Հայաստանի մէջ Եւրոպական միութեան դեսպանը խօսեցաւ յունահայ հասարակութեան
06 Հունիս 2025
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբի եւ «Արմենիքա» պարբերաթերթի համակազմակերպութեամբ, Հայաստանի մէջ Եւրոպական միութեան դեսպան Վասիլիս Մարակոս համապարփակ եւ ընդգրկուն ներկայացում մը կատարեց
յունահայ հասարակութեան եւ անդրադարձաւ Հայաստան-Ե.Մ. յարաբերութիւններուն ու գործակցութեան բազմաոլորտ իրականութեան։
Չորեքշաբթի, 4 Յունիս 2025-ի երեկոյեան, Գոքինիոյ «Զաւարեան» կեդրոնին մէջ, յունահայ կառոյցներու եւ ժողովուրդի գնահատելի ներկայութեան, դեսպանը մանրամասն խօսեցաւ այն բոլոր բնագաւառներուն մասին, որոնք կը յատկանշեն երկկողմանի յարաբերութիւնները։
Թեմակալ Առաջնորդ սրբազան հօր կողքին, ներկայ էին հայ աւետարանական եկեղեցւոյ վերապատուելին, Գոքինիոյ հոգեւոր հովիւը, Ազգային վարչութեան, Հ.Յ.Դ. Կեդր. կոմիտէի, Հ.Կ.Խաչի եւ Համազգայինի ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ Հ.Յ.Դ. Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահը։ Ներկայ էր նաեւ Յունաստանի խորհրդարանի երեսփոխան Միխալիս Լիվանոս։
Բացումը կատարեց ընկ. Արման Գրիգորեան, որ բարի գալուստի խօսքէն ետք տուաւ հիւրին հակիրճ կենսագրականը, ծանրանալով անոր հայաստանեան առաքելութեան վրայ։
Օրուան խօսողի ներկայացումը ընդգրկեց Հայաստան-Ե.Մ. բազմատեսակ գործակցութեան կարեւոր բաժինները, իւրաքանչիւրին համար տալով տեղեկութիւններ եւ յառաջդիմութեան ընթացքը։
Դեսպանը նախ նշեց, թէ Հայաստանի քաղաքացիներու ընկալումը Եւրոպական միութեան հանդէպ դրական կը համարուի։ Ան յատուկ նշում ըրաւ ճամբորդական վիզայի ազատականացման ուղղութեամբ կատարուած երկխօսութեան մասին, որուն համաձայն, ապագային հնարաւոր պիտի ըլլայ Հայաստանի բնակիչներուն համար կարճաժամկէտ ճամբորդել Եւրոպական միութեան երկիրները եւ ստեղծել շփման աւելի լայն հնարաւորութիւններ։
Յատուկ նշում ըրաւ 2017-ին ստորագրուած երկկողմանի համաձայնագիրին մասին, որուն հիման վրայ այսօր կ՚ընթանայ ու կը զարգանայ գործակցութիւնը։ Սոյն համաձայնագիրը կարեւոր նպաստ կը բերէ կառոյցներու վերանորոգման, ընկերային եւ տնտեսական բարեկարգումներուն, հարկային դրութեան բարելաւման, ինչպէս նաեւ դատական համակարգի վերափոխման առնչութեամբ, միջազգային եւ եւրոպական արդարադատութեան սկզբունքներուն համաձայն։
Դեսպանը յատուկ կարեւորութեամբ խօսեցաւ Սիւնիքի մէջ Եւրոպական միութեան ստանձնած ծաւալուն նեդրումներուն մասին։ Ան ըսաւ, թէ մինչեւ այսօր տուեալ շրջանէն ներս յատկացուած է մօտ 700 միլիոն եւրօ՝ բազմատեսակ ենթակառոյցներու ստեղծման համար, որոնց մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւեն առողջապահական կեդրոնները եւ մանկապարտէզները։ Նաեւ ան ընդգծեց, թէ ամբողջ Հայաստանի տարածքին ընդհանուր նեդրումներու գումարը կը գերազանցէ 2,5 միլիառ եւրոյի յատկացումը։
Բնականաբար, անվտանգութեան խնդիրները դարձան նաեւ խօսողի կիզակէտը։ Ան յայտնեց, թէ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի սահմաններուն կը գործեն եւրոպացի դիտորդներու խումբերը, որոնք կատարած են աւելի քան 5000 ստուգումներ, իրենց կարեւոր ներդրումը բերելով սահմանային ապահով իրավիճակի կայացման։ Ըստ դեսպանին, հայրենի ժողովուրդին մէջ ստեղծուած է ապահովութեան զգացում մը, որ կը սատարէ անոր խաղաղ կեանքի երաշխաւորման։
Յատուկ նշում եղաւ յատկապէս 44-օրեայ պատերազմէն ետք անհետ կորսուածներու որոնման աշխատանքին մասին, յայտնելով, թէ ինք եւս շփման մէջ եղած է անոնց ընտանիքներուն հետ, ներկայացնելով Ե.Մ. ջանքերը այս ուղղութեամբ։ Նաեւ, անդրադարձ կատարեց տարածաշրջանային ապահովութեան ուղղութեամբ կատարուած աշխատանքներուն, որոնց մէջ նաեւ եւրոպական առանձին երկիրներ համաձայնագրեր գոյացուցած են Հայաստանի հետ եւ կը սատարեն երկրի ապահովութեան վերականգնումին։
Իր խօսքի վերջին բաժինին մէջ անդրադարձաւ Արցախի հայաթափման ողբերգութեան, տալով Եւրոպական միութեան օգնութեան ծաւալը արցախցի ընտանիքներուն։ Ան յայտնեց, թէ մօտ 150 միլիոն եւրոյի յատկացումով, առաւել բնակարաններու ապահովումով, կը փորձեն մեղմացնել ողբերգութեան ծաւալը եւ ժողովուրդին մէջ ստեղծել նոր սկիզբի հնարաւորութիւններ։
Ամփոփելով, ան յայտնեց, թէ Հայաստան-Ե.Մ. գործակցութիւնը արդէն մտած է նոր հունի մէջ, ծրագիրներու եւ նեդրումներու ծաւալումով։
Յաջորդեց հարց ու պատասխանի բաժինը։ Յարգելի խօսողին արտայայտութիւնները առիթ ստեղծեցին բազմաթիւ հարցումներու ներկայացման, որոնց համար դեսպանը, իր պատասխանատուութեան ծիրէն ներս, անհրաժեշտ պատասխաններ տուաւ։ Ելոյթի աւարտին, կազմակերպիչները յուշանուէրով մը պատուեցին յարգելի հիւրը։
Յաջող ելոյթը առիթ եղաւ, որպէսզի հանգամանօրէն ներկայացուին Հայաստան- Ե.Մ. կարեւոր գործակցութեան երեսները։ Եւրոպական խորհուրդի բարձրաստիճան պաշտօնատարին ներկայութիւնը հայ գաղութէն ներս եւ անոր մանրամասն զեկոյցը սատարեց երկկողմանի գործակցութեան կապակցութեամբ ժողովուրդը իրազեկ դարձնելու անհրաժեշտութեան։