Խմբագրական. Մնալ Անկախ` Մուրճին Եւ Սալին Միջեւ
27 Մայիս 2025
(Հայաստանի Հանրապետութեան 107-Ամեակին Առիթով)
Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան մասին այսօր տարատեսակ մեկնաբանութիւններ կը ներկայացուին: Գաղափարական դաշտէն քաղաքական հարթակ իջեցուած է անկախութեան գաղափարը, եւ ազգային ուժեր դասակարգումներու կ՛ենթարկուին պետական գործիչներու կողմէ` անկախականներ, հակաանկախականներ, գերիշխանութեան հաւատացողներ եւ այլ պետութեան հովանիի տակ երկիրը պատկերացնողներ: Բոլորը նպատակ ունին վարկաւորումը կամ վարկաւորման այս կեղծ ճիգերուն ընթացքին այլ ուժերու վարկաբեկումը:
Այս թիրախներուն առաջնայինը Դաշնակցութիւնն է. աւելի յստակ, այս պարագային, անկախ հանրապետութիւն կերտած ուժը, որ կը ներկայացուի իբրեւ հակաանկախական: Խորհրդային պատմագրութիւնը այդ օրերու Դաշնակցութեան վաստակած դերակատարութիւնը նսեմացնելու համար անկախութիւնը կը ներկայացնէր իբրեւ Թուրքիոյ նուէրը` պարզապէս շեշտելու համար, որ մայիսեան հերոսամարտերը ղեկավարած ուժը հարկադրաբար գացած է անկախանալու քայլին` իբր թէ ընդառաջ երթալով Թուրքիոյ կողմէ Ազգային խորհուրդի յղուած սպառնալիքին:
Առաջին հանրապետութեան կերտումը այսքան պարզացնելը, բովանդակազրկելը` պարզապէս Դաշնակցութիւնը հարուածելու համար, կը թուի, թէ միայն խորհրդային ուժերուն չէր վերաբերեր:
Նոյն մոլուցքով Դաշնակցութիւնը կը մեղադրուի իբրեւ 1991-ի անկախութեան դէմ պայքարած կուսակցութիւն, որ նախընտրած էր Հայաստանը պահել Խորհրդային Միութեան սահմաններուն մէջ: Հայ քաղաքական կուսակցութիւններու միացեալ կոչը զսպուածութիւն ցոյց տալու եւ արկածախնդրութիւններու չառաջնորդուելու` կը մեկնաբանուի իբրեւ անկախութեան դէմ դիրքորոշում, որուն համար ալ հիմնականին մէջ կը մեղադրուի Դաշնակցութիւնը:
Այդ նոյն գրիչները կ՛անտեսեն, կը շրջանցեն կամ չեն ուզեր տեսնել այն, որ ամբողջ խորհրդային տասնամեակներուն Դաշնակցութիւնը անկախութեան գաղափարի իբրեւ ջատագով` գաղափարական պայքարին մէջ առանձին էր խրամատային դիրքերու եւ առաջնագիծին վրայ:
Անկախութեան գաղափարը պահելու, անոր խորհրդանիշ` դրօշը, զինանշանն ու քայլերգը պահպանելու սփիւռքեան 70-ամեայ պայքարը առաջնորդուեցաւ Դաշնակցութեան կողմէ, որ նաեւ սերունդները պատրաստեց դէպի հայրենիքի վերանկախացում երթը շարունակելու:
Հիմա եւս Դաշնակցութիւնը կ՛ուզեն պիտակաւորել հակաանկախականութեամբ` զայն կապելով ընդհանուր պետութիւն առաջադրանքին սպասարկողներուն: Ընդհանուր պետութիւնը ՀՅԴ ծրագրային դրոյթներուն, առաջադրանքներուն եւ նպատակներուն դէմ յղացք է: Անկախութիւնը անքննարկելի սկզբունք է անկախութիւն կերտած կուսակցութեան համար, եւ նման մեղադրանքներ հնչեցնելը Դաշնակցութեան հասցէին պարզապէս գնայուն յերիւրանքներն են, որոնք չեն կպիր այս կուսակցութեան:
Ինչպէս Սարդարապատը նախապատրաստեց առաջին հանրապետութիւնը այնպէս ալ Արցախի ազատամարտը` հայրենիքի վերանկախացումը: Երկու պարագաներուն ալ ուրեմն Դաշնակցութիւնը կանգնած է անկախ պետութեան կերտման ակունքներուն:
Անկախութիւնը, սակայն, պահպանելու համար, մանաւանդ` Հայաստանի նման շրջապատ ունեցող եւ շրջափակուած երկիրներու պարագային, փոխլրացուցիչ արտաքին քաղաքականութիւն վարելը եւ հրահրիչ յայտարարութիւններէ ու քայլերէ հեռու բազմակողմ դիւանագիտութիւն կիրարկելը հրամայական են:
Մեր երկիրը պատմութեան բոլոր հանգրուաններուն, ընդ որում` ներկայ, գտնուած է եւ ըստ իր դիրքին պիտի շարունակէ գտնուիլ տարբեր տեսակի մուրճերու եւ սալերու միջեւ: Մուրճին հարուածներուն տակ չիյնալու կամ սալին ամբողջովին չյանձնուելու համար անհրաժեշտ է ինքնուրոյն, անկախ, հետեւաբար ազգային պետութեան կայացում: Ա՛յն պետութեան, որ ըստ Անկախութեան հռչակագիրին, պիտի շարունակէ մայիս քսանութեան ժողովրդավարական աւանդոյթները: Ա՛յն պետութեան ուրեմն, որ պիտի պահպանէ նաեւ Անկախութեան հռչակագիր եւ սահմանադրութիւն նախաբանային իրաւակապը:
«Ազդակ»