ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Հոդվածներ

Իրան-Միացեալ Նահանգներ Յարաբերութիւններու Հաւանական Ուղղութիւնները Միջին Արեւելքի Մէջ

27 Մայիս 2025

Իրան-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւններու ընթացքը Միջին Արեւելքի մէջ կը շարժի յուսահատ սպասումի եւ ռազմավարական անհրաժեշտութիւններու միջեւ` ժամանակ առ ժամանակ յառաջ քաշելով նոր հեռանկարներ ու մարտահրաւէրներ: Ամբողջական եւ դիւանագիտական կարգաւորում մը այսօրուան պայմաններուն մէջ թերեւս հեռաւոր երեւոյթ մը ըլլայ, սակայն տարածաշրջանի փոփոխուող իրողութիւնները, համաշխարհային նոր բեւեռները եւ երկու կողմերու ներքին ճնշումները ժամանակ առ ժամանակ առիթներ կը ստեղծեն սահմանափակ փոխհասկացողութիւններու համար:

Այսպիսի փոխհասկացողութիւններ, սակայն, աւելի շատ մարտավարական բնոյթ կրնան ունենալ` համապարփակ քաղաքական համաձայնութիւններ համակարգելու իմաստով: Իսկ մասնակի եւ կարճ ժամանակի համաձայնութիւնները կրնան զգալի ազդեցութիւն ունենալ տարածաշրջանային կայունութեան վրայ:

Ռազմավարական յոգնածութիւն

Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու ռազմավարական յոգնածութիւնը տարբեր դրսեւորումներ ունի: Ուաշինկթընի համար Միջին Արեւելքի երկարատեւ ներգրաւուածութիւնը խոչընդոտ կ՛առաջացնէ համաշխարհային այլ առաջնահերթութիւններուն, օրինակ` Չինաստանի աճող ազդեցութիւնը հակակշռելու եւ Ուքրանիոյ պատերազմը կառավարելու:

Իրանը կը դիմագրաւէ` խորացող տնտեսական ճգնաժամ, ներքին ընդվզումներ եւ տարածաշրջանային իր դաշնակիցներուն ցանցը պահպանելու բարդութիւններ:

Այս փոխադարձ յոգնածութիւնը թաքուն դիւանագիտութեան դուռ կը բանայ: Ամբողջական յարաբերութիւններու վերականգնումը այս պահուն իրական չէ, սակայն երկու կողմերն ալ մեծագոյն փորձ կ՛ընեն խուսափելու համար պատահական բախումներէ, յատկապէս` Իրաք, Սուրիա, Ծոցի երկիրներու, Լիբանանի եւ Եմէնի նման զգայուն տարածաշրջաններուն մէջ:

Այդ նպատակին համար գաղտնի բանակցութիւնները, յաճախ` միջնորդուած Օմանի, Քաթարի եւ Իրաքի կողմէ, կ՛օգնեն կառուցելու վստահութիւն` առանց քաղաքական բարձր գին վճարելու:

Անպաշտօն համաձայնութիւններ եւ մարտավարական յաջողութիւններ

Հաւանական չէ, որ Իրան եւ Միացեալ Նահանգներ հասնին համապարփակ համաձայնութեան: Տարածուած է ռազմավարական պայմանաւորուածութիւններ ձեւաւորելու միտումը` նեղ, յստակ հարցերու շուրջ, ինչպէս` գերիներու փոխանակում, մարդասիրական ծրագրերու համակարգում, կամ շրջանի լարուածութեան ժամանակաւոր թուլացում: Օրինակ` վերջերս արձանագրուած համաձայնութիւնը կ՛ենթադրէ ազատ արձակել Թեհրանի սառեցուած գումարները եւ միաժամանակ ազատ արձակել ամերիկացի գերիները:

Այս փոքր քայլերը թույլ կու տան կողմերուն մարտավարական յաջողութիւններ ձեռք բերել` խուսափելով ներքին քաղաքական ճնշումներէ եւ հակադրութիւններէ: Այսպիսի համաձայնութիւնները հիմնականին մէջ գաղտնի կը մնան` միջնորդներու միջոցով եւ առանց հանրային լայն քննարկումի, բայց կրնան խուսափիլ լուրջ բախումներէ եւ լարուածութեան զարգացումներէ:

Դիւանագիտական Դժուարութիւններ

Ճգնաժամերը յաճախ դիւանագիտական դռներ բացած են: Պատմութիւնը ցույց տուած է, որ լարուածութիւնները նախորդած են համաձայնութիւններուն, որոնց մասին բազմաթիւ օրինակներ կան: Ապագային հնարաւոր են նման ճգնաժամեր` Հորմուզի նեղուցի , Իսրայէլ-Հըզպալլա բախումներու կամ հութիներու յարձակումներու շուրջ, որոնք կրնան երկու կողմերուն ալ ստիպել նոր պայմանաւորուածութիւններ փնտռել:

Այսպիսի դիւանագիտական հնարաւորութիւններ կը պահանջեն հմուտ միջնորդներ, ճկուն քաղաքականութիւն եւ փոխզիջումներ` երկու կողմերու արժանապատուութիւնը պահպանելով: Սակայն ճգնաժամային բանակցութիւնները կը շարունակեն մնալ արկածախնդրական, ուր սխալ հաշուարկումները եւ արտաքին միջամտութիւնները միշտ ալ առկայ են:

Տարածաշրջանային եւ միջազգային փոփոխութիւններ

Եթէ ապագային կարգաւորում կայանայ, ան պիտի հաշուի առնէ Միջին Արեւելքի փոփոխուող քաղաքական եւ դիւանագիտական իրականութիւնը: Վերջին տարիներու զարգացումները` Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ մերձեցումը` Չինաստանի միջնորդութեամբ, Սուրիոյ զարգացումները, Արաբական լիկայի եւ Ծոցի երկիրներու նոր դիւանագիտական աշխուժութիւնը, կը վկայեն, որ տարածաշրջանային կարգը արմատական փոփոխութեան փուլին մէջ է:

Այս զարգացումները կրնան ստեղծել բազմակողմանի հարթակներ, ուր Թեհրանն ու Ուաշինկթընը կրնան համատեղ գործունէութիւն ունենալ` առանց հրապարակային յայտարարութիւններու: Արտաքին դերակատարներ, յատկապէս` Չինաստան, Եւրոպական Միութիւն եւ Ռուսիա, կրնան ապահովել համագործակցութեան նման ձեւաչափեր, ներառեալ` ծովային անվտանգութեան համաձայնութիւններ, ոչ յարձակողականութեան պայմանագրեր եւ լարուածութեան կանխարգիլման միջոցներ:

Պատերազմէն խուսափելու միջոցներ

Իրան-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւններու լիարժէք եւ կայուն կարգաւորումը այսօրուան համար հեռաւոր երեւոյթ է` խոչընդոտուած գաղափարական թշնամանքով, ներքին քաղաքական ճնշումներով եւ տարածաշրջանային հակադիր ռազմավարութիւններով: Սակայն այս հակամարտութեան մէջ գոյութիւն ունի կառավարուած ներգրաւուածութեան տրամաբանութիւն` համաձայնութիւն, որ անհրաժեշտ է վտանգներու կառավարումի, պատերազմէն խուսափելու եւ կայունացման համար:

Ապագային Իրան-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւնները աւելի հաւանական է, որ կերտուին անպաշտօն գործարքներու, գաղտնի դիւանագիտութեան եւ ճգնաժամային իրավիճակներու վրայ հիմնուած սահմանափակ փոխհասկացողութիւններով, քան թէ` մեծամիտ եւ համապարփակ համաձայնութիւններով: Այս մօտեցումը թերի է, փխրուն եւ խոցելի, բայց Միջին Արեւելքի սովորական ուժերու մրցակցութեան մէջ նման սահմանափակ համագործակցութիւնը կրնայ ազդել ամբողջ տարածաշրջանի անվտանգութեան եւ կայունութեան վրայ:

Ի՞նչ պիտի ըլլայ Իրանի աջակցութիւնը վայելող ուժերուն ճակատագիրը

Անպայման անհրաժեշտ է մտածել` եթէ այս սահմանափակ փոխհասկացողութիւնները յաջողին, ինչպիսի՞ ազդեցութիւն պիտի ունենան Իրանի աջակցութիւնը վայելող տարածաշրջանային ուժերու ցանցին վրայ: Արդեօք Իրանը պիտի խստացնէ՞ յանձնառութիւնը քաղաքական դաշտի մէջ, նուազեցնելով ռազմական գործօնը` Հըզպալլա, հութիներ եւ Իրաքի մէջ իր աջակցութեամբ գործող ուժերու նկատմամբ, թէ՞ այդ ուժերը պիտի մնան Թեհրանի դիւանագիտական խաղաքարտեր:

Այս հարցին պատասխանը ունի անմիջական ազդեցութիւն ոչ միայն Իրան-Միացեալ Նահանգներ փոխհասկացողութեան երկարաժամկէտ կենսունակութեան, այլ նաեւ ամբողջ Միջին Արեւելքի ապագայ կայունութեան վրայ:

Տարածաշրջանային հետեւանքներ

Եթէ, օրինակ, սահմանափակ յաջողութիւններ արձանագրուին, ազդեցութիւնները զգալի պիտի ըլլան արաբական աշխարհի ուժային հաւասարակշռութեան վերաձեւաւորման եւ ներքին քաղաքական գործընթացներու վերակազմակերպման մէջ:

Իրաքի մէջ, ուր իրանամէտ ուժեր (PMF) խառնուած են պետական կառոյցներուն հետ, նման պայմանաւորուածութիւն կրնայ ամրապնդել Պաղտատի կեդրոնացման ձգտումները: Լիբանանի մէջ Հըզպալլա կրնայ ընտրել կայունութիւն պահպանել` խուսափելով վտանգաւոր բախումներու եւ ներքին անկայունութեան աճէն: Եմէնի մէջ, եթէ Իրանը շահագրգռուած ըլլայ համաձայնութեամբ` տնտեսական կամ անվտանգութեան երաշխիքներով, կրնայ սահմանափակել հութիներու զինամատակարարումը եւ աջակցիլ խաղաղութեան գործընթացին:

Ընդհանուր առմամբ, այս չի նշանակեր Իրանի ազդեցութեան ամբողջական նահանջ, այլ` իր քաղաքական եւ ռազմական դերակատարութեան վերափոխում` աւելի ճկուն եւ վերահսկելի ներգրաւուածութիւն:

ՎԵՐԱ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ
Ազդակ

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Անհամբեր սպասում ենք հունիսի 8-ի արշա

Alpha News-ի հետ զրույցում Ֆրանսիայի «ՀՅԴ Նոր Սերունդ» երիտասարդական միության

12 Մայիս 2026
Ներկայիս իշխանությունը կորցրել է վստահ

ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ անդամ, «Հայաստան» խմբակցության պատգամավոր և այդ դաշինքի պատգա

11 Մայիս 2026
Ակնարկ. Մշուշ, Ժամկէտ Եւ Մինչ Այդ

Տարածաշրջանին վրայ այնքան քաղաքական մշուշ պատած է, որ իրադարձութիւններու ընթաց

11 Մայիս 2026
Փաշինյանը ստի հերթական ռեկորդն է սահմա

Նախ արձանագրենք, որ «Հայաստան» հիմնադրամի շրջանակներում 1995-ից մինչև 2020թ

11 Մայիս 2026
Յիշատակի Ձեռնարկ` Վիգէն Զաքարեանի Նահա

Երէկ` կիրակի, 10 մայիսին, ազատամարտիկ Վիգէն Զաքարեանի նահատակութեան 34-րդ տարե

11 Մայիս 2026
Այցելություն Եռաբլուր

Այսօր՝ մայիսի 9-ին, հաղթանակի օրվա առթիվ Եռաբլուր են այցելել «Հայաստան» դաշինք

09 Մայիս 2026
Հայկական պետականության ընտրությունը.

Սակայն այստեղ առաջանում է հիմնական հակասությունը, որը գործող իշխանությունը չի

09 Մայիս 2026
Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. Շուշիի Նահատ

Բեկոր, պատերազմի ընթացքին 11 անգամ վիրաւորուիլը` ճակատագիրին կողմէ դրոշմուած մ

09 Մայիս 2026
Շուշի. հաղթանակի և «պարտության» վկան

Շուշիի ազատագրումը հայ ժողովրդի նորագույն պատմության հերոսական էջերից է։ Տասնա

09 Մայիս 2026
Խմբագրական. Եռատօնի Վերականգնումին Հեռ

Մայիսեան եռատօնը Արցախի վերջին պատերազմէն ետք վերաիմաստաւորուած է, բացասական ի

09 Մայիս 2026
Սփիւռքը` Երէկ Եւ Այսօր Գոյատեւումէն Դէ

Հայկական սփիւռքը դար մը շարունակ եղած է մեր ազգային կեանքին ամէնէն կարեւոր իրա

09 Մայիս 2026
«Հարատև պայքար» պատկերագրքի շնորհանդես

Համազգային հայ կրթական և մշակութային միության Երևանի գրասենյակի նախաձեռնությամ

09 Մայիս 2026
Փարիզէն զգաստութեան (հերթական) հրաւէր

Ոխակալութիւն՝ որովհետեւ ֆրանսահայութեան ներկայացուցիչ մարմինի ղեկավարին՝ Հայաս

09 Մայիս 2026
Էջմիածնից մեկնարկեց «Հայաստան» դաշինքի

Այսօր՝ մայիսի 8-ին Էջմիածնից՝ հայության հոգևոր կենտրոնից մեկնարկեց «Հայաստան»

08 Մայիս 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինէն Պատուիր

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինէն պատուիրակութիւն մը եւ Հայ կաթողիկէ Պէյրութի պատ

08 Մայիս 2026
Ազգային սկզբունքային հարցերու գծով սփի

Տրուած ըլլալով, որ հարցազրոյցը կը զուգադիպէր Լիբանանի մամլոյ եւ մտաւորականներո

08 Մայիս 2026
Ակնարկ. Մրցահարթակի Չվերածուելու Համար

Վարագոյրը իջած է արդէն Երեւանի մէջ Եւրոպական Միութեան գագաթնաժողովներու եւ

08 Մայիս 2026
Նախաձեռնողականություն եւ կամք․ այն ամե

-Ռուբեն Վարդանյանի և Դավիթ Իշխանյանի դիմուները ՄԻՊ Ա․ Մանասյանի դաշտում են,

07 Մայիս 2026
Մաքրոնի Մաքառումները

«Ոչ ոք կրնայ բոլորին անունով ինքնագլուխ գործել, եւ ոչ ոք կրնայ ընդունիլ կանոնն

07 Մայիս 2026
Գոյժ

Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան շրջանի Հ․Յ․Դ․ Կեդրոնական Կոմիտէն կը գուժէ մահը` վաստակաւոր ըն

07 Մայիս 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company