Քաղաքացիական լիրբ եւ անբարոյ պայմանագիր…. կը սրբապղծեն եկեղեցին հայկական
05 Հունիս 2025
Հանելուկ չէ մեր վերնագիրը։ Յստակ է, որ մեղադրուողը, ամբաստանուողն ու բուռն կերպով քննադատուողը երկրին ղեկը ստանձնած «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութիւնն է, իր պետով եւ գործակիցներով։ Շատ աւելի ծանր եւ խարանող բառապաշար կարելի է գործածել, սակայն երբ խնդրոյ առարկայ անձնաւորութիւնները «նորաձեւ կրթութիւն»-ով կը փորձեն խաբել հայորդին, այսքանն ալ բաւարար է: Աւելին… մսխում պիտի ըլլայ:
44-օրեայ պատերազմի ծանր ու կազմակերպուած պարտութենէն, Արցախի ամբողջական յանձնումէն, երկրի պաշտպանութեան կառոյցի խորտակումէն եւ դեռ՝ պատառ-պատառ հողաշերտեր թշնամիին յանձնելէ ետք (ցանկը չէ փակուած), ՔՊ-ական «ցեղախումբ»-ը դարձեալ թիրախ դարձուցած է ՍՐԲՈՒԹԻՒՆԸ՝ եկեղեցին հայկական, որուն մասին որքա՜ն գուրգուրանքով, խունկ ու մոմով բանաստեղծութիւն երկնած է Վահան Թէքէեան: Այժմու պատահարներուն լոյսին տակ, վստահաբար անհանգիստ ու վրդոված է անոր հանգչած մարմինը, Սփիւռքի երբեմնի կեդրոններէն՝ Գահիրէի (Հելիոփոլիս) հայկական գերեզմանատան մէջ։
Եկեղեցւոյ դէմ ՔՊ-ական նորագոյն յարձակողականը (աւելորդ կը նկատենք թուել նախկինները) աղաղակող արձագանգն է շարք մը պատահարներու եւ նախաձեռնութիւններու: Յիշատակենք մէկ մասը:
Մայիս 28-ի տօնակատարութեան առթիւ, Սարդարապատի յուշահամալիրին մէջ, Մայր Աթոռի արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժանմունքի պատասխանատու Նաթան Արք․ Յովհաննիսեան վերահաստատեց, որ եկեղեցին իր կարծիքը չէ փոխած, ինչ կը վերաբերի Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջին եւ բնականաբար՝ Սահմանադրութեան փոփոխութեան անոր բարբաջանքներուն մասին։
Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ․ Կաթողիկոսը, որ անցեալ տարի, Սարդարապատի յուշահամալիրի մուտքին դէմ յանդիման գտնուեցաւ «ազգընտիր»-ին հլու կամակատար՝ ոստիկանական խիտ շարքերու անցարգելին, այս տարի յուշահամալիր չէր այցելած, պարզ այն պատճառով, որ երկրէն դուրս կը գտնուէր. Զուիցերիա մեկնած էր ու կը մասնակցէր Պերնի մէջ, Եկեղեցիներու Համաշխարհային խորհուրդի նախաձեռնած՝ Արցախի մշակութային ժառանգութեան պահպանման նուիրուած համագումարին։
Սարդարապատի մէջ կատարուած յայտարարութիւններն ու Պերնի համագումարը անհանգստացուցած էին, ժողովրդական յենարաններէն աւելի՝ հաւասարակշռութիւնն իսկ կորսնցուցած վարչապետը, որ իր լիրբ, գռեհիկ եւ ոեւէ իշխանաւորի, մարդո՛ւ անվայել յայտարարութիւններով ու մեղադրանքներով, հայհոյախառն կիսատ-պռատ խծբծանքներով անարգեց ու քարկոծեց «եկեղեցին հայկական», սկսելով Կաթողիկոսէն ու հասնելով բարձրաստիճան հոգեւորականներու։
