․ նախագահ Տանըլտ Թրամփ, Սպիտակ տան մէջ Սեպտեմբեր 16-ին հանդի

17 Սեպտեմբեր 2026
Բաց նամակ՝ Ալիևի հրավերով օկուպացված Ա

ԲՐՅՈՒՍԵԼ, 17 սեպտեմբերի, 2026 թ․ — ՀՅԴ Եվրոպայի Հայ դատի գրասենյակը (EAFJD) բա

17 Սեպտեմբեր 2026
Ցույց ԱԺ-ի դիմաց. արցախցիները պահանջու

Արցախցիներն այսօր` սեպտեմբերի 17-ին բողոքի ցույց անցկացրեցին Ազգային ժողովի շե

17 Սեպտեմբեր 2026
Հայ Դատի Կոչը՝ Գերիներու Ազատ Արձակման

Աւելի քան տասնեակ մը քոնկրեսականներ Սեպտեմբեր 15ին պահանջեցին, որ Ատրպէյճան ազ

17 Սեպտեմբեր 2026
Ակնարկ. Հիմնական Դերակատարութիւն

Ակնկալելի էր, որ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նիստերուն Դաշնակցութե

17 Սեպտեմբեր 2026
Գազի թանկացումը բերելու է կատաստրոֆիկ

Խորհրդարանական քառօրյան բավականին թեժ է ընթանում։ ՔՊ-ական Արման Եղոյանն ԱԺ ամբ

16 Սեպտեմբեր 2026
Եթե Դաշնակցությունն արժեք ու ուժ չունե

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցության թիրախավորման պատճառները հասկանալու համար անհրաժե

16 Սեպտեմբեր 2026
Խայտառակ բռնաճնշումներ՝ ՏԻՄ ընտրւթյուն

Այսօր՝ սեպտեմբերի 16-ին Ազգային ժողովում տեղի ունեցավ ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայ

16 Սեպտեմբեր 2026
Պաքուի Պատրաստած Դատարկ Յուշամատեանը Ե

Անընդունելի է լռել, կուլ տալ պատահածը եւ լուսանցքի մէջ դնելով՝ էջը դարձնել, նո

16 Սեպտեմբեր 2026
Սփիւռքի Ազգային Զօրաշարժի Խորհրդաժողով

Սփիւռքի զօրաշարժի խորհրդաժողովին (Փարիզ, Ապրիլ 11-12) ընթացքին տեղի ունեցած չո

16 Սեպտեմբեր 2026
Սպասելով համազգային կամքի յաղթական արձ

1.Վերջին 8-ը տարւայ հայաստանեան թուրքահպատակ իշխանազաւթներն ու իրենց ապազգային

16 Սեպտեմբեր 2026
Փաշինյանը չի խրախուսում սփյուռքահայերի

Հայաստանի ներքին գործերի նախարարությունն առաջարկում է հնգապատկել Հայաստանի քաղ

15 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյ

Ազրպէյճանի մէջ հաւատարմագրուած դեսպաններու այցելութիւնը Արցախ առաջին քարոզչակ

15 Սեպտեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company