ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • ՀՅԴ Այլ շրջաններ
  • Ելույթներ

Հայաստանի յաղթարշավը կը սկսի հոն

06 Հունիս 2025

Ներսես Պարսումեանի խօսքը` Մայիս 28-ի Տօնակատարութեան Արտասանուած Խօսքը. (Հալեպ, 1 Յունիս 2025)

Հայոց պատմութեան մէջ կան պահեր, որոնք թէեւ կարճատեւ, բայց անկիւնադարձային եւ ճակատագրական նշանակութիւն ունեցած են:
Մեր անկախութեան առաջին տարեդարձէն ի վեր, ամէն տարի, կը տօնենք Մայիս 28, կը գրենք ու կը խօսինք, կ’երգենք ու կը փառաբանենք: Եւ դեռ տասնամեակներ եւ այսօր արդէն իսկ իր հարիւր ու եօթներորդ ամեակը թեւակոխած Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակումին առիթով, ամէն տարի միշտ նոր բան մը կ’ունենանք ըսելիք, միշտ կը գտնենք նոր անկիւն մը, անկէ դիտելու, տեսնելու ու դարձեալ լուսարձակի տակ առնելու մեր պատմութեան այդ հրեղէն թուականը:

Այսպէս են ընդհանրապէս, բոլոր ժողովուրդներու անկախութեան տօները, այսպէս է մասնաւորապէս մերը, որ սովորական օր մը ըլլալէ անդին կը ներկայանայ, որպէս ազատատենչ ժողովուրդի մը ազատ ապրելու ձգտումի անխախտ վճռականութիւնը:

Ապրելու եւ լուսաշող արեւուն տակ իր սեփական հայրենիքը ստեղծելու անյաղթելի հաւատքը թերեւս պատմութեան ընթացքին ո՛չ մէկ ազգի մօտ ցցուն կերպով երեւան եկած է, որքան հայութեան:

Ո՛չ մէկ ժողովուրդ իր ազատութեան համար այնքան արիւն է թափած որքան հայը:

Ո՛չ մէկ ազգ այնքան անընկճելի կամքով փարած է ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ԳԱՂԱՓԱՐին, որքան հայ ժողովուրդը:

1917-ի Դեկտեմբերը որոշիչ դեր պիտի խաղար: Ռուսաստանի Պոլշեւիկեան յեղափոխութեան արդիւնքով, Լենինի անփառունակ կոչով, աւելի քան հարիւր տարի մեր հողերուն վրայ տիրակալութիւն հաստատած ռուսական զօրքը կը լքէր Հայաստանի սահմանները ու խուժանավարի կը փութար դէպի Ռուսաստան՝ ցեղասպան թրքական զօրքին դէմ անպաշտպան ձգելով հայութեան եւ Հայաստանի վերջին բեկորները։

Ուժերը կարգաւորողի, կազմակերպողի մը եւ կեդրոնական փորձառու դէմքի մը կարիքը կար այն ժամանակ, որ իր յանձնառութեամբ, գաղափարապաշտութեամբ եւ ի հարկին նկարագրի կարծրութեամբ ու վճռակամութեամբ հայոց նորագոյն պատմութեան արեւածագին վրայ ինքնուրոյն դրոշմը պիտի դնէր: ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆ ԱՐԱՄԸ՝ անզուգական եւ անկրկնելի ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ ԱՐԱՄԸ, բառին ամբողջական իմաստով Արարատեան Դաշտի ողջ հայութեան մարտունակութեան խտացեալ մարմնաւորումը դարձաւ։

Այսպէս ահա, հսկայական տարածութեան վրայ, թիզ առ թիզ պայքարելով ե՛ւ բնութեան ե՛ւ դարաւոր թշնամիին դէմ, յոգնած, ուժասպառ, բոլորովին մինակ, բայց յամառօրէն ու հաւատաւոր, հայ ռազմիկը մնաց պատնէշի վրայ:

Ահա այսպէս սկիզբ առաւ Հայ ժողովուրդի պատմութեան ամէնէն օրհասական եւ ճակատագրական, սրբազան պայքարը՝ Հայաստանի անկախութեան, երբ 1918-ի 21 Մայիսէն մինչեւ բախտորոշ 28 Մայիսը Սարդարապատ, Բաշ Ապարան, Ղարաքիլիսէ գիծը, վերջին խարիսխն ու առանցքը դարձաւ մեր գոյամարտին:

Օրհասական կռիւ՝ 35.000 հոգինոց կանոնաւոր թրքական բանակին դէմ, որ ախորժակը սրած ամբողջ ռազմաճակատի երկայնքով կը յառաջանար մէկ անգամ ընդմիշտ վերջ տալու ժողովուրդի մը ապահով երկնքի տակ ապրելու վերջին ճիգերուն:

Հայկական զինուած ուժերը միայն 12.000 հոգիէ բաղկացած, ամիսներու մարտնչումներէն արդէն ուժասպառ, զէնքերն ու փամփուշտը՝ համրանքով, պարենաւորումը պատահական, զրկուած՝ արտաքին օգնութեան որեւէ պատեհութենէ: Իսկ իր ետին կանգնած ժողովուրդ մը բոլորովին անկար եւ անճար, դատապարտուած հետզհետէ հիւծելու անօթութեան եւ համաճարակի ահ ու սարսափին տակ: Եւ դեռ 1915-ի կոտորածներու դէպքերը կրկնուելու վախը կը տիրէր ամէնուրեք:

Օրհասակա՛ն կռիւ էր, տեղ-տեղ, ճակատ ճակտի, խրամատէ խրամատ բաց դաշտի վրայ, ամբողջ մէկ շաբաթ, մասնակցութեամբ հայ ազգի արի զաւակներուն:

Եւ իրականացաւ հրաշքը..

3 ճակատներու վրայ թրքական զօրքը կասեցուած էր շնորհիւ հայկական զօրաբաժանումներուն վճռակամ ծառացումին ընդդէմ թրքական զօրքերուն, որոնք Ա. Համաշխարհային պատերազմին եւրոպական եւ արաբական ճակատներու վրայ կրած խայտառակ պարտութիւններէն ետք, իրենց ամբողջական ուժը կեդրոնացուցած էին այս ուղղութեամբ, սակայն հանդիպեցան մեր ասպետական ժողովուրդին դիմադրութեան, որուն աւարտին թշնամին ստիպուեցաւ հաշտութեան պայմանագիր մը ստորագրել եւ ճանչնալ Հայաստանի նորանկախ պետութիւնը:

1918-ի Մայիս 28-ի Հայաստանի անկախութիւնը, այո՛, կը ներկայանայ իբրեւ բնական եւ անխուսափելի եզրակացութիւն, շահագործումի, հալածանքի եւ ցեղասպանութեան դէմ վճռական պայքար մղող հայութեան համար: Կարելի չէ հրաժարիլ ինքնիշխան եւ ինքնավար պետականութեան գաղափարէն, որովհետեւ անոր մէջ արդարօրէն կ’արտացոլայ հայ ժողովուրդին ազատ ապրելու իրաւունքը, այլ ազգերու նման ապրելու եւ ստեղծագործելու ի՛ր սեփական հողին վրայ, ի՛ր տան մէջ, ի՛ր նախընտրած ձեւով ու մանաւանդ՝ ա՛յն ենթակառոյցով, որ կ’ապահովէ ազգի մը մշակութային, տնտեսական եւ ընկերային առողջ զարգացումը, յառաջդիմութիւնը եւ բարգաւաճումը:

Աւելի՛ն, ազատ գործող եւ անկախ որոշող Հայաստանն է որ կրնայ ազգս ձերբազատել ռազմաքաղաքական եւ տնտեսական այն հաշիւներէն, որոնք շարունակաբար մեր հայրենիքը վերածած են, ռազմադաշտի, աւարի եւ աւերի երկրի: Ազատ, անկախ եւ անշուշտ հզօր Հայաստանն է, որ կրնայ տէրը դառնալ թէ՛ հայկական անկախ ինքնուրոյն քաղաքականութեան եւ թէ՛ հայ ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն լուսաւոր ապագային:
Ահա այս տեսիլքը ու հեռանկարը ունէին հայրենակե՛րտ սերունդի, անկախութեա՛ն սերունդի մեր նախակարապետները:

Հպարտութիւնը եւ պատիւը ունեցանք ազատատենչ ժողովուրդներու կարգին մենք մեզ դասելու, եւ այս իմաստով հարկ էր ձեւաւորել Հայաստանի նորանկախ Հանրապետութեան կառավարական համակարգը եւ դիւանագիտական մեքենան: Մեր առաջին հանրապետութեան ժամանակաշրջանը թերեւս եղաւ կարճատեւ, բայց եւ այնպէս ունեցաւ՝ 4 իրերայաջորդ դահլիճ, հանրապետական ժողովրդավար վարչակարգով, զոր յաջորդաբար պիտի վարէին Յովհաննէս Քաջազնունին, Ալ. Խատիսեանը, Համո Օհանջանեանը եւ Սիմոն Վրացեանը: Առաւել եւս ունենալով 4 տասնեակէ աւելի դիւանագիտական ներկայացուցիչներ տարբեր մակարդակներով, որոնք հաւատարմագրուած էին աշխարհով մէկ տասնեակէ աւելի երկիրներու մէջ՝ Արմէն Գարոն ԱՄՆ, Իշխան Յով. Արղութեան Պարսկաստան եւ ուրիշներ: Հետաքրքրական է անոնցմէ Ճափոնի եւ ամբողջ հեռաւոր արեւելքի մէջ Հայաստանը որպէս գլխաւոր հիւպատոս ներկայացնող ՏԻԱՆԱ ԱԲԳԱՐը, որը կը նկատուի առհասարակ համաշխարհային պատմութեան պետական մակարդակի առաջին կին դիւանագիտական ներկայացուցիչը:

Այս ընթացքին մարմնաւորուեցան անկախ պետութեան մը առարկայական եւ կենսական բոլոր նախապայմանները իր եռագոյն դրօշով, «Մեր Հայրենիք» հիմներգով եւ ի հարկէ ամբողջ հայոց պատմութիւնը ամփոփող, առիւծով եւ արծիւով պաշտպանուող խորիմաստ մեր զինանշանով:

Ունեցանք մեր սահմանները հսկող մարտունակ բանակ: Կարեւորելով նաեւ հայոց լեզուով տրամադրուող բարձրագոյն ուսման հրամայականը, Կիւմրիի եւ Երեւանի մէջ հիմնուեցան պետական համալսարաններ եւ այլ գիտակրթական կառոյցներ արձանագրելով տարաբնոյթ նուաճումներ:

Կարեւորելով կ’ուզեմ անդրադարձ մը կատարել այդ շրջանին հիմը դրուած Հայաստան եւ Սփիւռք յարաբերութիւններուն, որուն մասին ընդհանրապէս քիչ ուսումնասիրութիւն կատարուած է: Յիշեցնեմ, որ երբ կը խօսինք անկախութեան շրջանին մասին, պէտք է յիշենք որ ամբողջ երկրի տարածութեամբ Հայաստանը կը տառապէր համաճարակներով, անգործութեամբ, աղքատութեամբ եւ անշուշտ գաղթականներով:

Անհրաժեշտ հրամայականը կար այդ գաղթականներուն համար բարենպաստ պայմաններ ստեղծելու Հայաստանէն ներս կամ դուրս, որպէսզի ժողովուրդի ապրուստի նուազագոյն կենսական կարելիութիւնները ստեղծուէին: Եւ ահա, իր համեստ եւ սահմանափակ կարողութիւններով հանդերձ, կառավարութիւնը ձեռնամուխ եղաւ կազմելու խորհուրդներ, որոնց պարտականութիւնը պիտի ըլլար կապ հաստատել աշխարհացրիւ հայութեան հետ, ի մի բերելու, կազմակերպելու, կարելիութեան սահմաններէն ներս օժանդակելու որբահաւաքի եւ հայահաւաքի աշխատանքներուն, հասնելու ամէն տեղ որ հնարաւոր է, իսկ անդին «ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՈՂՋ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅՐԵՆԻՔՆ Է» կարգախօսով, նպաստաւոր մթնոլորտ մը ստեղծելու ներգաղթի եւ վերաշինութեան, զայն որակելով Հանրապետութեան ամէնէն անյետաձգելի խնդիրը: Այս աշխատանքին սատար հանդիսացան գրեթէ բոլորը, ամէն տեղ ուր որ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւն կամ ազգային խորհուրդ ունեցած ենք, բոլորը փութացին Հայաստանի վերելքին եւ ծաղկումին իրենց լուման տրամադրելու: Յուզիչ էին այն պատկերները երբ Հայաստանի սահմաններէն ներս ամենադժնդակ պայմաններով մէկտեղ կազմակերպութիւններ, բարեսիրական միութիւններ մանաւանդ տիկիններէ բաղկացած, այսպէս օրինակ ՝ ՈՍԿԻԻ ՖՈՆՏ պիտի յառաջացնէին եւ այդ յատկացումները տրամադրէին մեր նորանկախ պետութեան, նորաստեղծ բանակին եւ մանաւանդ Հայաստանով մէկ սփռուած որբուկներու պէտքերուն:

Դժբախտաբար երկար չտեւեց նորածին Հայաստանի անկախ ու ինքնիշխան կարգավիճակը 1920-ի Դեկտեմբեր 2-ի համաձայնագրով Հայաստանի Հանրապետութիւնը յանձնուեցաւ համայնավար իշխանութեան: Սակայն Հայաստանի մէջ կար բեկոր մը, որ Սիւնիքի մէջ կը պահէր տակաւին իր ինքնիշխանութիւնը։ Այդ Լեռնահայաստանի Հանրապետութիւնն էր Գարեգին Նժդեհի Գլխաւորութեամբ, որ կանգուն մնաց մինչեւ 13 Յուլիս 1921:

Սիրելի հայրենակիցներ…

Ամբողջ ազգի մը եւ ժողովուրդի մը վերապրումի ճիչն էր 28 Մայիս 1918-ին տեղի ունեցածը, երբ ոչինչէն ծնունդ առաւ հայ ժողովուրդին կամքին որպէս արգասիք ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ: ՄԱՅԻՍ 28-ով կ’ամբողջանայ հայ ժողովուրդի յաղթանակներու մարգարտաշար զարդաշղթան, որ պատմականօրէն խորհրդանշեց 6 դարերու ընդհատումէ ետք հայոց պետական համակարգին վերակազմութիւնը: Մէկ կողմէ վերջ տալով գերեվարեալ ու պետականազուրկ ազգի եւ հայրենիքի անկումային ընթացքին, միւս կողմէ՝ սկիզբը դնելով հայութեան՝ իբրեւ քաղաքական էակի, «հրաշափառ յարութեան» եւ նոր ժամանակներու կշռոյթով վերականգնման ու ինքնահաստատման յաղթական երթին։
Հայաստանի Առաջին Անկախութեան սերունդի յաղթանակի մղիչ ուժը գաղտնիք մը չէր, այլ՝ խոր ու բազմաշերտ ազգային գիտակցութիւն։
-1915-ի Ցեղասպանութեան յիշատակը թարմ ըլլալով ազգային գոյատեւման բնազդը ունէին իրենց մէջ:

-Հոգեւոր եւ պատմական ժառանգութեան ուժը: Հայ ժողովուրդի հազարաւոր տարիներու քաղաքակրթութիւնը, լեզուն, եկեղեցին եւ մշակոյթը՝ սնուցող ուժ դարձան։ Անկախութիւնն ընկալուեցաւ իբրեւ պատմական արդարութեան վերականգնում։

-Դաշնակցական եւ այլ ազգային կուսակցութիւններու կազմակերպիչ դերակատարութիւնը, որոնք երկար տարիներ ձեւաւորած էին պայքարելու ոգին եւ ժողովուրդի լայն շերտերու մէջ պետական մտածողութեան ջահակիրներ դարձան։ Անոնք առաջնորդեցին անկախութեան շարժումը՝ գաղափարախօսութեամբ եւ կազմակերպուածութեամբ։

