Անվախ յոյսի խոստումն ու ժառանգութիւնը
27 Մայիս 2025
(Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակման 107-րդ տարեդարձին առիթով)
Հայ սերունդներու ազգային դարբնումին մէջ 1918-ի անկախ պետականութեան գաղափարը կը շարունակէ ներշնչել ու առաջնորդել։
28 Մայիս 1918-ին կերտուած պետականութիւնը հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ կը մնայ որպէս հերոսական ու պատմական մեծագոյն հանգրուանը։ Իսկ այսօր, ան պէտք չէ միայն պատմութեան դասագիրքերու կամ յաւուր պատշաճի ուղերձներու սահմանին մէջ մնայ, այլ պէտք է դառնայ ներշնչում նորահաս սերունդներուն, որոնք կանգնած են աշխարհաքաղական նոր պահանջներու դիմաց։
Հայաստան ներկայիս կը դիմագրաւէ բազմակողմանի մարտահրաւէրներ. արտաքին՝ Արցախի կորուստէն ու սահմանային սպառնալիքներէն սկսեալ, մինչեւ ներքին՝ հասարակութեան պառակտում, վստահութեան կորուստ եւ յուսահատութիւն։
Ի զուր պիտի փորձեն թշնամիները արժեզրկել այսօրուան Հայաստանի լինելութեան խորհուրդը, պարտադրելով զիջումներ եւ նահանջ ազգային մեր սկզբունքներէն։ Ի զուր մերօրեայ հայրենի վարչախումբէն կը լսուին պարտուողական ձայներ, որոնք անպայման չեն առաջնորդուած այսպէս կոչուած «ռէալ-փոլիթիք»-ի միջազգային ընկալումներով, այլ կը փորձեն ընդմիշտ ջլատել հայ ժողովուրդի պատմական եւ իրաւական ձեռքբերումներու զինանոցը։
28 Մայիս 1918-ի պետական հիմնաշէնքը ստեղծեց նախատիպ մը՝ ժողովրդավար, ինքնիշխան, ինքնավստահ պետութեան մը, ուր առաջնորդները ոչ միայն քաղաքական, այլեւ բարոյական պատասխանատուութիւն կը կրէին։ Այսօրուան Հայաստանի ամենամեծ բացթողումներէն մէկը վստահութեան ճգնաժամն է հայ քաղաքական միտքին հանդէպ։ 28 Մայիսի գրաւականը կը յիշեցնէ, որ վստահութիւնը կ՚ենթադրէ սերունդներու զոհողութիւն, պատասխանատուութիւն եւ հաւատարմութիւն՝ հանրային նպատակին։
Այսօր՝ 21-րդ դարու ազգային ալեկոծումի օրերուն, երբ Հայաստանն ու ամբողջ հայութիւնը կը գտնուին քաղաքական, անվտանգային եւ բարոյական անորոշութեան մէջ, 1918-ի Հայաստանի Հանրապետութեան պատգամը աւելի քան երբեք կենսական է։ Այս մթնոլորտին մէջ, 1918-ի պետականութեան փորձը կը դառնայ հիմնարար ուղեցոյց։ Ան մեզ կը յուշէ, որ անկախութիւնը նպատակ չէ միայն, այլ՝ ամենօրեայ պայքար եւ պատասխանատուութիւն։ Ան նաեւ կը հաստատէ, որ փոքր ժողովուրդ մը կրնայ դառնալ մեծ, երբ ունի արժանապատիւ ղեկավարման ձգտում, հաւաքական կամք եւ տեսլական։
Նոր սերունդները պարտին ըմբռնել, թէ իրենց ձեռքերուն մէջ է մեր պետութեան ապագան։ Անոնք պէտք է դասեր քաղեն 1918-ի Հայաստանի Հանրապետութեան դիմագրաւած պատմական մարտահրաւէրներէն, բայց նաեւ ոգեւորուին անոր փառապանծ յաղթանակներով։
Անկախութիւնը պէտք է ընդմիշտ վերարժեւորել՝ հպարտութեամբ ու յանձնառութեամբ։ 28 Մայիս 1918-ն միայն պատմական օր չէ. ան հայ մարդու հաւատքին, հերոսապատումներուն, տոկունութեան եւ տեսլականային կամքի խորհրդանիշն է։
Հայաստանի Հանրապետութիւնը թող մեր սերունդներուն ուղեցոյց ըլլայ. որովհետեւ ազգ մը, որ կը յիշէ, նաեւ յաւերժ կ՚ապրի։
Այս է սարտարապատեան սերունդի թողած անփոխարինելի ժառանգութիւնը:
«Ազատ օր»ի խմբագրական