ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • ՀՅԴ Այլ շրջաններ
  • Երիտասարդական
  • Լուրեր

ՀՅԴ ԶՈՄ-ի 120-Ամեակին Հանդիսութեան Լուսարձակի Տակ Առնուեցաւ Երիտասարդութեան Եւ Ուսանողութեան Դերակատարութեան Կարեւորութիւնը

30 Մայիս 2025

ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութիւնը կիրակի, 25 մայիս 2025-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ հանդիսաւոր կերպով նշեց իր հիմնադրութեան 120-ամեակը:

Ձեռնարկը ընթացք առաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներով:

ՀՅԴ ԶՈՄ-ի խօսքը արտասանեց Սամիկ Կարապետեան, որ անդրադարձաւ ԶՈՄ-ի ծննդոցին, որ տեղի ունեցաւ «Աշխարհիկ սուրբ»-ին շնորհիւ, իսկ անոր առաջին սերունդի ներկայացուցիչները եղան Ցեղասպանութենէն ճողոպրածները, իսկ յաջորդող սերունդները տուին նահատակներ թէ՛ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին, թէ՛ Հայ դատի պաշտպանութեան խրամներուն մէջ եւ թէ՛ Արցախի ազատագրական պայքարի լուսաշող ճանապարհին վրայ:

«Անցնող 120 տարիներուն, ԶՈՄ-ը դարձաւ այն ոգեղէն պատուանդանը, ուր դաշնակցական իրերայաջորդ սերունդներ կերտուեցան անոր սկզբունքներով` բարձր դասելով հայ ժողովուրդի անժամանցելի իրաւունքները, ամբողջական Հայաստանն ու Հայ դատի արդար լուծումը: ԶՈՄ-ը հայ ուսանողութեան առջեւ ուղին յղկեց, հարթելով գաղափարական խիզախումներու ոգին, միշտ վերանորոգելով իր շարքերն ու գործունէութիւնը», ըսաւ Ս. Կարապետեան:

Ան շեշտեց, որ հակառակ մեր իրականութեան մէջ դժուար ու դառն տարբեր փուլերուն, Սիմոն Զաւարեանի շունչով ներշնչուած ուսանողներուն ոգիները երբեք յուսահատութիւն չճանչցան, այլ

ազգային թէ հանրային կաղացումներու եւ թերացումներու դիմաց քննադատական արի կեցուածք ճշդող, դաշնակցականի նախանձախնդութեամբ պահանջատէր ուսանողը պայքարի ու նուիրումի առաջին շարքերուն վրայ գտնուեցաւ, ազգային տենչերուն ու իրագործումներուն կառչեցաւ եւ հայ ժողովուրդի «յարատեւ կռիւ»-ը մշտարծարծ պահող գաղափարապաշտը հանդիսացաւ:

Սամիկ Կարապետեան ԶՈՄ-ին անդամակցիլը պարտաւորութեան կողքին համազօր նկատեց բախտաւորութեան. «Որովհետեւ ուսանողականը գերադաս մարմիններու տեւական գուրգուրանքին ենթակայ ըլլալով, յաճախ հանդուրժողութիւն կը ցուցաբերուի զաւարեանականներու յանդուգն ելոյթներուն հանդէպ, ներողամտութեամբ կ՛ընկալուին անոնց յախուռն կեցուածքները, հասկացողութեամբ կը դիտուին անոնց չակերտեալ սխալները»:

Իր խօսքի աւարտին ան անդրադարձաւ մերօրեայ ազգային թէ միջազգային անհուն դժուարութիւններուն` նշելով, որ ազգի մը արդիւնաւէտ առաջնորդութիւնը պէտք է հաստատուած ըլլայ գործնական ընթացքի վրայ, եւ ոչ թէ ուռուցիկ խօսքերու, իրապաշտ անկեղծութեան վրայ, եւ ոչ թէ սխալ խոստումներու: «Այլապէս ներկան յեղափոխութիւն պիտի չըլլայ ալ, իսկ մենք պիտի դադրինք հանդիսանալ յեղափոխութիւնը յեղափոխութեան մէջ»:

Ապա ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը` ՀՅԴ ԶՈՄ-ի հիմնադրութիւնը, պատմութիւնը եւ նախկին եւ ներկայի ԶՈՄ-ի յանձնախումբերու աշխատանքը ներկայացնող:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Վաչէ Նաճարեան ուղղեց Կեդրոնական կոմիտէին խօսքը` նշելով, որ Սիմոն Զաւարեանը` Դաշնակցութեան խիղճը, որ յատկանշուեցաւ իբրեւ գաղափարապաշտութեան, բարոյական ամրակուռ սկզբունքներու եւ անսակարկ նուիրումի եզակի ու գլխագիր Մարդը, Պէյրութի մէջ 120 տարի առաջ հիմը դրաւ ուսանողական միութեան մը, որ ոչ միայն եղաւ ուսանողական կառոյց, այլ` գաղափարական հնոց` լեցուն խիղճով, տեսլականով ու պայքարի շունչով եւ լոյսով, որմէ ալ ծնաւ ԶՈՄ-ը:

Ան ըսաւ, որ այդ միութիւնը պարզապէս ուսանողական ակումբ մը չէր, այլ` Զաւարեան այդ կառոյցին մէջ դրած էր իր ամբողջ հոգեւոր եւ գաղափարական տեսլականը:

«Այսօր 120 տարի ետք ԶՈՄ-ը անգամ մը եւս կը կանգնի ժամանակի քննութեան առջեւ` իբրեւ գաղափարով ապրած, պայքարով սնած միութիւն մը, որ ինքզինք կը վերանորոգէ իր հիմնադիրին շունչով», ըսաւ Վ. Նաճարեան` հաստատելով, որ պատմութեան մէջ հազուագիւտ են այն կազմակերպութիւններն ու կուսակցութիւնները, որոնք ունին երկար տարիներու ժառանգ եւ աշխատանք, ինչպէս որ է Դաշնակցութեան պարագան, նաեւ 120 տարուան պատմութիւն ունեցող ուսանողական միութիւններ, որոնք, հակառակ ժամանակի բոլոր դժուարութիւններուն, տակաւին կը գոյատեւեն եւ կ՛աշխատին ներշնչուելով իրենց հիմնադիրին գաղափարներով:

Զաւարեան ուսանողական միութեան համար անմար ջահ մըն է նախ այս 120 տարիներու ժառանգը, հիմնադիրին կտակը, որ կ՛ըսէ. «Խօսքը առանց գործի մեռեալ է», եւ հիմնադիրի տիպարը` իբրեւ լուռ գործիչ զինուոր: Զինուոր մը, որ խօսքը չէր շռայլեր, այլ` գործով կը քարոզէր եւ որուն խօսքը իր զոհաբերութեան շարունակութիւնն էր, որուն բարոյական կեցուածքը Դաշնակցութեան խիղճը դարձաւ:

Նաճարեան նկատել տուաւ, որ ԶՈՄ-ը ականատես եղաւ համաշխարհային զոյգ պատերազմներուն, Ցեղասպանութեան արհաւիրքին, Լիբանանի քաղաքացիական տագնապին, Հայաստանի վերանկախացման խմորումներուն, Արցախի զարթօնքին ու անկումին եւ այդ բոլորը, իր ուսերուն վրայ, ուսանողական խիզախ ոգիով կրեց եւ ապրեցաւ: Ան եղաւ ուսանողական կուռ կառոյց, սակայն միայն ուսանողական չմնաց, այլ եղաւ նաեւ քաղաքական դպրոց եւ գաղափարական դարբնոց:

«ԶՈՄ-ը եղած է եւ պէտք է շարունակէ մնալ անցեալի դաշնակցական ժառանգին պատուանդանը եւ միաժամանակ ապագայի ճանապարհը լուսաւորող ջահը, որովհետեւ ան իր պատմութեան ժառանգորդը չէ միայն, այլ իր հիմնադիրին մարմնաւորած դաշնակցական խիղճին, որ եթէ մնայ պատմութեան մէջ, պիտի դառնայ արձան, եւ երբ ապրի իր ներկայով եւ ապագայով, պիտի դառնայ յարատեւ պայքար», շեշտեց Նաճարեան` հաստատելով, որ ԶՈՄ-ական ըլլալ կը նշանակէ ըլլալ գաղափարի խօսքը վառ պահող դաշնակցական ուսանող, որ կը վերածուի գործի մարտիկի, որ երբ ճակատագիրը կը խամրի, ան կը վերածուի փարոսի եւ առաջնորդողի:

Շարունակելով իր խօսքը` Նաճարեան դիտել տուաւ, որ ԶՈՄ-ը նման յոբելենական հանդիսութիւններով առիթը չէ օգտագործած յիշատակելու իր յաղթանակները եւ իրագործումները, այլ` եղած է իրեն համար ուխտը վերանորոգելու, իր առաքելութեան եւ կամքը շարունակել կարենալու Զաւարեանի հոգեւոր ժառանգութիւնը` աւելցնելով, որ մեր ազգի ներկայ ոչ փայլուն պատմութեան այս փուլին, ԶՈՄ-ը պէտք է ըլլայ բեւեռ մը, որ կը ներգրաւէ հաւատացեալ ուսանողութիւնը, որ պիտի շարունակէ լուռ պայքարը, վերածելու հայ ուսանողութիւնը գաղափարական շարժումի յառաջամարտիկի: ԶՈՄ-ի պատգամը պէտք է ըլլայ հրամայական, շարունակելու ըլլալ գաղափարական հնոց, ո՛չ միայն մտածողութեան, այլեւ` գործի, ո՛չ միայն քննադատութեան, այլեւ` ստեղծագործութեան, ո՛չ միայն մասնակցութեան, այլեւ` առաջնորդութեան:

Վաչէ Նաճարեան հաստատեց, որ ԶՈՄ-ը այսօր մեր երիտասարդութեան մղիչ ուժն է` ոչ միայն Դաշնակցութեան, այլեւ` ամբողջ հայութեան համար: ԶՈՄ-ական երիտասարդութիւնը իր գիտակցութեամբ եւ ուսումով կրնայ յառաջացնել գաղափարական թարմութիւն, որ անհրաժեշտ է որեւէ կուսակցութեան մը գոյատեւման համար:

«Զաւարեան ուսանողական միութեան 120-ամեակը թող չըլլայ միայն յիշատակ, այլ մեկնակէտ նոր մտածողութեան, նոր նախաձեռնութիւններու, նոր ուսանողութեան մը, որ կը կրէ ի՛ր ժողովուրդին խիղճը ի՛ր ուսերուն վրայ, ինչպէս Զաւարեանն էր:

Եկէ՛ք ուխտենք այսօր` ապրելու ձեր անունին արժանավայել կերպով: Եկէ՛ք դարձէք Զաւարեաններ ոչ թէ անունով, այլ նկարագիրով: Եկէք շարունակէք աշխատիլ ու պայքարիլ ի պատիւ Զաւարեանի խիղճին», եզրափակեց Վաչէ Նաճարեան:

Ապա երկու զաւարեանականներ` Սարգիս Եագուպեան եւ Եւա Ղազարեան տուեալներ ներկայացուցին ԶՈՄ-ի նահատակներուն մասին` Գաբրիէլ Անսուրեանի, Յակոբ Յովհաննէսեանի, Մեսրոպ Վարդանեանի, Հրանդ Տէր Յովհաննէսեանի, Վիգէն Պետրոսեանի եւ Մհեր Ջուլհաճեանի, նաեւ յիշեցին Յովհաննէս Թերզեանը, Ոսկան Թօփալեանը, Վահան Վարդանեանը, Սերժ Թովմասեանը, Սարգիս Ֆուճուրեանը, Վարդգէս Տէր Կարապետեանն ու Ներսէս Խիւտավերտեանը:

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի խօսք առնելով հաստատեց, որ 120 տարիներու փոթորկոտ կենսափորձ մը իր ուսերուն, 1904-ին Լիբանանի մէջ հիմնուած դաշնակցական առաջին ուսանողական միութիւնը այսօր կը նայի դէպի աշխատանքի, պայքարի եւ նուաճումներու նոր ապագայի: Ան ըսաւ, որ Սիմոն Զաւարեանի հիմնած այս ուսանողական միութիւնը ամբողջ 120 տարի եւ աւելի իր գործունէութեամբ եւ յարաճուն ճառագայթումով ոչ միայն դերակատար եղաւ Լիբանանի դաշնակցական կառոյցին եւ Լիբանանի հայութեան կեանքին մէջ, այլ նաեւ յաջողեցաւ դառնալ համադաշնակցական կեանքի եւ համահայկական մտածողութեան զարգացման կարեւոր դերակատարներէն մէկը ու, հակառակ ամէն տեսակ մարտահրաւէրներուն, մնաց ամուր, յարատեւ պայքարի ուղիին հետեւող, անզիջող, խիզախ, մարտունակ եւ գործունեայ, իր շարքերէն նահատակներ տուաւ համահայկական պայքարի զոհասեղանին, դարձաւ մեր ժողովուրդին կողմէ փնտռուած ու յարգուած շարժիչ ուժ, իսկ Դաշնակցութեան մէջ վերածուեցաւ գաղափարական հնոցի:

«ԶՈՄ-ը առաջին հերթին գաղափարական միաւոր է, ուր հայ ուսանողը եկած է իր ազատ կամքով գործելու ազատութեան, անկախութեան, ընկերային արդարութեան, հաւասարութեան, ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի, խտրականութեան մերժումի, փոքրամասնութիւններու պաշտպանութեան, ազատագրութեան պայքարի, հայկականութեան եւ հայրենիքի պահպանման գաղափարներուն շուրջ համախմբուելու եւ զանոնք պաշտպանելով մեր հաւաքական կեանքին մէջ իրականութիւն դարձնելու եւ այդ գաղափարները տարածելու ի խնդիր», շեշտեց Բագրատունի:

Նշելով, որ ոչ մէկ համախմբում, քաղաքական կազմակերպութիւն կրնայ գոյատեւել, երբ կը զիջի գաղափարը` ան ըսաւ, որ ԶՈՄ-ը Դաշնակցութեան գաղափարի, միտքի եւ գաղափարական հարստութեան պահպանման հիմնական ներդրողն է, անոր պաշտպանը եղած է ու այդպէս պիտի մնայ:

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը նաեւ շեշտեց, որ երբ յեղափոխութիւնը զէնքի լեզուն է, մեր ուսանողութիւնը դեռ Համաշխարհային Ա. պատերազմէն առաջ այդ լեզուն գիտցած է գործածել, եւ անոնցմէ շատեր ինկած են զէնքի հասկացողութեամբ յեղափոխական գործին մէջ: «Եւ երբ յեղափոխական նեղ ըմբռնումով զէնքը անհրաժեշտ եղած է Լիբանանի մէջ մեր ժողովուրդի ինքնապաշտպանութեան կազմակերպութեան, մեր ընկերները նաեւ եղած են հոս ու ինկած ժողովուրդին ինքնութիւնը պահպանելու պատնէշին վրայ: ԶՈՄ-ականը նոյն հաւատքով եղած է Արցախ, ազատագրութեան կռիւի ընթացքին թէ Արցախը թուրքին յանձնելու դաւադրութեան դէմ ծառանալու համար: Ու ԶՈՄ-ականի արիւնը շաղախուած է Արցախի հողին, եւ նահատակները կը հանգչին Եռաբլուրի մէջ», յայտնեց ան:

Լուսարձակի տակ առնելով այն, որ Դաշնակցութեան զէնքը գաղափարական զէնքն է իր ամէնէն լայն ըմբռնողութեամբ` Բագրատունի հաստատեց, որ ԶՈՄ-ը Դաշնակցութեան յեղափոխական մտածողութեան լաւագոյն զինապահեստը եղած է ու պիտի մնայ անկասկած: Մեր կեանքը, մտածողութիւնը, ստրկամտութիւնն ու այլոց ծառայելու սովորամոլութիւնը հիմնովին յեղափոխելու ընդհանրական ճիգին առաջին խրամին զինուորը ըլլալու կոչուած է ԶՈՄ-ը, որուն իւրաքանչիւր ամեակ իրեն հետ պարտի բերել նոր հորիզոններ, նոր թիրախներ եւ նոր նուաճումներ:

«120-ամեակի աւարտը նշող Զաւարեան ուսանողական միութիւնը եւ դուք` ընկերներ, հսկայ պատասխանատուութեան դէմ յանդիման կանգնած էք այսօր` ոչ միայն գոյատեւելու, այլ նաեւ զարգանալով յառաջ երթալու, պատնէշները քանդելու եւ մանաւանդ` սովորական դաշնակցական չըլլալու», ըսաւ ան` կոչ ուղղելով խիզախ, անվհատ, անզիջող ըլլալու, մարտունակ, անկախ ու խիզախ մտածողութեամբ դատելու, վանելու հիասթափութիւնը, մերժելու կատարուած իրողութեանց հետ հաշտուիլը:

«Երիտասարդութիւնը կը շարժէ լեռները: Ձեզմէ իւրաքանչիւրը պարտի վերածուիլ ժայռի, որ կը վանէ հարուածները ու կը շպրտէ խճաքարերը: 120 տարի փոթորիկներուն դիմացող Դաշնակցութեան ԶՈՄ-ը ձեզմով եւ գալիք սերունդներով պարտի ճառագայթել, նոր բարձունքներ նուաճել, դիմանալ, դիմադրել, ի հարկին նորը կառուցելու համար, աւելի լաւը ամրացնելու համար քանդել հինը, որպէսզի անպայման հասնինք մեր նպատակին, վերադառնանք տուն, հայրենի տուն, Արարատով ու Արցախով Հայաստան: Ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստան, ամբողջական Հայաստան, ամբողջական հայութեամբ», ըսաւ Յակոբ Բագրատունի` կոչ ուղղելով. «Հերթը ձերն է, դո՛ւք էք ապագան: Մի՛ դանդաղիք ձեր պատասխանատուութեանց ստանձնման մէջ: Պարտաւոր էք գալու եւ ղեկը ստանձնելու: Մի՛ տատամսիք»:

Հանդիսութիւնը յեղափոխական երգերով հարստացուց Սուրէն Աճէմեան:

Ձեռնարկը փակուեցաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան քայլերգով:

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Երբ ասում են` Արցախը երբեք հայկական չի

ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելյանը հանդես է եկել տեսաուղերձով․

19 Սեպտեմբեր 2026
Քանի դեռ կա թուրք-ադրբեջանական մոտեցու

Այսօր՝ Արցախի հայաթափման 3-ամյա տարելիցին, տեղի է ունեցել «Հիշատակի օր» խորագի

19 Սեպտեմբեր 2026
Արցախցիների հավաքական և անվտանգ վերադա

Արցախի Հանրապետության Ազգային ժողովի նախագահի պարտականությունները կատարող Գագի

19 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Այնճարը` Սփիւռքի Փոփոխուող

Մուսա լերան հերոսամարտի հերթական նշումը կը զուգակցուի Սուրբ Խաչի տօնին հետ: Հե

18 Սեպտեմբեր 2026
«Հայաստան» խմբակցության անդամները Շվեդ

ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության ղեկավար Աննա Գրիգորյանը, խմբակցության քարտուղար Արթ

18 Սեպտեմբեր 2026
«Արմատախիլ անել» դաշնակցականությունը.

