Տրամաբանութիւն մի՛ փնտռէք
07 Հունիս 2025
Թրամփի վարչամեքենան պատժամիջոցներ ճշդած է Միջազգային Ոճրային Դատարանի (ICC) անդամներէն չորսին դէմ, որովհետեւ յանդգնած են քննութիւն բանալ կազացիներուն դէմ Իսրայէլի ոճրային արարքներուն դէմ: Այլ խօսքով, երբ աշխարհի չորս ծագերէն բողոքի եւ քննադատութեան ձայներ կը բարձրանան, թէ իսրայէլեան բանակն ու անոր քաղաքական եւ զինուորական ղեկավարները ամէն օր նոր ոճիրներ կը գործեն կազացիներուն դէմ, ցեղասպանութիւն կը գործեն, զանոնք մինչեւ իսկ կը զրկեն սննդական օժանդակութիւններէ, անդին, Թրամփ եւ ընկերութիւն սաստ կ’ուղղեն միջազգային ճանչցուած ատեանի մը, որպէսզի ան ալ իրեն պէս ուրիշ կողմ նայի եւ աչք փակէ այդ ոճիրներուն վրայ:
Տրամաբանութիւնը հետեւեալն է. եթէ մէկը ոճիր կը գործէ, զայն հետապնդողն ու դատապարտողը սխալ կ’ընէ, պէտք է փոխէ իր ակնոցը, եթէ պէտք է՝ փոփոխութեան ենթարկէ… օրէնքը եւ զայն պատշաճեցնէ ոճրագործին «քաղաքականութեան»:
***
Ազրպէյճան կը պահանջէ Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը, որպէսզի մտածէ խաղաղութեան համաձայնագիր ստորագրելու մասին (ունի բազում այլ պահանջներ ալ): Հայաստանի վարչապետ կոչեցեալը կ’ըսէ, որ հարցը պիտի տանի Սահմանադրական դատարան, ու եթէ դատարանը տեսնէ, որ խաղաղութեան համաձայնագիրը չի համապատասխաներ Սահմանադրութեան, պատրաստ է փոփոխութեան ենթարկելու… Սահմանադրութիւն: (Աշխարհի մէջ ամէն տեղ կ’ըլլայ հակառակը): Նման դիտաւորութեան ետին, չըլլա՛յ որ ազերիական պահանջ տեսնէք:
…Որո՞ւ հոգը, թէ ազերիները ամէն օր կը կրակեն Հայաստանի սահմանային գիւղերուն վրայ, որո՞ւ հոգը, թէ հայեր ազերիական խամաճիկ դատարաններու մէջ կը դատուին: Որո՞ւ հոգը, թէ ազերիական թշնամանքներն ու հայկական հողերու իւրացումը նոր հորիզոններու դիմաց են (չշարունակենք): Երեւանի ՔՊ-ականները պատրաստ են նաեւ միջազգային ատեաններէ ետք քաշել Ազրպէյճանի դէմ բողոքագիրները, ամբաստանագիրները, եթէ ժամանակ գտնեն… Եկեղեցին վարկաբեկելու իրենց արշաւին մէջ:
Թերթերուն մէջ ծանուցում մը պիտի հրատարակուի. «Կը փնտռուի. տրամաբանութիւն»:
Սարգիս Մահսէրէճեան