Ելցինէն Թրամփ եւ ուրիշներ
06 Հունիս 2025
Օր չ’անցնիր, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ իր երկրին ու աշխարհը չզարմացնէ, ցնցումներու չենթարկէ այլանդակ եւ տրամաբանութիւն չճանչցող քայլերով, ինքզինք հակասող դատարկաբանութիւններով, կամայական հրամանագրերով, որոնց հետեւանքով, պահ մը սակարանները վեր-վար կը ցատկեն, յետոյ, բարեկամներու եւ գործակիցներու հետ յարաբերութիւնները հարուած կը ստանան: Սպիտակ Տուն վերադարձէն հազիւ վեց ամիս ետք, բանը հասած է հոն, որ իր ամէնէն սերտ գործակիցներն անգամ կը հեռանան-կը հեռացուին պաշտօնէ, մէկը միւսին ետեւէ գայթակղութիւններ կը պայթին եւ հազար ու մէկ մեկնաբանութիւն – նաեւ կատակաբաններու կողմէ – իրարու հետ մրցումի ելած են: Մարդիկ գիտեն, իրենց մորթին վրայ կը զգան, թէ անոր խոստումներն ու գործերը շատ ալ կապ չունին իրարու հետ, պետական պարքը «սքանչելի թռիչքներ» կը խոստանայ, մինչեւ իսկ կուսակիցները կը մերժեն իր կարգ մը հրամանագրերը, այսուհանդերձ, մարդը «իր էշը յառաջ կը տանի», հաւաստելով, որ Ամերիկան կը հզօրացնէ, ժողովուրդին բարօրութիւն կը բերէ (Աստուած հոգի՛դ լուսաւորէ՜, ընկե՛ր Փանջունի), հակառակորդ ու բարեկամ իր կամքին կ’ենթարկէ:
Պահ մը մէկդի ձգենք Թրամփի ըրածին ու չըրածին մասին ողջունող ու քննադատական մեկնաբանութիւնները, հետեւանքներու մասին նախատեսութիւնները, եւ փորձենք եղածը դիտել տարբեր անկիւնէ՝ աշխարհի հզօր երկիրներու գլխուն փաթթուող նման պատուհասներու համայնապատկերին մէջ: Եւ որովհետեւ օրինակներով խօսիլը աւելի փաստացի կ’ըլլայ, վերցնենք գոնէ մէկ օրինակ, վերադառնանք 25-30 տարի ետք եւ մեր յիշողութեան օդանաւը հասցնենք… Մոսկուայի օդակայանը:
Խորհրդային Միութիւնը նոր փուլ եկած էր. Արեւմուտքը թմբկահարած ու ողջունած էր Միխայէլ Գորբաչովի «սխրանքները», որոնցմէ մէկն ալ արդիւնաւորուեցաւ Պերլինի պատին քանդումով: Մոսկուայի մէջ իշխանութեան հասաւ Պորիս Ելցին անունով սպիտակահեր մը, որ նախորդէն աւելի՛ ուժեղ ծափողջոյններ շահեցաւ (բնականաբար յաճախ գինով ըլլալուն համար չէին ծափերը), որովհետեւ հռչակուեցաւ իբրեւ ժողովրդավարութեան դրօշակիր եւ տնտեսութեան փրկարար, աջակցութեան… փշրանքներ շահեցաւ Արեւմուտքէն: Ելցինի պաշտօնավարութեան երկու շրջաններուն մասին մանրամասնութիւններու յիշատակումը՝ պատմական «դարաշրջան»ի մը վերաքաղը պիտի ըլլայ, սակայն կ’արժէ քանի մը գիծ առանձնացնել եւ կատարել որոշ դիտարկումներ, գծել… զուգահեռներ:
Ելցինը, շատ մը բաներու կողքին, կը յիշուի իբրեւ տնտեսական արմատական բարեփոխումներ նախաձեռնող, խորհրդարանին հետ ճակատամարտ մղող (բառացի. կը յիշէ՞ք, խորհրդարանի շէնքը ռմբակոծել տուաւ) եւ մանաւանդ նախագահական հրամանագրերով կառավարող: Թէ անոր այդ քայլերը ի՞նչ արդիւնք ու հետեւանք ունեցան՝ արդէն պատմութեան անցած են. ընդհանուր գնահատականը այն է, որ Ելցին յետ-խորհրդային Ռուսիոյ շատ աւելի վնաս պատճառեց ու սասանումի տարաւ, քան ինչ որ բարելաւում կ’առաջադրէր իր հրամանագրերով: Հակադարձութիւնը եղաւ Փութինի դարաշրջանին բացումը. Ան գործակից-զինակիցներուն հետ բարձրացուց Ռուսիան արտաքին ազդեցութիւններէ ազատ պահելու եւ հզօրանքը վերականգնելու դրօշը: Որքա՞ն յաջողեցաւ, բարեկամներու եւ հակառակորդներու հետ յարաբերութիւնները ինչպիսի՞ փուլերէ անցան եւ կը շարունակուին մինչեւ այսօր ալ՝ այդ ալ ուրիշ պատմութիւն է:
***
Ելցինի իշխանութենէն հեռացումէն շուրջ 20 տարի ետք, Սպիտակ Տունը ունեցաւ Թրամփ մը, որ Ելցին պէս պաշտօնավարութեան երկրորդ շրջան մը շահեցաւ (շահիլ տուին չորս տարուան ընդմիջումով): Ոեւէ մէկը ցարդ չէ խօսած այն մասին, թէ Թրամփ յայտնապէս Միացեալ Նահանգներու համար կը խաղայ այն դերը, որ ունեցաւ Ելցին՝ Ռուսիոյ համար: Ան ալ տնտեսութիւն զարգացնելու նպատակով կ’առնէ այլատեսակ քայլեր՝ ներածումներու տուրքերու բարձրացում, պաշտպանութեան պիւտճէի մտրակահարում ու ՆԱԹՕ-ին հետ գործակցութեան իբրեւ թէ կրճատում, ներքին կեանքին մէջ այլանդակ վերատեսութիւններ (իբրեւ թէ վարչամեքենայի մաքրազտում, մենաշնորհներու անուղղակի ընդարձակում, մինչեւ իսկ առողջապահութեան եւ ընկերային համակարգերու սասանում…): Մէկ խօսքով, եթէ մէկը նստի եւ քիչ մը ուշադիր կերպով քննարկէ Թրամփի (ըսել կ’ուզենք՝ զինք իշխանութեան բերող-պահողներուն) քայլերը, դժուար պիտի չըլլայ տեսնել, որ Ելցինի ըրածներուն բաղդատրելու բազմաթիւ գիծեր կարելի է գտնել: Բնականաբար ամէն բան բաղդատելի, համեմատելի չէ: Հետեւաբար, հարց կը ծագի. արդեօք հիմա կարգը եկած է Միացեալ Նահանգներո՞ւ, որպէսզի ներքին եւ արտաքին գետիններու վրայ սասանումներու ենթարկուի եւ նման ընթացքէ շահ ապահովեն… գերհզօր դասուած երկիրներու մէջ այս կամ այն «հերոսը» եւ խմբակը իշխանութեան բերողները: Ակներեւ է նաեւ, որ Թրամփի հրամանագիրները առատ կարագ ու մեղր կը քսեն դրամատէրերու դասակարգի մը, որուն ռուսական եւ այլ աշխարհներու մէջ կու տան «օլիկարք» որակումը…
