Խմբագրական. Զուիցերիական Նախաձեռնութիւններ
31 Մայիս 2025
Արցախեան հակամարտութեան ուղղութեամբ Զուիցերիոյ մէջ առնուած նախաձեռնութիւնները կը յուշեն հակամարտութեան էջը չփակելու մասին: Պեռնի մէջ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի եւ Զուիցերիոյ աւետարանական եկեղեցւոյ համատեղ նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած համագումարը խորքին մէջ պատասխան էր Պաքուի կողմէ կիրարկուող արցախեան հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան տէր կանգնելու եւ այս առումով պետութիւնը նենգափոխելու փորձերուն: Համաեւրոպական հնչեղութիւն ստացած այս համագումարը եւ այդ առիթով եկեղեցական, իրաւական թէ քաղաքական դէմքերու կատարած յայտարարութիւնները Ազրպէյճանին ուղղուած պատասխանը կ՛ընդգծեն:
ՀՅԴ Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակը կը հաղորդէր, որ 26 մայիս 2025-ին դարձեալ Պեռնի մէջ իր աշխատանքները կը մեկնարկէ «Զուիցերիոյ խաղաղութեան նախաձեռնութեան» աջակցող 19 պատգամաւորներէ կազմուած միջկուսակցական յանձնախումբը` օժանդակելու արցախահայութեան վերադարձի իրաւունքի իրականացման համար միջազգային անհրաժեշտ գործիքակազմեր կենսագործելու մասին` Զուիցերիոյ խորհրդարանի վերին պալատի 18 մարտի որոշման, ինչ որ երկրի գործադիր իշխանութեան համար ունի իրաւակիրառ պարտադիր նշանակութիւն:
Կը հետեւէր խորհրդարանական յանձնախումբի ստեղծումը` Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը կարգաւորելու խաղաղ նախաձեռնութիւնը խթանելու համար: Այս մէկը հարթակ է Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի ներկայացուցիչներու միջեւ երկխօսութեան համար: Նպատակը այս նախաձեռնութեան կազմակերպել է քննարկման ֆորում, որուն ընթացքին երկու կողմերը կրնան քննարկել հակամարտութեան հետեւանքները եւ անոր լուծման հաւանական ուղիները: Խորհրդարանական յանձնախումբը, կոչ կ՛ընէր Զուիցերիոյ աշխուժ դեր ունենալու խաղաղութեան գործընթացին մէջ եւ նպաստելու հայերու վերադարձին Լեռնային Ղարաբաղ: Յանձնախումբը աջակցութիւն ստացած է ինչպէս Ազգային խորհուրդէն, այնպէս էլ պետութիւններու խորհուրդէն (խորհրդարանի մեծ եւ փոքր պալատներ): Երկու պալատներն ալ արդէն իսկ ընդունած են այս մասին բանաձեւ, հակառակ Դաշնակցային խորհուրդի առարկութիւններուն:
Երկու առանցքային օրակարգ նշուած այս նախաձեռնութիւններուն մէջ կարմիր թելով կ՛անցնին որոշումներուն եւ բանաձեւերուն մէջ: Առաջինը Արցախի ժողովուրդի հաւաքական վերադարձի իրաւունքն է, իսկ երկրորդը` հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանումը:
Անմիջապէս պէտք է նկատել նաեւ այն, որ նախաձեռնութիւնը կ՛առաջադրէ երկկողմ բանակցութիւններ: Հայկական կողմին համար կայ ձեւակերպում` Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցիչներ: Ահա այստեղ կը կայանայ Արցախի հանրապետութեան պետական հաստատութիւններու գոյութեան շարունակութեան ռազմավարական կարեւորութիւնը: Յատկապէս Ազգային ժողովի եւ նախագահական հիմնարկներու իրաւական առկայութիւնը, որպէսզի անոնք կարենան նման միջազգային ատեաններու մօտ ներկայանալ Արցախի ժողովուրդին անունով եւ պաշտպանել նախ եւ առաջ հաւաքական վերադարձի իրաւունքը:
Զուիցերիան յայտնի է միջնորդական եւ հաշտեցման հարթակի դերի իր հանգամանքով: Պատահական չէ ընտրուած միջավայրը եւ թիրախային աշխատանքը այս ուղղութեամբ: Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութիւնը համակարգող յանձնախումբը ունի պետական հաստատութեան ներկայացուցչութիւնը դիւանագիտական այս աշխատանքները վարելու, հարթակը ձեւաւորելու, միջխորհրդարանական յանձնախումբի ստեղծումը առաջադրելու եւ օրակարգերը ձեւակերպելու:
Եկեղեցական միջազգային կառոյցներու նեգրաւումը այստեղ եւս ռազմավարական նշանակութիւն ունի: Ազրպէյճանը Վատիկանի մէջ համաքրիստոնէական միջավայրեր թիրախաւորել կը փորձէ եւ կը վերաշարադրէ պատմութիւնը հայապատկան քաղաքակրթական կոթողները ոչ հայկական ներկայացնելու:
Քրիստոնէական քաղաքակրթութեան մը սպառնացող ոչնչացման վտանգի ահազանգը Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին մօտ ահազանգելը եւ նման հեղինակաւոր կառոյց այս աշխատանքներուն մէջ ներագրաւելը մարտավարական կարեւորագոյն քայլ է, որ կու տայ իր արդիւնքները: Եւ այստեղ պատահական չէ ինչպէս Էջմիածինի, այնպէս նաեւ Անթիլիասի հեղինակութիւնն ու գործնական ազդեցութիւնը նման համագումարներ կազմակերպելու:
«Արցախի էջը փակուած չէ». հիմա կը յայտարարէ պաշտօնական Պեռնը, որ գործնական քայլ կ՛առնէ խորհրդարանական յանձնախումբ նշանակելով: Այս մեկնարկն է տակաւին յառաջիկայ քայլերուն: Քայլեր, որոնք ուղղուած են նախ եւ առաջ Արցախի ժողովուրդին հաւաքական վերադարձի եւ հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանման:
Ազդակ