ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Հոդվածներ

Լայն հորիզոններ .- Իրանի վրայ ամերիկեան յարձակումը՝ նախընթաց «յաղթանակներ»-ու լոյսին տակ

23 Հունիս 2025

Իրանի վրայ ամերիկեան ուղղակի յարձակումը, որ սկիզբ առաւ Շաբաթ, 21 Յունիսի գիշերը, պատասխաններէ աւելի՝ հարցականներ ստեղծեց: Անմիջական մտավախութիւնները տարածուն են. տեսանելի է, որ աշխարհը քայլ մը եւս մօտեցաւ լայնատարած պատերազմի մը, որ պիտի նշանակէ վերջ տալ Գ. Աշխարհամարտը մասնավճարներով՝ տեղ-տեղ ահաւոր բռնկումներով ու նախճիրներով իրականանցնելու գործելաձեւին:

Հարցումներու շարասիւնը երկար է. Իրան ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս պիտի հակադարձէ յարձակումին (պատասխանը թերեւս այս տողերը ամբողջացնելէ եւ ընթերցողին հասցնելէ առաջ իսկ յստականայ), որքա՞ն կրնայ տեւել գերուժի մը եւ շրջանային հզօր երկրի մը միջեւ ճակատումը, որ խորքին մէջ նորութիւն չէ, էստ էութեան՝ շաբաթներ առաջ սկսած էր Իսրայէլի կողմէ յարձակումներով (եւ միայն միամիտ մը պէտք է հաւատք ընծայէ Թրամփի ու գործակիցներու այն հաւաստիքներուն, թէ ամերիկեան յարձակումը կապ չունի իսրայէլեանին հետ), իսկ անկէ առաջ՝ իրանցի զինուորականներու եւ գիտնականններու սպանութիւններով, առանց մոռնալու Իսրայէլ-Լիբանան (Հըզպալլա), Իսրայէլ-պաղեստինեան (Համաս) եւ Իսրայէլ-Եմէն-Միացեալ Նահանգներ (ատեն մըն ալ՝ սէուտցիներ) գիծերը: Ի դէպ, Եմէնի Հուսիները գործի վրայ են, կը հարուածեն Իսրայէլը, կը սպառնան ամերիկեան նաւատորմերուն:

Նախընթաց յարձակումներուն՝ իրանցիք հակադարձած են սահմանափակ կերպով, սակայն կասկած չկայ, որ իսրայէլեան լայնատարած յարձակումէն ասդին (Իսրայէլ ալ նախապէս հատ ու կենտ յարձակումներ գործած է), դէպքերը մտած են շատ աւելի վտանգաւոր փուլ: Փաստօրէն, ամերիկացիք դարձեալ ուղղակի միջամուխ են միջին արեւելեան պատերազմի մը: Իրանի առաջին հակադարձութիւններէն մէկն է Հորմուզի նեղուցին փակման սպառնալիքը, որուն զուգահեռ՝ սպառնալիքներ՝ հարուածելու շրջանի ամերիկեան զօրակայանները:


IRAN-NUCLEAR/

ԱՐՁԱԳԱՆԳՆԵՐ

Հարցումներուն շարքին՝ ուշագրաւ են նաեւ արձագանգներն ու նախատեսութիւնները: Միայն Նեթանիահուն էր, որ քանի մը ամերիկացի թրամփականներու հետ՝ լորձնաշուրթն ողջունեց ամերիկեան յարձակումը: Այլապէս, Թրամփի քայլը ընդհանուր առմամբ քննադատութիւններու հանդիպեցաւ նա՛եւ ամերիկեան քաղաքական ու ժողովրդային բեմերուն վրայ: Քաղաքական մարդիկ յիշեցուցին, որ Թրամփ հակօրինական ընթացքի մէջ է, պատերազմ յայտարարելու համար, պէտք էր ապահովէր խորհրդարանին համամտութիւնը, մինչդեռ գործած է ինքնագլուխ (ի դէպ, ինքնագլուխ գործելը «նարնջագոյն մարդ»-ուն վարքագիծն է): Քանի մը քաղաքներու մէջ հրապարակային ցոյցեր տարածուեցան՝ ընդդէմ Իրանի հետ պատերազմին. նկատելի էր, որ իրանցիներ եւս մասնակից էին այդ ցոյցերուն, իսկ ամերիկաբնակ իրանցիներուն մէջ մեծ է թիւը նախկին Շահի վարչակարգին համակիրներուն, եւ ահա, շատեր կը դժգոհին ամերիկեան յարձակումէն (թէեւ ողջունողներ ալ եղան): Այլուր՝ տեղ-տեղ (առայժմ) կրաւորական կեցուածքներ ի յայտ եկան: ՄԱԿ-ի յանդո՜ւգն ընդհանուր քարտուղարը բաւականացան «խոր մտահոգութիւն» յայտնելով…: Եւրոպացի «տիտաններու» որձեւէգ արտայայտութիւնները շատ տարբեր չէին:

Բնականաբար հարց ծագեցաւ, թէ Իրանի գործակից-դաշնակից Ռուսիան ու Չինաստանը, սկսելու համար, ի՞նչ գործնական քայլեր կրնան առնել, ո՞վ պիտի աշխատի վատթարացումը կասեցնել (Կազայի նախընթացը ծանօթ է, Լիբանանին հասած տեղն ալ՝ նմանապէս): Չէ մոռցուած, որ նման յարձակումներու թիրախ եղած՝ միջինարեւելեան այլ երկիրներ «սպասուած» աջակցութիւնը չունեցան յիշեալ գերուժերէն, իրականացաւ ճատրակի մեծ խաղին մէջ զոհեր տալու «մարտավարութիւն»ը…: Ի դէպ, Մոսկուայէն հնչած առաջին արձագանգը «կիսագաղջ» էր. Մոսկուա տեսած է, որ ամերիկեան յարձակումը յայտարարուած նպատակին չէ հասած, ծանր կացութիւնը աւելի՛ եւս վտանգուած է: Ռուսիա կը պատրաստուի յառաջիկայ ժամերուն (23 Յունիսին) հիւրընկալելու Իրանի արտաքին գործոց նախարարը…

Անշուշտ հարց տուողներ ալ կան, թէ նոյնինքն Թրամփ, որ դեռ քանի մը օր առաջ յայտարարած էր, որ երկու շաբաթ ժամանակ կու տայ (ինքն իրեն), գործնական քայլի դիմելու որոշում տալու համար, արդեօք ո՞ր սուրբ հոգիին ներշնչումով որոշեց յանկարծ յարձակման անցնիլ (արդեօք Նեթանիահուն եւ Իսրայէլի պաշտպանները հիմա միացեալ սուրբ հոգի՞ մը կազմած են…): Կրնայ ըսուիլ, որ պատերազմը, ինքնինք, խաղ մըն է, դիմացինդ խաբելու խաղ մը (արաբները ասացուածք մը ունին. «ալ-հարպու խիտաա», որ մօտաւորապէս կը նշանակէ՝ պատերազմը դիմացինդ մոլորեցնել եւ խաբել է):

Վերիյիշեալ նկատումները, անոնց ընկերացող մեկնաբանութիւնները ճամբայ կ’ելլեն օրը-օրին զարգացող դէպքերու մեկնակէտով: Այս ծիրին մէջ, կ’արժէ յիշեցնել, որ եւրոպացիք անցեալ շաբաթ փորձեցին միջին եզրի ճամբայ մը ցոյց տալ Իրանին (թէեւ հրապարակային արտայայտութիւնները այդ իմաստը չունէին եւ ձեւով մը կրկնութիւնն էին Իրանի ուղղուած ամերիկեան «խրատներուն»), իսկ Թուրքիա, որ ՆԱԹՕի անդամ է (եւ այս կէտը երբեք մտահան պէտք չէ ընել), դարձեալ հրապարակ եկաւ իբրեւ թէ խաղաղարար-միջնորդի պատմուճանով, ամերիկեան յարձակումին նախօրեակին, իսլամական աշխարհի ղեկավարները Պոլսոյ մէջ իր շուրջ հաւաքեց, կրկնենք՝ իբրեւ թէ պաղեստինցիներուն պաշտպանի եւ Իրանի ուղղութեամբ խաղաղարարի դրօշով: Թող խաբուողը (նաեւ Հայաստանի մէջ) ազատ զգայ… խաբուելու:

ԱՒԵԼԻ ԼԱՅՆ ՏԱՐԱԾՔԸ

Յիշեալ ու նմանօրինակ նկատումներ ու հարցականներ, ինչպէս նշեցինք, ճամբայ կ’ելլեն օր-աւուր տեղի ուեցող (եւ ժամ առ ժամ շարունակուող) դէպքերուն մեկնակէտով, հետեւաբար – եւ բնականաբար – քննարկումին շրջագիծը կը պահուի առօրեային պարտադրած նեղ սահմաններուն մէջ:

Եթէ փորձենք պահ մը այս նոր զարգացումները դիտել հի՜ն «հերոսապատում»ին շրջագիծին մէջ, կրնանք ունենալ աւելի (ո՛չ լիովին) յստակ պատկեր մը:

-Իրանեան բեմագրութիւնը (սենարիօ) բազմաթիւ գիծերու մէջ կրկնութիւնն է իրաքեան բեմագրութեան: Աւելի քան 20 տարի առաջ, Իրաքի վրայ ամերիկեան յարձակումն ալ սկսաւ կորիզային ուժանիւթի պատմութեամբ մը: Ամերիկացիք Սատտամ Հիւսէյին վարչակարգը ամբաստանեցին՝ կորիզային ուժանիւթ ձեռք բերած ըլլալու հաւաստիքով, սարսափ տարածեցին, թէ ուր որ է՝ կորիզային ռումբի մը սնկաձեւ ծուխը պիտի բարձրանայ Նիւ Եորքի կամ Ուաշինկթընի վերեւ: Քոլին Փաուըլ մը, Քանտըլիզա Ռայս մը եւ ուրիշներ եղան Ճորճ (ա)Պուշի գլխաւոր փողահարները: Պաղտատ կրկնեց ու կրկնեց, թէ ինք կորիզային ուժանիւթ-զէնք չունի (նոյնը ըրած է Իրան՝ տարիներէ ի վեր), սակայն երգչախումբին համերգը շարունակուեցաւ: Իրաքի վրայ յարձակումը յանգեցաւ Սատտամի սպանութեան եւ… երկրին քար ու քանդ ըլլալուն, մասնատման եւ մինչեւ այսօր շարունակուող իրողական կողոպուտին: Յետոյ, փաստուեցաւ, որ կորիզային ուժանիւթի խօսքերը յերիւրանք էին, պատրուակ: Տարբեր ու համեմատաբար մանր յերիւրանքներով սարքուած էր Իրաքի Քուէյթ ներխուժումն ու արեւմտեաններուն կողէ ազատագրումը: Ծոցի առաջին պատերազմին՝ Իրաքի վրայ յարձակումին նախօրեակին, եւրոպացիք ոգի ի բռին աշխատեցան, որ ամերիկացիք ետ կանգնին յարձակելէ, սակայն յետոյ, իրենց քիթերէն բռնուած՝ միացան բազմազգեան ուժերուն (թէ՛ այդ օրերուն, եւ թէ ընդհանրապէս, եւրոպացիք կը նմանին ուղտերու այն շարանին, որ իշու մը առաջնորդութեամբ կը ճամբորդէ: Ընդունինք, որ էշը յաճախ իր գործը լաւ կ’ընէ, մինչդեռ…):

-Ասատներու Սուրիան ալ բազմիցս ամբաստանուեցաւ կորիզային ուժանիւթի ծրագիր հետապնդելու յանցանքով, կեդրոններ ռմբակոծուեցան, յայտարարուած՝ խաղաղ նպատակներու սահմանուած նիւթեր ալ խլուեցան Սուրիոյ ձեռքէն, սակայն «երբ մեզի հետ չես, երբ լիովին անձնատուր չես ըլլար՝ քեզ պիտի յօշոտենք» վարքագիծը շարունակուեցաւ ու այսօր գիտենք, թէ Սուրիա ի՛նչ վիճակի մատնուած է:

-Նման բեմագրութիւններ, ո՛չ անպայման կորիզային ուժանիւթի խօսոյթով, սարքուեցան այլուր, օրինակի համար՝ Լիպիոյ մէջ. անոր վիճակն ալ յայտնի է: «Արաբական գարուն»-ի ցունամին տարածուեցաւ Թունուզէն արեւմուտք ու արեւելք, մինչեւ Եգիպտոս ու Արաբական Ծոցի երկիրներ: Հետեւանքներէն մէկն ալ այն եղաւ, որ Իսրայէլի հետ համաձայնութիւն կնքած եւ պայքարէ հրաժարած Եգիպտոսի օրինակին հետեւեցան այլ երկիրներ (Յորդանանը վաղուց ներգրաւուած էր այդ ճամբուն մէջ):

ԱՅԼ ՆԱԽԸՆԹԱՑՆԵՐ

Իրանի վրայ ամերիկեան յարձակողականը, առաջին տեսքով, ենթադրել կու տայ, որ իրանցիք կրնան կքիլ գերհզօր զինուորական ուժին դիմաց, որքան ալ որ յայտարարեն, թէ անձնատուր պիտի չըլլան, բանակցութեան սեղան պիտի չվերադառնան՝ այնքան ատեն որ իրենց վրայ յարձակումը չէ դադրած: Անմիջական տպաւորութիւնը եւ արեւմտեան քարոզչութիւնը ա՛յս կը թելադրեն:

Անխուսափելիօրէն կը հնչէ նաեւ միւս հարցումը (թէեւ հիմա այդ մասին խօսողներու ձայնը լսելի չէ), թէ արդեօք ամերիկացիք անգամ մը ե՞ւս իրենք զիրեն կը նետեն արկածախնդրութեան մը մէջ, որուն ելքը, լայն առումով, այդքան ալ նախատեսելի, յստակ չէ: Իսկ Ուաշինկթընի «իմաստունները» բազմիցս ապացուցած են իրենց անհեռատեսութիւնը, տեղ մը մտած են եւ վնասով դուրս եկած, առանց հրաժարելու… ամբոխահաճութենէ:

Նախ կայ այն, որ Թրամփ Սպիտակ Տուն վերադարձաւ պատերազմներու վերջ տալու յոխորտանքներով (կը յիշէ՞ք. յայտարարած էր, որ կրնայ 24 ժամուան մէջ դադրեցնել Ուքրայինայի պատերազմը: Հիմա, աւելի քան 6 ամիս ետք…): Ի՜նչ խօսք՝ Կազայի մէջ ցեղասպանական պատերազմը մտրակահարելու իր կեցուածքներուն մասին. Պայտընի վարչակազմը ամէն քայլափոխի դատափետող Թրամփը անշեղօրէն շարունակեց ու կը շարունակէ Իսրայէլի զինումը (հիմա, Իրանի վրայ յարձակումը նոր առիթ է Իսրայէլի զինման), եւ անշուշտ՝ այդ բոլորին գինը կը վճարեն ամերիկացի քաղաքացիները՝ իրենց տուրքերուն ճամբով, կը զգան, որ մասնակից կ’ըլլան ոճիրներու, բողոքի անուժ ցոյցերու կ’ելլեն, իսկ շահողներուն շարքին են… զէնք արտադրողները (Իրանի ռմբակոծման մասնակցած օդանաւերուն համար, վաղը նոր շուկաներ պիտի բացուին…): Եւ ահա, շուտով պիտի սկսին աւելի՛ ուժեղ հնչել այն մեկնաբանութիւնները, թէ Նեթանիահու մը, Թրամփը քիթէն բռնած՝ մասնակից դարձուց պատերազմի մը, որուն ձախաւեր նմանները պատմութիւն կերտած են: Եւ ինչպէս անցեալի օրինակներուն, այս պարագային ալ, շուտով պիտի բարձրանան ձայներ, թէ Ուաշինկթըն լիովին չէ կշռադատած կացութիւնը: Իսկ եթէ իրանցիք հարուած հասցնեն ամերիկացի զինուորներու, յիշեցնելով Վիեթնամն ու քիչ մըն ալ Իրաքը…

Յիշատակենք քանի մը օրինակ՝ Բ. Աշխարհամարտին յաջորդած տարիներէն: Մտահան չենք ըներ, որ իւրաքանչիւր զարգացումի պահուն, աշխարհի մէջ ուժերու տարազումն ու հակադրութիւնները այսօրուանը չէին, կային խորհրդային-համայնավար կայսրութիւնը եւ անոր հովանաւորեալները, իսկ դիմացի կողմը՝ ՆԱԹՕ-ն եւ անոր հովանաւորեալները: Այսուամենայնիւ, ՄԵԾ ԽԱՂին ընթացքը շատ չէ փոխուած:

-Անցեալ դարու 50-ականներու սկիզբը, Աշխարհամարտի աւարտէն հազիւ 5 տարի ետք, եղաւ Քորէայի պատերազմը: Դաշնակիցներու հետ միասին, ամերիկացիք ձեռքով-ոտքով մասնակից եղան այդ պատերազմին, որ աւարտեցաւ երկու Քորէաներու իրողութեան նուիրականացումով եւ մինչեւ օրս շարունակուող հետեւանքներով (Արեւմուտքը չէ յաջողած իր կամքը պարտադել Հիւսիսային Քորէայի: Չմտնենք մանրամասնութիւններու ոլորտը):

-Կարճ ատեն ետք, Ծայրագոյն Արեւելքի մէջ որոշ նախընթացներէ ետք, պայթեցաւ Վիեթնամի պատերազմը, հոն ալ տեղի ունեցաւ երկրի բաժանում, ամերիկացիք ամէնէն ահաւոր եւ արդիական զէնքերով – նաեւ արգիլեալ նափալմներով – քանիցս յայտարարեցին, որ բնաջինջ ըրած են-պիտի ընեն վիեթքոնկը, յետոյ, պատերազմը հասաւ վախճանի մը, յետոյ, Վիեթնամի բաժանուած վիճակը վերջ գտաւ, երկիրը յայտապէս ինկաւ արեւմտեան ազդեցութեան տակ, սակայն մե՜ծ հարցականներ մնացին, թէ շուրջ 60 հազար ամերիկացի զինուորի կեանք արժած պատերազմէն ամերիկացիք յաղթական դուրս եկա՞ն (վիեթնամցիներուն զոհերուն թիւը, աւերումները ահաւոր էին):

-Ցատկենք այլ օրինակներու վրայէն եւ հասնինք աւելի մօտիկ անցեալ. ամերիկեան յարձակումը իր «հերոսական» պատմութիւնը կերտեց Աֆղանիստանի մէջ: Հոն ալ սարսափազդու զէնքեր գործածուեցան. հողաշէն հիւղակներ ռմբակոծուեցան հսկայ ռումբերով, հրասայլերով եւ օդանաւերով: Գործածուեցան հիմա Իրանի վրայ արձակուած գերհզօր ռումբերուն «նախահայրերը»: Հոն ալ հնչեցին «յաղթելու ենք»-ի պէս յայտարարութիւններ, օր մըն ալ ամերիկացիք Աֆղանիստանէն հեռացան մօտաւորապէս այն պատկերներով, որոնց աշխարհը ականատես եղած էր Վիեթնամէն դուրս գալու պահուն (անշուշտ այդ բոլորը «հերոսական» ժապաւէններու դրամագլուխ դարձան):

-Այլ «նուաճումներու» եւ անոնց ձախաւեր աւարտերուն մասին խօսեցանք վերը: Կարելի է կարկինը տարածել նաեւ դէպի Հարաւային Ամերիկա (խունթաներու ստեղծումն ու անոնց ձախաւեր վախճանը, իսկ մինչեւ օրս շարունակուող հետեւանքներով պատմութիւնները) եւ այլուր:

ՄԻԱՅՆ ԱՄԵՐԻԿԱՑԻ՞Ք

Որպէսզի չստեղծուի այն տպաւորութիւնը, թէ մեր կիզակէտը ամերիկեան զինուորական նուաճումներն ու անոնց յաճախ ձախաւեր, ու մասնաւորաբար տեւոյն բնակիչներուն համար աղէտալի վախճանն է, արձանագրենք քանի այլ օրինակներ՝ ամերիկեան տարածքէն անդին:

-Խորհրդայիններն ալ մտան աֆղանական արձակախնդրութեան մը մէջ, ամերիկացիներէն առաջ, եւ յետոյ, կարմիր կայսրութեան փլուզման նախօրեակին, իրենց պոչը ոտքերուն մէջ սեղմած՝ դուրս եկան այդ երկրէն: Սկզբնապէս, անոնք ալ «կը յաղթենք, յաղթելու եւք» կ’ըսէին…

-Հնդկաստանի ազատագրական պայքարը՝ բրիտանական կայսրութեան դէմ, կ’առանձնանայ, այն իմաստով, որ անիկա նպատակին հասաւ խաղաղ պայքարի ճամբով, եւ բրիտանացիները ի վերջոյ հեռացան իրե՛նց պոչը ոտքերու մէջ սեղմած (թէեւ պայքարը արձանագրած է արիւնալի էջեր, սակայն Կանտիի պայքարի առանձնայատուկ կը դասուի): Այլ պատմութիւն, թէ բրիտանացիք ինչպիսի՜ «ժառանգութիւններ» թողուցին իրենց ետին, գլխաւորաբար… Հնդկաստան-Փաքիստան հակամարտութիւնը:

-Ալճերիա (եւ այլ երկիրներ) արիւնալի պատերազմներ մղեցին Ֆրանսայի (եւ այլ գաղթատէրերու) դէմ: Գաղթատէրերը մի՛շտ ալ իրենց շահատակութիւնները ներկայացուցած են իբրեւ յաղթանակ, յոխորտացած են, որ նահանջ չեն արձանագրած, սակայն հիմա պատմութիւնը այլ վկայութիւններ ունի: Չմոռնանք, որ գաղթատիրական քաղաքականութիւնը այսօր կը շարունակուի տարբեր դիմակներով, մերթ արիւնալի, յաճախ նաեւ մէկը միւսին տակէն աթոռը քաշելու ձեւերով (օրինակի համար, վերջին տարիներուն եւրոպացի գաղթատէրեր ափրիկեան կարգ մը երկիրներու մէջ իրենց ոտնատեղերը զիչեցան ռուսերուն, չինացիներուն…):

-Խորհրդայիններուն ժառանգորդ Ռուսիան ալ արարած է իր պատմութիւնները՝ Արեւելեան Եւրոպայէն հեռացում եւ հիմա, Ուքրանիոյ մէջ խրամատի մը ամրացում եւ այլն: Հոն ալ նոր արարներ կ’աւելնան ՄԵԾ ԽԱՂի պատմութեան մէջ:

ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ

Մեր այս սեղմ քննարկումը չենք ուզեր աւելի երկարել, սակայն այս հանգրուանին, պէտք է արձանագրել մէկ բան. նախ Իսրայէլի, ապա նաեւ Միացեալ Նահանգներու կողմէ Իրանի վրայ յարձակման սկիզբը յայտնի է՝ տեսանելի գործողութիւններով ու հետեւանքներով, սակայն կարելի չէ վճռորոշ հաստատումներ եւ գուշակութիւններ ընել, թէ դէպքերը ո՞ւր կրնան հասնիլ: Ասիկա «սուրճի գաւաթ կարդալ»-ու չի նմանիր:

Երէկ, Ուքրայինայի եւ Կազայի պատերազմներն ալ, սկսման պահուն, ստեղծեցին արձագանգներ ու մեկնաբանութիւններ, որոնց մեծ մասը ժամանակավրէպ է եւ չէ համապատասխանած իրականութեան (անգամ մը եւս նշենք, որ որեւէ պատերազմի տեւողութեան մէջ իրենց բաժինը ունին ազգ-հայրենիք չճանչցող՝ զէնքի, պատերազմի՛ վաճառականները…): Նոյնը կրնանք ըսել նոյնինքն Իրաք-Իրան պատերազմին մասին, որ պայթեցաւ Իսլամական Յեղափոխութենէն կարճ ատեն ետք ու տեւեց մօտաւորապէս ութ տարի՝ իր ծանօթ հետեւանքներով (այդ փուլին ալ կային Իրանը մասնատուած տեսնելու տեսութիւններ, սակայն իրանցիք պահպանեցին իրենց երկիրը):

Իրանը ծունկի բերելու (քանի՞երորդ) փորձը՝ անոր հակադիրներուն «տան հաշիւը որքա՞ն պիտի քալէ շուկային մէջ», յստակ չէ: Չէ մոռցուած, որ ամերիկացիք յաղթական դուրս չեկան Թեհրանի իրենց դեսպանատան գրաւման խաղէն: Մինչ այդ, մէկ հաշիւ առայժմ սխալ դուրս եկած է, այսինքն՝ ժողովուրդը հանել իշխանութեան դէմ: Տեղի ունեցած է հակառակը: Իրանցիներուն դիմադրութիւնն ու դիմադրականութիւնը, ինչպէս ցոյց կու տան այժմու ազդանշանները, վկայութիւն են, որ սեփական երկիրը պաշտպանելու, օտարի հարկատու չդառնալու կամքը չէ մարած, աւելին, երկար տեւողութեան վրայ կրնայ նաեւ ուղեցոյց դառնալ անոնց՝ որոնք այսօր, կամայ թէ ակամայ, գիտակցաբար թէ անգիտակցաբար, բռնուած են իրենց կոկորդներէն:

…Եւ բնական է, որ այս համայնապատկերին մէջ, չենք կրնար մտահան ընել մեր (փոքրացող) հայրենիքը, որ կը կարօտի իշխանութեան մը, որ ստեղծուած տեսանելի եւ անտեսանելի, սակայն ահաւոր ու օրհասական մարտահրաւէրները ճիշդ ձեւով դիմագրաւէ ու կառավարէ: Մինչդեռ, արդէն ծալք առ ծալք ի յայտ կու գան, թէ ՔՊ-ապետին Թուրքիա այցելութիւնը՝ Իրանի վրայ ամերիկեան յարձակումին նախօրեակին, անհաճոյ (մեղմ բառ է) նշաններ ի յայտ կը բերէ եւ իմաստալից արձագանգներ կը ստեղծէ:

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
22 Յունիս 2025

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
UCLA-ը կազմում է Հայոց ցեղասպանության