Հարցը նաեւ հոն է, որ Թրամփի աղաղակող վնասարարութիւնները ամէն օր քննադատութեան եւ արդար վերլուծումներու կ’ենթարկուին, մինչեւ իսկ համախոհներ կը միանան քննադատողներուն եւ սրբագրում պահանջողներուն (երեւակայե՜լ, որ Թրամփ եւ Իլան Մասք երկու օրուան մէջ դարձան կծու հակառակորդներ, Մասք դարձաւ Թրամփի տնտեսական քաղաքականութիւնը պատէ-պատ զարնող մը), սակայն կառապանն ու կառքը կը շարունակեն արշաւել դէպի… ելցինացում, ահազանգերը կը մնան ապարդիւն: Որոշ տնտեսագէտներու դատողութեամբ, երկրի տնտեսութիւնը բռնած է վայրէջքի ճամբան, պետական պարտքը կ’աճի՜ ու կ’աճի… միջին քաղաքացիին ու ապագային հաշւոյն, զինուորական հզօրանքն է որ կը մնայ «կայունութեան» յենարանը:
***
Թրամփի խաղքութիւնները կը մտահոգեն ո՛չ միայն ամերիկացիներն ու անմիջական դրացիները, գործակիցները, այլ նաեւ ամբողջ աշխարհը, որովհետեւ երկիրներու տնտեսութիւնները այնքա՛ն սերտաճած են միաձուլման ճամբով, որ այլեւս կարելի չէ նախկին տրամաբանութեամբ խօսիլ «ազգային տնտեսութեան» մասին. մասնաւո՛րաբար ամերիկեան տնտեսութեան մէջ արձանագրուող որեւէ երկրաշարժ՝ ցունամիի ալիքներ կը տարածէ աշխարհով մէկ:
Ելցինով Ռուսիոյ վիճակուած սասանումներուն ալիքը եթէ կը թուի վարակած ըլլալ Միացեալ Նահանգները (նաեւ, ինչպէս նշեցինք՝ ամբողջ աշխարհը), մեր հայրենիքն ալ անմասն չէ նման պատուհասէ: Առանց մանրամասնութիւններու մէջ մտնելու, պարզ աչքով կը տեսնուի (մեր խօսքը աչք ունեցողին եւ տեսնելու կարողութիւնը չկորսնցնողն մասին է), որ ՔՊ-ական իշխանութիւնը «բարգաւաճում եւ ապագայ կ’ապահովենք» նշանախօսքերով կը սասանէ Հայաստանը: Մերթ հերթաբար, յաճախ միաժամանակ՝ երկրաշարժի կ’ենթարկուին բանակն ու ապահովութիւնը, ժողովրդավարութիւնն ու տնտեսութիւնը, երկրի ամբողջականութիւնն ու պատմութիւնը, չի մոռցուիր մշակոյթն ու Եկեղեցին: Հայաստանի մէջ ալ, օրէ օր աւելի՛ ուժեղ կը հնչեն արդար քննադատութիւնները, մասնագիտական եւ ճիշդ ախտաճանաչումները, ահազանգե՛րը, սակայն «էշը քշողը» կը շարունակէ իր կործանարար ուղին, կրաւորականներու զանգուածը կը նախընտրէ դիտողի պատնէշին ետին մնալ, առանց անդրադառնալու, որ կան ցունամիներ, որոնք կրնան քանդել ամէն տեսակի պատուար եւ ծովամոյն ընել երկիրն ու բնակիչները:
…Ռուսիա ինքզինք որոշ չափով փրկեց ելցինեան դարաշրջանի հետեւանքներէն, Միացեալ Նահանգներ եւ այլ երկիրներ ալ կրնան նոյնը ընել, որովհետեւ անոնց հողային ամբողջականութիւնն ու գոյատեւումը չէին գտնուէր – չեն գտնուիր – Հայաստանի կացութեան մէջ: Կար ժամանակ, որ մարդիկ թերահաւատութեամբ կը լսէին «Արցախը կը կորսնցնենք» նախազգուշացումները, որոնք դժբախտաբար իրականութիւն դարձան: Հայաստանէն պատառներ ձեռքէ ելած են, ուրիշներու կորուստը վերահաս կը թուի ու ահազանգերը կը յաջորդեն իրարու, թշնամիներուն խօսքն ու գործերը ամէն օր նոր վկայութիւն մը կը բերեն…
Մեր հայրենիքը չունի Ելցիներ ու Թրամփներ հանդուրժելու պերճանքը:
Սարգիս Մահսէրէճեան