ՀՀ ԱԺ ամբիոնից իշխանական մեծամասնության պատգամավոր Արման Եղոյանի՝ սեպտեմբերի 1

18 Սեպտեմբեր 2026
Փաշինյանն ի զորու չէ իրավական պատասխան

«5-րդ ալիք» հեռուստաընկերության «Օրագիր» հաղորդման հյուրն է ՀՅԴ Հայ Դատի գրասե

17 Սեպտեմբեր 2026
Արամ Համբարեանի Մեկնաբանութիւնը՝ Հայ Հ

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Ա․Մ․Ն․ նախագահ Տանըլտ Թրամփ, Սպիտակ տան մէջ Սեպտեմբեր 16-ին հանդի

17 Սեպտեմբեր 2026
Բաց նամակ՝ Ալիևի հրավերով օկուպացված Ա

ԲՐՅՈՒՍԵԼ, 17 սեպտեմբերի, 2026 թ․ — ՀՅԴ Եվրոպայի Հայ դատի գրասենյակը (EAFJD) բա

17 Սեպտեմբեր 2026
Ցույց ԱԺ-ի դիմաց. արցախցիները պահանջու

Արցախցիներն այսօր` սեպտեմբերի 17-ին բողոքի ցույց անցկացրեցին Ազգային ժողովի շե

17 Սեպտեմբեր 2026
Հայ Դատի Կոչը՝ Գերիներու Ազատ Արձակման

Աւելի քան տասնեակ մը քոնկրեսականներ Սեպտեմբեր 15ին պահանջեցին, որ Ատրպէյճան ազ

17 Սեպտեմբեր 2026
Ակնարկ. Հիմնական Դերակատարութիւն

Ակնկալելի էր, որ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նիստերուն Դաշնակցութե

17 Սեպտեմբեր 2026
Գազի թանկացումը բերելու է կատաստրոֆիկ

Խորհրդարանական քառօրյան բավականին թեժ է ընթանում։ ՔՊ-ական Արման Եղոյանն ԱԺ ամբ

16 Սեպտեմբեր 2026
Եթե Դաշնակցությունն արժեք ու ուժ չունե

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցության թիրախավորման պատճառները հասկանալու համար անհրաժե

16 Սեպտեմբեր 2026
Խայտառակ բռնաճնշումներ՝ ՏԻՄ ընտրւթյուն

Այսօր՝ սեպտեմբերի 16-ին Ազգային ժողովում տեղի ունեցավ ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայ

16 Սեպտեմբեր 2026
Պաքուի Պատրաստած Դատարկ Յուշամատեանը Ե

Անընդունելի է լռել, կուլ տալ պատահածը եւ լուսանցքի մէջ դնելով՝ էջը դարձնել, նո

16 Սեպտեմբեր 2026
Սփիւռքի Ազգային Զօրաշարժի Խորհրդաժողով

Սփիւռքի զօրաշարժի խորհրդաժողովին (Փարիզ, Ապրիլ 11-12) ընթացքին տեղի ունեցած չո

16 Սեպտեմբեր 2026
Սպասելով համազգային կամքի յաղթական արձ

1.Վերջին 8-ը տարւայ հայաստանեան թուրքահպատակ իշխանազաւթներն ու իրենց ապազգային

16 Սեպտեմբեր 2026
Փաշինյանը չի խրախուսում սփյուռքահայերի

Հայաստանի ներքին գործերի նախարարությունն առաջարկում է հնգապատկել Հայաստանի քաղ

15 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյ

Ազրպէյճանի մէջ հաւատարմագրուած դեսպաններու այցելութիւնը Արցախ առաջին քարոզչակ

15 Սեպտեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company