Լոս Անջելեսի Կալիֆորնիայի համալսարանի (UCLA) «Խոստում» հայկական ինստիտուտի շրջ

24 Հունիս 2025
Թուրքիան երբեք որևէ հարաբերություն «զր

Թուրքիայում հայ համայնքի հետ հանդիպմանը Նիկոլ Փաշինյանը խոսել է հայ-թուրքական

24 Հունիս 2025
Բոլոր իրական ընդդիմադիր ուժերը պետք է

Այլասերված տականքների իշխանության պայմաններում դժվար է քաղաքական խոսք ասել, բա

24 Հունիս 2025
Ծանր գիշեր էր. իրավիճակը՝ Թեհրանից

«Երեկ իսկապես ծանր գիշեր էր․ երկու կողմն էլ օգտագործում էին իրենց ծանր զինանոց

24 Հունիս 2025
Իշխանական այս ներհայրենի եւ ներազգային

ՀՀ-ի իշխանութեան ծրագրած եւ գործադրութեան դրուած Հայաստանեան Առաքելական Եկեղեց

24 Հունիս 2025
Բազմավաստակ Համայնքային Գործիչ Եւ Ղեկա

Աբրահամ (Աբօ) Սաղտճեան իր մահկանացուն կնքեց Երկուշաբթի, 16 Յունիս 2025ին, Ֆրեզ

24 Հունիս 2025
Օրուան հետքերուն հետ ­- Կանխարգելիչ քա

Ա­մե­րի­կեան ու­ժե­րու կող­մէ ի­րա­գոր­ծո­ւած վեր­ջին յար­ձա­կու­մը Ի­րա­նի մի

24 Հունիս 2025
Ադրբեջանը չարամտորեն ապակողմնորոշում է

2025թ․ հունիսի 21-22-ը Ստամբուլում գումարված՝ Իսլամական համագործակցության կազմ

23 Հունիս 2025
Կոչ եմ անում իշխանությանը, որ սթափվի և

Բավական ժամանակ է, որ բոլոր առիթներով նշում եմ մեր ազգի գոյության ամենաճգնաժամ

23 Հունիս 2025
Հավաքական արժեքների կորուստը կարող է ա

«Նիկոլ Փաշինյանի իշխանության առաջին իսկ օրվանից մեր ազգային արժեքների ու արժեհ

23 Հունիս 2025
Հոգեհանգստեան Պաշտօն՝ Ալեքսանտր Խատիսե

ՓԱՐԻԶ․- Շաբաթ, Յունիս 21-ին, «Փէր Լաշէզ» գերեզմանատան մէջ, կատարուեցաւ Հայաստա

23 Հունիս 2025
Լայն հորիզոններ .- Իրանի վրայ ամերիկեա

Իրանի վրայ ամերիկեան ուղղակի յարձակումը, որ սկիզբ առաւ Շաբաթ, 21 Յունիսի գիշեր

23 Հունիս 2025
Ակնարկ. Ամերիկեան Կանխահաս Ներգրաւումը

Իրանեան հիւլէական կեդրոններու դէմ Միացեալ Նահանգներու յարձակումը առաջին հայեաց

22 Հունիս 2025
Բագրատունի Այցելեց Խորհրդարանի Նախագահ

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Բագրատունի

22 Հունիս 2025
Դատապարտում եմ պետության պաշտպանության

Վերջին օրերին Նիկոլ Փաշինյանը վախի սփռման քաղաքականություն է իրականացնում սեփա

22 Հունիս 2025
Իշխան Սաղաթելյանը՝ ՀՅԴ մարզային կառույ

«ՀՅԴ մարզային կառույցների պատասխանատուների նկատմամբ ապօրինի ձերբակալություններ

20 Հունիս 2025
Մեծ Բրիտանիայի խորհրդարանականները աջակ

Մեծ Բրիտանիայի խորհրդարանականները՝ Ջիմ Շենոնը և Լիվերպուլի Լորդ Ալթոնը, այսօր

20 Հունիս 2025
Ապօրինի ձերբակալություններ և խուզարկու

Քիչ առաջ ապօրինի ձերբակալություններ և խուզարկություններ են իրականացվել ՀՅԴ մար

20 Հունիս 2025
Իրանի արժանապատիվ ժողովուրդը չի հանդու

Հունիսի 19-ին Հրապարակ TV-ի Հինգշաբթի հաղորդաշարի հյուրն էր ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ա

20 Հունիս 2025
Բագրատունի – Սէուտական Արաբիոյ Դեսպան

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երկա

20 Հունիս 2025
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company