Անսակարկ նուիրումի ու անձնազոհութեան ոգին Անդրանիկ Զօրավարը, Դրոն, Նժդեհը, Ռուբէնը, Գուրգէն Տէր Մովսիսեանը եւ իր խիզախ հռետանաւորները խորհրդանիշ դարձան անձնազոհութեան ոգիին։ Ասոնց կողքին, ուշագրաւ է կարգ մը դէմքերու քաջ կեցուածքները, որոնք ճակատագրական դարձան յետագայի դէպքերու զարգացման մէջ: Այսպէս օրինակ ոսկի տառերով պէտք է յիշուին օրուայ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գէորգ Ե. Սուրէնեանցին հաստատակամութիւնը խիստ վտանգուած Մայր Աթոռ Էջմիածնի սպառնացող վտանգին ընդառաջ, երբ ան որոշում առաւ չլքել սրբավայրը ու աւելին կոչ ուղղեց ամբողջ երկրի տարածքին եկեղեցիներու զանգերը անընդհատ հնչեցնելու, ուժ եւ հաւատք ներշնչելու չարիքին դէմ մարտնչող մեր մարտիկներուն:

Պատմութենէն դասեր քաղելու խոհեմութիւնը, պատմական դէպքերը իրենց ժամանակին ու պայմաններուն շրջածիրին մէջ կարենալ արժեւորելը ճիշդ ուղենիշերու կրնան վերածուիլ յառաջիկայ քաղաքական գործունէութիւնները հունաւորելու եւ ուղեցոյց մը կազմելու առումով:
Այս իմաստով, ի՞նչ դասեր պէտք է քաղեն Հայաստանի ներկայ եւ ապագայ իշխանութիւնները եւ պետական վերնախաւը, Հայաստանը որպէս պետութիւն միջազգային ընտանիքին մէջ արժանավայել դիրքը գրաւելու համար:

1.- Անվտանգութեան ապահովումը՝ իբրեւ գոյութեան հիմնասիւն։

Կենսական պէտք է նկատուին Հայաստանի սահմանները պաշտպանող հայոց բանակին մարտունակութիւնը եւ մարտնչող ոգին վառ պահելու եւ ամէն տեսակի աջակցութիւն սպառազինման իմաստով, ինչպէս նաեւ ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿԻՑՆԵՐ ունենալու անհրաժեշտութիւնը եւ անվտանգային համակարգերու ամրապնդումը:

2.- Ազգային միասնականութեան կարեւորութիւնը։

1918-20-ին մանաւանդ վերջին ամիսներու քաղաքական մասնատուածութիւնը, պետութեան ներքին հակասութիւնները եւ չհամադրուած արտաքին քաղաքականութիւնը զգալիօրէն թուլացուցին պետութիւնը։ Ներկայ իշխանութիւնները պէտք է գիտակցին, որ ներքին համերաշխութիւնը եւ համազգային համախմբումը որոշիչ են պետականութեան ամրապնդման մէջ:

3.- Արտաքին քաղաքականութեան ճկուն եւ շուտարձագանգ ռազմավարութիւն։

Առաջին Հանրապետութիւնը դժուարութեամբ կողմնորոշուեցաւ միջազգային ուժերու միջեւ։ Այսօրուայ ղեկավարութիւնը պէտք է վարէ դիւանագիտութիւն, որ խոհեմութեամբ կը զուգորդէ առաջնահերթութիւնը, սկզբունքայնութիւնը ու շահախնդրութիւնը՝ առաւելագոյն օգուտը քաղելու տարածաշրջանային ու համաշխարհային տուեալ ու արագընթաց զարգացող կացութենէն։

4.- Սփիւռքի ներուժի ճիշդ օգտագործում։

Առաջին Հանրապետութիւնը կարճ ժամանակի ընթացքին, հակառակ որ ունէր աշխարհասփիւռ դիւանագիտական ցանց մը, սակայն դժուարացաւ ամբողջովին կազմակերպել սփիւռքի ներուժը։ Ներկայ իշխանութիւնները պէտք է ունենան յստակ ռազմավարութիւն՝ սփիւռքի հետ կապերը կարգաւորելու եւ աւելի խորացնելու, անոր մարդուժն ու միջոցները հայրենիքի զարգացման ծառայեցնելու համար:

28 Մայիս 1918-ի Հայաստանը այսօր ալ ներկայութիւն է եւ՝ ապագայի հզօր Հայաստանը կերտելու ուղեցոյց:

Իսկ եթէ կ’ուզենք Հայաստանը տեսնել ազատ, պէտք է մեր հոգիները չվախնան ճշմարտութիւնը ըսելէ եւ մեր սրտերը չվարանին հայրենիքի անունով խօսելու։ Ազատութիւնը պատահականութիւն չէ. ան մեր նախնիներու վճարած գինն է եւ մեր սերունդներու վրայ դրուած վստահութիւնը։

Եթէ կ’ուզենք Հայաստանը տեսնել անկախ, պէտք է ամէն մէկ հայ իր մէջ արթնցնէ պատասխանատուութեան զգացումը իր մտածումով, ստեղծագործութեամբ եւ ի հարկին նոյնիսկ կեանքի գնով հայրենիքի պաշտպանութեամբ։ Ազատ Հայաստանի ճանապարհը կը սկսի հոն, ուր մենք կ’ընտրենք միասնութիւնը պառակտման փոխարէն, գիտութիւնը՝ անտարբերութեան, հաւատքը՝ յուսահատութեան։

Եթէ կ’ուզենք արժանավայել եւ բոլորիս ցանկացած հզօր Հայաստանը ամէն բնագաւառէ ներս տեսնել յաջողակ, մեր հայրենիքի ղեկը ստանձնող որեւէ մէկ իշխանութիւն պարտաւոր է ԵՐԿՐԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՎՃՌԱՀԱՏԷ:

Այսօր,

-Անհրաժեշտ է Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հարցը վերադարձնել ՀՀ արտաքին քաղաքականութեան օրակարգի վրայ:
-Հայաստանի ժողովուրդին համար պէտք է գերխնդիր դարձնել Արցախի օրակարգի շուրջ համախմբումը: Նոյն օրակարգով անյետաձգելի պէտք է նկատուի Պաքուի ոճրագործ վարչակարգին կողմէ դաւադրաբար բանտարկուած գերեվարուած Արցախցի մեր քաղբանտարկեալներու հարցը:
-Ազգային արժեհամակարգի դէմ սանձազերծուած ապազգային արշաւին հակազդել ԱԶԳԱՅԻՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՄԲ ջամբելու նոր սերունդը:

Այս բոլորը, աժան բանակցութիւններու եւ հաշուարկներու զոհը չեն կրնար ըլլալ: Ինչպէս նաեւ մեր նոր սերունդէն վանելու ենք պարտուողական, յուսահատական եւ յանձնուողական տրամադրութիւնները, խաղաղութիւն աղերսելով եւ միակողմանի անհասկնալի զիջումներու քաղաքականութեան կործանարար ընթացքը:

Մեր նախորդ սերունդները, ստեղծեցին Մայիս 28, ձեւակերպեցին հայութեան քաղաքական պահանջը եւ անկախութեան դրօշն ու ոգին փոխանցեցին նոր սերունդին: Այդ դրօշը մեզի յանձնուած սրբազան աւանդն ու խորհուրդն է, ազատութեան կամքն է, բռնութեան եւ անարդարութեան դէմ պայքարելու սուրն ու վահանն է, նուիրագործուած սերունդներու արիւնով:

Վաղուան միակ երաշխիքն է այսօրուան Հայաստանը: Եւ մենք, անոր փառքն է որ կ’երգենք ամէն տարի, այսօրուան պէս խուռներամ եւ տենդահար բազմութեամբ: Հայաստանը կայ ու պիտի մնայ լաւագոյն օրերու ակնկալութեամբ:

Արամ Մանուկեանի արտասանած խօսքը թող ատաղձ հանդիսանայ մեր ապագայ հզօր Հայաստանի կերտման.

«ՑՈՅՑ ՏԱՆՔ ԱՇԽԱՐՀԻՆ, ՈՐ ՀԱՅԸ ԱԶԱՏ ԱՆԿԱԽ ԱՊՐԵԼՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔԸ ՈՒՆԻ ԱՅԺՄ ԿԱՄ ԵՐԲԵՔ»:

Ուրեմն, օ՛ն, ժամանակն է կանգնելու որպէս հայեր, որպէս ժառանգորդներ Մայիսեան յաղթանակներու:

Յաւերժ փառք եւ խոնարհում բոլոր անուանի եւ անյայտ հերոսներու պայծառ յիշատակին:

Վանենք յուսահատութիւնը, Մայիսեան յաղթանակով առաջնորդուինք, ապրինք, բազմանանք, զօրանանք ու գործենք միասնաբար, յանուն մեր տեսլականին ԱԶԱՏ, ԱՆԿԱԽ ՈՒ ՄԻԱՑԵԱԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ:

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Իշխան Սաղաթելյանը՝ ՀՅԴ մարզային կառույ

«ՀՅԴ մարզային կառույցների պատասխանատուների նկատմամբ ապօրինի ձերբակալություններ

20 Հունիս 2025
Մեծ Բրիտանիայի խորհրդարանականները աջակ

Մեծ Բրիտանիայի խորհրդարանականները՝ Ջիմ Շենոնը և Լիվերպուլի Լորդ Ալթոնը, այսօր

20 Հունիս 2025
Ապօրինի ձերբակալություններ և խուզարկու

Քիչ առաջ ապօրինի ձերբակալություններ և խուզարկություններ են իրականացվել ՀՅԴ մար

20 Հունիս 2025
Իրանի արժանապատիվ ժողովուրդը չի հանդու

Հունիսի 19-ին Հրապարակ TV-ի Հինգշաբթի հաղորդաշարի հյուրն էր ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ա

20 Հունիս 2025
Բագրատունի – Սէուտական Արաբիոյ Դեսպան

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երկա

20 Հունիս 2025
Ո՞վ պիտի մարմնաւորէ Վահագնը …

Պաշտօնական Երեւանը ի վերջոյ պաշտօնապէս հաստատեց, որ վարչապետ Փաշինեան 20 Յունի

19 Հունիս 2025
Ակնարկ. Հիմնաւորեալ Եւ Օրինական

Սիւնիքի ուղղութեամբ թուրքեւազրպէյճանական նկրտումներու հերթական դրսեւորում էր Պ

19 Հունիս 2025
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Եգիպտո

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի հանդ

19 Հունիս 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Մտահոգու

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ լիբանանեան լրատուամիջոցներուն հաղորդագրութի

18 Հունիս 2025
Տեղի են ունենում խորհրդակցություններ ա

«Սա նաև ուղերձ է բոլոր գործարարներին, որ եթե թուրքական պահանջների հետ հաշտ չեք

18 Հունիս 2025
Փաշինյանը կպարտվի եկեղեցու դեմ պատեր

Եկեղեցու դեմ Նիկոլ Փաշինյանի սկսած արշավը հասարակությունը բաժանել է երկու հատվ

18 Հունիս 2025
Խաղաղութեան Անել Խաչմերուկ

«Ես պարզապէս մարդ էակ մըն եմ, որ կը փորձէ գոյատեւել աշխարհի մը մէջ, որ շատ արա

18 Հունիս 2025
Համախմբուինք Գերագոյն Ու Ընդհանրական ա

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ Երեքշա

18 Հունիս 2025
Մէկ Ազգ, Մէկ Եկեղեցի

Հայաստանի մէջ Ամենայն հայոց կաթողիկոսին ու բարձրաստիճան եկեղեցականներուն շուրջ

18 Հունիս 2025
Բագրատունի Այցելեց Արաբական Լիկայի Ներ

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի հանդ

18 Հունիս 2025
Փաշինյանի հարձակումները եկեղեցու վրա կ

2026 թվականի հունիսի խորհրդարանական ընտրություններից առաջ իր վարկանիշի կտրուկ

17 Հունիս 2025
ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության հայտարարութ

Հայ ազգի մեծ բարերար Սամվել Կարապետյանն այսօր, ի պատասխան վարչախմբի անբարո ոտն

17 Հունիս 2025
Հայաստանի բանտերում տեղերը չեն կարող բ

Սամվել Կարապետյանի դեմ գործողությունները նպատակ ունեն վախեցնել և լռեցնել Հայ Ա

17 Հունիս 2025
Փաշինյանի հեռացումը կարող է լինել բացա

Հունիսի 16-ին Euromedia24-ի եթերում էր ՀՅԴ անդամ, ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» դաշինքի պատ

17 Հունիս 2025
Օրուան հետքերուն հետ

­Միջազգային անիշխանութեան իրականութիւնը եւ անոր վտանգները տարածաշրջանին մէջ

17 Հունիս 2025
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company