ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. Հայաստանի Անկախութեան 107-Ամեակի Ոգեկոչում Հայաստանի Ա. Անկախութեան 100-Ամեակին Նուիրուած Յուշակոթողին Առջեւ
30 Մայիս 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին, երեքշաբթի, 27 մայիս 2025-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքի Հայաստանի Ա. անկախութեան 100-ամեակին նուիրուած յուշակոթողին առջեւ տեղի ունեցաւ «Հայաստանի անկախութեան 107-ամեակ» խորագիրով ոգեկոչման ձեռնարկը:
Ձեռնարկին բացումը կատարուեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու Յակոբ Բագրատունիի եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեանի կողմէ ծաղկեպսակներու զետեղումով, ինչպէս նաեւ Լիբանանի, Հայաստանի, Արցախի եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան քայլերգներով` կատարողութեամբ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին:
Բացման խօսքը արտասանեց Վարդուկ Ֆռնզլեան, որ հայ ժողովուրդի պատմութեան կարեւորագոյն տօներէն հանդիսացող մայիս 28-ն նկատեց խորհրդանիշ մեր ազգին ու պետութեան վերակերտման եւ վերածնունդին:
Ան յայտնեց, որ Ցեղասպանութիւն տեսած, յուսալքուած ու ցիրուցան եղած հայ ազգը, Սարդարապատի, Ղարաքիլիսէի ու Բաշ Ապարանի արիւնալի ճակատամարտերէն ու յաղթական մարտերէն ետք, իր հաւաքական ուժով եւ ազգային միասնակամութեամբ հայկական բանակին, կամաւորական գունդերուն եւ հերոս ղեկավարներուն շնորհիւ կրցաւ վերականգնիլ, հռչակուեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը եւ Եռագոյնը ծածանեցաւ ազատագրուած հայրենիքի տարածքին:
«Հայութիւնը իր վճռական կամքով ու փառահեղ յաղթանակով ի հեճուկս թշնամիին կը վճռէ կառչած մնալ ու ապրիլ մայր հայրենիքի սուրբ հողին վրայ: Հայ ժողովուրդի հերոսներու սխրանքները` Բաշ Ապարանէն, Սարդարապատէն մինչեւ Արցախ, պիտի չմնան անցեալի պատմութեան էջերուն մէջ, այլ միշտ պիտի յիշուին ու փոխանցուին սերունդէ-սերունդ, եւ Սարդարապատի զանգերուն յաղթական ղօղանջը պիտի շարունակէ արձագանգել մեր հայրենաբաղձ սրտերուն մէջ», հաստատեց Վարդուկ Ֆռնզլեան:
Գեղարուեստական յայտագիրով ելոյթ ունեցան Հայկ եւ Նարեկ Քէշիշեաններ:
Օրուան պատգամախօս Հրայր Գէորգեան իր խօսքի սկզբնաւորութեան բացատրեց, թէ ազգը այն հաւաքականութիւնն է, որ կը բնորոշուի իր պատմական միասնական զարգացումով, հաւաքական պատկանելիութեան զգացումով, մշակոյթով, լեզուով եւ կենցաղով` նպատակ ունենալով յառաջդիմել այդ բնական ինքնութեան ներկայացուցած ժառանգութեան հովանիին տակ, իսկ ազգային պետականութիւնը այն հողատարածքն է, ուր ազգային հաւաքականութիւնը կերտած է իր պատմական ժառանգական ինքնութիւնը, հիմնած է աշխարհաքաղաքական եւ տնտեսական միաւորում` յառաջ մղելու համար այդ հաւաքական զարգացումը եւ իղձերու իրականացումը` աւելցնելով, որ վերջին տասնամեակներու միջազգային զարգացումները փաստեցին, որ ապազգային կարգախօսներու, գաղափարաբանութիւններու կամ կրօնական հասկացողութիւններու վրայ հիմնուած պետականութիւնները չեն ներկայացներ ազգային հաւաքականութեան մտասեւեռումները եւ ենթակայ են ինքնակործանումի կամ կերպարանափոխումի:
Գէորգեան ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց յունուար 1918-էն մինչեւ անկախութեան ժամանակաշրջանը, երբ հայ ներկայացուցիչները առանձին մնացած էին, անոնք կը մերժէին թուրքերուն պահանջները, բայց խուճապի մատնուած էին հայ զանգուածին դիմաց. երբ օսմանեան զօրքերը միայն քանի մը քիլոմեթր հեռու էին Երեւանէն, Արամ Մանուկեան պատգամեց, որ որեւէ գիծի վրայ չնահանջեն եւ չպարպեն Երեւանը, այլ` կռուին, դիմադրեն թշնամիին մինչեւ իրենց վերջին կաթիլ արիւնը, մինչեւ վերջին գնդակը: Այս կացութեան մէջ, անտեղեակ հայութեան վերջին հատուածին վճռակամութենէն, թրքական զօրքերը վերանորոգեցին իրենց յարձակումները` 3 ուղղութեամբ` Ղարաքիլիսէ, Բաշ Ապարան եւ Սարդարապատ, նպատակ ունենալով բնաջնջել հայութեան ազգային գոյութիւնը եւ գետնի վրայ իրականացնել այն, ինչ որ հայ բանագնացները կը մերժէին ընդունիլ, հակառակ ներկայացուած պայմաններուն: Այս իրողութեան դիմաց էր, որ Վրաստան եւ աւելի ուշ Ազրպէյճան յայտարարեցին իրենց անկախութիւնը: Իրաւապէս նաեւ առանձին մնացած հայութիւնը, ի դէմս Հայոց ազգային խորհուրդին, 30 մայիսին ինք եւս յայտարարեց Հայաստանի անկախութիւնը, այդ թուականը ճշդելով 28 մայիսը, եւ իբրեւ անկախ պետականութիւն, Պաթումի մէջ բանակցութիւնները շարունակեց թրքական կողմին հետ:
Շարունակելով իր խօսքը` Գէորգեան ըսաւ, որ երբ հայկական ուժերուն յաղթանակի լուրը հասաւ Պաթում, Օսմանեան կայսրութեան ներկայացուցիչներուն այլ ընտրանք չէր մնացած, քան ընդուիլ իրողութիւնը եւ ճանչնալ նորաստեղծ հայկական պետութիւնը, եւ
4 յունիսին հայ զինուորական եւ քաղաքական անձնաւորութիւններուն հեռատես մօտեցումով ստորագրուեցաւ Պաթումի դաշնագիրը, որով Օսմանեան կայսրութիւնը եղաւ առաջին պետութիւնը, որ ճանչցաւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը` իբրեւ իրողական գոյացութիւն, մօտ 11 հազար քառ. քմ տարածութեամբ, հակառակ օսմանեան կեդրոնական կառավարութեան ժխտումներուն:
Գէորգեան յայտնեց, որ սովահար գաղթականներով լեցուած նորաստեղծ պետութեան առաջին վերելքը տեղի ունեցաւ դժնդակ պայմաններու մէջ: Սակայն հայկական ազգային պատրաստակամութեան գործադրութեամբ, նորաստեղծ պետութիւնը ոչ միայն երկրին սահմանները ընդարձակեց 67 հազար քառ. քիլոմեթրի` Գիւմրիի, Կարսի, Արտահանի, Նախիջեւանի, Զանգեզուրի եւ Լոռիի ազատագրումով եւ հայացումով, այլ նաեւ հաստատեց պետական հիմնական կառոյցները եւ խորհրդանիշները` կառավարութիւն, խորհրդարան, արդարադատական համակարգ, օրէնսդրութիւն, վարչական եւ ինքնակառավարման կառոյցներ, առողջապահական համակարգ, ազգային բանակ, դրամանիշ, պետական համալսարան, ազգային ընկերվարական ընկերային եւ տնտեսական համակարգ, դիւանագիտական յարաբերութիւններ, անձնագիր, դրօշակ, զինանշան, օրհներգ, հաղորդակցութեան միջոցներ, գիւղատնտեսական համագործակցականներ, հասնելով` «Միացեալ ազատ եւ անկախ Հայաստան»-ի յայտարարութեան, նշելով երկու տարիներու կարգ մը իրագործումները միայն:
Եւ այս բոլորը` Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան ծրագրումով, որոշումով, կամքով եւ գործադրութեամբ, ի խնդիր հայ ազգային պետականութեան:
Գէորգեան իր խօսքը ուղղելով հայ ազգային պետականութիւնը ականահարել փորձող երեւելի եւ աներեւոյթ, ներքին եւ արտաքին ուժերուն, ըսաւ, որ եթէ հայութեան ազատ կամքով 28 մայիս 1918-ին, չվերահաստատուէր հայկական ազգային պետականութիւնը, այսօր գոյութիւն չէր ունենար Հայաստանի Հանրապետութիւնը` աւելցնելով, որ համաշխարհային համակարգը կ՛ընթանայ հոն, ուր կ՛արժեւորուի ազգային պետականութեան ամրապնդման համակարգը:
«Ձեր ապազգային քաղաքականութիւնը միայն կը նպատակադրէ քանդել այն, ինչ որ կառուցուած է 107 տարիներու ընթացքին, չունի՛ք աւելի քան 3 հազարամեակներու ընթացքին արմատացած հայկական արժանապատուութիւնը: Կը քանդէք հայութեան ազգային նկարագիրը` նսեմացնելով եւ ոտնակոխելով հայկական ժառանգութիւնը: Կ՛ականահարէք պետական, ընկերային եւ տնտեսական համակարգերը, խորհրդարանը կը վերածէք կրկէսի, ազգային բանակին մէջ զինուորական ծառայութիւնը կը դարձնէք սակարան, կը ջլատէք հայութեան մարտունակութիւնը` վախի եւ սարսափի մթնոլորտ մը հրամցնելով հասարակութեան, կը պղծէք Արարատի սրբութիւնը, նախաձեռնողի փոխարէն` կը մղէք մնայուն զիջումի քաղաքականութիւն, առիթ կ՛ընծայէք, որ Թուրքիոյ հովանաւորութեամբ, Ազրպէյճան քայլ առ քայլ կրծէ հայապատկան հողատարածքները` Արցախէն Վայոց Ձոր եւ Սիւնիք, Սոթքէն Երասխ», ըսաւ բանախօսը:
«Այսօր, Մայիսեան յաղթանակներու կոթողին շուրջ հաւաքուած պահանջատէր եւ իրաւատէր երիտասարդութեան ուղղուած Արամի պատգամն է, որ կը հնչէ: Բոլորս կ՛երթանք հետեւողական եւ կազմակերպուած պայքարի դաշտ, ի խնդիր` հայութեան վերջին գնդակով հաստատուած ազգային պետականութեան վերահաստատման եւ մեր փափաքին իրականացման», եզրափակեց Հրայր Գէորգեան:
Ձեռնարկը փակուեցաւ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի պահպանիչով եւ «Սարդարապատ» յաղթերգով: