Իսրայէլեան Յարձակողականը Աշխարհակարգի Խորապատկերին Մէջ
17 Հունիս 2025
Պարզ է, որ Իսրայէլեան օդուժի ներկայ յարձակողականը Իրանի միջուկային կարողականութեան դիրքերէն ներս կը բացայայտէ նախագահ Թրամփի դիրքերու զգալի տկարացումը Թրամփ-Նեթանիահու առճակատման ընդհանուր պատկերին մէջ։ Թրամփ ցարդ կրցաւ Իսրայէլը հեռու պահել Իրանէն պնդելով, որ ինք կարողականութիւնը ունի (որպէս ղեկավար ուժի) Իրանը բերելու Արեւմտեան դաշտէն ներս շնորհիւ իր ուժային դիւանագիտութեան խաղաքարտերուն։ Եւ Իրան արդարացուց Թրամփի յոյսերը այս մարզին մէջ վարելով շատ նուրբ եւ դրական դիւանագիտութիւն բանակցութիւններու սեղանին վրայ։ Եւ սակայն բանակցային գործընթացը այնուամենայնիւ մտաւ փակուղի… Ինչո՞ւ։
Պատճառը պէտք է փնտռել Նեթանիահուի քաղաքականութեան էական առաջադրութիւններուն մէջ։ Գրած եմ բազմիցս, որ Թրամփ եւ Նեթանիահու կը գործեն հակադիր մեկնակէտերէ։ Անոնք համախոհներ չեն։ Անոնք տրամագծօրէն կը տարբերին իրարմէ իրենց անցեալի, ներկայի եւ ապագայի մտատեսիլներով։
Իրերու ներկայ դրութեան մէջ, կարեւոր է, որ հարցերը դրուին մերկապարանոց։ Յստակ է, որ Նեթանիահուի քաղաքականութիւնը զսպանակուած է մէկ գերակշիռ թշնամիի ներկայացուցած մարտահրաւէրներէն։ Այդ թշնամին Իրանն է եւ որմով պայմանաւորուած է (ըստ Նեթանիահուի) Իսրայէլի լինելիութեան ողջ վարդապետութիւնը։ Այս գաղափարին ուժականութիւններով է նաեւ, որ Նեթանիահուի առաջնորդութեամբ գործող Իսրայէլի ծայրայեղականները կրցած են յաջողապէս «հարազատագրել» (legitimize), Արեւմուտքի ուժային ոլորտին մէջ, իրենց ցեղասպանական քաղաքականութիւնը։ Վերջին տարիներուն, այս համակարգը կը գործէր բացառիկ արդիւնաւորութեամբ (Իսրայէլի համար) որքան ատեն, որ Ուաշինկթընի մէջ տիրապետող էր նախագահ Պայտընի անջիղ իշխանութիւնը։ Նեթանիահուի ամերիկացի համախոհներն էին, որոնք էապէս կը ճշդէին Ամերիկա-Իրան, Պաղեստինեան եւ առհասարակ Միջին Արեւելեան քաղաքականութիւնը եւ առատաձեռնօրէն կը ֆինանսաւորէին Նեթանիահուի արկածախնդրութիւնները։
Թրամփի իշխանութեան գալը շատ բան փոխեց իրերու յիշեալ ընթացքին մէջ։ Նեթանիահու յանկարծ կորսնցուց իր տիրական դիրքերը Ուաշինկթընի մէջ։ Ան դադրեցաւ «տնեցի»ի իրաւունքներ վայելելէ։ Ան Թրամփի մէջ յանկարծ տեսաւ քաղաքական ախոյեան մը, որ ունէր իր ինքնուրոյն տեսլականը տարածաշրջանին համար։ ԻՐ ԻՆՔՆՈՒՐՈՅՆ ԿԱՅՍԵՐԱԿԱՆ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱ՛ՆԸ (imperial imperative)՝ ՈՐ ՀԱԿԱՍՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԷՐ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԿԱՅՍԵՐԱԿԱՆ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆԻՆ ՀԵՏ…
Այսպէս է, որ Իրանի հարցը – անխուսափելիօրէ՛ն — պիտի դառնար Թրամփ-Նեթանիահու առճակատման թէժ հնոցը։
Իմ նախորդող յօդուածներով լայնօրէն անդրադարձած եմ, թէ ինչպիսի՞ փուլերէ անցաւ յիշեալ առճակատման քուլիսային հոլովոյթը Թրամփի եւ Նեթանիահուի միջեւ։ Թրամփ եւ Թեհրան ամէն ինչ ըրին Ամերիկա-Իրան բանակցային գործընթացը պահելու դրական ընթացքի մէջ… ամէն քայլափոխին խոր մտահոգութիւն պատճառելով Նեթանիահուի establishment-ին, որ ամէն ինչ ըրաւ իր սարդոստայնը հիւսելու բանակցային գործընթացին շուրջ՝ Թրամփի դիրքերը հետեւողականօրէն կարծրացման տանելով եւ գործընթացը հրելով փակուղի։ Նեթանիահուի մարտավարութիւնն էր իրանեան կողմը մղել ծայրայեղ դիրքերու եւ ի վերջոյ զայն վարկաբեկել, նոյն ատեն տապալելով Թրամփի ռազմավարութիւնը ողջ տարածաշրջանին մէջ։ Պահ մը թուեցաւ, որ Նեթանիահուի լարած որոգայթները յաջող էին եւ բանակցային գործընթացը արդէն սպառած էր ինքզինք։ Բայց ան ի վերջոյ տեղի չունեցաւ։ Ամերիկա-Իրան երկխօսութիւնը կրկին վերականգնեցաւ եւ կը պատրաստուէր յուսադրիչ նոր հանգրուաններ ձեւաւորելու։
Պարզ է, որ Յունիս 12-13ի Իսրայէլեան հուժկու նախայարձակումը իր շեղբային ճշգրտութեամբ կենսական արժէք կը ներկայացնէր Նեթանիահուի համար։ Ան ուղղուած էր, առաջին հերթին, բանակցային գործընթացին դէմ։ Պէտք էր ականահարել գործընթացը ամէն գնով եւ զայն միանգամընդմիշտ շնչահեղձ ընել։ Ան մանաւանդ ուղղուած էր Թրամփի քաղաքականութեան դէմ եւ – անպայմա՛ն – Թրամփին դէմ անձնապէս։ Ան թիրախաւորեց շարք մը ղեկավար դէմքեր Իրանի պետական ընտրանիէն, որոնք բանալի դերակատարներ էին Ամերիկա-Իրան բանակցութիւններու բեմին վրայ։ Ան զրկեց Թրամփը իր բանալի խօսակիցներէն։ Ան մանաւանդ վարկաբեկեց Թրամփը – եւ անշուշտ Ամերիկան – տարածաշրջանի ուժերուն աչքին։ Այսօր նախագահ Թրամփ եւ Ամերիկա հարցականի տակ են Արաբական թերակղզիի, Սուրիոյ, Իրաքի, Յորդանանի, Լիբանանի քաղաքական ուժերու աչքին։ Չեմ զարմանար եթէ արաբ ղեկավարութիւնը այսօր ինքզինք գտնէ մեծ յուսախաբութեան մը մէջ։ Խաղը նոյն խաղն է, կ՛ըսեն անոնք։ Թրամփ մանաւանդ հարցականի տակ է Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի եւ Ռուսաստանի աչքին։ Ան հարցականի տակ է Ուքրանիայի աչքին։ Չինաստանի եւ Հնդկաստանի աչքին։ Պետական քարտուղար Ռուպիոյի յայտարարութիւնը, ըստ էութեան, ողբերգութիւն մըն է։ Պարտուած ուժի խօսոյթ է ան։ Նախաձեռնութեան պատեհութիւնը կորսնցուցած, Իսրայէլին զիջած գերտէրութեան մը կաղ չքմեղանքն է, որ անշուշտ պատիւ չի բերէր Ամերիկայի պետութեան եւ ժողովուրդին։ Բա՛ն մը՝ որ ամբողջութեամբ կը հակասէ Թրամփի քաղաքական առաջադրութիւններուն։
Իսրայէլեան նախայարձակումը նաեւ մեծ հարցեր կը ստեղծէ Թրամփի համար Ամերիկայի ներքին քաղաքականութեան ոլորտին մէջ, ուր Թրամփ արդէն իսկ նստած է քաղաքական աննախընթաց հրաբուխի մը վրայ։ Այս առումով, Նեթանիահուի նախաձեռնութիւնը ռազմավարական «հանճար»ի փայլուն օրինակ մը կարելի է համարել, որ նաեւ յղի է դաժան հետեւանքներով աշխարհակարգի ապագային համար։
Գրած եմ բազմիցս, որ Ամերիկա-Իրան բանակցութիւնները միաժամանակ (եւ անմիջականօրէ՛ն) կը պայմանաւորեն իրերու ընթացքը Կովկասի, Հայաստանի եւ յատկապէս Սիւնիքի ռազմաբեմերուն վրայ։ Անուրանալի է, որ այսօր, Թուրքեւատրպէյճանական սպառնալիքին առջեւ լայնօրէն բացուած է Սիւնիքի դռները։ Նեթանիահուի քաղաքականութեան առաջին զոհը Կովկասի մէջ կրնայ դիւրաւ Սիւնիքը ըլլալ, եթէ անշուշտ հայկական կողմը յամառի անտեսել ճգնաժամը եւ շարունակէ ապրիլ իր անղեկ կեանքը։
Այսօրուան հիմնական հարցը Թրամփն է։ Խաղաքարտերը լայնօրէն բացուած են Թրամփին (եւ աշխարհակարգին) առջեւ պարտաւորիչ դարձնելով, որ Թրամփ ընէ վճռորոշ ընտրութիւններ։ Արդեօ՞ք Թրամփ պիտի վերցնէ ձեռնոցը եւ պատերազմ յայտարարէ բոլոր Նեթանիահուներուն դէմ։ Եւ ո՞ւր պիտի հաստատուին նորմերը Թրամփի քաղաքականութեան։ Եւ ուրկէ՞ պիտի սկսի Թրամփի յաջորդ մեկնարկը… Ի՞նչ կարմիր գիծերով պիտի վերսկսի գործել ան։ Պիտի ունենա՞յ իսկական կարմիր գիծեր, թէ թոյլ պիտի տայ, որ Նեթանիահուն ճշդէ կարմիր գիծերը, ինչպէս եղած է տասնամեակներ շարունակ Ամերիկայի համար։
Հարցո՛ւմ։ Արդեօք եկա՞ծ է ժամը ինքզինքին եւ ամբողջ աշխարհին հպարտօրէն ցոյց տալու, որ Ամերիկայի նախագահը գիտէ իր մատը դնել իսկական թշնամիին վրայ եւ կրնայ վճռականօրէն կտրել գորդեան հանգոյցը։
ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ
Յունիս 13, 2025
Ուաշինկթըն