Հոգեհանգստեան Պաշտօն՝ Ալեքսանտր Խատիսեանի Նորոգուած Շիրմաքարին Առջեւ
23 Հունիս 2025
ՓԱՐԻԶ․- Շաբաթ, Յունիս 21-ին, «Փէր Լաշէզ» գերեզմանատան մէջ, կատարուեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան վարչապետ Ալեքսանտր Խատիսեանի նորոգուած շիրմաքարին հանդիսութիւնը, եւ այս առթիւ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն վարչապետին եւ կողքին հանգչող իր կողակից՝ Քսենիա Խատիսեանի յիշատակին։
Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք Ֆրանսա աքսորուած Ալեքսանտր Խատիսեանի կեանքին ու գործունէութեան մասին ելոյթներով հանդէս եկան բարերարներ՝ Քրիսթոֆ Խատիսեան (թոռը) Յակոբ Սազճեան եւ Դրօ Էքմէքճեան, հայահոծ Ալֆորվիլ շրջանի փոխքաղաքապետ Կարօ Խաչիկեան եւ Ֆրանսայի Հ․Յ․Դ․-ի կառոյցի անունով Հրաչ Վարժապետեան։
Հոգեհանգստեան արարողութիւնը կատարուեցաւ ձեռամբ Ֆրանսայի հայոց թեմի նախկին առաջնորդ Նորվան արքեպիսկոպոս Զաքարեանի եւ Արնուվիլի հոգեւոր հովիւ Մանուէլ քահանայ Յովհաննիսեանի։
Ներկաներու շարքին էր, նաեւ Հայաստանի դեսպանութեան ներկայացուցիչ Շիրազ Յովակիմեան։
Նորոգուած շիրմաքարին վրայ տեղադրուած է Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան եռագոյնով պատուած զինանշանը։
Վերջին տարիներուն, ահաւոր վիճակ մը կը պարզէր, գրեթէ փուլ եկած շիրմաքարը։ Կացութիւնը ահազանգային էր։ Օրէնքը կ՛ըսէր, թէ եթէ դամբարանին տիրութիւն ընող չըլլար, անոր հողաշերտը օր մը պիտի վաճառուէր ուրիշի, եւ հոն ամփոփուած աճիւնները հասարակաց փոս պիտի նետուէին: Տարիները կ’անցնէին եւ այդ շիրիմները հայ այցելու եւ խնամող չէր ունենար, եւ այն տպաւորութիւնը ձգած էր, թէ անոնք անծանօթներ են եւ հայորդիին չեն պատկանիր:
Միեւնոյն գերեզմանատան մէջ, նաեւ հանգչած է Խաղաղութեան Ժողովի հայկական պատուիրակութեան նախագահ Աւետիք Ահարոնեանը։
Խատիսեան եղած է Թիֆլիսի համբաւաւոր ընտանիքի զաւակ: Անոր հայրը եղած է պետական բարձր պաշտօնեայ՝ յարգուած հեղինակաւոր հայ եւ օտար շրջանակներու մէջ: Մայրը կրթուած, հասարակական ջիղի տէր հայուհի էր: Ան կը սիրեր հայ մշակոյթը եւ Մարիսեան ծածկանունով վէպեր ունի հրատարակած: Այսպիսի ընտանիքի մը մէջ ծնած է Ալեքսանտրը՝ Փետրուար 17, 1874-ին: Իր մանկութիւնն ու պատանեկութիւնը անցուցած է կիրթ, հայրենասիրական միջավայրի մէջ: Աւարտելով Թիֆլիսի պետական վարժարանը, ան բժշկական կրթութիւնը ստացած է Մոսկուայի եւ Խարքովի համալսարաններուն մէջ, ապա մասնագիտանալով Գերմանիոյ մէջ, ան վերադարձած է Թիֆլիս, նուիրուելով բժշկութեան:
Բժշկական ասպարէզը ս նեղ էր Խատիսեանի կարողութեան ու խառնուածքի տէր անհատի մը համար: Ան բնածին հասարակական գործիչ էր՝ բարձր թռիչքներով եւ բազմութիւնները վարելու ձգտումներով: Պերճախօս, հռետոր, բազմազան հետաքրքրութիւններ եւ ծրագիրներ հետապնդող, արտասովոր կերպով աշխատունակ, ցոյց ու ժողովրդականութիւն սիրող, ազատախոհ եւ լաւ իմաստով պատեհապաշտ, կենդանի գործը վերացական տեսութիւններէն գերադասող, հասարակական բոլոր խաւերու լեզուն հասկցող, հանրութեան ծառայելու պատրաստակամ, դիւրահաղորդ եւ ազնիւ նկարագրի տէր՝ Խատիսեան ստեղծուած էր հասարակական-քաղաքական գործունէութեան համար: Եւ զարմանալի չէ, որ ան շուտով լքեց այնպէս փայլուն կերպով սկսուած բժշկական ասպարէզը եւ ամբողջապէս նուիրուեցաւ հասարակական գործունէութեան:
Խատիսեան միայն ռուսական յեղափոխութենէն յետոյ, 1917-ին կը մտնէ Հ․Յ․ Դաշնակցութեան շարքերը, բայց անկէ առաջ ալ գաղափարներով ու համակրանքով ալ Դաշնակցութեան հետ էր: Դեռ 1905-ին ան կը փափաքէր անդամագրուիլ Դաշնակցութեան շարքերը, բայց Ռոստոմի, Համօ Օհաջանեանի եւ ուրիշ ընկերներու խորհուրդով կը մնայ դուրսը, որպէսզի իբրեւ անկուսակցական համազգային դէմք, ան յաւելեալ ծառայութիւն մատուցանէ հայ ժողովուրդին եւ Դաշնակցութեան: Եւ իր կեանքով ու գործով ան արդարացուց այդ կարծիքը:
Փետրուար 1919-էն մինչեւ Մայիս 1920, ան վարեց Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետութիւնը: 1920-ի ամառը կառավարութեան կողմէ ուղարկուեցաւ արտասահման, փոխառութեան ու ոսկիի ֆոնտի կազմակերպութեան համար: Վերադառնալով Երեւան՝ պատերազմի օրերուն, անոր վիճակուեցաւ Ալեքսանտրապոլի դաշնագրի ստորագրութիւնը, Դեկտեմբեր 2, 1920-ին:
Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք, Խատիսեան մեկնեցաւ Փարիզ ու կը շարունակէ քաղաքական գործունէութիւնը, որպէս Հայաստանի Հանրապետութեան անդամ, ապա փոխնախագահ եւ վերջը՝ նախագահ, ներկայացնելով ու պաշտպանելով հայկական շահերը պետութիւններու ու ազգերու դաշնակցութեան առջեւ: Տարագրութեան տարիներուն ան աշխատակցեցաւ հայ մամուլին եւ լոյս ընծայեց «Հայաստանի Հանրապետութեան Ծագումն Ու Զարգացումը» արժէքաւոր հատորին:
Խատիսեան մահացաւ Փարիզի մէջ, Մարտ 10, 1945-ին։