Թէքէեան զմայլանք առթող պատկերներով կը նկարագրէ, թէ այդ սրբատեղին իր հոգւոյն ծննդավայրն է։ Իսկ վարչապետի աթոռը գրաւած «մարդ»-ը եւ կողակիցը, իրենց կողքին ունենալով կոյր ու բթամիտներու խուժան մը, հաւանաբար չեն կարդացած այդ հռչակաւոր բանաստեղծութեան սա քանի մը տողերը, իսկ թէ ո՞ւր է անոնց հոգիին ծննդավայրը՝ ինկած է մեծ հարցականներու տակ.-
Եկեղեցին Հայկական ես աչքս գոց կը տեսնեմ,
Ու կը շնչեմ, կը լսեմ՝ իր Յիսուսով մանկադէմ,
Իր խորանէն մխացող, քուլայ-քուլայ խունկերով,
Եւ իր պատերը ցնցող աղօթքներով ալեխռով…
Պերնի վեհաժողովին, ահազանգ կը հնչեցուէր, որ Արցախի մէջ եկեղեցիներ, վանքեր, յուշարձաններ կը սրբապղծուէին կամ ամբողջութեամբ կը քանդուէին, մինչ Երեւանի մէջ, Փաշինեան ամոլն ու հետեւորդներու խուժանը ափեղցփեղ վերագրումներով կ՛աղաւաղէր Եկեղեցին, որ մէկ մասնիկն է մեր պատմութեան ու ազգին, նոյնինքն ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ: Պաքուի մամուլը մե՜ծ ախորժակով կը ձայնակցէր փաշինեանական ջոլիրի վերագրումներուն…
Արդարացի են բոլոր այն նշումները, թէ «իշխանական ամոլը» յստակ դիտաւորութեամբ եւ պահը յարմար նկատելով կը ձեռնարկէր այս անբարոյ եւ սին զրպարտութիւններուն, երբ գրեթէ միեւնոյն ժամանակ, Կովկասի մահմետականներու վարչութեան պետ եւ Ատրպէյճանի կրօնապետ՝ շէյխ Ալլահշիւքիւր Փաշազատէ Էջմիածինը կը կոչէր Իւչմիաձին եւ զայն կը հռչակէր «ատրպէյճանական պատմական հող»։
Ահաւասիկ, եւ քանի՛երորդ անգամ ըլլալով, կ’արդարանան այն խարանումները, թէ ՔՊ-ական իշխանաւորները պարզապէս Ատրպէյճանի գործակատարներն են, կը ծառայեն թշնամիին շահերուն, պատրաստ են զոհելու եւ ոչնչացնելու ամէն բան՝ որ հայկական է, մաս կը կազմէ մեր անվիճելի եւ անսակարկելի իրաւունքներուն, պատմութեան, մշակոյթին:
Յիշատակելի է Թէքէեանի բանաստեղծութեան աւարտը․-
Եկեղեցին Հայկական մէն մի քարին տակ գետնի
Դէպի երկինք բարձրացող գաղտնի ճամբայ մը ունի:
Եկեղեցին Հայկական հայ հոգիին եւ մարմնոյն
Զրահանդերձ է փայլուն, մինչ իր խաչերն են դաշոյն
Եւ զանգակներն են բոմբիւն եւ երգն է միշտ յաղթութիւն…
Ճիշդ այդպէ՛ս․․․ Քարին Տակէն բարձրանալով՝ հայ քաջարի մարտիկները 33 տարի առաջ յաջողեցան բարձրանալ վեր՝ դէպի երկինք եւ գրաւել Շուշին, իսկ այդ զանգակներու բոմբիւնն ու ղօղանջը՝ 1918-ին կերտեցին Սարդարապատի յաղթանակը։
Այսպիսի լիրբ եւ կորստաբեր Քաղաքացիական Պայմանագիր պէտք է անյապաղ վերնայ Կովկասեան Բարձրաւանդակէն: Մեր ազգը, Հայաստանէն մինչեւ սփիւռքեան ափեր, իրաւունք չունի լուռ հանդիսատես մնալու: Ամբողջ ա՛զգը կոչուած է միանալու ԸՆԴԴԻՄԱԴԻՐ ճակատի դրօշին տակ:
«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական